Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Կարէն Միրզոյեանի
Այցելութիւնները
* ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի «Մեր հերոսական Արցախը» նիւթով եռօրեայ նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս եւ յանձնախումբին հրաւէրով 13 մարտին աշխատանքային եռօրեայ այցելութեամբ Աթէնք կը գտնուէր Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան: Նոյն օրը ան այցելեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ` ներկայութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի անվտանգութեան, ճանաչման գործընթացի եւ երկրի զարգացման վերաբերող տարբեր հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս անցեալ տարուան ապրիլեան պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան մասին:
Կարէն Միրզոյեան ներկայացուց այն բոլոր զարգացումները, որոնք տեղի կ՛ունենան արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ` միջազգային ատեաններու եւ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծէն ներս կատարուող ջանքերը, նկատել տալով, որ հակառակ բոլոր պայմաններուն` Արցախի ժողովուրդը կառչած կը մնայ իր հայրենի հողին` հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ նպաստելով Արցախի զարգացման: Ան նաեւ դրուատեց հայկական բանակի պատրաստակամութիւնը եւ ոգեւորութիւնը` տէր կանգնելու Արցախի անվտանգութեան:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն իր կարգին ներկայացուց այն բոլոր քայլերը, որոնք տեղի կ՛ունենան Յունաստանի մէջ` Հայ դատի յանձնախումբի ճամբով, արցախեան հիմնահարցի կապակցութեամբ հելլէն քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի հակահայ քարոզչութեան կասեցման աշխատանքներուն մասին:
Հանդիպումի աւարտին շեշտուեցաւ փոխադարձ համագործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը, իսկ Կարէն Միրզոյեան հաստատեց Յունաստանի ՀՅԴ կառոյցի մեծ ներդրումը` երկրի քաղաքական շրջանակներուն Արցախի հարցը ծանօթացնելու առումով:
* Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ հելլէն խորհրդարանին մէջ` Յունաստանի պետական-քաղաքական-կուսակցական ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումները առանձին կայացան հելլէն խորհրդարանին մէջ` իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումներու շարքին էին կառավարական քոալիսիոնին մաս կազմող «Անկախ յոյներ» կուսակցութեան փոխնախագահ եւ Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Փանաեոթիս Զղուրիտիս, Համայնավար կուսակցութեան երեսփոխան, նախկին եւրոերեսփոխան Լիանա Քանելի, «ՓԱՍՕՔ» ընկերվարական կուսակցութեան երեսփոխան, նախկին եւրոերեսփոխան Սիլվանա Ռափթի եւ «Դեմոկրատական համախմբում» կուսակցութեան երեսփոխան, աշխատանքի ընկերային ապահովագրական եւ առողջապահական հարցերու պատասխանատու Էվի Խրիսթոֆիլոփուլու «Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութեան երեսփոխան, արտաքին հարցերու պատասխանատու Եորղոս Քումուցաքոս: Հանդիպումներուն ժամանակ նախարարը շեշտը դրաւ Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն իրականացուող զինեալ ծանր ուժերով յարձակումներուն, անընդհատ հնչող ուժի կիրարկման սպառնալիքներուն եւ հրադադարի յաճախակի խախտումներուն, ինչպէս նաեւ ռազմական այս յարձակողապաշտութեան դէմ` սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնը պաշտպանելու պարտականութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը ապահովելու գործին կապակցութեամբ: Ներկայացուեցաւ Արցախի զարգացման եւ միջազգային ներկայացուածութեան գործին մէջ հետագայ կարելիութիւններուն, տնտեսական եւ ժողովրդավարական յառաջխաղացքին եւ ժողովուրդի ընկերային իրավիճակին կապուած հարցեր:
* Կարէն Միրզոյեան այցելութիւններ տուաւ նաեւ Հայ կապոյտ խաչի Քոքինիոյ Ազգային «Զաւարեան» վարժարանի նախակրթարան ու մանկապարտէզ, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մանկապարտէզ եւ ՀԲԸՄ-ի «Գալփաքեան» նախակրթարան: Բոլոր վարժարաններուն մէջ աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, իսկ նախարարը իր կարգին շնորհաւորեց տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը` անոնց տարած աշխատանքին համար: «Զաւարեան» վարժարանի աշակերտները կարճ ժամանակ առաջ նամակներ ուղարկած էին Արցախի սահմաններուն վրայ ծառայող զինուորներուն: Երիտասարդ զինուորները, իրենց կարգին, գեղեցիկ բովանդակութեամբ պատասխան-նամակներ ղրկած էին աշակերտներուն` իւրաքանչիւրին համար մէկիկ-մէկիկ նամակ գրած ըլլալով: Կ. Միրզոյեան նամակները յանձնեց հասցէատէր փոքրիկ աշակերտներուն, որոնք խանդավառութեամբ` Արցախէն անձնական նամակ ստացած ըլլալու մեծ ուրախութիւնը ունեցան:
* Միրզոյեան այցելութիւն տուաւ նաեւ Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ Յունահայոց Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ:
Սրբազան հայրը յայտնեց յունահայ գաղութի յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` Արցախի կողքին մշտապէս գտնուելու եւ աշխուժօրէն գործելու: Նախարարը իր կարգին գնահատեց սփիւռքի մէջ թափով ու մղումով տարուող բոլոր աշխատանքները` կարեւոր նկատելով բոլորին ներդրումը:
Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ակումբի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան, վերջերս Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ ղարաբաղեան շարժման 29-ամեակին նուիրուած Մհեր Մկրտչեանի «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնը:
ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի անունով Քարլօ Ճենապեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ 29 տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, որոնք բարոյական եւ քաղաքական հզօր ազդեցութիւն ունեցան ոչ միայն արցախցիներու, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդի ճակատագրին վրայ` կանխորոշելով անոր հասարակական քաղաքական զարգացման հետագայ ընթացքը: Ան նկատել տուաւ, որ արցախահայութիւնը պայքար մղեց իր մարդկային ու ազգային արժանապատուութիւնը փրկելու, իր հողն ու պատիւը պաշտպանելու, մայր հայրենիքի հետ միաւորուելու համար, աւելցնելով, որ ազգային միասնութեան շնորհիւ` մենք կրցանք տոկալ, դիմակայել 29 տարի առաջ սկսած ազատութեան ճանապարհին եղած բոլոր դժուարութիւններուն ու զրկանքներուն: Եզրափակելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց պահպանելու համաժողովրդական միասնակամութիւնը եւ այն բարոյական ու հոգեւոր ներուժը, որոնց հիմքը դրուեցաւ 1988-ին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ 4 ընկերներու մասին, որոնց միջեւ ընկերութիւնը սկսած է դպրոցական տարիներէն: Դէպքերը կը զարգանան 1990-1992 թուականներուն, ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին: Իւրաքանչիւրը տարբեր ուղիով կ’ընթանայ իր կեանքին մէջ, բայց բոլորը կը միացնեն պատերազմը, սէրը, ողբերգութիւնը, ընտանեկան արժէքները: Ժապաւէնին մէջ լուսարձակի տակ կը բերուի Արցախի հերոսներուն ճակատագիրը, անոնց փորձառութիւններն ու ապրած պահերը, որոնք երիտասարդներու նկարագիրը կը ձեւաւորեն: Իսկ անոնց կեանքը կը դառնայ մշտական կեանք ու կռիւ, ուր միշտ տիրապետող կ՛ըլլայ սէրը:
Ժապաւէնի աւարտին կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան շնորհակալական խօսք ուղղեց կազմակերպողներուն եւ Արցախի ազատագրական պայքարի 29-ամեակին առիթով իր պատգամը տուաւ ներկաներուն:
Ատրպատական
ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի Մասնաճիւղի
Վարչութեան Այցելութիւնը Առաջնորդարան
Վարչութեան Այցելութիւնը Առաջնորդարան
7 մարտին ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ նախագահ Հենրիկ Աբրահամեանի, այցելեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի:
Հանդիպումի ընթացքին Հենրիկ Աբրահամեան երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր` Բարեկենդանի առիթով միութեան կազմակերպած ձեռնարկի հովանաւորութեան եւ նախագահութեան համար, որ կը համարուի «Արարատ»-ի տարեկան գլխաւոր նախաձեռնութիւնը:
Առաջնորդը բարձր գնահատեց վարչութեան տարած աշխատանքը` համայնքին մէջ հայ մշակոյթը եւ աւանդութիւնները պահպանելու նախանձախնդրութեան համար:
Ապա վարչութեան անդամները ներկայացուցին յառաջիկայ գործունէութեան մասին իրենց պատկերացումները:
Հանդիպումի աւարտին վարչութիւնը յուշանուէր յանձնեց սրբազան հօր:
Միացեալ Նահանգներ
Ցեղասպանութիւն Դասաւանդող
19 Ուսուցիչներ Մեծարուեցան
25 փետրուարին, ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մրցանակներ ստացան շրջանի պետական վարժարաններու 19 ուսուցիչներ, որոնք արդի արհեստագիտութեան եւ արուեստներու օգտագործումով աւելի՛ հետաքրքրական ու տպաւորիչ կրցած են դարձնել այս կենսական դասանիւթին դասաւանդումը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին անունով իրաւաբան Նորա Յովսէփեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութեան` զայն նկատելով ուրացման դէմ պայքարի լաւագոյն միջոցը: Ան յիշեցուց, որ արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 44-ը պաշտօնապէս կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, եւ այժմ աշխատանք կը տարուի մնացեալ վեց նահանգներուն եւ դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ ճանաչումը ապահովելու, ապա նաեւ` վնասուց հատուցման գործին անցնելու ուղղութեամբ:
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ դրուատեց Ցեղասպանութիւնը Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու նպատակով Հայ դատին տարած աշխատանքը` միաժամանակ խոստանալով այս տարուան նահանգային ամսավարկին մէջ այդ նպատակին համար յատուկ գումար մը ապահովել:
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Սթիւ Զիմըր շեշտեց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ` վնասուց հատուցում եւ ապաքինում ապահովելու կարեւորութիւնը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Փոլա Տիվայն եւ Պըրպենքի քաղաքապետ Ճես Թալամանթես, որոնք շեշտեցին Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման զօրակցող` Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի գործադիր վարիչ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքի անդամ Ռաքսեն Մաքասճեան ներկայացուց Զարուհի «Սառա» Չիթճեանը, որ 34 տարի դասաւանդած է Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանէն ներս` հանդիսանալով այդ կրթաշրջանին մէջ հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդած առաջին ուսուցիչը: Ան նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է ապրիլ 24-ը այդ կրթաշրջանի աշակերտներուն համար արտօնեալ բացակայութեան օր հռչակելու ջանքին մէջ եւ նպաստած է Հայաստանէն նոր ժամանած աշակերտներուն յատուկ ծրագիրներ պատրաստելու աշխատանքին: Մաքասճեան շեշտեց, որ Չիթճեան հանգստեան կոչուելէ ետք իսկ շարունակած է նեցուկ կանգնիլ հայագիտական ծրագիրներու, նեցուկ կանգնած է Հայաստանի մէջ հնագիտական ջանքերուն եւ թարգմանած ու հրատարակած է Ցեղասպանութենէն վերապրած իր հօր յուշագրութիւնը: Ապա Չիթճեանի յանձնուեցաւ յատուկ մրցանակ մը, Ցեղասպանութեան դասաւանդման մարզէն ներս անոր ունեցած ներդրումին համար, իսկ մեծարեալը, իր կարգին, պատմեց պետական վարժարաններու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ու հայկական նիւթերու իր առաջին դասաւանդումին մասին եւ շնորհաւորեց մեծարուող ուսուցիչները` քաջալերելով զանոնք, որ շարունակեն ցեղասպանութեանց դասաւանդումները:
Այնուհետեւ, Զարուհի Չիթճեանի անուան Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման մրցանակները յանձնուեցան Կլենտէյլի «Թոլ» միջնակարգ վարժարանի ուսուցչուհի Հուրի Մանճիկեանին եւ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանէն Շան Ապաճեանին:
Աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան անգամ մը եւս շեշտեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը:
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր
Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Խմբակը
Նպաստ Կը Տրամադրէ
Հայաստանի 181 Որբերու
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան 7 մարտին Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ սրկ. Աբգարեանի` ընկերակցութեամբ Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի եւ եկեղեցւոյ երիտասարդական խմբակի անդամներ` Էլենա Սարմազեանի եւ Անի Էքիզեանի, որոնք եկած էին դէպի Հայաստան իրենց ուղեւորութենէն առաջ, առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու` իրենց աստուածահաճոյ, հայրենասիրական ու մարդասիրական առաքելութեան համար: Առաջնորդ սրբազանը «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ անոնց հետ ունեցաւ աղօթքի պահ մը, ապա օրհնեց սոյն նախաձեռնութիւնը եւ անվտանգ եւ յաջող ճամբորդութիւն մաղթեց ուղեւորներուն: Խօսք առին նաեւ Տաճատ վրդ. Աշըգեան եւ պատուոյ հիւպատոս Պերճ սրկ. Աբգարեան, որոնք գոհունակութեամբ արտայայտուեցան ազգանուէր առաքելութեան մասին: Անոնք նոյն օրը Հայաստան մեկնեցան Ֆրեզնոյի մէջ երիտասարդական խմբակին նախաձեռնած բարենպատակ առաքելութիւնը իրականացնելու նպատակով: Պատուոյ հիւպատոսին հետ գործակցաբար երիտասարդական խմբակը կապ հաստատած էր Հայաստանի մէջ որբերու եւ կարօտեալներու հոգածութիւնը յանձն առած «Էս.Օ.Էյ.Ար.» կազմակերպութեան հետ եւ տեղեկութիւններ ստացած էր հարիւրաւոր որբերու անմիջական կարիքներուն մասին եւ 2016-ի վերջին ամիսներէն սկսեալ հանգանակային աշխատանք տանելով` պահանջներուն համապատասխան նպաստ (հագուստ, գրենական պիտոյքներ, դպրոցական իրեր, խաղալիքներ եւ այլ) հաւաքած էր 181 որբերու համար: Հանգանակային աշխատանքին ընդառաջած էր Ֆրեզնոյի ամբողջ հայ գաղութը: Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Գիւմրի եւ Իջեւան` հասցնելու համար նպաստը եւ հանդիպումներ ունենալու տեղւոյն պատասխանատուներուն ու որբերուն հետ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատենայի
Յուշարձանի Մուտքին Պիտի Զետեղուի
Յուշատախտակ Մը
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին Փասատինայի «Մեմորիըլ» հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցած էր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի բացում: Յուշարձանը կը ներկայացնէ եռոտանի կառոյց մը, որ կը յիշեցնէ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ օգտագործուած կախաղանները: Արցունք խորհրդանշող ջուրի կաթիլներ կը կաթին վերէն, աւազանի մը մէջ:
Մօտ օրէն յուշարձանի մուտքին պիտի զետեղուի յուշատախտակ մը:
Յուշարձանի յանձնախումբի համաատենապետներ Ռապըրթ Քալունեան եւ Շողիկ Եփրեմեան տեղեկացուցին, որ 37,5×70 սմ գլխաւոր յուշատախտակին վրայ նախ ամփոփ եւ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) բացատրութիւն մը պիտի ըլլայ յուշարձանի կարեւորութեան մասին, ապա նաեւ պիտի յիշատակուին Հայոց ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբի անդամներուն, Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ յուշարձանի շինարարական յանձնախումբի անդամներուն անունները:
Առ այդ, գլխաւոր յուշատախտակի կողքին, բացատրական 19 փոքր յուշատախտակներ պիտի զետեղուին «Մեմորիըլ» հանրային պարտէզի տարածքին: