Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Գուսան» Ու Բարսեղ Կանաչեան

$
0
0

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

«Գուսան» երգչախումբը, փառաւոր համերգով մը, իր գոյութեան եւ երաժշտական գործունէութեան քսանհինգամեակը կը տօնէ:

Մեր գաղութի ծոցին մէջ պայծառ երեւոյթ մըն է այս յոբելեանը: 25 տարուան յարատեւ եւ խանդավառ նուիրում հայ երգին` մեր բեմերուն վրայ եւ մեր ընտանեկան յարկերուն տակ, վառ պահելու համար Կոմիտասի շունչը եւ հայ ժողովրդական սքանչելի երգերուն քաղցրութիւնը: Կարելի՞ էր երեւակայել նոր սերունդներուն համար աւելի գրաւիչ հոգեկան սնունդ եւ ազգային հպարտութեան աւելի պատուաբեր ցուցադրութիւն:

Ջերմ շնորհաւորութեան, նոյնիսկ սրտագին երախտագիտութեան արժանի են այն երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, որոնք տարիներ շարունակ անխոնջ հաւատարմութեամբ մը վազեցին «Գուսան»-ի փորձերուն եւ տակաւին այսօր ալ, քսանհինգ տարիներ ետք, ընտանեկան բոյներու տէր դառնալէ վերջն իսկ, կը շարունակեն մնալ հայ երգին անձնուէր զինուորագրեալները:

Բախտաւորութիւն էր անշուշտ, որ «Գուսան» երգչախումբը իր կազմութեան առաջին օրէն սկսեալ իրեն խմբավար ունեցաւ Բ. Կանաչեանի պէս տաղանդաւոր երգահան մը, որ իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ մեծ երաժիշտին հետ նաեւ մեծ ուսուցիչը:

Անոնք, որոնք աշակերտած են իրեն, անո՛նք միայն գիտեն, թէ որքա՜ն բարեխիղճ, բծախնդիր եւ խոր ըմբռնումի տէր ղեկավար մըն է ան: Հայ երգը, իր հայեցի նկարագրին բոլոր գիծերով, իր ձեւին ու խորքին բոլոր նրբութիւններով Կանաչեանի գուրգուրանքի առարկան մնաց տեւաբար: Անոր ճիպոտին տակ հնչող իւրաքանչիւր համերգ հայ երգի ճշմարիտ փառատօն մը հանդիսացաւ եւ անոր հեղինակած իւրաքանչիւր երգը` նոր յաղթանակ մը:

Կարելի է անվարան յայտարարել, թէ արտասահմանի մէջ Բ. Կանաչեան եղաւ Կոմիտասի ամէնէն հարազատ եւ ամէնէն արժանաւոր յաջորդը: Ժողովրդական երգերու ամբողջ գանձարան մը պարգեւեց ան մեզի: Իր ստեղծագործական կենսունակութիւնը տկարութիւն չճանչցաւ բնաւ, մինչեւ իսկ տեսողութեան լոյսը կորսնցնելէ վերջ: Վերջին տարիներու իր հոյակապ գործերը եկան փաստելու, թէ Վարպետը կ՛առաջնորդուէր հոգեկան տեսողութեամբ, ներքին այն լոյսով, որ յատուկ է մեծ արուեստագէտներուն:

Բ. Կանաչեան օտար երկինքներու ներքեւ իր անմոռանալի համերգներով, հայրենի բնութեան գեղեցկութիւնները վերապրեցուց: Աւելի՛ն, ան մեզի տուաւ նաեւ հայ շինականին հաւատքը, յոյսերը, թախիծն ու հրճուանքը: Քնարերգական կամ դիւցազներգական նկարագիրով օժտուած իր երաժշտական քերթուածները մեր առջեւ բացին հայոց աշխարհի անհուն հարստութիւնները:

Այսպէս, իր «Տալիլօ»-ն եւ «Հոյ Նար»-ը, իր «Վարդերի Հետ»-ն ու «Շուշօ»-ն հայ գեղջուկին սիրոյ եւ հոգեւոր տրամադրութիւններու նկարչագեղ արտայայտութիւնները հանդիսացան. «Նանոր»-ով Կանաչեան մեզ փոխադրեց հայուն հինաւուրց հաւատքին եւ ուխտագնացութեան մթնոլորտին մէջ: «Կորանի»-ն եւ այլ կարգ մը երգեր հողագործական աշխատանքի վայելքը եւ ուրախութիւնը պատմեցին, իսկ «Յառաջ նահատակ»-ը յաղթանակի երթը եղաւ հայ բազմութիւններուն:

Կանաչեանի երաժշտական վաստակը, այսպէսով, համապարփակ հանդիսարանը կարելի է նկատել հայ ժողովրդական ապրումներուն, ուր այնքա՜ն ներդաշնակօրէն կը հնչեն պարի զուարթ եղանակներուն հետ աշխատանքի մեղեդիները, աղօթքի կոչնակներուն հետ` ռազմի շեփորները:

Եւ ամէնէն կարեւորը այս բոլորին մէջ` Բ. Կանաչեանի խոր ըմբռնումն է հայ երգի ոճին ու ոգիին: Ո՛չ մէկ օտար ազդեցութիւն, ո՛չ մէկ շեղում կամ խոտորում կոմիտասեան աւանդութենէն, որ իր արմատները նետած է հայ հոգիի դարաւոր խորութիւններէն ներս:

Բ. Կանաչեան վաստակաւոր մշակ մըն է, որ իր պարտքը լիուլի կատարեց` լիաբուռն վերադարձնելով իր ժողովուրդին այն ինչ որ բնութիւնը տուած էր իրեն իբրեւ աստուածային շնորհք եւ ցեղային հարստութիւն:

«Գուսան» երգչախումբը Վարպետին նոյնքան երախտաւոր աջակիցն է, տեսակ մը կենդանի ու բազմաստեղ երգեհոն, որմէ ամբողջ 25 տարիներ տաղանդաւոր խմբավարն ու երաժիշտը գիտցաւ հրաշալի խաղեր խլել եւ տասնեակ հազարաւոր բազմութիւններ արբեցնել հայ երգին անմահ գինիով:

Խումբի 25-ամեայ յոբելեանին առիթով անգամ մը եւս ահաւասիկ մեզի կը տրուի առիթը վայելելու Բ. Կանաչեանի ճիպոտին կախարդանքը: Երանի՜ թէ այս առիթն ու այս անփոխարինելի երջանկութիւնը տակաւին երկար տարիներ տրուէին օտարութեան մէջ հասակ նետող նոր սերունդներուն, որոնք այդքան պէտք ունին հայ շունչի հաղորդութեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>