Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Կեանք Ու Կռիւ»` Հայութեան Հայելին

$
0
0

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

«Կեանք ու կռիւ». երկու բառեր, որոնք լաւագոյնս կը նկարագրեն ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Երկու պարզ, կարճ ու յստակ բառեր, որոնք կը բովանդակեն հայութեան գոյութիւնը, պատմութիւնը, դառն ճակատագիրը, ուրախութիւնը, նուաճումները, սխրագործութիւնները, նուիրումը` հայրենի հողի պաշտպանութեան, ընկերասիրութիւնը, համամարդկային զգացումները, երգիծանքը, որոնց կողքին նաեւ նահատակութիւնը, ցաւը, կարօտն ու դժուարութիւնները:

Արցախն ու արցախցին սրտիս ամէնէն աւելի կը խօսին: Արցախի ազատագրական պայքարին հետ հասակ նետած ու այդ պայքարին եւ Արցախի կապուած իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն մտքիս ու սրտիս մէջ պահած իբրեւ հայորդի, անկարելի էր, որ քայլ չպահէի եւ չհետաքրքրուէի այս շաբթուան ընթացքին «Արցախ Ֆոնտ»-ին նախաձեռնութեամբ Լիբանանի մէջ ցուցադրուած «Կեանք ու կռիւ» զոյգ ժապաւէններուն մասին:

Ըսեմ, որ 2016-ի հոկտեմբերին «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնի առաջին բաժինը արդէն իսկ դիտած էի Ստեփանակերտի մէջ. այդ ժապաւէնը ծանր ազդած էր վրաս… Եւ ահա վեց ամիս ետք Պէյրութի մէջ դարձեալ հետեւեցայ «Կեանք ու կռիւ 1» եւ «Կեանք ու կռիւ 2» ժապաւէններուն. իսկապէս հմայուած եմ:

Հայկական ֆիլմաշխարհին ծանօթ ըլլալով, այս ժապաւէնի պատրաստութիւնը, նկարահանումը, դերասանները, անոնց խաղարկութիւնը, երաժշտութիւնը եւ անոր մէջ օգտագործուած նկարահանումի բոլոր  յատկանիշները, ակնդիրը անակնկալի մատնելու թեքնիքը շատ տարբեր էին ցարդ գոյութիւն ունեցող հայկական ժապաւէնի հասկացողութենէն:

Այս զոյգ ժապաւէնները իսկապէս նուաճումներ են հայկական ժապաւէններու արտադրութեան իմաստով:

Անկախ թեքնիք յատկանիշներէն, ժապաւէններուն բեմագրութիւնները բացառիկ էին, հզօր, ցնցող եւ յուզող:

Յստակատեսութեամբ, համամարդկային զգացումներով, հայրենասիրութեամբ եւ շատ հաւանաբար բնածին տաղանդով օժտուած բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեան ստեղծագործած է այնպիսի բեմագրութիւն մը, ուր խտացուած է ամբողջ հայութեան կեանքը` Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով:

Յարգելի բեմադրիչը պատրաստած է այնպիսի ժապաւէն, որուն մասին սերունդները երկար պիտի խօսին, պիտի դիտեն, պիտի վերլուծեն ու պիտի դաստիարակուին: Հայկական ֆիլմարուեստը «Կեանք ու կռիւ»-էն ետք կրնայ աւելի եւս զարգանալ, եւ պէտք է զարգանայ ու յառաջդիմէ, սակայն «Կեանք ու կռիւ»-ը պիտի մնայ հայութեան համար անկրկնելի ժապաւէն մը:

Նիւթը հայկական է, եւ զոյգ ժապաւէններուն պարագային ալ իւրաքանչիւր տեսարան հայկականութիւն կը բուրէ:

Արմէն Տէր Զաքարեանը մեծ եղբօր եւ հայ տղամարդու իսկական տիպար մըն է, յատկապէս իր մօր եւ քրոջ տէր կանգնելու հոգեբանութեան տեսակէտէն: Ան անկեղծ ընկեր մըն է, իսկական ու արժանապատիւ հայ մը, որուն համար խիստ մերժելի էր իր հօր` գնդապետ Տէր Զաքարեանի վերագրուած «յանցանք»-ը:

Ան ուղղուեցաւ առաջնագիծ եւ իր սխրագործութիւններով մեծ հարուածներ հասցուց թշնամի ազրպէյճանցիին ու նահատակուեցաւ քաջաբար:

Էդուարդը կամ Էդոն կը ներկայացնէ հայրենիքէն արտագաղթող երիտասարդութիւնը, որ իր կամքով ու սրտով չի լքեր իր հայրենիքը, սակայն պայմաններու բերումով ստիպուած կը հեռանայ հայրենի հողէն:

Էդուարդ կը ներկայացնէ այն հաւատարիմ ընկերը, որ կը պահէ իր բարեկամութիւնը եւ 25 տարի ետք կը վերադառնայ Հայաստան: Էդուարդը մերօրեայ կենցաղի իրական տիպար մըն է. ան ամուսնացած է օտար կնոջ մը հետ եւ ունեցած դուստր մը` Լիզը:

Լիզը մազերու այլանդակ գոյնով եւ ինչպէս ժապաւէնին մէջ նշուած է` «դէմքի երկաթեայ համակարգով» աղջիկ մըն է: (Ակնարկութիւնը պատանի աղջկան դէմքին վրայ` ականջին, յօնքին եւ շրթունքին վրայ գտնուող օղերուն կ՛երթայ)…

Լիզը սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած նոր սերունդի ներկայացուցիչն է, որ դաստիարակուած է Էդուարդի ու անոր կէս իրլանտացի-կէս ամերիկացի կնոջ կողմէ:

2-րդ ժապաւէնին մէջ Հայաստան այցելող Լիզի ու իր հօր միջեւ բախումները` տարիքի, սերունդի ու մտայնութեան բերումով, շեշտուած են: Բացի իր հօրմէն, ան բախումներ կ՛ունենայ նաեւ իր հօր բարեկամներուն եւ անոնց զաւակներուն` իր տարեկիցներուն հետ:

Բայց եւ այնպէս Էդուարդն ու անոր ընկերները լռութեամբ կը տանին ազատամտութեան ու համաշխարհայնացման հոսանքով թիավարող աղջկան ընդվզումները եւ չեն դադրիր զայն սիրելէ:

Թէեւ Լիզ ազատամտութեան  գաղափարներով տարուած է, սակայն ան լաւ հայերէն կը խօսի ու կը հասկնայ, եւ շնորհիւ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու գուրգուրանքին, կը գիտկացի իր սխալին ու կը դառնայ ե՛ւ ինքն իրեն, ե՛ւ բոլորին համակրելի մէկը, կը խոստովանի, թէ ինք սխալ էր ու կը բացայայտէ իր մէջ անթեղուած հայրենասիրութիւնը:

Տիգրանը. ժապաւէնի ամէնէն ազնիւ ու համեստ հերոսը, որ մնաց միշտ հաւատարիմ իր սիրոյն, ընկերներուն, ընտանիքին եւ հայրենիքին: Չորս լեզուներ գիտցող, թարգմանչական ասպարէզ եւ յաջողութիւն երազող գիւղական դպրոցի դասատուն, որ վարանոտ հայ երիտասարդի դերակատարութեամբ ներկայացուած է, իր տիպարով գրաւեց բոլորին հոգիները:

Ազնուութեան գագաթնակէտի իր տիպարով դարձաւ գլխագիր մարդ, հայրենասիրութեամբ ու դասալիքները բացայայտելով դարձաւ ազգային հերոս, իսկ նահատակութեամբ` անմահացաւ:

Տիգրանի սէրը Աննան էր` Արմէնի քոյրը, որ նոյնքան համակրանք ու սէր կը տածէր Տիգոյի նկատմամբ: Սակայն պայմաններու բերումով Աննան եւ Տիգրանը ապրեցան իրարմէ հեռու, փոխադարձ յիշատակներով, սիրով ու կարօտով:

Աննայի տիպարը նոյնքան եւ աւելի հզօր է: Առաջին ժապաւէնին մէջ սիրահարուած, զգայուն ու փխրուն սրտով կրակոտ երիտասարդուհին 25 տարի ետք դարձած է սառած նայուածքով, իր յուզումները ծայր աստիճան զսպած, իմաստուն կին մը:

Այո՛, ան քարացած է ցաւէն ու կարօտէն: Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին իր հայրը կորսնցուցած Աննան, կորսնցուց նաեւ իր եղբայրը` Արմէնը ու իր սէրը` Տիգրանը: Ան իր կեանքը ապրեցաւ իր եղբօր, սիրած երիտասարդին եւ Էդուարդին չորրորդ ընկերոջ` Լեւոնին հետ: Մնաց անոր հաւատարիմ, նոյնքան գուրգուրոտ` ինչպէս էր պարագան, երբ առաջին ժապաւէնին մէջ ան կը խնամէր իր մայրը: Կենցաղային առումով ունեցաւ ամէնէն ընտիրն ու որակաւորը, սակայն իր ներաշխարհով մնաց առանձին եւ ուրոյն տիպար մը:

Անոր մխիթարութիւնը դարձան իր զաւակը, որուն կոչած էր Տիգրան եւ բուն Տիգրանի քոյրը` Սոֆիկը:

Վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին դէպի Արցախ յաճախակի այցելութիւններս մղած են զիս բազմաթիւ համոզումներ, կեցուածքներ եւ յուզումներ ունենալու, սակայն միտքս եւ էութիւնս չարչրկող միակ հարցումը եղած է հետեւեալը. «Ինչպէ՞ս կարելի է դիմանալ հարազատի մը նահատակութեան ահաւոր ցաւին»:

Այս հարցումին պատասխանը տուաւ Աննան իր զօրութեամբ: Քարացած ըլլալով հանդերձ, իր զաւկին առաջնագիծ երթալու պահուն դարձեալ նոյնքան զգայուն դարձած անոր կերպարը, ինչպէս նաեւ ուրիշին հարազատի նման հոգացող կինը, մայրն ու քոյրը:

Աննայի ամուսինը, չորրորդ ընկերը եւ հայրենիքին նկատմամբ առատաձեռն Լեւոնը, իրապաշտ տիպար մըն է: Իր գործով եւ նուիրուածութեամբ անկեղծ, բարեսիրտ եւ հպարտ Լեւոնը Ռուսիոյ մէջ յաջողութիւն գտած առեւտրական մըն է, որ իր կարելիութիւնները կը դնէ ի սպաս իր ընտանիքին բարօրութեան, կ՛օժանդակէ բոլորին, իսկ ոչ դիտումնաւոր կերպով հայրենիքին վնաս հասցնելու պարագային կ՛ունենայ քաջութիւնը հրաժարելու` իբրեւ շահ իրեն ապահովուած հսկայ գումարէն, ու այդ պատճառով կ՛ենթարկուի մահափորձի:

Լեւոնին մնայուն ցաւ կը պատճառեն իր կնոջ` Աննայի զգացումները: Ան կը տանջուի մտածելով, որ միշտ իր կողքին եւ կողակիցը եղող Աննայի սիրտը Տիգրանին կը պատկանի:

Լեւոնը այն հերոսն է, որ հզօր նախադասութիւններ եւ բնորոշումներ ունի կեանքի ընթացքին արձանագրուած զանազան դէպքերուն, եղելութիւններուն ու կացութիւններուն մասին:

Անոր հզօր բնորոշումներէն մէկն է իր գտած նմանութիւնը իրենց եւ թղթախաղի մնացորդացին միջեւ, երբ ինք ու Էդուարդ կ՛այցելեն Արմէնի ու Աննայի հօրենական տան երդիքը եւ կը գտնեն իրենց օգտագործած թղթախաղի փճացած կտորները:

Սոֆիկը եւ Արմանը. անոնք լաւատեսութեան, կամքի, դժուարութիւններուն դիմաց մաքառող հզօր նկարագիրներ են, որոնք կը պայքարին սիրոյ եւ բարիի յաղթանակին համար:

Անոնց սրտերուն մէջ ատելութիւնը տեղ չունի: Սոֆին կը ներէ Աննային եւ Լեւոնին, իր անխօս վիճակին մէջ կ՛օգնէ Լիզին` կողմնորոշուելու, նուիրուած մայր է, բարոյական նեցուկ ու ներուժ` լեռներ նուաճող իր ամուսնոյն` Արմանին, որ մասնայատուկ ուժերու հրամանատար է, գուրգուրոտ հայր եւ առաքինի ընկեր:

«Կեանք ու կռիւ»-ը մենք ենք: Զոյգ ժապաւէններուն մէջ կը տողանցէ ամբողջ հայութիւնը: Վերոնշեալ անձնաւորութիւնները ո՛չ միայն կը պատկերացնեն մեզ եւ մերօրեայ կեանքը, այլ նաեւ սփիւռքահայութիւնը` պատերազմի դաշտին վրայ իր ինքնութիւնը հզօր կամքով փնտռող Սալբիի տիպարով, դաւաճանները` Վարդան Յովսէփեանի օրինակով, Հայաստանը` իր փառամոլ սակաւապետներով, ռուսերէնը իր մայրենիին համազօր դարձուցած քաղաքացիներով, ազատամարտիկներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անարդարութեամբ, հարուստ դասակարգով, հպարտութիւն դարձած քսանամեայ «Արարատ-Նայիրի»-ով, հարազատ Երեւանով, Արցախ աշխարհի հրաշալի բնութիւնը, սարսուռ առթող առաջնագիծը` իր խրամատներով, Նարեկի նման տղոց երգիծանքով ու ոգիով, եւ Շուշին` իր անառիկ դիրքով:

Խոստովանիմ, որ սրտիս խօսեցաւ նաեւ այն երեւոյթը, որ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն իմաստուն խօսքով եւ կեցուածքով կ՛աւարտի որեւէ խօսակցութիւն, յատկապէս Տիգրանի ու Աննայի վերջին հանդիպումի տեսարանին պարագային:

Եթէ փակեմ աչքերս եւ ուզեմ մտածել «Կեանք ու կռիւ»-ին մասին, իմ մտքիս մէջ ցոլացող առաջին պատկերները պիտի ըլլան առաջնագիծը հսկող զինուորները, գնդապետ Տէր Զաքարեանի նահատակութեան լուրը առնող Աննան եւ անոր մօր վիճակը, Արմէնին եւ Տիգրանին բաժանումի պահը, ազատամարտիկին յուզումը, երբ ան կը ստանայ 11 տարեկան պատանիին կողմէ իրեն համար հիւսուած բուրդէ գուլպաներ, Տիգրանի կողմէ Արմանին տրուած «Աշխատէ՛ չզոհուիլ» պատգամը, Արցախի կանաչապատ լեռներու խորապատկերին Տիգրանը փոխադրող ուղղաթիռը, Շուշիի ազատագրումն ու քանդուած Ղազանչեցոցը, Էդուարդի նկարած վիտէոները դիտելու ընթացքին Աննայի հեկեկանքը, ռազմափորձին մասնակցելու եւ իր հրամանատարին օգնելու երիտասարդ Տիգոյին քաջութիւնը եւ Լեովը փրկելու համար Արմանի մարդկային ու քաջ քայլը:

«Կեանք ու կռիւ»-ի յաջողութիւնն ու անոր ստացած մրցանակները ֆիլմարուեստի ու շարժապատկերի աշխարհին մէջ կրնան չափանիշներ ըլլալ, սակայն ժապաւէնի մը իսկական յաջողութիւնը ակնդիրներուն վկայութիւնն է, ժապաւէնը դիտող իւրաքանչիւր անհատի արտայայտութիւնը` արցունքը, ժպիտը, ցաւն ու գոհունակութիւնը, որոնք հնչեցին ժապաւէնի ընթացքին, անկէ ետք եւ կը շարունակեն ողողել մերօրեայ խօսափող Դիմատետրը: «Կեանք ու կռիւ»-ը այդ ժապաւէններէն է:

Այսքանը կը գրեմ հոգիի գոհունակութեամբ եւ իբրեւ առաջին տպաւորութիւն` գիտնալով, որ երրորդ եւ չորրորդ անգամ դիտելէ ետք տակաւին ինչե՜ր կրնամ տեսնել զոյգ ժապաւէններուն մէջ:

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս ժապաւէնին պատրաստութեան: Շնորհակալութիւն «Արցախ ֆոնտ»-ին` Լիբանանի մէջ «Կեանք ու կռիւ»-ը ցուցադրելու նախաձեռնութեան համար, եւ շնորհակալութիւն Մհեր Մկրտչեանին, որ ստեղծեց մեր իրականութեան հայելին` լիիրաւ յաջորդը դառնալով իր հօրեղբօր, հայ թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի հսկայ ու հայ ազգի պարծանք Ֆռունզիկին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>