Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներու մէջ, երբ արժէքները այլեւս շատ յարաբերական դարձած, երբեմն ալ անհետացած են, առասպել կը թուին այսպիսի անձնաւորութիւնները: Աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Ընդունելի՞ է անոր ապրելակերպը, դիւանագիտական ձեւականութիւններուն կը համապատասխանէ՞: Մարդիկ կ՛ընդունի՞ն ատիկա: Իսկ հայերուն լաւ, անկեղծ բարեկամը աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը եղած է: Բարեբախտաբար կան այնպիսի անձեր, որոնք իրենց հոգիներուն մէջ պահպանած են մարդկային իսկական հարուստ գանձեր, որոնց շնորհիւ ալ կը կոչուին ՄԱՐԴ:
Ն.
Այս Մարդը Աշխարհի Ամէնէն Աղքատ
Նախագահն Է, Բայց Պատճառը, Թէ Ան
Ինչո՞ւ Աղքատ Է, Ձեզ Պիտի Զարմացնէ
Կրնայ ըլլալ, որ չհաւատաք, բայց Խոսէ Մուխիկա , Որուկուէյի նախկին նախագահը (2010-2015), ճանչուած է որպէս աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը: Խոսէ Մուխիկա իր աշխատավարձին` ամիսը 12 հազար տոլար, աւելի քան 90 առ հարիւրը կը նուիրէ աղքատներուն եւ մանր առեւտուրով զբաղողներուն:
Այս մարդուն համար իր արտաքին երեւոյթը կամ հագուստները արժէք չունին: Խոսէ Մուխիկա քննադատուած է իր արտաքին երեւոյթին կամ հագուստներուն համար: Սակայն ինք փոխարէնը կեանքի մէջ այլ բաներ կ՛արժեւորէ:
Նախքան նախագահ ըլլալը Խոսէ Մուխիկա անդամ էր զինեալ խմբակցութեան մը` Թուփամարոս, որ կը գործէր Ռոպին Հուտին նման: Անոնք բառացիօրէն կը կողոպտէին սատանայական դրամանատուներ, զէնքի ակումբներ եւ խարդախ առեւտրական հաստատութիւններ` աղքատներուն բաժնելու համար: Խոսէ Մուխիկա իսկապէս կը հաւատայ, որ իր արժէքը յաւելեալ դրամ շահիլը չէ, այլ` իր երկրի եւ ժողովուրդին բարեկեցութիւնը:
Ան երկու անգամ բանտարկուած է(ընդհանուրը`14 տարի), 6 անգամ անոր վրայ կրակած են փախուստի փորձէն ետք:Բայց ան, նոյնիսկ Ուրուկուէի նախագահի բարձր պաշտօնին վրայ, տակաւին կը շարունակէ պայքարիլ ժողովուրդին համար:
Մուխիկա կրնայ բնակիլ նախագահական այս գեղեցիկ տան մէջ, բայց ան աւելի համեստ վայր մը ընտրած է բնակելու համար: Ան անկեղծ օրինակ մըն է նախագահի մը, որ անձնական հանգիստը կը զոհէ այլոց բարեկեցութեան համար:
Ահաւասիկ նախագահին տունը, ագարակի հողին վրայ, ուր ան կը բնակի կնոջ, անասուններուն եւ շան հետ:
Մուխիկա կ՛աշխատի նախագահական շքեղ պալատը վերածել թանգարանի մը, որ կը պատուէ երկրի նախկին նախագահները:
Պատճառ մը չկայ դրամի, հռչակի եւ քնանալու համար աղուոր վայրի մը, երբ դուն կրնաս համեստ ըլլալ եւ բնակիլ ագարակի հողին վրայ:
Այս նախագահը կեանքը կ՛ապրի՛:
Ագարակի կողմնակի աշխատանքին միջոցով ան ծանօթ կ՛ըլլայ կեանքին եւ պայքարներուն, որոնց մէջէն կ՛անցնին երկրի բազմաթիւ բնակիչները: Նախագահը իր ագարակին մէջ նոյնպէս կ՛աճեցնէ եւ կը վաճառէ ծաղիկներ:
Դուք կրնաք յաճախ զինք տեսնել 1987 թուականի իր հին Ֆոլքսվակըն Պիթըլը վարած ատեն: Ինք պէտք չունի շքեղ Պենթլի ինքնաշարժի մը, որովհետեւ իր հոգը չէ շռայլ, այլանդակ երեւոյթը: Իրեն համար կարեւորը իր ժողովուրդն է:
Նախագահ Խոսէ Մուխիկայի թիկնազօրը կը բաղկանայ երկու պահակներէ եւ իր եռոտանի շունէն: Թէեւ ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը, ան կտրականապէս տարակարծիք է: «Ես ամէնէն աղքատ նախագահը չեմ: Ամէնէն աղքատը ան է, որ ապրելու համար շատ բան կ՛ուզէ: Իմ ապրելակերպս իմ վէրքերուս հետեւանքն է: Ես զաւակն եմ իմ պատմութեանս: Տարիներ եղած են, երբ ես երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ պարզապէս մահիճ մը ունեցած ըլլայի»:
Այս նախագահին օրինակը վկայութիւն մըն է, որ մենք մեր կեանքը ինչպէս պէտք է ապրինք: Երջանիկ ըլլալու համար մենք կարիքը չունինք յաւելեալ բաներու: Իրականութեան մէջ աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ ոմանք իրենց հարստութիւնը ներդրած են անձնուրացութեան, ազնուութեան եւ իսկական սիրոյ մէջ:
Թերեւս ասիկա փոփոխութեան ժամանա՞կն է: Աշխարհը Խոսէ Մուխիկայի նման բազմաթիւ մարդոց կարիքը ունի: Համաձայն չէ՞ք:
«Ասթոնըպըլ»
Մուխիկա Եւ
Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Հայոց ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցին Ուրուկուէյի նախկին նախագահ Խոսէ Մուխիկա բացումը կատարած է Մոնթեվիտէոյի Հայկական հրապարակին վրայ կառուցուած խաչքարին:
2015-ին, նախքան իր պաշտօնը լքելը, նախագահը հանդիպում ունեցած է հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան ընդգծած է հայերուն ներդրումը Ուրուկուէյի մէջ եւ յիշեցուցած է, որ Ուրուկուէյ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած առաջին երկիրն էր:
Հանդիպման ընթացքին Մուխիկա յայտարած է. «Գիտեմ, որ թուրք ժողովուրդը պիտի վիրաւորուի, բայց ես վստահ եմ, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, եւ եթէ կրնամ օգտակար դառնալ, շատ մեծ հաճոյքով կ՛ընդունիմ այդ առաջարկը»:
Ան շեշտած է, որ անցեալը կարելի չէ փոխել, սակայն պէտք է դասեր քաղել անկէ եւ ընդունիլ մարդոց կողմէ գործուած վայրագութիւնները` ապագային այդպիսի ոճիրներ կանխելու նպատակով:
Պէտք է նշել, որ Մուխիկա Խորհրդային Միութեան տարիներուն ապրած է Հայաստան:
Կարծիքներ
Խոսէ Մուխիկայի Մասին
– «Ան լաւ օրինակ է համեստութեան, բայց ատիկա ընտրանք մըն է: Ես կը հասկնամ ապրելու անոր փիլիսոփայութիւնը, այլոց օգնել` չի նշանակեր, որ դուն չես կրնար հաճոյք առնել քու կեանքէդ»:
– «Մենք պէտք է ընդունինք, որ այլոց ծառայելուն եւ օգնելուն մէջ շատ աւելի հաճոյք կայ: Ուրիշներուն կարիքները աւելի առաջնահերթ դարձնելը իսկական երջանկութիւն կը պարգեւէ»:
– «Ագարակի մէջ կ՛ապրի, աժան հագուստներ եւ կօշիկներ ունի, տգեղ, հին ինքնաշարժ մը կը վարէ, բայց կ՛ուզէ համեստ կեանք մը ապրիլ, զգալ իր ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը: Այսպէս ընելով` ինք հաճոյք կ՛առնէ կեանքէն, որովհետեւ իր նպատակներն ու երազները կ՛իրականանան` առանց վերջին նորոյթ ինքնաշարժներ վարելու եւ օդանաւերով ճամբորդելու»: «Ասիկա միայն նախագահներու ուղղուած պատգամ մը չէ, ասիկա բոլորիս համար օրինակ մըն է` գնահատելու եւ հետեւելու: Նախագահներ, ծերակուտականներ, կառավարիչներ, տնօրէններ եւ այլն, մենք գոնէ անգամ մը պէտք է մեր ուշադրութիւնը շեղենք նախագահութենէ, կամ քաղաքականութենէ եւ հարցնենք, թէ մենք նոյնը պիտի ընե՞նք եթէ ընտրուինք, կամ` նշանակուինք: ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ աւելի առաջ, քան` ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ»:
– «Կարգ մը մարդիկ այնքան աղքատ են, որ իրենց ունեցածը միայն դրամ է: Այս մարդը ունի սէրը, որ իր կեանքը ամբողջական կը դարձնէ»:
– «Այս մարդը հերոս մըն է: Ինծի համար ան կը պատկերացնէ յաջողութիւնն ու երջանկութիւնը, որ չի չափուիր դրամատնային հաշիւովդ, այլ դուն որքանով պատրաստ ես ուրիշներու տալու, զոհուելու»:
– «Ամէն մարդ կրնայ այս մարդը ըլլալ: Պարզապէս երեւակայեցէ՛ք, թէ քանի՛ հոգի կը չարչարուի, որպէսզի ունենայ մասնիկ մը քու վրադ տեսածէն»:
– «Երկիրը ղեկավարելու համար մենք կարիքը ունինք այսպիսի մարդու մը, որ իսկապէս կը ծառայէ իր ժողովուրդին, մեծ օրինակ մըն է ոչ միայն քաղաքական գործիչներու մեծամասնութեան համար, այլ մարդկութեան»:
– «Ամէն բան լաւ թող ըլլայ քեզի համար, օրհնուա՛ծ մարդ: Շատեր քարեր պիտի նետեն վրադ, բայց անոնք պիտի օրհնեն քեզ` բռնատիրութեան այս շրջապատին մէջ»:
– «Ասիկա օրինակ մըն է, որմէ պէտք է սորվին բոլորը: Նախագահ ըլլալով` դուն պաշտօնը եւ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը տեսնես, ի՞նչ կրնաս ընել ծառայելու` փոփոխութեան սիրոյն: Նախագահութիւնը հարստութեա՞ն, հռչակի՞, աղուոր ճառերո՞ւ, որոնք կ՛ընենք, թէ՞ հասարակ մարդոց շահերուն, լաւ քաղաքականութեան, կամ քեզ այդ պաշտօնին բերած մարդոց համար է»:
– «Այս մեծ մարդը պէտք է դաստիարակիչ օրինակ ըլլայ ոչ միայն նախագահներու, այլեւ մեր բոլորին համար: Մենք մեզի պէտք է հարցնենք` արդեօ՞ք կեանքը շքեղ տան մը մէջ բնակիլը, կամ սուղ ինքնաշարժ մը վարելն է: Իմ ափրիկեցի հայրենակիցներուս ես այս հարցումը կ՛ուղղեմ. մենք ե՞րբ այսպիսի նախագահ մը պիտի ունենանք»:
– «Երբ մենք հասկնանք, որ կեանքը առանձնաշնորհում մըն է, այլ` ոչ իրաւունք, ատիկա կը փոխէ առօրեայ կեանքին հանդէպ մեր տեսակէտը»:
– «Մարդու մը կեանքը բաղկացած չէ իր ստացուածքին առատութեամբ»:
– «Մեծութեան իսկական աստիճանը ժողովուրդն է, որուն կեանքին մէջ արժէքներ աւելցուցած ես»:
– «Ան ամէնէն հարուստ անանձնական նախագահն է»:
– «Կը խորհիմ, որ ան ամէնէն երջանիկ մարդն է, որովհետեւ ամէն բան կրնայ ունենալ որեւէ ատեն: Ան կը հասկնայ, որ ինչ է կեանքը: Ունայնութիւն ունայնութեան վրայ, ամբողջովին ունայնութիւն է»:
– «Օրինակելի, առասպելական մարդ մը: Իսկական մարդ մը` արժանապատիւ եւ հարուստ: Թագաւորներ եւ նախագահներ պէտք է ամչնան այս մեծ մարդուն մասին կարդալով»:
Աշխարհի 10 ամէնէն
աղքատ նախագահները10 – Պորութ Փահոր, Սլովենիա, 44.280$
9 – Ֆետերիքօ Ֆրանքօ – Փարակուէյ, 40.000$
8 – Սի Ճինփինկ – Չինաստան, 39.720$
7 – Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Պիելոռուսիա – 33.873$
6 – Փրանապ Քումար Մուխըրժի, Հնդկաստան – 32.216$
5 – Մարին Ռայքով Նիքոլով, Պուլկարիա – 26.929$
4 – Ռոպըրթ Մուկապէ, Զիմպապուէյ – 18.000$
3 – Համիտ Քարզայ, Աֆղանիստան – 6.300$
2 -Մահմուտ Ահմատինեժատ, Իրան – 3.000$
1 – Ֆրանչիսկոս պապ – Վատիկան – 0$