ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Համաշխարհային թատրոնի օրը ծնունդ առաւ 1961-ին` «Միջազգային թատերական հիմնարկ»-ին (International Theatre Institute) կողմէ: Այդ օրը կը նշուի 27 մարտին` աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներուն, թատերախումբերուն եւ միութիւններուն կողմէ, ու կը կազմակերպուին զանազան թատերական ձեռնարկներ` նշելու համար սոյն առիթը:
Այս առիթով, իբրեւ լիբանանահայ թատրոնի համեստ գործիչ, պիտի ուզէի անդրադառնալ ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութի թատերական շարժման առաջին քայլերուն եւ անպայմանօրէն յիշել մեր յարգելի եւ անմոռանալի երախտաւորները, որոնք եկան ու անցան մեր բեմերէն` ձգելով միայն յիշատակներ: Ունեցանք թատրոնի հարիւրաւոր գործիչներ (բեմադրիչներ, դերասաններ, թատերագիրներ, սեւ աշխատանք կատարողներ), որոնք գրեթէ մոռցուած են, սակայն կ՛արժէ վերյիշել եւ յարգել զանոնք:
Ուրեմն փորձենք հպանցիկ ու ամփոփ ակնարկ մը նետել լիբանանահայ թատերական շարժումին վրայ, որ կը սկսի 1920-ական թուականներէն եւ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը:
Խումբերուն արժեւորումը եւ բեմադրիչներու կամ դերասաններու տաղանդը մենք պիտի չորոշենք, այլ` ժամանակը եւ պատմութիւնը:
Իւրաքանչիւր հայկական թատերախումբ եւ հայ թատերական գործիչ, որ գոյութիւն ունեցած է կամ ունի Լիբանանի եւ սփիւռքի տարածքին, ըստ մեզի, անհրաժեշտութիւն մըն է:
Պէտք է յիշենք ու երախտապարտ ըլլանք, որ մենք 1920-էն 1940-ական թուականներուն ունեցած ենք նախնական թատերական ժամանակաշրջան մը: Կիլիկիոյ արտագաղթած հայ ժողովուրդի բեկորներէն մաս մը եկեր, անցեր ու անպաշտպան հաստատուեր էր Լիբանանի ծովեզերեայ ափերը: Զրկուած ամէն բանէ, սնունդէ, հագուստ-կապուստէ, ղեկավարէ, առաջնորդէ` ժողովուրդը կը պայքարէր իր առօրեայ հացին համար:
Այդ տարիներուն (20-ական թուականներուն) մեր գաղութը կը յատկանշուէր երկու բաժիններով: Առաջինը` Ս. Նշան եկեղեցիով եւ համանուն վարժարանով: Իսկ երկրորդը` Ս. Խաչ եկեղեցիով եւ Սահակեան վարժարանով: Անոնց վրայ խարսխուած էր մեր ազգային կեանքը` քաղաք ու վրանաքաղաք անուններով եւ համանուն թաղականութիւններով:
Եւ հայ ժողովուրդը, քուրջի կտորներով իր շինած վրանաքաղաքին մէջ հիմը կը դնէր լիբանանահայ առաջին դպրոցին, որուն կը յաջորդէր հայ եկեղեցին, ապա` հայ թատրոնը:
Այսպէս, դպրոցներուն (մեծ մասը թիթեղածածկ) սրահները սկսան գործածուիլ եւ դարձան մշակութային ձեռնարկներու կեդրոններ: Դպրոցական այս սրահներուն մէջ տեղի ունեցան գեղարուեստական, գրական, երաժշտական ու թատերական նախնական ձեռնարկներ, որոնք տարիէ տարի փորձառութեամբ յառաջացան ու հասան մինչեւ մերօրեայ մակարդակին:
Ուրեմն 1924-ին բակի մը մէջ կը ներկայացուի չորս ժամ տեւողութեամբ 12 արարնոց «Եըլտըզէ Սասուն» յեղափոխական գործը: Այս մասին այդ շրջանի մեր դերասաններէն Պօղոս Մենտիլեան կը գրէ. «Գոյութիւն ունէին մնայուն երկու խումբեր, առաջին` «Տրամաթիկ» խումբը, որուն մէջ էին դերասաններ` Կարօ Խանտիկեան, Ֆերահ, տոքթ. Գաղթաճեան, Սրբուհի Դաւիթեան, Մարի Մէնէնեան եւ ուրիշներ: Երկրորդ` «Ուսանողական» խումբն էր, որուն մէջ կային Աւետիս Գնդունի եւ Պօղոս Մենտիլեան»: Այդ շրջանի դերասաններէն յիշեմ նաեւ (1926-ին)` Բ. Աբովեանը, Չափրաստը, Մ. Մարութեանը, Տիրան Աճեմեանը (նաեւ` երգիծանկարիչ): Իսկ 1920-1930-ական թուականներուն կը յիշուին` Գէորգ Եղիայեանը, Յակոբ Գնունին, Կայծակ Գնդունին:
Դերասան Կայծակ Գնդունին (հօրեղբայրս)` իբրեւ այդ շրջանի ականատես վկայ, կը գրէ. «Գրեթէ քառորդ դար լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ թատերական շարժում մը եկաւ ու անցաւ ասուպի մը պէս: Վրանաքաղաքին մէջ արդիականութեան շքեղութիւնները չէին թափանցած: Ո՛չ շքեղ սրահ, ո՛չ շլացուցիչ լոյսեր, ո՛չ գեղարուեստական յարդարում եւ ո՛չ ալ թատերական մասնագիտութեան հետեւողներ` վկայուած դերասաններ, դիմայարդար կամ բեմադրիչ»:
Դերասան Երուանդ Չափրաստը «Այգ» օրաթերթի 13 յունիս 1965-ի թիւին մէջ կը գրէր «Թիթեղածածկ թատրոնը» խորագրեալ յօդուածը. «…Կը նայիմ շուրջս: Թիթեղածածկ թատերասրահ մը, թիթեղաշէն տուներ կը շրջապատեն, եւ կը մտածեմ… Ի՜նչ անլուծելի հանելուկ է հայ ժողովուրդը: Թիթեղէ տուներ կը շինէ պատսպարուելու համար եւ չի մոռնար թատերասրահ մը շինելու, թէկուզ թիթեղէ` իր դպրոցին ու եկեղեցիին քով»:
Լիբանանահայ թատերական շարժումի առաջին շրջանին մէջ կարելի է զետեղել նաեւ կարգ մը անուններ թատերական գործիչներու, որոնք եկած ու անցած են լիբանանահայ գաղութէն եւ իրենց խանդավառ ելոյթներով թատերական որոշ տպաւորութիւն մը ձգած են լիբանանահայ թատերասէրներու վրայ: Այդ անուններէն կարելի է յիշել` Վարդ Պատրիկը, Չափրաստը, Կոստանեանը, Սամուէլ Խանտիկեանը, Թրագօշը, Բարսեղ Աբովեանը, Հայկ-Արծիւը եւ ուրիշներ:
Ահա այսպէս, արագ ու ամփոփ պատկերը լիբանանահայ թատերական կեանքին` 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1940-ական թուականները:
1940-էն ետք Լիբանանի մէջ ծնունդ առին զանազան թատերախումբեր, յատկապէս` դպրոցական կամ շրջանաւարտից միութիւններու հովանիին տակ գործող խումբեր:
Յիշեալ թուականին Պէյրութի մէջ կը հիմնուի «Համազգային թատերասէրներու միութիւն»-ը, որ հետագային կ՛անուանուի իր հիմնադիր անդամներէն Գասպար Իփէկեանի անունով:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հիմնադիր անդամներուն մէջ կան անուններ, որոնք ամբողջ 30 տարի կը մնան խումբին մէջ եւ պարբերաբար զանազան դերերով բեմ կը բարձրանան: Այդ անուններէն կարելի է յիշել` Գասպար Իփէկեանը, Զեփիւռ Շանթը, Նելլի Մինասեանը, Բաբգէն Փափազեանը, Ժորժ Սարգիսեանը, Վարդգէս Վարդապետեանը եւ ուրիշներ:
Խումբը կ՛ունենայ երեք բեմադրիչներ` Գասպար Իփէկեան, Բաբգէն Փափազեան եւ Ժորժ Սարգիսեան: Անոնց կը յաջորդեն` Զոհրապ Եագուպեան, Վարուժան Խտըշեան, Վիգէն Ստեփանեան, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Դաւիթ Յակոբեան եւ Յասմիկ Պերթիզլեան:
Այս խումբը 1942-էն ի վեր տուած է պերճախօս ներկայացումներ եւ հարիւրաւոր բեմի գործիչներ, որոնցմէ անպայմանօրէն կ՛ուզեմ յիշել` Արփի Խաչատուրեանը, Ժորժ Շահապեանը, Խաչիկ Արարատեանը, Սարգիս Ասլանեանը, Ժիրայր Խաչատուրեանը, Գալուստ Ճանսզեանը, Քաջազուն Ապելը, Վարուժան Խտըշեանը եւ ուրիշներ:
Այս տղաքն ու աղջիկները տարիներով իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ թատերախումբին` առանց փնտռելու նիւթական կամ որեւէ ակնկալութեան: «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը միշտ պատուաւոր դուրս եկած է, գնահատուած ու սիրուած է ժողովուրդին կողմէ:
Այս անունները յիշեցինք (մինչեւ 1975) իբրեւ երախտագիտութիւն այս տղոց եւ աղջիկներուն, որոնց շնորհիւ լիբանանահայ բեմը վառ մնաց, եւ անոնց վառած ջահը հասաւ մեզի:
Մեր արծարծած այս նիւթը հատորներ կը պահանջէ, որպէսզի ամբողջանայ, բայց ինչպէս նշեցինք, մենք շատ ամփոփ ուզեցինք անդրադառնալ գլխաւոր թատերախումբերուն եւ գործիչներուն, որպէսզի պատմութիւնը յիշէ եւ գնահատէ անոնց տարած նուիրական աշխատանքը:
Շարունակենք: 1958-ին Պէյրութի մէջ ՀԵԸ-ի «Զարեհ Նուպար» ակումբին հովանաւորութեամբ, հիմը կը դրուի թատերախումբի մը` «Զարեհ Նուպար» թատերախումբ անունով, իբրեւ բեմադրիչ ունենալով Պերճ Ֆազլեանը: Խումբին մաս կը կազմեն` Թորոս Սարգիսեանը, Զաւէն Գալուստեանը, Վարդգէս Իւրնէշլեանը, Գէորգ Սողոմոնեանը, Յարութ Թումայեանը, Լուլու Գույումճեանը, Համբարձում Տատուրեանը, Սարգիս Մինասեանը, Պետրոս Աճեմեանը, Աստղիկ Գասապեանը, Սրբուհի Գոճեանը, Արփի Եղիայեանը, Սամուէլ Իլանճեանը, Վահրամ Իշլէմէճեանը, Ենովք Պալիկեանը, Աստղիկ Պասմաճեանը, Գրիգոր Սաթամեանը եւ Սիրվարդ Ֆազլեանը:
1959-ին թատերախումբը կ՛անուանուի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբ` բեմադրիչներ ունենալով` Պերճ Ֆազլեանը, Գրիգոր Սաթամեանը եւ հետագային նաեւ` Վ. Տօներեանը, Յարութ Գնդունին, Վ. Ստեփանեանը, Ա. Յովհաննէսեանը, Գ. Տէկիրմենճեանը, Երուանդ Ղազանճեանը եւ Վարդան Մկրտիչեանը: Ինչպէս նշեցինք, մենք միայն սոյն խումբի հիմնադիրներուն կ՛անդրադառնանք, նոր շրջանին մասին` ուրիշ առիթով:
1940-1966 թուականներուն կը գործէ ՀԿԵ Միութեան թատերախումբը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն Պօղոս Մենտիլեանը եւ Դաւիթ Յ. Էվէրէկլեանը:
1943-ին ծնունդ կ՛առնէ «Ռուբէն Մամուլեան» թատերախումբը, այս խումբը կը ղեկավարէ Վազգէն Այգունի:
1946-1954 թուականներուն ծնունդ կ՛առնէ եւ կը գործէ «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ը, որ կը ներկայացնէ 18 թատերախաղեր:
60-ական թուականներուն պէյրութահայ թատրոնը արդէն ուժեղ է: Պէյրութ կը ժամանեն թատրոնի երիտասարդ մասնագէտներ Վարուժան Խտըշեանն ու Գրիգոր Սաթամեանը, որոնք կու գային Լոնտոնէն: Նոյն շրջանին Հայաստանէն շրջանաւարտ բեմադրիչներ կու գան, ինչպէս` Օննիկ Գանթարճեան, Մուշեղ Մուղալեան, Ժիրայր Աւետիսեան, Յարութ Երէցեան, Լութֆի Թապագեան, Երջօ Մարգարեան եւ ուրիշներ:
1966-ին Թաթուլ Այնէճեան հիմը կը դնէ Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին:
1967-ին Վարուժան Խտըշեան կը հիմնէ «Թատրոն-67» խումբը:
1969-ին «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը կը հիմնէ «Արտաւազդ» թատերախումբը:
1969-ին Սիմոն Մնակեանը եւ Զոհրապ Եագուպեանը միասնաբար կը հիմնեն «Նոր թատրոն» անուն խումբը:
1973-74 տարիներուն պէյրութահայ թատերական շարժումը կը հասնի իր գագաթնակէտին, եւ գաղութը կը յագենայ թատերական ներկայացումներով:
Մենք ուզեցինք անդրադառնալ 20-ական թուականներէն մինչեւ 1974 Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը երկարող թատերական կեանքին` պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ որքա՛ն աշխուժ էր մեր թատերական կեանքը, եւ մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները որքա՛ն մեծ նուիրումով աշխատած ու պահած են հայ բեմն ու թատրոնը:
Բի՛ւր յարգանք մեր թատրոնի հին ու նոր գործիչներուն, յատկապէս մեր մեծերուն` Ժորժ Սարգիսեանին, Պերճ Ֆազլեանին եւ Վարուժան Խտըշեանին, որոնց անունը Լիբանանի թատերական պատմութեան մէջ ոսկի տառերով պիտի յիշուի:
Տօներնիդ շնորհաւո՛ր ըլլայ, թատրոնի ընկերներ: 27 մարտը մեր տօնն է: