Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Վերանորոգող Վարպետներ Համլեթ Եւ Արամ Մաթեւոսեաններու Այցելութիւնը

$
0
0

Տրուած ըլլալով, որ արուեստի գործերու նորոգութիւնը ինքնին արուեստի առանձին տեսակ է,

Տրուած ըլլալով, որ վերանորոգման արուեստին մէջ յաջողելու համար գեղանկարիչը ստեղծագործող արուեստագէտին չափ եւ նոյնիսկ աւելի կարիքը ունի տաղանդ եւ տքնաջան աշխատանքի,

Տրուած ըլլալով, որ արուեստի գործեր նորոգողը գեղանկարչական բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէ ետք միայն իրաւունք ունի մասնագիտական ուսման հետեւելու,

Տրուած ըլլալով, որ արուեստի գործերու վերականգնումը խիստ պատասխանատու եւ նուրբ գործընթաց է,

Չափազանց քիչ են այն վերանորոգողները, որոնց կը վստահուին «Լուվր»-ի կամ «Էրմիթաժ»-ի նման թանգարաններու վնասուած եւ եղծուած գեղանկարներու վերականգնման աշխատանքները:

Համլեթ Մաթեւոսեան իւղաներկ Երփներանգ անուրջներ, 2014

Այդ չափազանց քիչ վերականգնող արուեստագէտներէն մէկը Համլեթ Մաթեւոսեանն է, որ արժանացած է «Կրանտ մասթըր» բարձրագոյն տիտղոսին: Ան ծնած է 1961-ին, Ջաւախքի Վալէ գիւղը: Իր գեղանկարչական կրթութիւնը ստանալէ ետք Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»-ի անուան մանկավարժական հիմնարկին մէջ մեկնած է Մոսկուա, ուր վերանորոգման արուեստի մէջ մասնագիտացած է «Գրաբար»-ի անուան գիտահետազօտական վերականգնման բարձրագոյն հիմնարկին մէջ: Ապա տարբեր մեթոտներով վերապատրաստման յաջորդական դասընթացքներու հետեւած է Լվովի պետական թանգարանի, Լուվրի  կից գտնուող հիմնարկի, Ֆլորենցիայի «Սփինելլի»-ի անուան գիտահետազօտական վերանորոգման հաստատութեան եւ այլ նմանօրինակ հիմնարկներու մէջ:

Արամ Մաթեւոսեան աքրիլ կտաւի վրայ Պէյրութի ծովափին, 2017

1983-ին ընդունուած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահի վերանորոգման բաժինը, ուր 1991-էն մինչեւ 2009 վարած է գլխաւոր վերանորոգող վարպետի պաշտօնը: Ընթացքին պատրաստած է նաեւ աշակերտներ, որոնց շարքին` Արամ Մաթեւոսեանը, որ իր կարգին 2016-ին կը մեկնի Մոսկուա` կատարելագործելու համար «Գրաբար»-ի անուան վերոյիշեալ բարձրագոյն կրթական հիմնարկին մէջ: Իսկ այս տարուան փետրուարին համահայաստանեան երիտասարդական գեղանկարչական մրցումին Արամ Մաթեւոսեանա արժանացած է երկրորդ մրցանակի:

Առ այդ, վերանորոգուող վարպետներ հայր ու որդի Համլեթ եւ Արամ Մաթեւոսեանները, «Նոազ Արք» ցուցասրահին հրաւէրով արդէն իսկ եկած են Պէյրութ` վերանորոգելու վերականգնելու համար «Նոազ Արք»-ի մօտ հաւաքուած իւղանկարներ, ջրաներկեր եւ սրբանկարներ (այքըն):

Համլեթ Մաթեւոսեան 2000 թուականին նմանօրինակ առաքելութեամբ հրաւիրուած էր Անթիլիասի մայրավանք, ուր վերանորոգեց հին եւ նոր բազմաթիւ եղծուած (նոյն անյոյս կարծուածները) գեղանկարները եւ սրբանկարներ, որոնց մէջ առանձին նշանակութիւն ունեցաւ Կալենցի նշանաւոր «Տիրամայրը մանկան հետ» գործը:

15  մարտի երեկոյեան հայր ու որդի Մաթեւոսեաններ այցելեցին խմբագրատուն եւ մէկական գեղանկար նուիրեցին «Ազդակ»-ի ոսկի ֆոնտի: Այս նուիրատուութեան համար «Ազդակ»-ի մշակոյթի յանձնախումբը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթէ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>