Գաղութիս մէջ մշակութային այլազան ձեռնարկներու կողքին, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, մեցցօ-սոփրանօ Քրիստինէ Սահակեանի մենահամերգը նախ եւ առաջ կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, որ Հայաստան-սփիւռք սահուն գործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ մշակոյթով:
Բոլորիս ծանօթ սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան ծանր պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահելն ու տարածելը օրէ օր աւելի դժուար լուծ մը կը դառնան, արթուն պահակի դերով կը փորձենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, պահպանել եւ տարածել որակաւորը: Մեր հիմնական խնդիրը ա՛յս է: Համատեղել օգտակարն ու որակաւորը:
Այսպէս, մեր տեղական ուժերով կազմակերպուած ձեռնարկներուն կողքին, այս տարեշրջանին մենք ունեցանք նաեւ տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ, որոնցմէ ոմանք մշակոյթի կողքին կը միտէին որոշ հասոյթ ապահովել միութեանս, որպէսզի կարենանք առանց նիւթական մտահոգութիւններու ձեռնարկել այսպիսի որակաւոր եւ գեղեցիկ համերգներու, որոնք, ինչպէս վերը նշեցինք, մեր բուն իսկ առաքելութեան առանցքը կը կազմեն:
Ուրախութիւնն ունինք ողջունելու Քրիստինէ Սահակեանը, որուն այս համերգը պիտի ըլլայ բաց հրաւէր` մշակութասէր հասարակութեան, եւ մանաւանդ երիտասարդութեան, որպէսզի գան եւ հաղորդուին իսկական արուեստով, հայ թէ օտար երգի գոհարներով:
Յայտագիրի առաջին բաժինը կ՛ընդգրկէ հանրայայտ օփերաներու դերերգներ (արիա) եւ անոնց կողքին` հայկական օփերաներու դերերգներ, իսկ երկրորդ բաժինը` առաւելաբար հայկական ռոմանսներ:
Վարձքը կատար ձեռնարկին յաջողութեան սատարած անձնաւորութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, առանց որոնց համատեղ ճիգերով եւ բարոյական թէ նիւթական նեցուկով, անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել նման նախաձեռնութիւն:
Ուստի, սիրով կը հրաւիրենք բոլորդ, ուրբաթ, 24 մարտին, վայելքի բարձր պահեր ապրելու:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ