ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Մարտի սկիզբը, քաղաքական կեանքի առանցքը կազմող ընտրապայքարներն ու քարոզարշաւները մե՜ծ դժուարութեամբ անտեսելով, որոշեցի հերթական այցելութեամբ Արցախ մեկնիլ, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործընկերներուս հետ Քաշաթաղի շրջան երթալու եւ գարնան հետ սկսող աշխատանքներուն հետեւելու համար: Ինչպէս արդէն գրած էի նախորդ նամակիս մէջ, առաջին այցելութիւնը կատարեցինք Իշխանաձոր գիւղը, որ Քաշաթաղի շրջանի մեծ գիւղերէն մէկն է: Այստեղ տեղափոխուած են նաեւ սփիւռքահայեր` Այնճարէն եւ Սուրիայէն, իսկ մեր հիմնադրամը տուներ նուիրած է անոնց: Այժմ, այստեղ, ամերիկահայ բարերարներու նուիրատուութեամբ, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը տուն կը կառուցէ ՏԱՀԵՇի զինեալներէն մազապուրծ փրկուած սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչատուրեանին համար: Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, գործընկերներուս հետ ճամբայ ելանք դէպի Երիցվանք, որ կը գտնուի Իրանի սահմանին մօտիկ, Արաքսի ափէն շուրջ 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Երիցվանքի մէջ, քանի մը տարի առաջ, 7 հեկտար հողի վրայ նուռի այգի մը հիմնած էինք, բայց անցած երկու տարիներու կլիմայական աննպաստ պայմանները վնասներ պատճառած էին նուռի տնկիներուն: Այգիի պատասխանատուէն` Արգամէն իմացանք, որ աննախընթաց սառնամանիքին պատճառով փճացած բոլորտնկիները արդէն իսկ փոխարինուած են նորերով: Ստուգեցինք նաեւ կաթիլային ջրագիծերը, որոնքնորութիւն էին այդ շրջանին համար եւ բաւական մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էին գիւղացիներուն մէջ: Բաւարարուած էինք կատարուած աշխատանքով, ուրախ էինք, որ այգին թարմացած էր նոր տնկիներով, եւ խնամքը կը տարուի մասնագէտներու յանձնարարականներուն համաձայն:
Սուրճ խմելէ եւ տեղական արքայանարինջի ու թուզի համով չիր ուտելէ ետք, մեկնեցանք դէպի Միջնաւան: Այս գիւղը եւս բաւական լաւ բնակեցուած է, ունի շուրջ 600 բնակիչ, աշակերտներուն թիւը 80-է աւելի է, եւ մէկ-երկու տարի ետք դպրոցը պէտք է ընդարձակուի նոր դասարաններով: Միջնաւանը կը գտնուի Արաքսի ափին, իսկ գետէն անդին կարելի է տեսնել քանի մը պարսկական գիւղ, ինքնաշարժներու եւ փոխադրակառքերու երթեւեկութիւն: Միջնաւանի գիւղացիներուն հետ 350 հեկտար հողի վրայ եգիպտացորեն, գարի եւ ցորեն ցանելու ծրագիր մը պատրաստած էինք, եւ այս այցելութեամբ կ՛ուզէինք վերջնականացնել համաձայնագիրի բոլոր մանրամասնութիւնները: Բոլոր հարցերուն անդրադառնալէ եւ աշխատանքային յստակացումներ կատարելէ ետք, գիւղացիները տեղեկացուցինք, որ շուտով Միջնաւան պիտի հասնին հողի հարթեցման եւ մշակման համար Գերմանիայէն պատուիրուած մեքենաներ, որոնք արդէն իսկ հատած են հայ-վրացական սահմանը եւ կ՛ուղղուին դէպի Երեւանի մաքսատուն: Մինչ մենք գործնական հարցեր կը քննէինք, անդին մեր գործընկերներու ընտանիքներուն անդամները, հին հայկական աւանդութեան համաձայն, խորոված ու սեղան կը պատրաստէին: Սոված էինք բոլորս…ժամեր շարունակ մոռցած էինք ճաշի մասին, բայց խորովածի հոտը անդիմադրելի էր ու մոռցնել տուաւ ամէն ինչ: «Իմ գիւղիս` Այնճարի մէջ, յաճախ կ՛ըսենք, որ անօթի կապիկը չի՛ պարեր», ըսի կատակով: Սեղանի վրայ շարունակեցինք գործնական հարցերու քննարկումը ու միաժամանակ առողջութեան, յաջողութեան եւ ազատագրուած հողերու բարգաւաճման կենացներ խմեցինք: Բայց դեռ երկար օր ունէինք, ու հակառակ մեզ հիւրընկալողներու պնդումներուն` մնաք բարով ըսինք ու ճամբայ ելանք դէպի Կովսական` տարիներ առաջ Գամիշլիէն եկած հողագործ սուրիահայ ընտանիքներու հետ սուրճ խմելու եւ անոնց աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով:
Այս մասին կը գրեմ յաջորդ նամակիս մէջ:
Գրեցէ՛ք ինծի: