ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Հազիւ թէ կարիք կայ Ջիւան Աւետիսեանը ծանօթացնելու հայ ընթերցողին: Ակնյայտ կարիք կայ, սակայն, ծանօթանալու անոր իւրայատուկ գեղարուեստական մօտեցումին եւ քաղաքական ասքին, որ «կարմիր թել»-ի նման կ՛անցնի իր ժապաւէններու երկայնքին եւ տակաւ կը խտանայ: Յանձնառու բեմադրիչը հետեւողականօրէն կը ծանրացնէ իր ասքին դեղաչափը (dose): Վերջին ժապաւէնը Հայաստանի մէջ յարուցած է որոշ ընդվզում:
Աւետիսեան բեմադրած է ղարաբաղեան բներգով երեք խաղարկային ժապաւէններ: Անոնց կարելի է աւելցնել չորրորդ մը` «Պատերազմի տխուր նամակատարը», որ մնացած էր հայցի հանգրուանին մէջ:
Ա.- «Ընդհատուած մանկութիւն» 2013, 46 վ. Աւետիսեան ծնած է 1981-ին: Վեց տարեկան էր, երբ տեղի ունեցաւ առաջին ջարդը (Խաչիսար-Չարդախլու գիւղ): Վեց տարեկան է նաեւ Ալլան, ժապաւէնի երկրորդ գլխաւոր դերակատարը, երբ տեղի ունեցաւ Մարաղայի ջարդը: Ի տարբերութիւն շարք մը բեմադրիչներու` Աւետիսեանի ասքը հիմնուած է անձնական փորձառութեան վրայ: Մանկութիւնը ապրած է ոչ թէ ձիւնամարդեր շինելով, այլ` նկուղներու մէջ թաքնուած, արտաքին աշխարհը դիտելով փոքր պատուհաններէ: Ի դէպ, իր քամերան յաճախ «կը դիտէ» կանգնած պատուհանի մը ետին:
Դիպաշարը.- 1992 թուականի ապրիլին Մարաղայի մէջ Ազրպէյճանցիներ կը ջարդեն շուրջ հարիւր հայ եւ կը գերիվարեն 63-ը, որոնց շարքին են 11 մանուկներ: Ալլա անոնցմէ մէկն է: Ալլան կը յանձնեն տարեց կնոջ մը, որու որդին կորսուած է պատերազմի ընթացքին: Ազրպէյճանցիներ կը յուսան փոխանակութիւն կատարել: Ալլա աւելի քան չորս ամիս կը մնայ որպէս պատանդ: Կինը կը խնամէ եւ կը պաշտպանէ աղջնակը: Յամառ պայքարէ ետք կը շահի անոր վստահութիւնը: Ալլա կը սկսի զինք կոչել Ֆաթմա խալա (մօրքուր): Ալլա կը հասկնայ, թէ կան թուրքեր, որոնք իր ականջէն կոպտօրէն կը պոկեն օղը ինչպէս նաեւ կան այլ թուրքեր, որոնք կը նուիրեն օղեր: Թուրք կինը կը պահպանէ նաեւ աղջնակի արտակարգ խոշոր ճերմակ գլխազարդը, որ կը խորհրդանշէր անոր հայկական ինքնութիւնը: Ի դէպ, իր տարիքէն անհամեմատ աւելի հասուն խաղարկութիւն ցուցաբերած Ալլայի աչքի անկիւնը արցունքի կաթիլ մը երևցաւ միայն, երբ վաստակաւոր դերասանուհի Ալլա Սահակեան քնքշօրէն կ’անցընէր օղերը: Բեմադրիչը մեզի ցոյց կու տայ արհաւիրքին մէջ գոյատեւող «ծաղիկներ»(1):
Ալլա ի վերջոյ կը փոխանակուի դիակի մը հետ: Կնոջ զաւկին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Իրականութիւն է, որ ազրպէյճանցիք վերադարձուցած են Չարդախլուի մէջ գերուած բոլոր մանուկները: Ժապաւէնը կը սկսի եւ կը վերջանայ փոխանակման տեսարանով: Շրջանային (cyclic) կառոյցը առկայ էր նաեւ «Թեւանիկ»-ի մէջ, որուն գլխաւոր հերոսները եթէ ոչ մանուկ` պատանիներ էին:
«Ընդհատուած մանկութիւն»-ը ստացած է «Ոսկէ ծիրան» 2013-ի «Հայկական համայնապատկեր» բաժնի լաւագոյն բեմագրութեան մրցանակը: Նոյն տարին ներկայացած է նաեւ «Քանն 66» փառատօնին: Նշենք, որ հրապարակագիր Կարինէ Խոդիկեան(2) հեղինակած է նաեւ «Թեւանիկ»-ի բեմագրութիւնը(3):
Բ.- «Պատերազմի տխուր նամակատարը» 2014, 24վ. Բեմագրութիւնը նոյնպէս գերիներու փոխանակումն է: Ինչպէս առաջին ժապաւէնը, այստեղ եւս բեմագրութիւնը կազմուած է համադրելով վաւերական պատահարներ: Սուրէնի եղբայրը` պատերազմական գերի մը` Զաքիրը, կը տանի իր տունը, որպէսզի հայ գիւղացիներ չխոշտանգեն զայն: Զաքիր, ինչպէս Ալլա, կը դառնայ «ընտանիքի անդամ»: Ուշադրութի՛ւն. ազերի մը կը դառնայ հայ ընտանիքի մը անդամ: Կ’օգնէ հարեւան թիթեղագործ Միշային: Սուրէնին հայրը անոր կու տայ ռուսերէն Աւետարան եւ թրքերէն Ղուրան: Գոյ է երկու կրօն, բայց` մէ՛կ Աստուած: Բայց Զաքիր չի բանար զանոնք: Ուշադրութի՛ւն, Զաքիր մոլեռանդ իսլամ մը չէ: Սուրէն, ինչպէս «Վերջին բնակիչ»-ի Եուրկան, ի վերջոյ կը գտնուի: Զաքիր կը հեռանայ` իրեն հետ տանելով Սուրէնին լուսանկարը եւ Ղուրանը: Ուշադրութի՛ւն. չի տանիր Աւետարանը: Իր վերջին խօսքերն են. «Վկա՛յ Աստուած, որ պիտի չմոռնամ ձեր վերաբերմունքը»: Աւետիսեանի խօսքերով, ժապաւէնը ցոյց կու տայ, որ ծայրայեղ վայրագութիւնն ու ծայրայեղ հանդուրժողականութիւնը առկայ են կողք կողքի:
Հայցը ներկայացուած էր հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակին` նախատեսելով 20 հազար տոլարի պիւտճէ: Դատական կազմը, սակայն, դրամական նպաստը շնորհեց Արթուր Սուքիասեանի «Մեր Աթլանթիս»-ին (նախատեսուած պիւտճէ` 100 հազար տոլար), որ կը խօսէր այդ օրերուն լրատուական միջոցներու մէջ աղմուկ բարձրացուցած «Արմէն ճամբար»-ին, այսինքն Հրանդ Տինքի որբանոցին մասին(4):
Գ.- «Թեւանիկը» 2014 (80 վ.).- Ժապաւէնը Ջիւան Աւետիսեանի այցետոմսը դարձած է: Պիտի չանդրադառնամ դիպաշարին, քանի որ ընթերցողը շատ հաւանաբար դիտած է զայն(5): Երեք ընդելուզուած պատումներէն պիտի անդրադառնամ միայն երկուքին: Թեւանիկին եւ Արամին:
Կեդրոնական հրամանատարութենէն հրաման կու գայ` առանց դիմադրութեան լքել գիւղը: Տեղացիներ կ’անտեսեն նահանջի հրահանգը: Ափ մը մարտիկներ դուրս կու գան հրասայլերու շարասիւնին դէմ: Թեւանիկ ո՛չ միայն կը կործանէ հրասայլ մը, այլեւ որսի հրացանով կը հետապնդէ այն արհեստավարժ արձակազէնը, որ սպաննած էր հրամանատարը` իր հոգեւոր հայրը: Այստեղ կան լքուած դրախտի, հողի կանչի, վճռակամութեան եւ անհաւասար կռուի բներգները: Գոյ են նաեւ այլ բներգներ: Ծերունի հայը կը նկատէ, օրինակ, որ ներխուժող հրասայլերու վարորդներէն մին` համագիւղացի թուրք Հասանը, կը խուսափի տրորելէ ցորենի արտը…
Արամիկի մայրը ազերի է: Ղարաբաղի մէջ իսկապէս կային խառն ամուսնութիւններ: Արամիկի պապը կ’ուրանայ զայն, կը կոչէ «թորքի լակուտ»: Գիւղի տղաքը կը քարկոծեն տունը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «Վերջին բնակիչ»-ի մէջ ազերի տղաք կը քարկոծեն Աբգարին տունը: Այնպէս` ինչպէս ազերի մանուկներ ծեծած էին Ալլան: Չարացուած, կուրացուած մանկութեան բներգը այն կարմիր թելերէն մէկն է, որ կ’անցնի Ջիւան Աւետիսեանի ժապաւէններուն ընդմէջէն: Ազերի կինը կը պարտադրուի լքել իր տունը եւ երէց որդին` Արամիկը: Հայ հայրը եւս կը պարտադրուի բաժնուիլ իր անչափահաս զաւկէն: Քամերան ցոյց կու տայ խորապատկերին մէջ տակաւ հեռացող մշուշապատուող գիւղը…
«Վերջին բնակիչը» 2016 ( 82 վ.).- Ժապաւէնի «անձագիր»-ը եւ դիպաշարը մեծ մասամբ պիտի զեղչեմ, որովհետեւ լրատուական միջոցներու մէջ արդէն բազմիցս յիշուած են:
Առաջին հերթին կը նկատենք, որ «Թեւանիկ»-ի եւ «Վերջին բնակիչ»-ի տեւողութիւնը շուրջ 80 վայրկեան է: Մինչդեռ վերջին տասնամեակին արտադրուող շուկայական ժապաւէններու տեւողութիւնը կը տարուբերի 115-130 վարկեանի միջեւ: Աւետիսեան ժուժկալ, «սակաւախօս» բեմադրիչ մըն է: Բազմաթիւ պատահարներ պարզապէս ցոյց չեն տրուիր, հարկ է որ մենք զանոնք կռահենք: Այլ խօսքով, ժապաւէնները ուղղուած են մտածելու ատակ եւ տրամադիր հանդիսատեսին:
Բեմագրութիւնը.- Ժապաւէնը ներշնչուած է ղարաբաղցի հեղինակ Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» փաստագրական պատմուածքէն: Գիւրջեւան` 4 հարիւր տնտեսութիւն ունեցող գունագեղ աւանդապահ աւանը, իր ամուսնին ծննդավայրն է: Գլխաւոր հերոս Աբգարը որոշած է մնալ ամայացած գիւղին մէջ: Իր որդեգիր Եուրկան հոգեկան խանգարում ունեցած է Սումկայիթի ջարդերու ընթացքին: Երեք ամիս լուռ մնալէ երք Եուրկա սկսած է խօսիլ, երբ տուն մտած պահուն տեսած է կուժը. «Ռեբեկան ինչո՞ւ չի գալիս, գնա՛նք ջրի»: Ռեբեկան իր մանկութեան ազերի ընկերուհին է: Ս. Գրային անունը «Ռիվքահ» եբրայերէնով կը նշանակէ «ամուր կապ»: Հայկական ուղղաթիռը մը զիրենք դուրս կը բերէ գրաւեալ գիւղէն: Աբգար եւ Եուրկա այժմ կ’ապրին Հրազդան քաղաքին մէջ: Պատմուածքը կը խօսի կորուսեալ դրախտի յուշերով ապրող ծերունիի մը մասին: Յիշել կու տայ Համաստեղի «Գիւղը»: Պատմուածքի մէջ գրեթէ բացակայ է ուղղակի գործողութիւնը: Բացակայ են ազերիները` ի բաց առեալ հատուկենտ գողերէ, որոնք կը թալանեն լքուած տուները:
Ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին Խաչատրեան այսպէս արտայայտուած է (6)։ «Եթէ պատմուածքի նպատակը գիւղի պատմութեան պահպանումն է եղել` իր կոլորիտով, բառուբանով, առանձին տոհմերի պատմութեամբ, նրանց յատուկ սրախօսութիւններով, հանաքներով, բնաւորութիւններով, ապա ֆիլմի ձեւաչափն ուրիշ է, այն սիրում է գործողութիւններ, տրամաթիք իրավիճակներ, հանգուցալուծումներ:
«…Իպրահիմի նմանները քիչ չեն կեանքում, եւ նմանատիպ պատմութիւններ շատ կան: Այսպիսիները վաղուայ յոյս են տալիս, եւ ամենակարևորը` օրինակ են դառնում իր պէս մտածող, բայց վարանող ու անհամարձակ մարդկանց համար: Սա շատ կարեւոր է…»:
Ժապաւէնը շեշտը կը դնէ ոչ թէ յուշերու, այլ հայ-ազերի յարաբերութիւններու վրայ: Աւելցուած են առնուազն ութ տիպարներ: Ձեւով մը այստեղ ևս կայ փոխանակում: Աբգարի (Ալեքսանդր Խաչատրեան) հարևան – ընկեր Իպրահիմը (Հոմայուն Էրշատի – պարսիկ) կ’առաջարկէ գտնել Եուրկան (SandraDaukšaitė), եթէ Աբգար (գրաւեալ հայկական գիւղին մէջ) նոր կառուցուող մզկիթին համար քանդակէ Ղուրանէն առնուած նախադասութիւն մը (որ մահապատիժ կը սահմանէ անհաւատներուն)(7): Մեկնաբանութիւն` ազերին կարիք ունի հայու շնորհին:
Իպրահիմի աղջկան (Անն Պետեան, Միացեալ Նահանգներ) առաջին երկու զաւակները նորամանուկ կը մահանան: Իպրահիմի մայրը կը հաւատայ այն աւանդութեան, թէ կարելի է իսլամ Աստծու պատժէն խուսափիլ, եթէ նորածինը ընդունուի քրիստոնեայ կնոջ մը կողմէ եւ ստանայ անոր անունը: Եուրկա կ’ընդունի նորածինը: Այս յուսակտուր սնոտիապաշտ քայլը կը մեկնաբանուի այն իմաստով, որ «մուսուլմանը կարիք ունի խրիստիանին»: Ժապաւէնին մէջ քրիստոնէական անուն (Ռեբեկա) կը կրէ ծննդաբերող կինը: Աւանդութեան տրամաբանութեամբ ան պէտք չէ ենթակայ ըլլար իսլամներու համար սահմանուած պատիժին(8): Սնոտիապաշտութիւն կը տեսնենք նաեւ մեր կողմը: Աբգար Եուրկայի փէշէն երիզ մը կը պատռէ եւ կը կապէ փափաքներ իրականացնող ծառի ճիւղին:
Թերեւս Իպրահիմի արտակարգ գեղեցիկ և պայծառ տիպարը հակակշռելու համար աւելցուած էին երկու ազերի ժխտական տիպարներ, որոնք «խորապատկեր»-ի հանգամանք ունին: Գեղադէմ տականք Արտիսը (Սօս Ջանիբեկեան) կը փորձէ «կարեւոր մարդ» դառնալ: Տեղացի ազերիներ կ’արհամարհեն պատեհապաշտ դրսեցին: Արտիսը կը գործակցի զէնքի վաճառական, խման ռուսի մը հետ: Տականքին դրսեցի ըլլալու հանգամանքը կարեւոր է: Համագիւղացիները, որոնք աղ ու հաց կիսած են հայերու հետ, հակամէտ են աւելի դրական վերաբերմունք ունենալու: Փոքր դեր ունի ֆիզիքապէս այլանդակ Քոմանտանը, որ Ռեբեկայի ամուսինն է, կը բռնցքահարէ Աբգարը եւ կը սպառնայ բութ կացինով մասնատել: Այլանդակ կերպարանք ունէին նաև «Ընդհատուած մանկութեան» ջարդարար ազերի սպան եւ… Արամիկի անհանդուրժող հայ պապը:
Իպրահիմ կը սպաննէ Արտիսը, երբ ան կը փորձէր բռնաբարել Եուրկան: Կը սպաննուի նաեւ Քոմանտանը: Աբգար եւ Իպրահիմ կը պարտադրուին արագ հեռանալ աւանէն: Երկու ընկերները կը զոհուին հայկական սահմանի մօտ տեղի ունեցող մարտերու պատճառով:
Եուրկա կը մնայ առանձին, պատերազմի դաշտին վրայ ծնրադիր. «Ռեբեկան կեամ չի՞ քինանք ջրի», կը կրկնէ` հոգեպէս մեկուսանալով անցեալի յուշերուն մէջ…
Պատկերներու լեզուն.– Ամէնէն ակնբախ ներկայութիւնը մշուշն է: Տիրական գոյներն են աղօտ դեղնաւուն կանաչը եւ մոխրագոյնը: Վառ գոյներ գրեթէ ի սպառ բացակայ են: Ոսպնեակը եւս ունի որոշ պղտորութիւն: Պաստառը կը թելադրէ թախծոտ անորոշութիւն:
Աբգարի քրոջ որդին գերեզմանոցէն բուռ մը հող (աճիւն) կը փաթթէ ռուսերէն լրագրի մը մէջ, որուն վերնագիրն է «Սումկայիթ»: Քամերան մօտէն ցոյց կու տայ հողը` գեղեցիկ արկղի մը մէջ: Աւարտական տեսարանին մէջ Աբգար այդ արկղը կը գտնէ սահմանամերձ աւերակի մը մէջ: Աբգար կ’որոշէ այդտեղ տալ իր վերջին կռիւը:
Կրկնուող պատկերներէն մէկն էր վանդակաճաղը: Իպրահիմը կը տեսնենք վանդակաճաղի ետին: Ապա վանդակաճաղի շուքը կը տեսնենք իր տան մէջ այլուր: Շուքը տեսնենք կրկին եւ կրկին: Կը տեսնենք մանաւանդ Աբգարի աւերուած տան մէջ: Վանդակաճաղ կրնայ նշանակել պատուար կամ կաշկանդում: Ի՞նչ է այդ, որ կը կաշկանդէ ժապաւէնին հերոսները:
Կային դիւրին տեսարաններ: Աբգար կը յենի ծառի մը, որ ունի արտակարգօրէն խոշոր եւ ցցուն արմատներ: Պատուհանէն դուրս, համայնապատկերի վրայ կը տեսնենք անձրեւ եւ արեւ միատեղ: կը տեսնենք, որ Աբգար կը փշրէ ընկոյզներ: Եուրկա նստած է մանկական օրօրոցի մէջ: Եուրկա կը կրէ Աբգարի տարագիր մօր հնամաշ շալը: Եուրկա կը լոգնայ մաքրելու համար կարմիր գինին (արիւնը)(9): Մաքրուած Եուրկա պահ մը ետք կ’արտասանէ իր առաջին եւ միակ խօսքը: Անձրեւը (երկինքը) կը լուայ Աբգարին քանդակած սալը: Մեղքի թողութի՞ւն: Քամերան հայ-ազերի եղբայրական հացի սեղանը կը նկարէ վերէն, երկինքէն:
Ապա կան պատկերներ, որոնք ցոյց կու տան հասարակ յայտարարներ: Կու տամ ճանաչելի օրինակներ: Աբգար եւ Քոմանտան ունին միանման ինքնաշարժեր: Ազերիներ եւ հայեր կ’ուտեն միանման հաց…Ի դէպ, հացը առկայ էր «Ընդհատուած մանկութեան» մէջ եւս: Ալլա ընդունեց Ֆաթմայի երկարած հացը, ինչպէս Աբգար կ’ընդունի Իպրահիմի երկարած հացը: Աբգար եւ Իպրահիմ կը հագնին միանման դեղնաւուն անձրևանոցներ: Բեմադրիչի խօսքերով, անձրևանոցը կը խորհրդանշէ պատերազմը: Վերջին տեսարանին մէջ Եուրկա կը կրէ Աբգարի անձրեւանոցը:
Նոյն դասին կը պատկանի Աբգարի թառը: Թառը պարսկական ծագումով նուագարան մըն է, որ կը գործածուի ամբողջ շրջանին մէջ: Բայց այստեղ կայ նրբութիւն մը: 2012 թուականին ազրպէյճանական թառը ճանչցուած է որպէս «Համամարդկային անշօշափելի մշակոյթի ժառանգութիւն» (Intangible Cultural Heritage of Humanity): Թառը կը տեսնուի ազրպէյճանական մետաղեայ դրամին վրայ …
Մանրամասնութիւն.- Աւետիսեան, ըստ երևոյթին, մեծ կարեւորութիւն չի տար մանրամասնութիւններու:
Թառը, գործիք մըն է, որուն «փարտէ»-ները (fret) կարելի է տեղաւորել ըստ երաժշտութեան «մախամ»-ին (արաբերէն «մաքամ», բանալի): Մեր տեսած թառի փարտաները անհամաչափ էին: Կը թուի, թէ դասաւորուած էին նուագելու համար արեւելեան երաժշտութիւն:
Արհեստական անձրևը իրականացուած էր ցած մակարդակի արհեստարագիտութեամբ:
Սալիկը քանդակուած էր ոչ թէ գրիչով, այլ նոր արհեստագիտութեամբ: Հաւանաբար` աւազի ռմբակոծումով:
«Ընդհատուած մանկութեան» մէջ ակնբախ էր, որ սպաննուող հարսի գրկած խանձարուրին մէջ չկար նորածին:
Կարելի է տալ այլ օրինակներ: Ճիշդ է, որ նման մանրամասնութիւններ պէտք չէ լրջօրէն նկատի առնուին ժապաւէնը արժեւորելու տեսանկիւնէն: Բայց եւ այնպէս անոնք կրնան ժխտական տպաւորութիւն ձգել հանդիսատեսին վրայ: Կրնան զաւեշտականացնել կացութիւնը: Հարկ է, որ Աւետիսեան աւելի ուշադիր ըլլայ ապագային:
Հարկ է նաեւ, որ Աւետիսեան խուսափի չափազանց յուզական պատկերներէ: Այդ եւս կրնայ ժխտական հակազդեցութիւն յառաջացնել:
Խաղարկութիւն եւ երաժշտութիւն.- Գլխաւոր դերերու համար ընտրուած էին յոյժ ներկայանալի գեղադէմ դերասաններ, որոնք գաւառական արտաքին չունին: Ի դէպ, Ալեքսանդր Խաչատրեանի աչքերը խաժ են, քիթը` ոչ հայկական: Զինք կարելի է դիւրաւ համարել լիթուանացի Եուրկայի բնախօսական հայրը: Խաչատրեան Սունդուկեանի անուան թատրոնի վաստակաւոր դերասան է: Ափսո՜ս, որ մենք զինք կը ճանչնանք որպէս տաղտկալի ֆիլմաշարերու մաֆիոզական հերոս: Պարզ է, որ աշխատած էր իր դերին վրայ: Չէր փորձած խօսիլ ղարաբաղեան բարբառով, հաւանաբար որովհետեւ այդ իրագործելի չէր: Խաղարկութիւնը տպաւորիչ էր` ի բաց առեալ խնդրայարոյց թառի տեսարանները: Երաժիշտներ ահաւոր գուրգուրանքով կը վերաբերին նուագարաններու հետ: Թերեւս ծանօթ էր գործիքի անձնագիրին…Շա՛տ բարի:
Սօս Ջանիբեկեան եւս փորձած էր լրջօրէն աշխատիլ իր դերին վրայ(10): Արդիւնքը, սակայն, համոզիչ չէր: Իրեն համար ակնյայտօրէն անծանօթ բառերը կ’արտասանէր ծամածռութիւններով` «Պու օղլան…» եւ այլն: Թերեւս պէտք չէ մեղադրել դերասանը, որովհետեւ կերպարը ինքնին համոզիչ չէր: Պարզ չէ, թէ ո՛վ էր Արտիս: Ջանիբեկեան ձեւով մը ունէր «անկարելի յանձնառութիւն»: Ջանիբեկեան անհամեմատ աւելի համոզիչ էր «Թևանիկ»-ին մէջ:
Բեմադրիչի խօսքերով, Թանքեանի «կինոերաժշտութիւնը ֆիլմի հագով էր նստեցրած»: Այլ խօսքով, պարզապէս` խորապատկերային տարր: Կը յիշեցնէր հոլիվուտեան այն ժապաւէնները, որոնք ամէն տարի կը ցուցադրուին Զատկուան առթիւ: Անձնապէս բոլորովին այլ բան կ’ակնկալէի երաժշտութենէն, որ յօրինուած է զայրացած ռոք գերաստղի մը կողմէ եւ կատարուած` ոչ նուազ քան Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք(11) նուագախումբի եւ «Հովեր» սենեկային երգչախումբին կողմէ:
Թանքեան, ինչպէս նաեւ օտար դերասաններ ներածուած էին իրենց ենթադրեալ վաճառանշային (հայաստանեան բարբառով` «պրենտային») արժէքին համար, հազիւ թէ արդարացուցին իրենց ներկայութիւնը:
Հուսկ Բանք.- Ժապաւէնը ունի աւելի քան մէկ առաջադրանք: Պարզ է, որ քարոզչական գետնի վրայ կը միտի ղարաբաղեան հարցը ծանօթացնել միջազգային, իմա` արևմտեան հասարակութեան: Բարի՛: Այստեղ կարելի է նշել, որ ժապաւէնը չունի հայերէն ենթագիրերով տարբերակ: Ոչ բարի:
Հարցերը, արդարացի թէ ոչ, կը ծագին անոր մօտեցման եղանակէն: Վարագոյրը կը բացուի աւետարանական մէջբերումով (Մատթէոս 7:12): Ապա հանդիսատեսը կը տեղեկացուի, թէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին նուիրուած է Ստալինի կողմէ: Ստալինի դաջուածքը կը տեսնենք տականք Արտիսի ուսին վրայ, եւ ոչ` միայն: Կ’իմանանք, որ Աբգար Սիպերիա աքսորուած է, հակառակ անոր որ խոյս տուած էր նացիական կեդրոնացման ճամբարէն: Այդ եւս խարան մըն է խորհրդային կարգերուն(12): Կրօնական – հակախորհրդային գունաւորումը ժապաւէնը ի սկզբանէ կը տեղաւորէ քաղաքական ճամբարի մը մէջ, որ առհասարակ ախորժելի չէ եւրոպական մտաւորականութեան համար: Այդ աւելի գրաւիչ էր ամերիկեան հանդիսատեսին համար… Պաղ պատերազմի թէժ օրերուն:
«Թեւանիկ»-ի հայ հրամանատարը սպաննուած էր առերեւոյթ ռուս վարձկան արձակազէնի մը կողմէ: Այստեղ ռուս (ուրեմն խման) տականք մը բարձր որակի արդիական զէնքեր կը վաճառէ: Զէնքեր, որոնք հայեր կը սպաննեն: Մինչ հայեր (Աւետիսեանի այլ ժապաւէններու մէջ եւս) կը պայքարին որսորդական հրացաններով: Այս պատկերները, թէկուզ հիմնաւորուած, նոյնպէս քաղաքական դիրքորոշման ցուցանիշներ են: Ատիկա ի հարկ է քարոզչական առումով նպաստաւոր չէ: Աւետիսեան լաւ բեմադրիչ է, բայց` գէշ վաճառական:
Երկրորդ առաջադրանքը անհատական է: Աւետիսեան մղում ունի ճանչցուելու որպէս միջազգային մակարդակի բեմադրիչ: Ասիկա ի հարկէ իր իրաւունքն է: Կ’իմանանք, որ մանուկ հասակին կ’երազէր դառնալ ծովակալ: Մեծ ակնկալութեամբ ժապաւէնը ներկայացաւ թէ՛ «Ոսկէ ծիրան» եւ Քաննի փառատօներուն:
Վերջապէս առկայ է ամէնէն ցաւոտ, ամէնէն հիմնական նպատակը: Պատերազմը արհաւիրք է: Հարկ չկայ այդ բներգը լուսաբանող ժապաւէններ պատրաստելու: Արհաւիրքի մէջ պահել մարդկայինը` հազուագիւտ առաքինութիւն է: Այս բներգին շուրջ եւս հարկ չկայ ժապաւէններ պատրաստելու: Ո՞ւր է ուրեմն հարցը: Հարցը այն է, որ առաքինութիւնը եւ մարդկայինը ցոյց կը տրուին ազրպէյճանցի՛ տիպարներու մէջ: Բոլոր ազրպէյճանցիք, ինչպէս եւ բոլոր թուրքերը ճիւաղներ չեն: Եղեռնի ընթացքին կարգ մը թուրքերու մարդասէր արարքները տակաւ ի յայտ կու գան: Կոյր ատելութիւնը առաքինութիւն չէ:
Արցախի մէջ կարելի էր հանդիպիլ հայ-ազերի համատեղ կեանքի եւ անկեղծ բարեկամութեան: Ասիկա իրականութիւն է, բայց ոչ ոք կը համարձակի այդ մասին խօսիլ: Աւետիսեան ունի այդ քաջութիւնը: Ունի նաեւ բաւարար ողջմտութիւն` չափաւորելու իր ասքը:
Աննպաստ է նաեւ ժամանակը: Նկարահանումները կը կատարուէին, երբ վրայ հասաւ քառօրեայ պատերազմը: Սահմանի վրայ առօրեայ դրութեամբ զոհեր կու տանք: Զգացումները բռնկած են: Խաղաղութեան մասին խօսիլը կրնայ մեկնաբանուիլ պարտուողականութեամբ:
Երեք ժապաւէններու մէջ կան տեսարաններ, ուր հայեր որսի հրացաններով եւ կամ շատ համեստ միջոցներով մինչեւ վերջին փամփուշտը կը դիմադրեն: Բայց մինչեւ ե՞րբ …
Աւետիսեան խիզախ եւ շնորհալի բեմադրիչ է: Իր ժապաւէնները, յատկապէս «Վերջին բնակիչը» օրակարգի վրայ կը դնեն գոյութենական հարցեր: Ասքը ընկալուի այնպէս, ինչպէս հարկ է:
———————–
1.- Արմէն Օհանեան, «Դժոխքում բացուած երկու դրախտի ծաղիկ», կինոաշխարհ, 15 օգ. 2013
2.- Կարինէ Խոդիկեան հիմնած է «Դրամատուրգիա» հանդէսը, վարած է «Գրական թերթ»-ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը եւ նշանակուած մշակոյթի նախարարի տեղակալ:
3.- Ժապաւէնը հասանելի է Youtube-ի վրայ v=OY-DJZ0EBnE
4.- «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը Բ.», «Ազդակ», 23 հոկտ. 2014:
5.- «Ոսկէ ծիրան-11. հայկական համայնապատկեր, «Թեւանիկը», «Ազդակ», 5 օգ. 2014:
6.- Հայաստանի հանրային ռատիոյի «Վերնատուն» հաղորդաշար, 24 հոկ. 2016:
7.- Հատուածը բացայայտօրէն չի յիշուիր: Իսլամութիւնը մահապատիժ կը սահմանէ հեթանոսներուն, հաւատքը ուրացողներուն եւ այն միաստուածականներուն, որոնք կը մերժեն ենթարկուիլ եւ դառնալ «ահլուլ զիմմէ»:
8.- Աբգար եւ Իբրահիմ Ս. Գրային անուններ են: Իպրահիմ (էպ րահիմ – գթասէր հայր) միաստուածութեան խորհրդանիշ է:
9.- Ընթերցողը կը յիշէ, որ լոգանքի (արիւնը լուալու) տեսարան կար նաեւ Թեւանիկի մէջ:
10.- Տես անոր տեսակցութիւնները.- CIVILNET 5 դեկտ 2015, «Մարդկային գործօն» 22 դեկտ. 2015:
11.- «Phil-Harmonic»-ի տառացի թարգմանութիւնը պիտի ըլլար «Ներդաշնակ-ա-սիրական»
12.- Գերմանիա հայ եւ այլ պատերազմական գերիները կը զինուորագրէր օժանդակ ջոկատներ կազմելու համար: