Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Ժամանակները, Հանդիսատեսը Եւ Մենք

$
0
0

«Երէկուան Թոյլ Մի Տաք
Խանգարելու Ձեր Այսօրը»

Ռիչըրտ Նելսըն

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Թատրոնը իր ժամանակի հոգեւոր դրսեւորումն է, խորհրդականը, հասարակութեան յառաջադիմական կշռաչափը:

Թատրոնը քմահաճ ասպարէզ է, կենցաղ, ժամանակի մէջ սեղմուած ծաւալուն արուեստի կեանք, ծուռ հայելի…

Օրուան պահանջները շարունակ կը հետապնդեն թատրոնը, հետեւաբար` հասարակական միջավայրն է, որ կը ստեղծէ թատրոնին դէմքը:

Թատրոնը իբրեւ արժէք` գեղանկարի, ճարտարապետական կառոյցի, քանդակի կամ երաժշտութեան պէս չի կտակուիր սերունդներուն, այլ ընդամէնը կը մնայ օրուան հանդիսատեսին յիշողութեան մէջ:

Եթէ թատրոնը երկխօսութիւն է բեմին եւ հանդիսասրահին միջեւ, ապա հանդիսատեսը ներկայացման մէկ գլխաւոր դերակատարն է: Ի՞նչ է արդեօք հանդիսատեսին դերը «թատրոն» կոչուած «գեղեցիկ սուտին» մէջ: Ան ի՞նչ փնտռած է բեմին վրայ երէկ, ի՞նչ կը փնտռէ այսօր եւ ի՞նչ կ՛ուզէ գտնել վաղը:

Ամէն սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր թատրոնը, իսկ ամէն ժամանակ` ի՛ր հանդիսատեսը:

Հին յունական ամփիթատրոնի հանդիսատեսը հաց ու ջուրով, շաբաթներով նստած քարէ աստիճաններուն, կը հետեւէր արենայի վրայ ծաւալող ճակատագիրի քմայքներուն, իսկ անցեալ դարասկիզբին Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ հանդիսատեսը թատրոն կը յաճախէր տօնական շքեղ զգեստներով,  նոյնքան տօնական տրամադրութեամբ, պատրաստ համեմատելու` տեսանելի արժէքի վերածուած իր սիրած գրական երկը:

Լաւագոյն հանդիսատեսը նախքան ներկայացման երթալը կը կարդայ տուեալ թատրերգութիւնը, միջազգային փառատօներու ընթացքին նոյն թատրերգութիւնը կը դիտէ տասնեակ թատերախումբերու կատարմամբ, ականատես  ըլլալով բեմադրական եւ կատարողական տարբեր մեկնաբանութիւններու:

Ներկայացման յաջողութեան գրաւականներէն մէկը թատերասրահին մէջ տիրող ընկալման մակարդակի ներդաշնակութիւնն է:

Հանդիսատեսը կ՛երթայ թատրոն ո՛չ միայն դիպաշարին հետեւելու, այլ` մեկնաբանութիւն տեսնելու, ականատես ըլլալու սեւի եւ սպիտակի պայքարին, հաւաքաբար տօնելու ճշմարտութեան յաղթանակը:

1895-ին ֆրանսացի Լիւմիեր եղբայրները արտօնագիր ստանալով իրենց իսկ ստեղծած «Սինեմաթոկրաֆիք» սարքին համար, Փարիզի սրճարաններէն մէկուն մէջ կը կազմակերպեն «Շոգեկառքի ժամանումը» կարճամեթրաժ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ակնթարթներ տեւող շարժապատկերին մէջ, կայարանին մօտեցող շոգեկառքէն ճզմուելու սարսափով ներկաները խուճապահար կը լքեն սրճարանը: Կարճ ժամանակ անց աշխարհով մէկ լայն տարածում կը գտնէ եօթներորդ արուեստը: Հրապոյրը քսաներորդ դարի շեմին ծնած արուեստի նոր տեսակին հանդէպ, կը սպառնար թատրոնի գոյութեան:

Երբ անցեալ դարու կէսերուն սկսաւ զարգանալ հեռատեսիլը, դարձեալ ամպեր կուտակուեցան թատրոնին գլխուն, սակայն թէ՛ շարժապատկերը, թէ՛ հեռատեսիլը աւելի լայն հորիզոններ բացին թատրոնին համար:

Թատրոնը արուեստներու շարքին միշտ մնաց պահանջուած` իր բարդագոյն, խորհրդաւոր, պարզ ու հրապուրիչ բեմով: Յանիրաւի տրտունջները թատրերգութիւններու պակասի մասին պարբերաբար կ՛ուղեկցէին եւ կը շարունակեն ուղեկցիլ թատրոնի զարգացման: Մինչդեռ աշխարհի գրադարանները լեցուն են դասական եւ ժամանակակից թատրերգութիւններով, ուր միշտ կարելի է գտնել օրուան գերխնդիրը կրող ստեղծագործութիւնը: Եթէ ժամանակակից ստեղծագործութիւնները ժամանակին կից ըլլալով, որոշ ժամանակ անց ժամանակավրէպ կը նկատուին, ապա դասականները բոլոր ժամանակներու մէջ նոր են, հնչեղ եւ դիպուկ:

Այսօր ալ կարելի է բեմադրել Սունդուկեան, Շիրվանզադէ, Պարոնեան, Օտեան, Շանթ, Մոլիէր, Շէյքսփիր, մինչեւ անգամ հին յունական ողբերգութիւններ` Եւրիպիտէս, Սոփոքլէս, Էսքիլէս… ստանալով նոյնքան արդիական ներկայացումներ, ինչպիսին Պ. Զէյթունցեանի, Ա. Միլլրի, Ն. Սայմընի, Ն. Ադալեանի, Ա. Արծրունիի կամ Վ. Ատրունիի թատրերգութիւններն են:

Ուիլիըմ Սարոյեանը Լիբանան այցելած ժամանակ, տեսնելով Պուրճ Համուտի գունեղ մթնոլորտը, զարմանքով բացագանչած է. «Ձեր մասին այնքա՜ն բան կայ գրելու, ինչո՞ւ բեմ չէք հաներ»: Հետագային Վաչէ Ատրունի, Զօհրապ Եագուպեան եւ այլք, տեսան ու բեմ հանեցին իրենց միջավայրի հարազատ գոյները:

Այո՛, վերցնել ժողովուրդէն, վերադարձնելու համար ժողովուրդին, արծարծելով ժամանակակից, դիպուկ հարցեր: Ա՛յս է թատրոնը:

Ժամանակները միշտ հակասութիւններ ստեղծած են թատրոնին եւ հանդիսատեսին միջեւ, սակայն սպասուած անջրպետը այդպէս ալ չէ գոյացած:

Տարիներ առաջ իսրայէլեան թատրոններէն մէկը անկողիններ տեղադրեց հանդիսասրահին մէջ, ներկայացումներուն ընթացքին սուրճ ու զովացուցիչներ մատուցեց` փորձելով տնային պայմաններ ստեղծել հանդիսատեսին համար:

Ներկայիս` զարգացած երկիրներու մէջ կարգ մը թատրոններ ճաշասեղաններ կը տեղադրեն հանդիսասրահին մէջ, խաղավայր, դաստիարակներ, բժիշկներ, անկողիններ ու դայեակներ կը տրամադրեն անչափահաս զաւակներ ունեցող հանդիսատեսին համար:

Ժամանակին հետ հանդիսատեսը կը դառնայ զանգուած, իսկ թատրոնը` զանգուածներուն համար զուարճալի ժամանց:

Ժորժ Սարգիսեանի օրերուն ներկայացումները ամիսներով չեն իջած բեմերէն: Պատասխանատու օղակները միշտ իրենց բարձր հանգամանքին տէրը եղած են: Անգամ դիմայարդար Կայծակ  Գնդունիին նկատմամբ հանրութիւնը վերաբերած է մեծագոյն պատկառանքով:

Ժողովուրդի մը մտաւոր մակարդակը կը չափուի իր մշակոյթով, յաճախ իր ունեցած թատրոնով:

Այսօրուան մարդուն խօսակցութեան թեման Այֆոնն է, դրամը, ճաշարանը, անուշիկ հագուստը, ինքնաշարժը, համացանցը… Աշխարհն է այդպիսին, ժամանակներն են այդպիսին: Կատակ չէ, համաշխարհայնացում է…

Յաճախ կը կրկնուի ծանօթ ահազանգը, թէ ո՞վ է այսօրուան հերոսը: Հաւանաբար ան, որ կը նկատէ ժամանակի թերութիւնները եւ կը փորձէ ուղղել զանոնք: Ասպարէզը բաց է հերոսներուն համար:

Ակնյայտ ճշմարտութիւն է, որ հասարակութեան մէջ որեւէ դրական յառաջընթաց արձանագրելու համար պէտք է սկսիլ դպրոցներէն, ուր մեծ է հայերէնի ուսուցիչներուն դերը, բայց պէտք է այդ ուսուցիչներուն հանգամանքը բարձրացնել, բարձրագոյն ամսականներ սահմանել անոնց համար, դարձնել զանոնք օրինակելի «մարգարէներ»:

Լիբանանահայ կարգ մը վարժարաններու մէջ կը դասաւանդուի թատրոն, կը գոյանան մանկապատանեկան թատերախումբեր, որոնք կանոնաւոր, բարձրաճաշակ թատերախաղերով կը ներկայանան հանրութեան, կը ճամբորդեն, կը մասնակցին փառատօներու, կ՛արժանանան միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրի կոչման, կը ստանան պատուոյ գիրեր, կը նկարահանուին ժապաւէններու մէջ, լուրջ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն…

Որոշ յոռետես, անցեալի յուշերու մէջ շարունակ օրօրուող ձեռնածալներ անդադար կ՛աղաղակեն, թէ «լիբանանահայ թատրոնը այսօր հոգեվարքի մէջ է»:

Որոշ թատերագիրներ ալ, վարդագոյն ամպերու վրայ բազմած, խելացի հատորներով ցեխաջուր կը տեղան գրեթէ անհնարինը հնարաւոր դարձուցած, գետնի վրայ ապրող մահկանացու արուեստագէտներու աշխատանքներուն վրայ:

Հարկ չկայ բանալու մեր թատերական խոհանոցի ծանր դուռը, որուն ետին անասելի պայմաններ են` ժամանակի, նիւթական, թեքնիք եւ այլազան դժուարութիւններ, սակայն ոչ սուր աչք, ոչ բարձր ճաշակ, ոչ ալ մեծ խելք կ՛ուզէ տեսնելու, հասկնալու եւ ընդունելու համար մեր թատերական ներկայացումներու քանակն ու շատ յաճախ բարձր որակը, դասականը, կամ փորձառական փնտռտուքները, կատակերգականն ու ողբերգականը, մեծերու կողմէն ներկայացուող մանկականն ու փոքրերու կողմէն ներկայացուող «մեծականը»` նկատի առնելով, որ մեր սրահներուն մէջ թէեւ ճոխ ճաշասեղաններ, անկողիններ, խաղավայրեր, բժիշկներ ու դայեակներ չկան (փառք Աստուծոյ) եւ շատ յաճախ օդափոխիչ (AC-ներ) ալ չկան: Սակայն միշտ կայ հանդիսատես, որ եկած է զարմանալու, հիանալու, նորոգուելու… սակայն ոչ «քաջալերելու», ինչպէս ընդունուած է ըսել:  Թատրոնը ինքը կը քաջալերէ հանդիսատեսը: Լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ոչ հանդիսատեսը, այլ պատկան մարմինները համարժէք ուշադրութեամբ եւ լուրջ վերաբերումով քաջալերեն կատարուած աշխատանքները:

«Գ. Իփէկեանի», «Վ. Փափազեանի», «Մհեր Մկրտիչեանի», «Կոմիտասի», «Թէաթրոնի», Ատրունիներու… կողքին այսօր մենք ունինք մանկապատանեկան. «Ծիածան», «Երազ», «Արեգ» թատերախումբերը եւ «Արեգ» թատերական դպրոցը, բազմաթիւ շրջանաւարտներ եւ թատերասէրներ, տասնեակ նորայայտ տաղանդներ` Փաթիլ Մկրտիչեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Անժելինա Սարգիսեան, Սագօ Եագուպեան, Լիլիթ Յովհաննէսեան, Շահան Հաւաթեան, Սիմոն Տէրտէրեան, Անդրէ Սահիլի, Սեւակ Զարմենեան, Բալիկ Հապոյեան, Սագօ Թահազեան, Դրօ Միրզայեան, Մանուէլ Թոգմագճեան, Նարեկ Քէշիշեան, Հրակ Օհանեան, Շուշի Կոճայեան, Կարէն Խուտաւերտեան, Լիլիթ Գոյումճեան, Արամ Ադամեան, Էմմա Քէշիշեան, Մարգարիտա Միքայէլեան, Բալիկ Թէքելեան եւ այլք, որոնցմէ շատեր թատրոնը ընտրած են իբրեւ իրենց կեանքի ապագայ մասնագիտութիւն: Տաղանդաւոր երիտասարդներ կան բոլոր թատերախումբերուն մէջ, որոնք մեր բեմադրիչներուն քով օր-օրին փորձառութիւն ձեռք կը բերեն: Անոնք են օղակը անցեալի եւ ապագայի, անոնց մէջէն պիտի ծնին վաղուան հանճարները:

Մեծագոյն տգիտութիւն կ՛ըլլայ այդ ամուր ու արժէքաւոր օղակը հեգնանքով «մանկապարտէզ» անուանելը: «Երէկուան թոյլ մի տաք խանգարելու ձեր այսօրը»:

Բեմին վրայ բոլոր սերունդները ունին իրենց պատուաւոր տեղը: Ինչպէս սկսնակ պատանին չի կրնար «Արքայ լիր» խաղալ, այնպէս ալ ալեհեր, կորաքամակ ծերունին չի կրնար «Ռոմէօ» խաղալ:

Թատրոնը միշտ կը սպասէ իր հանդիսատեսին, իսկ հանդիսատեսը` իր թատրոնին: Երբ մեր օրերուն այդ երկխօսութիւնը յաճախ կը վերածուի իսկական տօնի, կը նշանակէ թատրոնը տակաւին երիտասարդ է ու յաւերժական:

Շնորհաւոր տօնդ` թատերագիր, բեմադրիչ, դերասան, թատերագէտ, քուլիսի ետին աշխատող եւ թատրոնի գլխաւոր դերակատար` սիրելի՛ հանդիսատես:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>