Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ակնարկ. Տուրքի Դիմաց Ծառայութիւն

$
0
0

Ընկերային հարցերու պատճառով հասարակութիւն_կառավարութիւն եւ յաճախ ալ ցուցարարներ-իրաւապահ մարմիններ լարուածութիւնը մագլցողականութիւն կ՛արձանագրէ, տեղի կու տայ բախումներու, ձերբակալութիւններու, յետոյ բանակցութիւններու, երբեմն` ուշացած լուծումներու: Այս երեւոյթը կը պատահի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ. գործընթացը մաս կը կազմէ ժողովրդավարական կարգերով ղեկավարուող պետութիւններու ընդհանուր կանոններուն:

Լիբանանը եւս զերծ չէ այս երեւոյթներէն եւ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ պարզուածը այլ բան չէ, եթէ ոչ ընկերային հարցերուն իբրեւ անդրադարձ ստեղծուած անարդարութեան զգացումին ու համոզումին պատճառած զանգուածային դրսեւորում:

Ժողովրդավարական կարգերը յատուկ օրէնք սահմանած են քաղաքացիին ձայնը լսելի դարձնելու, կառավարական որեւէ որոշումի դէմ արտայայտուելու եւ նման պարագաներու նաեւ զանգուածային ցոյցերու դիմելու: Նման իրավիճակներու մէջ շատ դժուար կ՛ըլլայ ընկերայինն ու քաղաքականը տարանջատելը . եւ ցոյցերու ահագնացման միտումներուն նկատմամբ առաջին վայրկեանէն իսկ քաղաքական շահարկումները կը սկսին ենթահող գտնել:

Օգտագործուած միջոցներէն մէկը խափանարարական պահուածք ցուցաբերելն է, խուլիկանութիւն կատարելը: Եւ եթէ մէկ կողմէ ցուցարարներէն կը պահանջուի յարգել օրէնքը, մերժել օրինախախտումն ու չդիմել խուլիկանութեան, միւս կողմէ իրաւապահ մարմիններէն կ՛ակնկալուի գերզսպուածութիւն, բռնութեան չդիմելու արհեստավարժ մօտեցում, միայն օրինազանցը կարգի հրաւիրելու ընդունուած միջոցներու օգտագործում:

Բայց լարուածութիւնը յաճախ կը  հատէ երկկողմանիօրէն նշուած սահմանները, եւ կը ստեղծուի այն, ինչ որ կը պատահի յաճախ ցոյցերու ընթացքին:

Մարտավարական սխալ քայլով կը բացատրուի այն, որ նորահաստատ իշխանութիւնը նախքան ժողովրդային ծառայութիւններու նոր համոզիչ փաստ տրամադրելը, կը դիմէ տուրքերու յաւելման քայլին: Աշխատավարձերու յաւելումը ակնկալուած նախաքայլով չի բացատրուիր եւ չի կրնար արդարացնել յաւելալ տուրքերու որոշումը: Լիբանանցին վարժ է յաւելումներու տեղապտոյտին: Հերթական յաւելումի լրատուութեան շրջանառութեան մէջ մտնելուն անմիջականօրէն կը հետեւի սղաճի մագլցողականութեան նոր աստիճանաչափի նուաճում:

Քաղաքական դիրքորոշումները` նման շարժումներու, յաճախ կ՛ընկալուին ամբոխահաճութեամբ եւ ընկերային անարդարութեան դէմ բողոքող զանգուածին կողմէ վարկանիշ ապահովելու կարճատեւ քարոզչական առաւելներու ձեռք բերման մղումներով: Մինչդեռ, հակառակ պետական-քաղաքական շրջանակներու բացասական ընկալումներուն եւ հակառակ նոյնիսկ ընտրաքաղաքական դաշինքներու որոշ յանձնառութիւններուն եւ անոնց կողմէ դրսեւորուող վերապահութիւններուն, գործնապէս ժողովրդային խաւերու պահանջներուն զօրակցիլը, վարձքերու օրէնքին դէմ քուէարկելն է, ժողովրդային խաւերու անապահով իրավիճակները անտեսող կառավարական որոշումներն ու խորհրդարանական վաւերացումները բողոքարկելն է եւ հետեւողական մնալն է այդ կեցուածքներուն վրայ:

Ընկերային տագնապները, անարդարութիւնները, քաղաքացիական իրաւունքներու թղթածրարներուն անլոյծ մնալը, տարիքաւոր քաղաքացիներու հիւանդանոցային անվճար բուժում ապահովող որոշումին թերակիրարկումը, ծերութեան տարիքը թեւակոխած լիբանանցիին սպասող անորոշութիւնը եւ դեռ շատ ու շա՜տ տարրական կենցաղային հարցերու օդին մէջ մնալը, այո՛, կը պատճառեն բողոքի դրսեւորումներ: Սահմանափակ եկամուտներու դիմաց թէ՛ պետական ելեկտրականութիւն, եւ թէ՛ ելեկտրածին մեքենաներու բաժանորդագիր վճարելը, թէ՛ ջուրի մայր ընկերութեան տարեկան նկատելի տուրքեր տալը, եւ թէ՛ ջուրի բեռնակառքերուն շաբաթական դրութեամբ վճարովի դիմումներ` ըսելու համար ամենատարրական կարիքներ բաւարարելու օրինակները, քաղաքացի-կառավարութիւն յարաբերութիւններու առողջացման չնպաստող փաստեր են:

Հետեւաբար այս բոլորը չլուծած, յաւելեալ տուրքերու դիմելը, այո՛, իրաւամբ կը յառաջացնէ զայրոյթ, իրաւազրկուածի հոգեբանութիւն եւ անորոշ հեռանկարներ. իրենց կարգին` արտագաղթի մղումներ:

Տուրքեր վճարելու տրամաբանութիւնը կառավարական ծառայութիւններու յաւելումն է, յաւելեալ կատարելագործումն է, կրթական, բժշկական, թոշակային խնդիրներու բարւօք լուծումն է եւ մինչեւ մահ քաղաքացիին ապահով ու արժանապատիւ կենցաղի ապահովումն է: Առանց երկրորդին առաջինը պարզապէս պետական կեղեքումի եւ շահագործումի համոզում փոխանցող արարք է եւ իբրեւ այդպիսին բողոքի դրսեւորումներու անընդհատ շարքի առիթի տուն տուող պատճառ է:

Տուրքի դիմաց ծառայութիւն հասկացողութիւնը համալիր ծրագիրներու գոյութիւն եւ կիրարկում կ՛ենթադրէ: Եւ միայն այդ պարագային ընկալելի կ՛ըլլայ հասարակութեան կողմէ:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>