Շ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Թատրոն: Շարժում. թեւի, գլխու, մարմնի.տեղդ անշարժ կեցած կամ քեզ շրջապատող օդի միջոցը հատելով, գետնի տարածքը կտրատելով: Անձայն, անխօս, խօսուն, ձայնաւոր: Բայց օդն ու տարածութիւնը ամէնուր են ու անոնց խորքին, ընդհանուր` շարժումը. թռչունը ելեկտրական մէկ թելէն միւսին կը ցատկէ, օդին մէջէն քար մը կ’անցնի ու ապակին կը փշրէ, քայլերդ, որ ամբողջ օրը ճամբայ կը խծբծեն: Թատրո՞ն: Դիտող աչքը անհրաժե՞շտ է, որ կայացած այս շարժումները թատերական ըլլան. կը դիտէի՛ր, բայց ոչ մէկը անոնցմէ քեզի ուղղուած էր: Առանձինդ, սենեակիդ մէկ անկիւնը քաշուէ՛, կամ մէջտեղը թեւերդ տարածէ՛, ըսէ՛ բաներ, խօսքդ ուղղելով քեզի կամ որեւէ բանի` «դուն քեզի թատրոն կը խաղաս»:
Երբ Վ. Խըտշեան Անգլիայէն վերադարձաւ Պէյրութ, թատերական վարժանքներ կատարեց երիտասարդներու հետ: Կը յիշեմ, քաղաքին կեդրոնը , շէնքի մը վերի յարկերէն մէկուն մէջ հետաքրքրական վարժութիւններ կ՛ընէինք: Թեւերու շարժումի մասին խօսելով` Խըտշեան կ՛ըսէր. «Լա՛ւ տարածեցէք ձեր թեւը. բեմին վրայ առօրեայ ձեր շարժումը պէտք է բազմապատկել, որպէսզի կարենայ սրահ անցնիլ»: Ուրեմն թատերական շարժումը ո՛չ միայն իրեն հետ կը բերէ միջոցը, որ քու դուրսդ է, այլ Մի՛ւսը. միջոցը կը դառնայ ուղի դիտողի աչքէն քեզի երկարող: Քու ներսէդ դուրս միւսին ուղղուող, բազմապատկութեան նշանով ծանրացած շարժումը կը դառնայ թատերական, բեմի վրայ յայտնուի ան թէ միջոցին մէջ տեղ մը:
Պէյրութի Հայ Ճեմարանը աւարտած, նոր Պաղտատ հաստատուած հայերէնի ուսուցիչս մեծ տպաւորութիւն ձգեց իմ եւ Ազգային վարժարանի դասընկերներուս վրայ, երբ բնաձայն բառի մը օրինակը տուաւ: Տեղս առաջին կարգն է: Թեւը կը բարձրանայ. կ’երեւին ճերմակ ափը, իրարու սեղմուած մատները ու թեւը մեծ թափով կ՛իջնէ գրասեղանիս` «թա՛փ-թափե՛լ». իր ներսիդիէն դուրս, մեր ներսը թափանցող շարժում ու խօսքի վերածուող ձայն. դա՛ս, բացատրութիւ՛ն . թատրո՛ն:
Պաղտատի հին թաղերու հին հայկական եկեղեցին: Աւագ Հինգշաբթի: Ազգային վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները կ’երթան հաղորդուելու: Գոգնոցներու մեր շարքը կը յառաջանայ խունացած պատերուն քովէն, մութ կամարներուն տակ, լուռ, ուշքը լարած: Առջեւը, ծունկի եկած քահանային թեւը կը շարժի. կանոնաւոր կշռոյթով արծաթ իրէ մը ձեռքը կը հանէ ու կը մօտեցնէ աշակերտի մը բերանին. աս մէկը կը խաչակնքէ, կ’ուղղուի դէպի ձախ, ուր պիտի վերակազմուի գոգնոցներու գիծը եւ ուղղուի դէպի լուսաւոր բակ: Իմ կարգս է. սեւ, լայն թեզանիքին բերանը կէտձուկի բերանին պէս բաց է. պլպլացող մոմերուն տակ, ճերմակ ձեռքը կ՛իջնէ արծաթէ անօթին. ցոլքեր արծաթին, ցոլքեր ցուցամատին ու բութ մատին, ետեւը` կէտին երախը. «Բա՛ց բերանդ, աղջի՛կ». ո՞վ է խօսողը, ընկերուհի՞ մը, գուցէ ես ի՛նքս: Շարժում` թեզանիքէն դուրս դէպի ներսիդիս, ուր հիմա կակուղ, գաղջ բան մը պէտք է կլլեմ առանց ծամելու:Ծէս- թատրոն:
Հայկական ակումբի սրահը: Լոյսերը մարած են. դիմացը, գետնէն բարձր, խորքով տարածութեան մը կեդրոնին, առաստաղէն, մէկ զօրաւոր լոյս ինկած է միակ, նեղ մահճակալի մը վրայ, ուր մէկը լուռ կը գալարուի: Փայլուն, կանաչ մետաքսէ ծածկոցի մը տակ քնացած մարդ մը մղձաւանջ կը տեսնէ. մարմինը կը շարժի ու կարմիր փայլուն մետաքսէ գիշերազգեստը կ՛երեւի: «Ոսկի Աքաղաղ», թատրո՛ն: Ժորժ Սարգիսեանն է սրահին ուղղուած տուայտագին շարժումներուն տէրը…:Յաջորդ օրերուն մեր տու՛նը պիտի տեսնեմ զինք. թատերական շարժումներուն լուսապսակը դեռ կարծես կը պսպղայ Պաղտատ այցելող «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին անդամներուն գլխուն: Բայց անոնք բոլորն ալ, լքած` իրենց տիպարները, ամենապարզ ու ջերմ ձեւով կը շարժին, կը խօսին. ծնողքիս մօտիկ ընկերներն են . զուարթօրէն կ՛երգեն, կը պատմեն, կ՛ուտեն, կը խմեն, իրարու ձայն կու տան® Ի զուր կը փնտռեմ նախորդ օրը տեսած «Փառքի վաշխառուներ» ու զուսպ, տխուր հերոսուհին. շէնշող, ժպտուն մէկն է ան հիմա: Փոխուեր է շարժումներուն լիցքը, ստեղծուած տարածութեան հոսանքը:
Հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր թատերական շարժումին լուսապսակը իր ցոլքերը կ՛արձակէ, վարէն իրե՛ն երկարած վիզերուն, բան մը տեսնելու ճիգով կկոցուող աչքերուն, որմանկարը մօտեցնող հեռադիտակներուն վրայ…: Կա՞յ աւելի թատերական շարժում, քան բազմախաւ իմաստներով ծանրացած, բազմապատկուած շարժումը Միշէլ Անճէլոյի «Արարչութեան» աստուածային թեւին:
Երեւի մարդուն ուղեղն ու հոգին չեն բաւարարուիր խճաքարէն Յարդգողի Ճանապարհ ծաւալող բնական տեսարաններով ու կ’ուզեն Տես-արան , Թէա տրոն ստեծել:
Պէյրութ, 24-3-2017