Բարսեղ Կանաչեան արուեստագէտ-երգահանը եւ երաժշտագիրը հայկական, մասնաւորաբար սփւռքահայ կեանքին մէջ իր ուրոյն եւ անջնջելի դրոշմը ձգած է, սերունդներ հասակ նետած են ու կը շարունակեն կազմաւորուիլ սփիւռքի տարածքին կոմիտասեան շունչին ու շնորհքին առաջնորդն ու պաշտպանը հանդիսացող Կանաչեանի հարուստ ժառանգութեամբ:
Հայ ազգին հոգին ու կորովը կ՛արտացոլան Կանաչեանի հաւաքական արուեստին, խմբային մշակոյթին մէջ: Յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին ան իր հիասքանչ ստեղծագործութիւններով մեծ բծախնդրութեամբ կատարեց ազգապահպանման լաւագոյն ու կարեւորագոյն դերը: Կանաչեան հայրենաշունչ դաստիարակի դերով կրցաւ մեր երիտասարդութիւնը արժեւորել ու անոր ընդմէջէն` հայ երգը, հայ կրօնը, հայ մշակոյթը բարձր պահել: Այն, ինչ որ Կոմիտաս ժամանակ չունեցաւ ընելու` մեր ժողովրդային երգերը` խորքով գեղջուկ, իսկ կառուցուածքով եւրոպական բարձրագոյն արուեստին հասած ֆոլքլորը ստեղծագործել, Կանաչեան կրցաւ իրականացնել, շնորհիւ իր արուեստագէտի հոգիին:
Ի զուր չէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրուան կաթողիկոս Գարեգին Բ. 1986-ին յայտարարած է. «Կանաչեան իր ամբողջական տաղանդն ու կեանքը ի սպաս դրաւ հայ երգի տարածման` հայ ժողովուրդի անդաստաններուն մէջ: Այս տեսակէտէն` անգնահատելի է Կանաչեանի դերը հայեցի երաժշտութեան վերարժեւորման մարզին մէջ»:
Բարսեղ Կանաչեան ո՛չ միայն եղաւ արժանաւոր ծնունդը Կոմիտասի, որուն գործերու տարածման մէջ առանցքային դեր ունեցաւ Կանաչեան, այլ ինք եւս ստեղծագործեց, եղաւ խմբավար ու երգահան` ամբողջ կեանք մը նուիրելով հայ մշակոյթին:
Համազգայինի համար Բարսեղ Կանաչեան կը զգենու յաւելեալ արժէք ու կարեւորութիւն: Արդարեւ, անոր անունը կը կրէ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երաժշտական քոլեճը, իսկ «Գուսան» անունը` միութեան հովանիին տակ գործող երգչախումբը:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն է, որ վերջերս հրապարակուեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի մը երաժշտացումը» խորագիրով գիրքը, որուն առանցքը լիբանանահայ մշակութային տարեգրութեան մէջ առասպելական դերակատարութիւն ունեցած Բարսեղ Կանաչեանն ու «Գուսան»-ն են:
Գիրքը կը վկայէ նաեւ Բ. Կանաչեանի ղեկավարած «Գուսան» երգչախումբին հայ երգչախմբային արուեստին բերած հոգեխառնութիւնը` ազգային երակներու վերակենսաւորումին:
Մշակութային վերարտադրութիւնը հաւաքականութեան մը առողջ ու երաշխաւորուած գոյերթին հրամայականներէն է, հայ երաժիշտները պարտք զգան դարձեալ նոր դեր ու առաքելութիւն ստանձնել, կանաչեանական հրաշքը վերստին կրկնել` նորօրեայ մարտահրաւէրներուն դէմ:
Այս բոլոր հանգամանքներէն մեկնելով` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան կը կազմակերպէ նոր հրատարակուած գիրքին շնորհահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Գիրքը պիտի ներկայացնէ աշխատասիրող դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Համազգայինի ընտանիքին խօսքը պիտի ուղղէ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ