ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Պէյրութի մէջ ունինք շուրջ ութ թատերախումբ եւ տասը բեմադրիչ: Նոյն համեմատութեամբ, հարկ էր, որ Լիբանանի մէջ գտնուէին վեց հարիւր թատերախումբ եւ ութ հարիւր բեմադրիչ: Ուրեմն գոյ է տարաբնական (paranormal) երեւոյթ: Ակադեմական կրթութիւն ստացած եւ ֆիզիքապէս մարզուած դերասաններու թիւն է շուրջ … զերօ: Ուրեմն գոյ է կրկնակի՛ տարաբանական երեւոյթ … անիրական կրկներեւոյթ մը (mirage), որմէ կը ծագին յոյժ իրական հարցեր:
Նախ այն, որ հարկ էր բեմադրել միայն այն թատրերգութիւնները, որոնք չեն պահանջեր մեծ հմտութիւն: Ոչ մէկ բեմադրիչ, սակայն, ցարդ յօժարած է ընդունիլ նման սահմանափակում: Ընդհակառակն, ներկայ շրջանի բոլոր ելոյթները կատակերգութիւններ են: Կատակերգութիւնը աւելի մեծ պահանջ կը դնէ խաղարկութեան վրայ, որովհետեւ դերասանը հնարաւորութիւն չունի պահուըտելու իմաստաբարձ խօսքերու ետին:
Այլընտրանքը այն է, որ ոչ թէ դերասա՛նը պատշաճի դերին, այլ դերը, ուրեմն եւ նոյնինքն թատրերգութիւնը, պատշաճեցուի դերասաններուն: Գործողութիւն մը, որ կը յիշեցնէ Պրոկուստեան մահիճը: Բեմադրիչներէն մին վերջերս յայտնեց, որ իր ներկայ թատրերգութիւնը փոփոխած է մօտ 50 տոկոսով: Այդ իր իրաւասութիւնն է, բայց լաւ թատրերգութիւններ կ’ունենան կուռ կառոյց: Հեղինակը վստահաբար երկար ժամանակ տրամադրած է` ստեղծելու գործ մը, որ ունի իւրայատուկ տրամաբանութիւն: Դժուար է երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մետասաներորդ ժամուն կատարել ծանր վիրահատութիւն:
Բոլոր դերասաններու, եւ բեմադրիչներու մեծամասնութեան համար հատուցումը լոկ բարոյական է: Ամիսներ տեւող փորձերն ու հաւաքական աշխատանքը թատերախումբին մէջ կը ստեղծեն զօրակցութիւն, ինչպէս եւ` գնահատանքի պահանջ: Իսկ բեմադրիչներու համար ընթացիկ երեւոյթ է անհատական աշխատանքի գերագնահատումը: Ո՞վ է հանդիպեր բեմադրիչի, որ հրապարակաւ ընդունի թէ տուեալ գործը այնքան ալ յաջող չէր: Որպէս հետեւանք որեւէ քննադատական մօտեցում կը յառաջացնէ կոպիտ հակազդեցութիւն:
Իւրաքանչիւր միութիւն անսակարկ կը ծափահարէ սեփական թատերախումբի ելոյթը, մինչ կը… Կարելի՞ է արդեօք գոյացնել հաւաքական հանդիսատես, որ իսկապէս կը տեսնէ:
Կը հաւատամ, որ այդ է քննադատութեան հիմնական առաջադրանքը: