Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ, Յարգա՛նք Քեզի, Սիրելի՛ Ուսուցիչ

$
0
0

Ուսուցչաց տօնին առիթով, երեքշաբթի, 7 մարտ 2017-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի 12-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց գրականութեան ուսուցիչին` Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանին ուղեկցութեամբ, այցելեց մուսալեռցի գրագէտ-ուսուցիչներէն Եդուարդ Պոյաճեանի եւ Պօղոս Սնապեանի շիրիմները` յարգանքի տուրք մատուցելու անոնց յիշատակին:

Այս երկու շիրիմներուն առջեւ ուսուցչուհին իւրաքանչիւրին մասին տուաւ կարգ մը տեղեկութիւններ` անոնց գրական ստեղծագործութիւններուն մասին, գաղափարական համոզումներուն, գիրի ու գրիչի ճամբով անոնց մղած պայքարին, նաեւ` վարժարանին մէջ վարած անոնց ուսուցչական առաքելութեան: Աշակերտները հրաժեշտ տալէ առաջ ծաղկեփունջեր զետեղեցին` ի յարգանս անոնց յիշատակին:

Այնուհետեւ աշակերտները մեկնեցան «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր նահատակաց յուշակոթողին առջեւ «Յառա՛ջ, նահատա՛կ» քայլերգը երգեցին, ու ծաղիկներ զետեղելով` իրենց յարգանքը յայտնեցին վարժարանի նախկին տնօրէն Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ` Այնճարի բոլոր նահատակներուն:

Այցելութիւններու վերջին հանգրուանն էր վարժարան, ուր վարժարանի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրիին շուրջ 12-րդ դասարանի աշակերտները բոլորուեցան ու միաձայն երգեցին «Մշակ, բանուոր»-ը եւ ծաղիկներ զետեղելէ ետք գոհունակ մտան դասարան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>