Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Երազ» Թատերախումբի «Սպիտակ Ագռաւը» Թատերախաղը

$
0
0

ԱՆԻ ԳԱԼԷՆՏԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ 10 եւ շաբաթ 11 մարտ 2017-ին Պէյրութի Հայ աւետ. Թորոսեան վարժարանի «Երազ» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Սպիտակ ագռաւը» երաժշտական կատակերգութեամբ ներկայացաւ հանրութեան: Ներկայացման հեղինակ, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան հետեւելով Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը» հեքիաթի դիպաշարին` ստեղծած էր մերօրեայ սուր կատակերգութիւն մը, լեցուն բազում պատգամներով:

Կշիռքի մէկ նժարին խելքն է, միւսին` բախտը, սակայն կշիռքի լծակը կը կառավարուի ի վերուստ. «Ինչո՞ւ չէք տեսներ այն ամէնը, ինչ շռայլօրէն տրուած է ձեզ: Երջանկութիւնը ձեր մէջ է, ձեր շուրջը, ուրիշ տեղ մի՛ փնտռէք զայն: Հարկաւոր է ունենալ զօրաւոր հաւատք, սրատես աչք եւ խելք: Բախտդ դուն ինքդ պիտի կերտես…»:

Ներկայացման մէջ գործողութիւնը յառաջ մղող գլխաւոր կերպարը սպիտակ ագռաւն է, որուն կախարդական շեփորին կ՛ենթարկուին բոլոր մեծ ու փոքր կերպարները:

Ակնյայտ էին ագռաւի, մարդու, գայլի, ծառի, աղջկայ, կատուի դերակատարներ Լիլիթ Յովհաննէսեանի, Սագօ Թահազեանի, Անտրէ Սահիլիի, Լենա Պօղոսեանի, Գայեանէ Գրիգորեանի, Նելսըն Ապրիլեանի տաղանդը, տարբեր կերպարներով ու պարային կատարումներով հանդէս եկող 35 դերակատարներու մեծ սէրը, նուիրումն ու բծախնդիր վերաբերմունքը բեմին, մասնաւորապէս թատերական արուեստին:

Թատերախումբը հիմնադրուած է 18 տարի առաջ: Այդ տարիներու ընթացքին «Երազ» բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Պէյրութի, Այնճարի, Դամասկոսի, Հալէպի, Հայաստանի բեմերուն վրայ:

Դերակատարներու եւ հանդիսատեսներու սերունդներ անցած են, սակայն թատերախումբը շնորհիւ վարժարանի տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեանի, բեմավար Լենա Ճորճեանի, գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանի եւ այլ նուիրեալներու` կը մնայ իր բարձունքին վրայ:

Թատրոնը մեծ «հիմնարկ» մըն է, որ կ՛ենթադրէ հաւաքական, համերաշխ, նպատակասլաց աշխատանք, տոկուն կամք եւ անմնացորդ նուիրում:

«Սպիտակ ագռաւին» բեմայարդարումը կատարած է Պետիկ Թըղլեան, երաժշտութեան հեղինակը վերապատուելի Ներսէս Պալապանեանն է, հնչիւնային ձեւաւորումը կատարած է Նարեկ Առաքելեանը, լուսաւորումը` Գէորգ Նոխուտեանը, պարերը իրագործած եւ ձայնասփռումը կատարած է Մարիա Շենզեան, բեմական իրերու եւ հագուստներու պատասխանատուն բեմավար Լենա Ճորճեանն է…

Իւրաքանչիւր ելոյթի աւարտին բեմ կը բարձրանար տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեան` երախտիքի խօսքերով եւ ծաղկեփունջերով գնահատելով բեմադրիչը, դերասանները եւ հաւաքական աշխատանքի բոլոր մասնակիցները:

Մարտ տասի երեկոյթը վերջ գտաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետ. եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, ապա մարտ 11-ի երեկոյթը` պատ. Սեւակ Թրաշեանի աղօթքներով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>