ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ՍԱՇՀ-ը շնչառական համակարգի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ քորոնա (corona) ժահրի որոշ մէկ տեսակով վարակուելով:
Հարբուխը կը յառաջանայ քանի մը տեսակ քորոնա ժահրերով: ՍԱՇՀ-ի ժահրը քորոնա ժահրերու յատուկ մէկ տեսակն է:
ՍԱՇՀ-ը առաջին անգամ ախտաճանաչուեցաւ 2002-ին, Չինաստանի մէջ, երբ տեղի ունեցաւ ՍԱՇՀ-ի համաճարակը: Արձանագրուեցան 8096 վարակումներ եւ 774 մահեր, որոնց մեծամասնութիւնը պատահեցաւ Հոնկ Քոնկի մէջ: ՍԱՇՀ-ը շուտով տարածուեցաւ այլ երկիրներ` վարակուած անձերու ճամբորդութեան պատճառով: Ճամբորդներ երկրէ երկիր փոխադրուելով` տարածեցին այս ժահրը շատ մը երկիրներ: Մէկ տարուան ընթացքին 37 երկիրներ ունեցան ՍԱՇՀ-ի հարիւրաւոր պարագաներ: Քանատայի մէջ արձանագրուեցան 400-ի մօտ ՍԱՇՀ-ի պարագաներ եւ 44 մահեր:
ՍԱՇՀ-ը կը հարուածէ ընդհանրապէս բոլոր տարիքի մարդիկը` առանց սեռի խտրութեան, սակայն առաւելաբար` 15-70 տարեկան անձերը:
ՍԱՇՀ-ի ախտանշանները կրիփի (influenza) ախտանշաններուն կը նմանին: Տեղի կ՛ունենան ախտանշաններու յարաճուն (progressive) զարգացում: Ախտանշաններուն կարեւորագոյնը շնչառութեան սուր անբաւարարութիւնն է: Անոր նախնական ախտանշանները կրիփի նման ախտանշաններ են, ինչպէս` ջերմութիւն, դող, չոր հազ եւ մկանային ցաւ, գլխացաւ, փորհարութիւն եւ քթահոսք: Յատկանշական է արեան ճերմակ գնդիկներու նուազումը եւ հակամարմիններու յայտնաբերումը վարակումէն երեք շաբաթ ետք: Հակամարմինները կը գործեն 3-4 ամիս եւ ապա կը սկսին նուազիլ: Վարակուած անհատներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապաքինի ինքնաբերաբար 1-2 շաբաթներու ընթացքին: Վարակուածներուն փոքր մէկ տոկոսը կ՛ունենայ շնչառութեան դժուարութիւն եւ թթուածինի անբաւարարութիւն, որոնք ազդանշաններն են ՍԱՇՀ-ին: Այս հանգրուանին կը յառաջանայ ժահրային թոքատապ (pneumonia), որ կրնայ վերածուիլ մանրէական (bacterial) թոքատապի: Ենթական կը մատնուի զօրաւոր շնչահեղձութեան, սուր թթուածինի անբաւարարութեան, կապտութեան (cyanosis), վարակամերժութեան (immunity) նուազում եւ մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանքի (shock): Այս զարգացումները տեղի կ՛ունենան շատ արագ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ ենթակային մահուան:
Քորոնա ժահրը կը տարածուի եւ կը փոխանցուի օդին միջոցով, այսինքն` շնչելով քորոնա ժահրով վարակուած օդ: Վարակուած անհատը հազալով եւ փռնգտալով կը սփռէ ՍԱՇՀ-ի ժահրը օդին մէջ եւ իր շուրջը գտնուող իրերուն, կերակուրներուն եւ անհատներուն վրայ: ՍԱՇՀ-ի ժահրը կ՛ապրի մեր ձեռքերուն եւ հագուստներուն վրայ մօտաւորապէս 6 ժամ: Առողջ անհատներ կը վարակուին ՍԱՇՀ-ով շատ արագ, պարզապէս` ներշնչելով այս վարակուած օդը, դիպչելով վարակուած իրերուն եւ անձերուն եւ ուտելով վարակուած կերակուրները: Այս ժահրը երկար ժամանակ կ՛ապրի շատ ցուրտ եղանակներուն:
ՍԱՇՀ-ի թխսումը կը տեւէ 2-10 օր: Մահացութեան տոկոսը (mortality rate) 10 է, այսինքն վարակուածներուն 10 տոկոսը կը մահանայ: Մահացութեան տոկոսը կը հասնի մինչեւ 50 տոկոսի տարեցներու մօտ:
ՍԱՇՀ-ի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ տեսնելով ենթակային հիւանդագին վիճակը, ինչպէս նաեւ` կատարելով շատ մը տարրալուծարանային քննութիւններ եւ Ք ճառագայթային նկարումներ: Յաճախ թոքերու պարզ Ք ճառագայթային նկարումը ոչ մէկ ախտաբանական վիճակ կը ցուցաբերէ, հակառակ որ ՍԱՇՀ-ը կը մնայ կասկածելի: Այս պարագային կը կատարուի թոքերու յատուկ համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan): Կը կատարուին արեան զանազան տեսակի քննութիւններ, մասնաւորապէս արեան ճերմակ գնդիկներու քանակական հաշուաքննութիւնը (count), ՍԱՇՀ-ի ժահրի եւ հակամարմիններու յայտնաբերումի քննութիւնները, քթաքսուկ-քթաչնչան (nasal swab) եւ կոկորդաչնչան-կոկորդաքսուկ (throat swab) յայտնաբերելու համար քորոնա ժահրը:
Քորոնա ժահրին դէմ եւ ՍԱՇՀ-ին դէմ յատուկ դեղեր գոյութիւն չունին: ՍԱՇՀ-է վարակուողներուն մեծամասնութիւնը յատուկ դարմանումի պէտք չեն ունենար: Անոնք 1-2 շաբաթներու ընթացքին կը բարելաւուին ինքնաբերաբար, սակայն պէտք է ստանան բաւարար հեղուկ եւ առողջարար սնունդ, ունենան կատարեալ անկողնային եւ ֆիզիքական հանգիստ: Յառաջացած ՍԱՇՀ-ի պարագաները կ՛ենթարկուին հիւանդանոցային խնամքի եւ շտապ օգնութեան: Անոնց կը կիրարկուի ներերակային հեղուկ, արուեստական օժանդակ շնչառութիւն (artificial respiration)` թթուածինի ներշնչումով միատեղ: Մանրէական թոքատապի պարագային կը գործածուին հակամանրէական դեղեր:
ՍԱՇՀ-ի դէմ մինչեւ օրս պատուաստ չէ գտնուած: Սակայն տեսնուած է, որ կրիփի պատուաստ եւ թոքատապի պատուաստ ստացողները նուազ չափով կը վարակուին ՍԱՇՀ-ով:
Յառաջացած ՍԱՇՀ-ը պատճառով կրնան տեղի ունենալ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` թոքերու թելային կարծրացում (firosis), ոսկրափխրում (osteoporosis), ոսկորներու մեռուկացում (necrosis) եւ լեարդի աշխատանքի վատթարացում:
ՍԱՇՀ-ը կրնայ շուտով համաճարակի վերածուիլ, եթէ պէտք եղած կանխարգիլելի միջոցներ չկիրարկուին: Վարակուած անհատը պէտք է մեկուսացուի: Բժշկական անձնակազմը, հիւանդապահուհիները եւ հիւանդին հետ յարաբերութիւն ունեցող անձերը գործածելու են բերնադիմակ եւ քթադիմակ, յատուկ հագուստ, գոգնոց եւ ձեռնոց: Բոլոր կասկածելի պարագաները մեկուսացուելու են: Վարակուած պարագաները եւ կասկածելիները արձանագրուելու են պետական առողջապահական հաստատութիւններու մօտ:
Կարգ մը կանխազգուշական թելադրութիւններ կարեւոր են ՍԱՇՀ-ի համաճարակի պարագային.
1.- Լուալ ձեռքերը յաճախակիօրէն,
2.- Լուալ վարակուած անհատին հագուստները, սաւանը, անձեռոցը, կերակուրի սպասները օճառով եւ տաք ջուրով,
3.- Հազալու եւ փռնգտալու միջոցին գոցել քիթը եւ բերանը,
4.- Վարակուած անձէն հեռու մնալ եւ չգործածել անոր կերակուրի սպասները, իրեղէնները, հագուստը եւ անձեռոցը,
5.- Հիւանդին ապաքինումէն 10-15 օրեր ետք սկսիլ յարաբերութիւն ունենալ անոր հետ,
6.- Համաճարակ ունեցող երկիր չայցելել,
7.- Համաճարակ երկրէ դուրս ելլել շատ զգուշութեամբ: