Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Դալա՜ր Մնացէք… («Գուսան»-ի 25-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Անցեալ տարի Բ. Կանաչեանի երաժշտական գործունէութեան յիսնամեակն էր: Այս տարի, իր երգչախումբին` «Գուսան»-ի քսանհինգամեակը: Իրարմէ բխող եւ իրար ամբողջացնող երկու թուականներ, որոնցմէ առաջինը եթէ տաղանդաւոր երաժիշտի մը բեղուն գործունէութեան դափնեպսակը կը կազմէ, երկրորդը սակայն, կը հաստատէ հայ արուեստասէր երիտասարդութեան մը նուիրումը` յարատեւօրէն գեղեցիկ ձեռնարկի մը:

Նոր բան մը չունինք ըսելիք Բ. Կանաչեանի մասին: Իր տաղանդին ուժով եւ անմահ ստեղծագործութիւններով` իր ժամանակը գլած անցած երաժիշտ մըն է այլեւս Կանաչեան, որ մաս կը կազմէ հայ մշակոյթի մնայուն արժէքներուն: Միակ խորհրդածութիւնը, որ կարելի է ընել այս առիթով, հաւանօրէն ըլլայ հետեւեալ անդրադարձումը. հայ մշակոյթի բոլոր արժէքներուն հանդէպ ցոյց տուած իր գուրգուրանքին մէջ, եւ մանաւանդ կոմիտասեան երաժշտութեան համար իր ունեցած անհուն պաշտամունքով` մեր հայրենիքը ինչպէ՞ս ցարդ անտարբեր մնաց, ու կը շարունակէ մնալ, հանդէպ Կանաչեանի արուեստին: Հարցում մը, որուն դժուար է բաւարարող պատասխան մը հայթայթել` քաղաքական եւ ընկերային ծանօթ նկատումներու թուումով: Կոմիտասի ընտրեալ աշակերտը ըլլալէ ետք, Վարդապետին հետեւորդը չէ այլեւս Կանաչեան, այլ կոմիտասեան վարպե՛տ մը, ինքն իր մէջ եւ ինքն իրմով լրումին հասած մեծութիւն մը: Արդ, Կոմիտասը եւ կոմիտասեան երաժշտութիւնը աստուածացնող երկիր մը ի՞նչպէս կրնայ անտեսել Կանաչեան մը, որ ճոխացուցած, հարստացուցած, շքեղացուցա՛ծ է կոմիտասեան երգը եւ հասցուցած բարձունքի մը, որուն հասնելէ ետք հպարտանալու իրաւունք պիտի ունենար նոյնինքն Կոմիտաս վարդապետ…

Ըսի՛նք, կ՛անցնինք: Հարցում մըն է, որ պատասխանի կը սպասէ, ու այդ պատասխանը կը հաւատանք,թէ պիտի հասնի ուշ կամ կանուխ, որպէս գնահատանքի գերագոյն պատուանիշ` վաստակաւոր երաժիշտին, ու նաեւ ողջմտութեան ճաշակի գրաւական` հայրենիքի ղեկավարներուն…

Մասնակի այս անդրադարձումէն ետք, կը մնայ ուղիղ եւ արդար քանի մը խօսք ըսել հայ երգին կշռոյթով քսանհինգ տարիներ ճամբայ կտրած սքանչելի տղոց եւ աղջիկներու այս ջոկատին, որ «Գուսան» երգչախումբն է: Ինչքան ալ տարօրինակ թուի, 25-ամեակի մը բարոյական եւ իմացական հաշուեկշիռը կատարուած պահուն, «Գուսան» երգչախումբին երգերը եւ անմոռանալի համերգերը չեն, որ կ՛ուզենք ոգեկոչել այս տողերով: Բեմերուն վրայ, սրահներուն մէջ, խանդավառութեան եւ վերացումի մթնոլորտներու մէջէն` յաճա՛խ «Գուսան»-ը տարած է մեզ հայրենի արտերուն, եզներուն, հովերուն… Տարած է կարօտաբաղձ բազմութիւնները, երազի ու երգի ու մեղեդիի թեւերով, աշխարհ մը` որ չենք տեսած, բայց կը զգանք, երկիր մը, որ չենք ճանչնար, բայց կ՛ապրինք, տարած է մեզ դէպի մեր ներաշխարհը, որ կը կրենք մեր մէջ անգիտակցաբար, եւ որուն յայտնութիւնը, որուն գի՛ւտը տրուած է մեզ կատարել «Նանօր»-ի մը վեհագնաց կշռոյթով, «Տալիլօ»-ի մը ոստոստուն պաղատանքով, «Հոյ Նար»-ի մը հեւիհեւ կարօտանքով…

«Գուսան»-ը, ամբողջ քսանհինգ տարի, ճանչցուցած է մեզմէ իսկ անգիտացուած մեր հոգիներուն թաքուն ապրումները` մեզի:

«Գուսան»-ը եղած է ձայնական հայրենիք` տարագիր հոգիներուն, եղած է յագեցումի յորդ աղբիւր կարօտաբաղձ սրտերուն, ու եղած է երազի ճամբայ` թեւաբեկ բազմութիւններու անգիտակից սէրերուն…

«Գուսան»-ը, եղած է… Բայց եղած է ա՛յն, որ գիտէ ամէն մէկը մեզմէ, ինչ որ զգացած ենք ունկնդրութեանց պահերուն, անհատապէս կամ հաւաքաբար: «Գուսան»-ը` հայ երգին անփոխարինելի կախարդանքը, որ մեր ամէնէն մտերիմ խորշերուն մտերմագոյն յուզումները կը գողնայ մեզմէ, ու կը վերադարձնէ մեզի, ի՜նչ շռայլանքով, երանութեան հանդէսի մը մէջ…

Ա՛յս «Գուսան»-ը, ամբողջ քսանհինգ տարիներ տեսած ենք բեմերուն վրայ, լման քառորդ դար վայելած ենք իր հարուստ ձայնը, բաշխուող իր սիրտը, բազմաձայն ու բազմադէմ, վարակիչ իր շունչը: Բայց ինչ որ քիչերը գիտեն մեզմէ ու շատերը չեն գիտեր` ատիկա «Գուսան»-ի անդամներուն հաւաքակա՛ն սիրտն է բեմերէն վար ու սրահներէն դուրս, հանդիսաւոր համերգներու պահերէն առաջ կամ վերջ, սովորական, պարզ, պա՛ղ առօրեային մէջ, ուր այլեւս լուսաւոր սրահներ չկան, երգ չկայ, խելայեղօրէն ծափահարող բազմութիւններ ու խանդավառ կեցցէներ չկան… «Գուսա՛ն»-ը, որ տարին միայն մէկ օր «երգչախումբ» մըն է ժողովուրդին համար, այլ տարուան բոլոր օրերը ազնիւ սրտերու եւ նուիրեալ հոգիներու համախմբում մըն է, խոնարհ ուխտաւորներու լեգէոն մը, որ երգով բեմ կը բարձրանայ եւ լռութեան խորհուրդով կ՛իջնէ բեմէն վար` տարի մը ամբողջ գործադրելու համար իր զոհողութիւններուն անվրէպ յայտագիրը. անվերջանալի փորձերուն երթալ, սրահ վարձել, տոմսեր հանել, տոմսեր ծախել, գանձել, հաշուել, յոգնիլ, քրտնիլ, եւ … երգե՛լ: Ու այսպէս ամէն տարի, ու այսպէս ամբողջ քսանհինգ տարի…

Ու դժուար է ճշդել.

Ե՞րբ աւելի սիրելի են այս տղաքն ու աղջիկները: Ա՞յն պահերուն, երբ իրենց տաղանդաւոր Վարպետին մոգական շարժումներէն թեւ կ՛առնէ իրենց խմբական երգը, թէ՞ ա՛յն օրերուն, երբ լուռ ու մունջ կը պատրաստեն իրենց ձեռնարկներուն յայտագիրը, հասոյթը, հաշուեկշիռը…

Ե՞րբ աւելի արժանի են մեր հիացումին: Ա՞յն գիշերը, երբ ներշնչուած Վարպետին հետ միասնաբար կը կառուցեն «Նանոր»-ին ձայնական պալատն ու պողոտաները եւ տաճարները, թէ՞ այն բոլոր գիշերներուն, երբ մէկիկ մէկիկ ու սուսիկ-փուսիկ կ՛աշխատին, ճակատագրէն պատուհասուած իրենց Վարպետը փրկելու համար կեանքի ճմլող գլաններէն, յոյս տալու անոր, ապրելու տենչ եւ ստեղծագործելու աւիւն…

«Գուսա՛ն»-ը:

Երգչախումբ մը չէ անիկա, միութիւն մը չէ անիկա, ցուցահանդէսի հաւաքոյթ մը չէ. «Գուսա՛ն»-ը, պարզ ու անկեղծ հոգիներու լուռ համանուագ մըն է, որուն հոգեխռով շեշտերը նուազ չեն ցնցեր զգայուն սրտերը բեմերէն դուրս, որքան կը ցնցէ անոնց երգը բեմերուն վրայ:

Այս քսանհինգամեակին առիթով, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը պիտի երթայ արժանաւորապէս փառաւորել «Գուսան»-ը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բեմին վրայ, մենք յուզումով ու անխառն սիրով կ՛ողջունենք «Գուսան»-ի հին ու նոր բոլոր անդամները բեմէն անդին, անցած քսանհինգ տարիներու իրենց յարատեւ ու ազնիւ ճիգին անունով, իրենց նուիրումին, զոհողութեան ոգիին, քաղցր ու լեղի բոլոր տագնապներուն ու յաջողութիւններուն համար…

Քսանհինգ տարի առաջ, թարմ ու խանդավառ պատանիներ եւ պարմանուհիներ էին անոնք: Այսօր` հասուն մարդիկ են` մայրեր, զաւակներու եւ նոյնիսկ թոռներու տէր: Բայց կը շարունակեն… Բայց դեռ կ՛երգեն եւ բուժ կու տան, եւ ներշնչում` իրենց Վարպետին:

Ինչպէ՜ս չհիանալ, ինչպէ՜ս չյուզուիլ…

«Գուսա՛ն»-ը:

Կանաչեանի՛ «Գուսան»-ը:

«Գուսան»-ի՛ Կանաչեանը:

Մէկը միւսով Կանաչ, մէկը միւսով դալար:

Եղան այդպէս, լման քսանհինգ տարի:

Մնացէ՛ք այդպէս, սքանչելի տղաք եւ աղջիկներ, այլ մանաւանդ դու՛ն, աչքերուդ խաւարն իսկ մեր հոգիներուն վերեւ ձայնական ծիածանի վերածող Վարպե՛տ, մեծ ու բարի Կանաչեան…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>