Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Ֆինանսաւորումով Եւ Հայաստանի «Ֆուլեր Տնաշինական Կեդրոն»-ին Կողմէ Իրականացուող Ծրագրին Շնորհիւ Լուծուած Է 135 Ընտանիքի Բնակարանային Հարցը
Բնակարաններու հարցերը ուղղակիօրէն կ՛անդրադառնան հասարակութեան կենսամակարդակին եւ բարեկեցութեան վրայ: Տարիներ շարունակ, ընկերային ներդրումներ կատարելով եւ կառավարման պատասխանատու կիրառումով, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը փորձած է նպաստել երկրի կայուն զարգացման, աղքատութեան ցուցանիշի կրճատման եւ ընտանիքներու` արժանապատիւ պայմաններու մէջ ապրելու ձգտումով: Գործընկեր կառոյցներու հետ տարբեր ծրագիրներու իրականացումը այդ ռազմավարութեան մէկ մասը կը կազմէ:
Հինգ տարուան ընթացքին, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ֆինանսաւորումով եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագրի շնորհիւ, Հայաստանի մէջ լուծուած է 135 ընտանիքի բնակարանային հարցը: Նշենք, որ այս նպատակով ներդրուած է աւելի քան 333 միլիոն դրամ:
Համագործակցութեան շնորհիւ` Հայաստանի տասը մարզերու մէջ միայն 2016 թուականին բնակարանի հարց յաղթահարած է 42 ընտանիք:
Համագործակցող կողմերուն ղեկավարները հերթական շրջայցով հանդիպած են Արագածոտնի մարզի Զարինջա, Կաքաւաձոր եւ Աւան համայնքներու շահառու ընտանիքներուն: Այս մարզին մէջ ծրագրէն օգտուած է հինգ ընտանիք: Կողմերու աջակցութեան շնորհիւ` աւարտած է 4 կիսակառոյցի շինարարութիւն: Հիմնովին փոխուած են եւս մէկ տան տանիք ու պատուհաններ: Զարինջա գիւղին մէջ բնակող Աւետիսեաններու հինգ հոգիէ բաղկացած ընտանիքը երկրաշարժէն ետք ապրած է վակոն-տնակին մէջ. այստեղ ծնած ու հասակ նետած են Աւետիսեաններու երեք որդիները:
«Վակոն-տնակը դարձած էր տան մասին մեր պատկերացումներուն սահմանը: Յոյսը, որ երբեւէ այս կիսակառոյցին շինարարութիւնը կ՛աւարտի, եւ մենք ալ քարէ կացարան կ՛ունենանք, կարծես, կը մարէր: Այժմ նոր կը սորվինք ապրիլ. նախապէս միայն գոյութեան կռիւ էր: Հիմա կարելի կը թուի անգամ անկարելին: Թող իւրաքանչիւր ընտանիք զգայ տուն ունենալու բերկրանքը: Խօսքեր չեմ գտներ երախտագիտութիւնս արտայայտելու համար: Աստուած օրհնէ ձեզ», ըսած է ընտանիքին հայրը` Գարեգինը:
«Ամէն ինչ ունի իր պատճառականութիւնը. դրական յոյզերը լաւատեսութիւն կը ծնին, բացասականները` հիասթափութիւն: Այս միացեալ ծրագրին նպատակը վաղուան նկատմամբ հաւատք արթնցնելն է, միաժամանակ` պատասխանատու արժեհամակարգ փոխանցելը: Այնքան կարեւոր է, որ մեր հայրենակիցները զգան, որ մինակ չեն իրենց հոգերուն մէջ: Այդ հաւատքը անհրաժեշտ է կայացած երկիր ունենալու համար: Հոգերու մէջ մեկուսանալու փոխարէն` մարդը կը սկսի հաւատալու իր ուժերուն, կը ձեւաւորէ ինքնագնահատական եւ կը դառնայ առաւել պատասխանատու` երկրին օգտակար ըլլալու հարցին մէջ», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
«Մարդկային էութեան ամէնէն կարեւոր առանձնայատկութիւնը կարեկցելու, օգնութեան ձեռք երկարելու կարողութիւնն է: Ընդ որում, ոչ թէ այն ժամանակ, երբ յարմար է, այլ, երբ անհրաժեշտ է: Հինգ տարուան ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը աջակցած է 135 ընտանիքի` երջանկութեան ու ապագայի հանդէպ լաւատեսութեան զգացում փոխանցելով 677 մարդու: Հպարտ ենք մեր գործընկերութեան համար», նշած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
Գործընկեր կառոյցներու ղեկավարները այցելած են նաեւ Աւան համայնք, ուր անցեալ գարնան միացեալ շինարարական աշխատանքներ կ՛իրականացնէին: Հաղորդենք, որ այս համայնքին մէջ աւարտած է երկու կիսակառոյցի շինարարութիւն:
Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու Եւ Գիտնականներու Ընկերակցութիւնը ARMTAB Համակարգիչներ Կը Նուիրէ Բնապահպանութեան Նախարարութեան
Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան իր նախարարութեան աշխատակազմի աշխատանքային պայմաններու բարելաւման նպատակով ճիգ կը թափէ համակարգչային սարքերը նորացնելու ուղղութեամբ:
Մարտ 16-ին ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը բնապահպանութեան նախարարութեան շարք մը վարչութիւններու նուիրած է Հայկական արտադրութեան ARMTAB համակարգիչներ, որոնք թէ՛ նախարարութեան գործակարգավարական խորհրդակցութիւններուն, թէ արտագնայ հանդիպումներուն առաւել դիւրին կը դարձնեն աշխատանքը: Յիշեցնենք, որ մինչեւ այսօր Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը համակարգիչներ նուիրած է եւ շինարարական վերանորոգումներ իրականացուցած է բնապահպանութեան նախարարութեան մէջ:
Ընկերակցութիւնը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է հետագային նոյնպէս նախաձեռնել նմանատիպ նուիրատուութիւններ` նախարարութեան աշխատանքային պայմաններու բարելաւման եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ նախարարի բարեփոխումներու ծրագրին աջակցելու նպատակով:
«Օրորա»-ն Կրթաթոշակ Պիտի Տրամադրէ Ամերիկեան Համալսարանի Ուսանողներուն
«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը` Scholae Mundi Armenia հիմնարկին հետ միատեղ, կրթաթոշակներ պիտի տրամադրէ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն, որոնք Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի քաղաքացիներ են:
IdeA հիմնարկին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, կրթաթոշակի ֆոնտը կը կազմէ 1 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Կրթաթոշակները նշուած երկիրներու այն քաղաքացիներուն համար են, որոնք կը փափաքին հետեւիլ հետեւեալ մասնագիտութիւններուն` պսակաւորի վկայական` համակարգչային գիտութիւն, ճարտարագիտութիւն եւ տուեալներու գիտութիւն (սկսած 2018-էն), եւ մագիստրոսի վկայական` արդիւնաբերական ճարտարագիտութիւն եւ համակարգերու կառավարում, համակարգիչի եւ տեղեկութեան գիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, ռազմավարական կառավարում, քաղաքագիտութիւն եւ միջազգային յարաբերութիւններ, եւ անգլերէնը` իբրեւ օտար լեզուի դասաւանդում:
«Հայաստան ունի միջազգային կրթական կեդրոն դառնալու ներուժ, եւ մենք կը խրախուսենք Միջին Արեւելքի երկիրներէն երիտասարդներու` գալու եւ կրթութիւն ստանալու Հայաստանի մէջ: Այս կրթաթոշակը կարելիութիւններ կ՛ընձեռնէ այն տաղանդաւոր երիտասարդներուն, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն տուժած են տարածաշրջանին մէջ ընթացող պատերազմներէն: Մենք կը հաւատանք, որ անիկա ո՛չ միայն ազդեցութիւն պիտի ունենայ այս երիտասարդներուն վրայ, որոնք պիտի վայելեն Հայաստանի հիւրասիրութիւնը եւ պիտի ստանան որակեալ կրթութիւն, այլ պիտի հարստացնէ Ամերիկեան համալսարանի համայնքը օտար երկիրներէ եռանդուն ուսանողներով, որոնք հետագային պիտի դառնան Հայաստանի եւ անոր մշակոյթի դեսպանները աշխարհի մէջ: Այսպիսով, «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ո՛չ միայն անհատական կրթաթոշակներ կը տրամադրէ, այլ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այն ժողովուրդներուն, որոնք առաջինն էին, որ իրենց դռները բացին եւ օգնութեան ձեռք մեկնեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն», կը յայտնէ Scholae Mundi Armenia հիմնարկի համահիմնադիր Վերոնիքա Զոնապենտ:
«Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը շատ երախտապարտ է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան, եւ մասնաւորապէս` Ռուբէն Վարդանեանին ու Վերոնիքա Զոնապենտին, որոնք ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն կու տան Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ գաղթականները հիւրընկալած ժողովուրդներուն, այլ Ամերիկեան համալսարանին վստահած են այդ ուսանողներուն կրթութիւն տալու գործը: Անոնց ներկայութիւնը մեր համալսարանին մէջ պիտի նպաստէ բազմազանութեան ապահովման եւ կը հարստացնէ բոլոր ուսանողներու առօրեան: Մենք հպարտ ենք` դառնալով այս նախաձեռնութեան մէկ մասը եւ մեր կրթական ծրագիրներով երախտագիտութիւն յայտնելով այն ժողովուրդներու ժառանգորդներուն, որոնք օթեւան տուած են հայերուն իրենց պատմութեան ամենաողբերգական օրերուն», կ՛ըսէ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան:
Ուսանողները կրթաթոշակ պիտի ստանան իրենց ուսումնառութեան ամբողջ ընթացքին, եթէ ունենան ակադեմական բարձր յառաջադիմութիւն: Կրթաթոշակը նախատեսուած է ուսման վարձը, ճանապարհածախսը եւ կեցութեան ծախսերը հոգալու համար:
«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ Scholae Mundi Armenia հիմնարկը նպատակ ունին կրթաթոշակը տրամադրելու մինչեւ 2023 թուական:
Հայկական Գինիները Կը Ներկայացուին PROWEIN 2017 Հեղինակաւոր Ցուցահանդէսին
Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ, 2017 մարտ 19-21 հայկական 14 գինեգործական ընկերութիւններ մէկ միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցին Գերմանիոյ Տուսելտորֆ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ամէնամեայ PROWEIN 2017-ին, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն մեծ ու հեղինակաւոր գինիի մասնագիտացուած ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին մասնակցութեան հիմնական նպատակն է` օտար գնորդին ներկայացնել հայկական գինին եւ ընդլայնել սպառման շուկաները:
«Թոլսթոյը Կեանքի Մէջ» Խորագրով Ցուցահանդէս` Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարանին Մէջ
Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի ցուցասրահին մէջ այսօր կը բացուի «Թոլսթոյը կեանքի մէջ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ ապրիլ 25:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով, այս ցուցահանդէսը կը պատմէ Լ. Ն. Թոլսթոյի կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններուն, զբաղմունքներուն, ընտանիքի եւ շրջապատի ամենատարբեր մարդոց հետ ունեցած յարաբերութիւններու եւ շփումներու մասին, որոնք դարձած են գրողի ստեղծագործական մտքին շարժառիթը:
Բազմամեայ տքնաջան աշխատանքի ընթացքին Թոլսթոյ ամէն տեղ նիւթ կը քաղէր իր երկերու կերտման համար: Այդպէս, գրողի կովկասեան տպաւորութիւնները իրենց գեղարուեստական մարմնաւորումը գտան «Կազակները» եւ «Հաճի Մուրատ» պատմուածքներուն մէջ:
Թոլսթոյի կեանքին եւ ստեղծագործութեան ժամանակաշրջանին մասին պահպանուած են բազմաթիւ լուսանկարներ, ուր գրողը պատկերուած է ստեղծագործական տարբեր փուլերու մէջ` սկսած գործունէութեան սկզբնական շրջանէն մինչեւ կեանքի վերջին տարին:
Ցուցահանդէսի այցելուները պիտի ծանօթանան Թոլսթոյ սպայի, «Մանկութիւն» ինքնակենսագրական պատմուածքի երիտասարդ հեղինակի, «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպի ստեղծման տարիներուն երջանիկ ընտանիքը գլխաւորող Թոլսթոյի եւ իմաստուն ծերունիի հետ, որ կոչ կ՛ընէր մարդկութեան ոչ թէ մարմինը բուժելու, այլ` հոգին:
«Լոյս» Հիմնադրամը Արդէն 500-է Աւելի Շրջանաւարտ Ունի
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մարտ 18-ին պարգեւատրած է «Լոյս» հիմնադրամի նախաձեռնած «Սթարթ Արմէնիա» ձեռներէցութեան դրամաշնորհի յաղթողները:
Դրամաշնորհի յաղթողներու պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան գլխաւոր գրասենեակին մէջ: Այս տարի ներկայացուած 7 ծրագիրներէն յաղթող յայտարարուած է 2 «պիզնես» նախագիծեր:
Նախագահը, պարգեւատրելով յաղթողները, կոչ ուղղած է նոյն ձեւով շարունակելու աշխատանքը, որ կը նպաստէ Հայաստանի զարգացման:
«Անշուշտ, շատ ուրախ եմ, որ 10 տարի առաջ սկսած մեր գործը յաջողութեամբ կը շարունակուի, եւ արդէն հազարաւոր երիտասարդներ կրցած են ստանալ լաւ ուսում: Ուրախ եմ, որ այսպիսի յաջողութիւններ արձանագրած ենք: Կը կարծեմ, որ ե՛ւ «Լոյս»-ի շրջանաւարտներու, ե՛ւ ընդհանրապէս մեր բոլոր երիտասարդներուն համար եկած է իսկական ժամանակը` աշխուժօրէն մասնակցելու Հայաստանի մէջ սկսած բարեփոխումներուն, որովհետեւ ամէնէն լաւ բարեփոխումները կրնան իրականացնել երիտասարդները», նշած է նախագահը:
Նշենք, որ յաղթողներէն առաջինը «Արմինիա քոր ակադեմի»` Ծրագրաւորման հայկական ակադեմիա, երիտասարդ մասնագէտներու համար նախատեսուած ՏՏ (IT) եւ ծրագրաւորման գործնական ուսուցման կեդրոնն է, որուն ծրագիրները ընդլայնելու համար կը տրամադրուի 20 հազար տոլար:
Իսկ «Ալավերդի հապ» նախագիծի հեղինակները պարգեւատրուեցան 10 հազար տոլարի չափով: «Ալավերդի հապի» նախագիծով կը նախատեսուի գիտութեան թանգարան հիմնել Լոռիի` Ալավերդի քաղաքին մէջ, որ կը խթանէ մարզի տնտեսական ու զբօսաշրջութեան զարգացումը` ստեղծելով նոր ու նորարարական ենթակառուցուածքներ:
Նշենք, որ «Լոյս»-ի «Սթարթ Արմէնիա» ձեռներէցութեան դրամաշնորհի մրցոյթը Կրթաթոշակի ծրագրի բնականոն զարգացումն է, որ կը խթանէ հնարամիտ գաղափարները եւ ձեռներէցութեան մշակոյթ կը սերմանէ հայրենիքի մէջ:
«Լոյս»-ի շրջանաւարտները ցարդ հիմնած են մօտաւորապէս 30 սթարթ-ափ` սկսնակ ձեռնարկութիւն:
Բժշկականի Ուսանողները 25 Երկիրներու Մէջ Փորձառութիւն Ձեռք Ձգելու Հնարաւորութիւն Կը Ստանան
Հայաստանէն երեք պատուիրակներ Մոնթենեկրոյի Փուտուա քաղաքին մէջ մասնակցեցան բժիշկ- ուսանողներու ընկերակցութիւններու համաշխարհային դաշնակցութեան ամէնամեայ համագումարին:
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամն ու Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհրդարանը ներկայացնող հայաստանեան պատուիրակները համաձայնութիւն ձեռք բերած են 25 երկիրներու հետ, որպէսզի բժիշկ ուսանողները կարենան գործնական փորձառութիւն ձեռք ձգել այդ երկիրներուն մէջ:
Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհրդարանի նախագահ Ալեքս Յովհաննիսեան հետեւեալը ըսաւ. «Պայմանագրեր կնքած ենք մօտաւորապէս 25 երկիրներու հետ, որ ամառները գործնական բաժինը մեր ուսանողները անցընեն արտերկրի մէջ: Մինչեւ վերջերս 17-18 երկիրներու հետ պայմանագրեր ունէինք, սակայն այսօր ընդլայնած է երկիրներու շրջանակը:
Կ՛ակնկալուի բժիշկ ուսանողներուն համար փոխանակումներու նոր հարթակ ստեղծել, զոր պիտի նպաստէ մեր երկրի վարկանիշին բարձրացման, նոր համագործակցութիւններու հարթակներ պիտի ստեղծուին նաեւ հետագայ ծրագիրներու որակին` նոր մակարդակով իրականացման համար»: