Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լինտերու եւ բերանի խնամք» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ատամնաբոյժ տոքթ. Լոռի Աբրահամեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան իր խօսքին սկիզբը Կիներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորեց բոլոր հայ կիները, մայրերը, քոյրերը, յատկապէս` ԼՕԽ-ականները: Օրուան դասախօսը ներկայացնելէ ետք ան անդրադարձաւ ակռաներու ու լինտերու խնամքին` նշելով, թէ անոնք կարեւոր մէկ օղակն են մեր մարմնի ընդհանուր առողջութեան:
Տոքթ. Լոռի Աբրահամեան դասախօսութիւնը սկսաւ խօսելով հետաքրքրական ու փաստացի երեւոյթի մը մասին. երբ երկու անձեր կը հանդիպին իրարու, մէկզմէկու դէմքին վրայ առաջին անգամ կը նկատեն ժպիտը եւ ժպիտը ամբողջացնող ակռաները:
Բացատրելով բերանին կարեւորութիւնը ու անդրադառնալով մարմինի այլ անդամներուն հետ անոր կապին` դասախօսը բերանը նմանցուց դրան մը, ուրկէ զանազան լաւ կամ ոչ լաւ նիւթեր կրնան մուտք գործել եւ արեան ճամբով հասնիլ մարմնի տարբեր մասերը: Ոչ առողջ ատամները, բերանը, կապ ունին տարբեր հիւանդութիւններու հետ, ինչպէս` շաքարախտի, սրտի, թոքերու, ատամներու փտածութեան եւ այլն:
Տոքթ. Լոռի Աբրահամեան բացատրեց, թէ երբ 12 ժամ մենք չենք վրձիներ մեր ատամները ի՛նչ կրնայ պատահիլ. փլաք կը կազմուի մանրէներով լեցուն, հետագային ակռայի աղտի (թարթար) եւ կիրի կուտակումը, զոր ատամնաբոյժը պէտք է յատուկ միջոցներով մաքրէ: Երբ այս կուտակումները չեն մաքրուիր, կրնան յառաջացնել զանազան հիւանդութիւններ, լինտերը կը բորբոքին, կը կարմրին, իսկ երբ վրձինենք` կ՛արիւնին:
Այնուհետեւ դասախօսը սահիկներու օգնութեամբ ներկայացուց առողջ ու ոչ առողջ ատամները, լինտերը:
Նշելով այն ազդակները, որոնք պատճառ կը դառնան փլաքի եւ ակռայի աղտի կուտակման ու զարգացման` դասախօսը յիշեց ծխախոտի գործածութիւնը, շաքարախտը եւ այլն:
Դասախօսը բացատրեց, թէ ի՛նչ հերթականութեամբ պէտք է մաքրենք մեր լինտերն ու ատամները` դիտել տալով, որ եթէ առկայ է լինտերու հիւանդութիւն, ուրեմն անոնց խնամքը աւելի յաճախակի պէտք է ըլլայ:
«Մեր բերանի խնամքը կը սկսի մեր տան մէջ» հաստատումը կատարելով դասախօսը շարունակեց իր ներկայացումը: Նախ եւ առաջ ակռաները հերթական ու կանոնաւոր կերպով վրձինելը օրական 2 անգամ, յատկապէս ակռաները վրձինել ճաշէն կէս ժամ ետք, ու մօտաւորապէս կէս ժամ ետք ճաշել: «Անհրաժեշտ է օգտագործել փափուկ վրձին, եւ շատ ուժ չգործածել վրձինելու ընթացքին», ըսաւ ան:
Ան յայտնեց, որ կարեւոր է ատամներուն միջեւ մաքրել թելով, որովհետեւ վրձինելը ատամները կը մաքրէ մօտաւորապէս 70 տոկոսով, մնացեալը անհրաժեշտ է մաքրել թելի օգտագործումով, օրական դրութեամբ:
Վերջին բաժինով տոքթ. Լոռի Աբրահամեան խօսեցաւ ատամնաշարերուն ու անոնց խնամքին մասին: Ան սխալ նկատեց այն համոզումը, թէ երբ ատամնաշարերը կը փոխարինեն ակռաները, խնամքի կարիքը չ՛ըլլար: Ատամնաբոյժը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խնամել ատամնաշարը, սկիզբը զանոնք պահել մօտաւորապէս 15 վայրկեան մանրէասպան հեղուկի մէջ, շարունակելով յատուկ վրձինով մաքրել, վերջին հանգրուանը լուալ մաքուր ջուրով, յատուկ տուփի մէջ պահել մինչեւ չորնալը, եւ ոչ ջուրի մէջ:
Աւարտին տոքթ. Լոռի Աբրահամեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: