Անգարա-Ամսթրտամ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը յանկարծակիութեան գործօնի հետ կապ չունի: Դիպաշարին հետեւողը տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս Եւրոպական յանձնաժողովի հոլանտացի փոխնախագահը Թուրքիոյ մասին ներկայացուց խիստ զեկուցում, որուն հիման վրայ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացը ժամանակաւորապէս առկախեց: Քաղաքական այս տրամաբանութեան պարունակին մէջ պարզ դարձան Հոլանտայի վարչապետին քննադատութիւնները` տեղւոյն թուրք համայնքին ուղղուած: Տակաւի՛ն, Լայտըն համալսարանի թրքագէտին Էրտողանը բռնապետ նկատելն ու ստացած պատուոյ մետալը ետ դարձնելը, Պոլսոյ մէջ Հոլանտայի հիւպատոսարանին ժամանակաւոր փակումը, կամ հոլանտացի նշանաւոր լրագրողներու կողմէ Թուրքիոյ մէջ պատահածները իբրեւ ժողովրդավարութեան սպանութիւն որակելը: Կամ թէ ինչպէս հոլանտական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ կը վճռէին, որ Թուրքիան չի կրնար տեղ ունենալ Եւրոպական Միութեան մէջ: Հիմա ալ ընտանեկան հարցերու թուրք նախարարին արտաքսումը եւ արտաքին գործոց նախարարին օդանաւին Հոլանտա վայրէջք կատարելու արգիլումը:
Պատճառները այս վերջին դէպքերուն` արտաքսում եւ վայրէջքի արգելակում, երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան:
Խնդիրը, հակառակ յայտարարուած զգուշացումին ու արգելքին, Էրտողանի համարձակութիւնն է նման քայլերու դիմելու, նման ոտնձգութիւններ կատարելու: Անգարան, յենած Մոսկուային, սուրիական պատերազմին մէջ ռազմական միջամտութիւններ կը կատարէ, հակառակ Ռուսիոյ կողմէ հովանաւորուած Դամասկոսի խիստ ամբաստանող յայտարարութիւններուն, միջազգային ընտանիքին ուղղուած պահանջին` հեռացնելու թրքական զօրքերը սուրիական տարածքներէ:
Գրեթէ բացառուած է, որ Անգարան հակաեւրոպական այս քայլերուն կը դիմէ առանց համաձայնեցնելու աշխարհաքաղաքական այլ ուժի հետ: Թուրքիան դեր ունի Եւրոպայի մէջ մարդասիրական, ապահովական եւ տնտեսական ճգնաժամեր ստեղծելու: Թուրքիան դեր ունի Եւրոպան անկայունացնելու աշխարհաքաղաքական ծրագիրի իրականացման:
Իսլամ-Եւրոպա բեւեռացած կացութիւն ստեղծելու, Եւրոպայի մէջ իսլամական գործօնը անկայունութեան լծակի վերածելու յստակ քաղաքականութեան դրսեւորումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս վերջին օրերուն: Թուրքիան դեր ունէր միջինարեւելեան տարածաշրջանը արաբական գարնան հովերով ծածկելու. դեր ունի իր սահմաններէն անարգել սուրիական եւ իրաքեան տարածքներ անցած ահաբեկիչները գաղթականներուն առընթեր Եւրոպա թափանցելու: Գաղթականական հսկայական ալիքներ ստեղծելով Եւրոպայի տարածքին մարդասիրական եւ ֆինանսական ճգնաժամ ստեղծելու: Իսկ հիմա ալ Եւրոպայի մէջ ոչ միայն թուրք, այլեւ իսլամ զանգուածները հակաարեւմտեան լուրջ գործօնի վերածելու եւ ցամաքամասը անկայունացնելու:
(Ան)վերահսկելի քաոսներ յառաջացնելու վարքագիծով օժտուած նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման մէջ Անգարան դեր ունի կատարելիք: Բայց այդ դերին առարկայացման համար բեւեռացումը անհրաժեշտ է պարարտ ենթահող ստեղծելու համար. Արեւմուտքին դէմ ամէնէն գրգռիչ յայտարարութիւնները կատարելով` ցեղապաշտական որակումներ շպրտելով եւ իսլամ զանգուածներուն զգայնութիւնը սրելու համար Արեւմուտքը իսլամաֆոպիայի մեղադրանքով բնութագրելով, Անգարան ներեւրոպական բեւեռացում կը նպատակադրէ: Ուրիշ ոչինչով կը բացատրուի Էրտողանի յայտարարութեան այս բաժինը. «Արեւմուտքը անցնող քանի մը օրուան ընթացքին իր իսկական դէմքը յստակօրէն ցոյց տուաւ: Այն ինչ որ տեսանք… իսլամաֆոպիայի յստակ երեւոյթ է: Ըսած եմ, որ կը կարծէի, թէ նացիականութիւնը վերջ գտած է, սակայն ատիկա սխալ է: Նացիականութիւնը կենդանի է Արեւմուտքին մէջ»:
Օրակարգը աշխարհաքաղաքական տարողութիւն ունի եւ գործընթացներէ անկախ մեզմէ ձեւաւորում կը ստանայ: Քաղաքական արուեստը իրադարձութիւններու ճիշդ ընթերցումն ու ընկալումն է, բայց մանաւանդ ընտրովի թայմինկին արդիւնաւէտ քայլ առնելը:
Հայկական գործօնը կրնայ համաեւրոպական եւ հայկական շահերու համընկնումներ նկատել եւ Թուրքիոյ դէմ կիրարկելի եւրոպական խաղաքարտներու վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնել: Եւ այս պարագային խաղաքարտերը միայն Ցեղասպանութեան, անոր ժխտումին քրէականացումին չեն վերաբերիր: Պահն է Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնն ու միջազգային համաձայնութիւնները խախտելու բազմակի դէպքերը դատապարտող եւրոպական կառոյցներու պաշտօնական յայտարարութիւններ հնչեցնելու:
«Ա.»