Քաղաքացիական շարժումը նոր ընթացք եւ լայն արձագանգ սկսած է գտնել բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Վերջին տարիներուն յիշեալ շարժումը զանազան արտայայտութիւններ սկսած է ունենալ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս, որոնց նպատակը մէկ կողմէ ժողովրդային բողոքը աւելի ազդու դարձնելն է` ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող հարցերու գծով, եւ միւս կողմէ միջ-կրօնական ու միջ-համայնքային գործակցութիւնն ու գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդել:
Կիրակի, 12 մարտին յիշեալ շարժումը ներկայացնող շուրջ 75 անձերէ բաղկացած խումբ մը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, իսկ երէկ կէսօրէ առաջ յիշեալ շարժումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելած էր Վեհափառ Հայրապետին:
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով զանազան համայնքներէ բաղկացած սոյն պատուիրականութիւնը, շեշտեց միջ-կրօնական ու համայնքային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Լիբանանը յուզող ընդհանրական հարցերու շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պետութեան հիմքը ժողովուրդն է: Պետական մարմինները ժողովուրդին կողմէ կ՛ընտրուին եւ համարատու են ժողովուրդին: Անոնք պարտաւոր են լսել ժողովուրդին ձայնը եւ ընդառաջել ժողովուրդի կարիքներուն ու պահանջքներուն»: