ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2015-ին լոյս տեսաւ Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի հայօճախը. գիրք Ա., համարկումին խաչուղիները (1920-2005)» հատորը: Գիրքին մեկենասն է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը: Հեղինակը գիրքը ձօնած է Կարօ եւ Քնար Յարութիւնեաններու յիշատակին:
Մուտքի բաժինին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմութիւնը երբեք ալ չունի վերջնական տեսք եւ սփիւռքի որեւէ հայօճախի ամբողջական կենսապատումը մարտահրաւէր է հայագիտութեան:
Ներածութեան մէջ Տագէսեան կ՛ըսէ, որ Լիբանան եկող հայերը հաստատուեցան քաղաքական տարածքի մը մէջ, որ բացարձակապէս համայնքացած էր: Հայերը համայնքային հակադիր շահերու եւ կանխատրամադրութիւններու խառնուրդին միանալէ տարբեր ելք չունէին: Անոնք պէտք էր յարմարէին «զերօ հանրագումար» տարազումին, իշխանութեան միջհամայնքային բաժնեկցութեան եւ յառաջացնէին քաղաքական ուղեգիծ մը որ պաշտպանէր իրենց շահերը: Լիբանանահայերը հակեցան հայապահպանութեան ուղիին եւ իբրեւ ինքնութեան երաշխաւոր միակ հիմնարկներ ճանչցան հայկական հաստատութիւնները:
* * *
«Համարկումի առաջին քայլերը (1920-1940-ականներ). օսմանցիութենէ գաղթականացում եւ ասպնջականացում» բաժինին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ 1923-ին Սուրիա հաստատուած շուրջ 50,000 հայութեան կողքին մօտ 40,000 հայեր հաստատուած էին Լիբանան: Ըստ 1932-ի պաշտօնական մարդահամարին, Լիբանանի հայերը 32,000 էին (4%-ը բնակչութեան):
Հայ գաղթականութեան արտահոսքը նորահռչակ Թրքական հանրապետութենէն` շարունակուեցաւ այնքան ատեն որ այնտեղ ցեղային միատարրութեան եւ խտրականութեան քաղաքականութիւնը ի զօրու մնաց: Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի նահանգին կցումը Թուրքիոյ` 1938-1939-ին, տեղի հայ բնակչութիւնը մղեց արտագաղթի: Ասոնց մեծ մասը հաստատուեցաւ Լիբանան եւ մասնաւորաբար Այնճար (Պեքաայի դաշտին մէջ) եւ Ռաս Ուլ Այն (Սուրի շրջան) եւ ստացաւ լիբանանեան քաղաքացիութիւն: 1930-ականներու աւատին լիբանանահայութիւնը կը հաշուէր 54,850 անձ. այս թիւը բարձրացաւ 61,000-ի` 1945-ին, 110,000-ի` 1961-ին, եւ 162,000-ի` 1971-ին: 1975-ին լիբանանահայութեան թիւը հաւանաբար հասաւ 225-250,000-ի, երբ Լիբանանի հայօճախը դարձած էր կեդրոնատեղին` սփիւռքի հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, մշակութային միութիւններու, Կիլիկիոյ հայ առաքելական ու կաթողիկէ կաթողիկոսութիւններուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանականութեան: Այդ շրջանին Պէյրութը վերածուեցաւ սփիւռքի փեթակին:
Տագէսեան կ՛ըսէ, որ այս մեծ թիւը սկսաւ անկում կրել Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975-1990), եւ 1990-ականներու աւարտին նուազեցաւ 120,000-ի: 2000-ին լիբանանահայութիւնը հաւանաբար կը հաշուէր 60-100,000: Ներկայիս այդ թիւը հաւանաբար կը դառնայ 70,000-ի շուրջ:
Տագէսեան կը շարունակէ ըսելով, որ մինչեւ 1930-ականներու կէսերը, Լիբանանի համայնքներու խառնուրդին մէջ հայութիւնը կը գտնուէր խոնարհագոյն եւ ամէնէն խոցելի աստիճանին վրայ: Հայերը կ՛ապրէին աննախանձելի պայմաններու մէջ. տնտեսապէս խեղճ էին, անկազմակերպ եւ քաղաքականապէս թերզարգացած: Ի տարբերութիւն միւս համայնքներուն, լիբանանահայութիւնը աշխարհագրական տարածք չունէր: Թէեւ շուրջ 12,000 որբեր եւ փոքրեր դպրոց կը յաճախէին 1929-ին, երկրորդական վարժարան գոյութիւն չունէր տակաւին, լիբանանահայութիւն լիբանանցիներու եւ լիբանանեան քաղաքական մշակոյթին անծանօթ կը մնար: Լիբանանահայերը չունէին անհրաժեշտ լծակները` քաղաքական իրաւունքներ ձեռք բերելու, հայկական ներկայացուցչութիւն եւ ներկայութիւն պարտադրելու լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ: Միւս կողմէն, պետութիւնն ալ այնքան զօրաւոր չէր որ տարհամոզէր համայնքները, զիջումներ կորզէր անոնցմէ եւ բաժնեկից դարձնէր հայերը: Մէկ խօսքով` հայերը այլազան հակազդեցութիւններու ենթարկուեցան տարբեր համայնքներէ եւ չունեցան տեղական միահամուռ աջակցութիւն:
Տագէսեան կ՛ընդգծէ ըսելով որ կենսապրուստի մտահոգութիւնները վա՛ռ պահեցին անցելապաշտութիւնը հայոց մէջ: Անոնք անցեալը իտէալականացուցին, եւ խորհրդաւոր հրաշքի շղարշով պատած, զայն փոխանցեցին նոր սերունդին: Հայկական անցելապաշտութիւնը պարարտ հող գտաւ Լիբանանի մէջ, որովհետեւ երկրին համակարգը, նպաստաւոր պայմաններն ու տեղանքը աւելի համայնքային զգացումներ, քան թէ` համարկում կը սնուցանէին: Ներկային եւ անցեալին միջեւ, հայը ինքզինք հոգեպէս կապեց անցեալին…, որ սերտօրէն համապատասխանեց իր կենսափիլիսոփայութեան եւ կենցաղին: Ատիկա մէկ կողմէն պահպանողական, յետադարձ շունչ մը յառաջացուց, միւս կողմէն` յարատեւելու եւ չընկրկելու թափ տուաւ: Այս երկու` ներկան ապրելու եւ անցեալին կառչած մնալու, ներհակ պահանջքներուն միջեւ հայը շատ քիչ բան ուզեց եւ ակնկալեց իր տեղական միջավայրէն: Ան միջավայրէն գալիք նուազագոյնով բաւարարուած էր:
Այնուհետեւ Տագէսեան կը խօսի հայկական թաղերու կազմաւորման մասին, ըսելով որ 1929-էն սկսեալ, բնակութեան նոր շրջաններ սկսան կառուցուիլ Պէյրութի հիւսիսային արուարձաններուն անմարդաբնակ տարածքներուն վրայ, Պէյրութ գետի երկու ափերուն:
Պապենական բնօրրանին անունը կրող նորակառոյց թաղամասերու կողքին, բնակավայրին դպրոցն ու եկեղեցին անուանուեցան ծննդավայրի մայր եկեղեցիին ու կեդրոնական դպրոցին անուններով: Հայրենակցական միութիւններու նախաձեռնած այս բնակավայրերը հանդիսացան Լիբանանի առաջին հանրային բնակարանային ծրագրերը: Նորակերտ այս թաղերը յառաջացուցին իրենց ընկերա-մշակութային ցանցերը, ստեղծեցին տնտեսական ներթաղամասային տարածք մը: Տնտեսական այս շուկաները տակաւ ցանցաւորուեցան ու յառաջացուցին լիբանանահայ տնտեսական տարածքը:
Շարունակելով` Տագէսեան կ՛ըսէ որ լիբանանահայ քաղաքական տարածքը ընդարձակուեցաւ 1950-ականներու սկիզբին, երբ լիանանահայ առաքելական համայնքին խորհրդարանական աթոռի մը իրաւասութիւնը տրուեցաւ Լեռնալիբանանի ընտրատարածքէն, իսկ լիբանանահայ կաթողիկէներուն` Պէյրութի ընտրատարածքէն: Ասոր կողքին, հաստատուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, որ ծաւալեց եւ օրինականացուց հայկական քաղաքական տարածականութիւնը` Լիբանանի քաղաքական իւրօրինակութիւն մը արդարեւ:
Տագէսեան կ՛ընդգծէ, որ դպրոցական ցանցը աճեցաւ` սփիւռքի միւս հայագաղութներուն կողմէ չգերազանցուած չափերով. 1946-47 կրթաշրջանին 6800 աշակերտներ կը յաճախէին լիբանանահայ առաքելական վարժարաններ, որոնցմէ մի քանիին շէնքերը վատառողջ պայմաններ ունէին: Ոչ-յարանուանական երկրորդական դպրոցներու ծաւալումը աւելի բարելաւեց մակարդակը լիբանանահայ դպրոցին, ուր սերունդներ թրծուեցան, որոնք փոխարինեցին թէ՛ բարբառները եւ թէ՛ թրքախօսութիւնը: Հայերէնը դարձաւ հիմնական հաղորդամիջոցը ազգային համախմբուածութեան եւ` տարբեր հայահատուածներու համարկումին մէկ, միասնակամ լիբանանեան հայօճախի մը, որ ամրօրէն կառչեցաւ իր հայկական արմատներուն:
* * *
«Հակահամարկումի ընթացքը (1950-1975). ասպնջականացումէ համայնքայնացում եւ սփիւռքացում-քաղաքացիացում» բաժինին մէջ Տագէսեան կ՛ըսէ որ դժուար է գերագնահատել բացառիկ ռազմավարական դերը զոր հայ դպրոցը խաղաց` հայօճախին զօրացման, հայապահպանման եւ մեկնողներուն տեղ նոր գործիչներ յառաջացնելու առումով: Լիբանանի հայօճախին գոյատեւումը շատ բան կը պարտի դպրոցներուն, որոնք պատրաստի աւազաններ եղան` կուսակցական գործիչներ, շարքայիններ, հետեւորդներ ու համակիրներ թրծելու եւ կազմակերպութեանց-ցոյցերու-արշաւներու նաեւ քանակական կշիռ հայթայթելու, ընկերամշակութային ձեռնարկներու` տոմսեր սպառելու, գիրքեր եւ ղեկավարներ յառաջմղելու, եւ մշակուած միտքերով նոր սերունդներ արտադրելու: Դպրոցները ընկերայնացման վայրեր եղան ոչ միայն աշակերտներուն, այլեւ ծնողաց համար, որոնք ընդարձակեցին իրենց ծանօթութիւններու շրջանակները` ծնողական հանդիպումներու, հանգանակութեան ձեռնարկներու եւ մշակութային երեկոյթներու ընթացքին: Դեռ աւելին, դպրոցները հանդիսացան այն պաստառը որով հայկական ենթախումբերը զօրացուցին, աշխուժացուցին եւ թարմացուցին իրենց ցանցերը: Միւս կողմէն, դպրոցները առաւել ամրագրուեցան կիրակնօրեայ դպրոցներով, որոնք հայ ընտանիքին քրիստոնէական արժէքներուն, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ սէր զարգացնելու եւ հայ մշակութային ու կրօնական աւանդներու պահպանման սատարեցին:
Տնտեսական հարցերուն անդրադառնալով Տագէսեան կ՛ըսէ, որ 1960-ականներէն սկսեալ լիբանանահայութիւնը վերածուած էր տնտեսական վագրի եւ հայօճախը կ՛ապրէր տնտեսական բարեկեցութիւն մը:
Յիրաւի, Լիբանան դարձաւ հայ տնտեսութեան սփիւռքի դրախտ մը, որ պիտի տկարանար Լիբանանի 15-ամեայ պատերազմին:
Տագէսեան կը շարունակէ ըսելով, որ ժողովրդագրական առումով լիբանանահայութիւնը տեղ գրաւեց լիբանանեան մեծագոյն համանքներու եօթնեակին մէջ: Ան դարձաւ երկրորդ մեծագոյն քրիստոնեայ համայնքը երկրին, ուր շուրջ 1,250,000 քրիստոնեայ եւ երկու միլիոն իսլամ կը գնահատուէր Լիբանանի բնակչութիւնը 1975-ին: Ասոնց 496,000-ը մարոնիթ էին, 260,000-ը` հայ, 230,000-ը` օրթոտոքս, եւ 213,000-ը` ոչ-մարոնիթ կաթողիկէներ: Լիբանանահայութիւնը կը հանդիսանար միակ համայնքը` Սովետական Հայաստանէն դուրս, որ այսքան զօրաւոր, գործօն եւ կարեւոր դեր կը խաղար հիւրընկալ երկրի մը մէջ: Ան աւելի՛ հզօր կրնար ըլլալ` եթէ չըլլար խնդիրը լեզուին, որ կը խոչընդոտէր աւելի սերտ գործընկերութեան մը` Լիբանանի միւս համայնքներուն եւ լիբանանեան վարչակարգին միջեւ: Լիբանանը յառաջացուց խտացեալ օրինական եւ իրաւական տարածք մը հայոց համար, որուն նմանը չկար սփիւռքի մէջ: Լիբանանահայութեան համեմատութիւնը Լիբանանի բնակչութեան հետ անկրկնելի էր սփիւռքի մէջ, այլուր:
Պէյրութ դարձաւ սփիւռքի անպաշտօն քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական մայրաքաղաքը:
* * *
«Համարկումի տարիները (1975-1990). համայնքային օրակարգերուն ուժը» խորագիրով բաժինին մէջ Տագէսեան կ՛ըսէ, որ Լիբանանի հայօճախը 1975-ին դիմագրաւեց աննախընթաց տարողութեամբ քաղաքացիական պատերազմ մը:
Տագէսեան կը շարունակէ ըսելով, որ լիբանանահայ ղեկավարութիւնը զգուշ էր լիբանանահայութիւնը աղէտի չառաջնորդելու: Համայնքին դէմ թշնամացում յառաջացնելը պիտի նշանակէր Պէյրութի թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ՛ իսլամական շրջաններուն մէջ սփռուած հայկական վաճառատուներ եւ համայնքային կեդրոններ վտանգել: Հայօճախը ներգրաւել պատերազմին մէջ պիտի նշանակէր ո՛չ միայն վտանգել զայն, այլեւ շեղել հայութիւնը իր գլխաւոր` «նորահաս սերունդները տոհմիկ մթնոլորտի մէջ» պահպանելու օրակարգէն:
Տագէսեան կ՛ընդգծէ, որ լիբանանահայերը ձեռնարկեցին ինքնակառավարման: Լիբանանահայ միացեալ ճակատը քայլեր առաւ վարելու կենցաղային եւ այլ հարցերը անոնց, որոնք կը գտնուէին հայկական բնակութեան միջնաբերդերուն մէջ: Զինեալ խումբեր կազմուեցան պաշտպանելու համար բնակչութեան ապահովութիւնը եւ հասնելու անոնց առօրեայ կարիքներուն: Տեղական ցանցեր, դարմանման կեդրոններ հաստատուեցան եւ յաւելեալ քայլեր առնուեցան գալիք մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Լիբանանահայ ղեկավարութիւնը աչալուրջ հետեւեցաւ զարգացումներուն, հաւաքագրեց եւ զօրաշարժեց կուսակցական եւ անկուսակցական ատակ հայեր, որոնց պակասը արդէն չկար:
Տագէսեան կը հաստատէ ըսելով, որ պատերազմիկ բոլոր կողմերը ձեռնոց նետեցին Լիբանանահայ միացեալ ճակատին: Հայ զինեալները, մանաւանդ անոնք, որոնք կը պահակէին մայրաքաղաքին հիւսիսային դարպասի կամուրջներուն կից հայկական թաղերուն, կարճատեւ կռիւներու դրդուեցան: Փորձեր եղան հայերը կողմնակցութեան մղելու: Հայկական բնակավայրերը ռմբակոծուեցան զանազան առիթներով եւ իսլամ-քրիստոնեայ հակադիր կրակոցներու միջեւ մնացին, մանաւանդ երբ քրիստոնեայ զինեալներ ջանացին գրաւել հայկական բնակավայրերու դրացնութեամբ գտնուող Նապաա եւ Մասլախ-Քարանթինա-Չարչապուք շրջանի իսլամ բնակավայրերը: Իսլամներու` շրջանէն հեռացումով, խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ, բայց կարճատեւ: Տեղահանուած քրիստոնեաներ բնակեցուեցան Նապաայի իսլամ տեղահանուածներուն տեղ: Ասով հայկական թաղամասերը սեղմուեցան երկուստեք քրիստոնեայ զինեալներու կողմէ, եւ խեղդուեցան ծովեզերքին ու քրիստոնէաբնակ թաղամասերուն միջեւ: Հայերը նեղը դրուեցան, նոյնիսկ պարտադրուեցան պահպանութեան գումարներ վճարել քրիստոնեայ զինեալներուն: Վերջնագիրեր արձակուեցան` ստիպելով վաճառաշահ Պուրճ Համուտի ժամանակաւոր փակումը: Հայոց ցեղասպանութեան Պիքֆայայի յուշարձանը` «Երախտիքի արտայայտութիւն մը Լիբանանին, որ պատսպարեց մեզ 1915-ի թրքական ջարդերէն ետք», պայթեցուեցաւ հոկտեմբեր 1978-ին իբրեւ սրբապղծում:
Տագէսեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ պատերազմի աւարտին, հայօճախը գերսպառած էր իր հնարաւորութիւնները` իր դիրքը պահպանելու եւ գոյատաւելու համար: Գէթ միաժամանակ, դժուար թէ ան կարենար վերատիրանալ սփիւռքի նախկին դերին ու դիրքին: Քաղաքական պաստառին վրայ, դրական չէզոքութիւնը ժխտական հետեւանքներ ունեցաւ հայօճախին` պետական պանրաշերտին բաժնեկցութեան առումով: Զինեալ հրամանատար մը հաւաստեց. «Իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ իր նպաստածին համեմատ»: Հայերը չէին նպաստած – զինուորապէս – պատերազմական ճիգին: Դրական չէզոքութիւնը յաճախ սխալ մեկնաբանուեցաւ իբրեւ ինքնապարտադրուած հեռացում կամ լուսանցքայնացում: Նախագահ Ֆրանժիէ 1976-ին, մինչ կը տքնէր տագնապին լուծման հասարակ յայտարար մը յառաջացնել` չներգրաւեց հայերը: Նոյնպէս` նախագահ Ճեմայէլ չառնչեց հայերը մարտ 1984-ի Ժընեւի խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Մինչ Լոզանի համագումարին, երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան ուշացումով հրաւիրուեցաւ:
* * *
«Ինքնաբաւութեան սահմանները (1990-2005) բազմուղի` չկանոնակարգուած, ինքնահոս եւ անհատական հայեցողութեամբ համարկում» բաժինին մէջ Տագէսեան կ՛ըսէ, որ հայօճախը դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէր պետութեան, ընկերութեան եւ շուկային համարկուելու գործընթացին մէջ: Ան` փոքրացած ուժերով եւ կարողականութեամբ, վերատեսութեան ենթարկեց իր առաջնահերթութիւնները, փորձեց վերակազմակերպուիլ, սահմանափակուիլ եւ վերաչափաւորուիլ ամէնահիմնական նուազագոյնով` դպրոց-ընկերային ծառայութիւն-կուսակցութիւն-եկեղեցի ցանցով եւ անոնց ենթացանցերով: Ի տարբերութիւն կարիքաւոր ընտանիքներուն համար իրագործուած փոքրածաւալ բնակարանային ծրագրին յաջողութեան, կեդրոնական դպրոցի մը ծրագիրը, ուր համաձուլուէին Պուրճ Համուտի թաղային ազգային վարժարանները Ազգային առաջնորդարանին հովանիին տակ, կը դանդաղէր: Համայնքային աճի եւ զարգացման հնարաւորութիւնները գունատ կը թուէին:
Տագէսեան կը նշէ, որ բարեկեցիկ լիբանանահայերու մեկնումը նուազեցուց հայ գործատէրերուն թիւը: Ուրիշներ հարուածուեցան մրցունակ ներածումներէն, կամ աժան ձեռավարձով աշխատող գաղթական բանուորներէ: Պէյրութի կեդրոնական առեւտրական շուկաներու հայկական փոքրաքանակ խանութները նուազեցան եւ տեղափոխուեցան Պուրճ Համուտի արդէն իսկ խճողուած շուկաները: Լիբանանահայ կարգ մը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ եւ արհեստագիտական ենթախումբեր միաձուլուեցան, ուրիշներ` դադրեցան գոյութենէ եւ իրենց անդամները կա՛մ լուսանցքայնացան եւ կա՛մ լուծուեցան ոչ-հայկական խմբաւորումներուն մէջ:
Տագէսեան կը հաստատէ ըսելով, որ լիբանանահայ ենթախումբերը միանշանակ չէին սահմաներ համարկումը: Արմատականներուն համար, հայրենադարձութեան ժամանակը դեռ չէր հասած: Դաստիարակուած ըլլալով շեշտակիօրէն ազգային պահպանողական մտաձեւով, անոնք չէին ուզեր Արեւմուտք արտագաղթել, ատիկա թէ՛ ընտանիքի, թէ՛ հայկականութեան կորուստ նկատելով: Բայց նաեւ չէին կրնար մերժել արտագաղթի փորձութիւնը:
Տագէսեան կ՛ընդգծէ, որ բարեխառն լիբանանահայերուն համար համարկում կը նշանակէր բացուիլ, դուրս ելլել կեթոյէն, ուրիշներու շաղուիլ, եւ զիջիլ: Ասոնց համար, հայրենադարձութիւնը հեռահաս ընտրանք էր, իսկ Արեւմուտք տեղափոխութիւնը հրապոյր է հայօճախին համար եւ դանդաղօրէն բայց հաստատօրէն կը նօսրացնէ զայն: Այդուհանդերձ, ընդհանուր առումով, լիբանանեան համարկումի տարբերակը ամէնէն համոզիչը կը թուէր ըլլալ, հակառակ երկրին կրկնուող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ տնտեսական տագնապներուն: 1990-2005 տասնհինգամեակը եկաւ հաստատելու որ լիբանանահայութիւնը, տեղական միւս համայնքներուն նման, որոշած է ցնոր տնօրինութիւն, նաւարկել Լիբանանի ալիքներուն մէջ եւ համարկուիլ` սպասելով Լիբանանի աւելի լաւ օրերուն:
Տագէսեան կ՛աւելցնէ, ըսելով, որ դժուար է հանդիպիլ լիբանանահայու մը, որ պատրաստ չէ համարկուելու: Լիբանանի հայօճախին մէջ խնդիրը համարկուելուն եւ կեթոյին միջեւ չէ: Խորքին մէջ, համարկումը ընթացք առած է, մանաւանդ երիտասարդ շրջանակներուն մէջ եւ հայկական հաստատութիւններուն վերահսկողութենէն անդին: Լիբանանահայերը բացուած են լիբանանեան ընկերութեան դիմաց աննախընթաց համեմատութեամբ: