ՊԵՏՐՈՍ ՅՈՎՍԷՓ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
2017-ի մայիսին կը լրանայ Կոմիտասի տաղանդաշատ սան, ստեղծագործ, հմուտ խմբավար, մանկավարժ Բարսեղ Կանաչեանի մահուան 50-րդ տարելիցը:
1967-ին, Կանաչեանի մահէն ետք, լռեց Պէյրութի մէջ ծնունդ առած հռչակաւոր «ԳՈՒՍԱՆ» երգչախումբը, որ մօտ 35 տարի ղեկավարած էր վարպետը եւ հանրութեան ներկայացուցած` Կոմիտասի, իր, նաեւ այլ հայկական ոճով յղացուած խմբերգային երկերէ ստուար թիւ մը:
Այժմէն ըսենք, որ Կանաչեանի մնայուն գործը եղող մեներգներն ու խմբերգները գրեթէ չեն լսուիր Հայաստանի բեմերէն: Կանաչեանին, զոհ` ամօթալի նախապաշարումի մը, նոյնիսկ խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, եւ մինչեւ մեր օրերը, կը զլացուի իր անուան յիշատակումն իսկ` իբրեւ Կոմիտասի ամէնէն կարկառուն աշակերտի, վարդապետին իրա՛ւ յաջորդին, որպէս հա՛յօրէն յօրինողին: Քիչեր գիտեն, որ ան Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգին, թէեւ` իտալական ոճով, երաժշտութեան յօրինող-դաշնաւորող երաժիշտն է: Երգչուհիները Կանաչեանի յօրինումներէն ծանօթ են միայն հռչակաւոր «Օրօր»-ին, կը սիրեն ու կ՛երգեն զայն, իսկ երբեմն ալ կը զլանան տալ հեղինակին անունը: Հայաստանի երգչուհիներէն քանի՞ին ծանօթ է սփիւռքահայ մեծ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի անունը. էականը իրենց ձայնը չէ՞. որո՜ւ հոգն է սփիւռքահայ հեղինակի մը անունը… Վերջապէս, մենք չենք յիշեր, 2010-ին, երեւանեան մամուլին մէջ որեւէ յիշատակում Կանաչեանի ծննդեան 125-րդ տարեդարձին առիթով: Պիտի յիշուի՞արդեօք իր անունը այս տարի, 2017-ի մայիսին, ինչպէս նշեցինք, Կանաչեանի մահուան 50-րդ տարելիցին առիթով. կը կասկածինք: (Թերեւս Երեւանի հեռուստացոյցի Հ1 կայանի «Երգ երգոց»-ի յայտագիրէն Կանաչեան կամաց-կամաց իր տեղը գտնէ խմբավար Տիգրան Հեքեքեանի մխթումով կամ յուշարարութեամբ):
Համազգայինի երաժշտական միաւորը (Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափ) 2000-ին լոյս ընծայեց Բարսեղ Կանաչեանի ցարդ հրատարակուած գործերը ամփոփող երեք խտասալիկներ` 75 էջնոց ներդիր տետրակով, պատկերազարդ եւ երկլեզու, մէկ կապոցի տակ: Հոն լսելի են վարպետին 1922-էն մինչեւ իր մահը հեղինակած բոլոր գործերը. 23 ա քափելա (զուտ ձայնային) խմբերգները, 7 մեներգները եւ 19 մանկապատանեկան երգերը (այս վերջին երկուքը` դաշնակի ընկերակցութեամբ): Այս կոթողական գործը վստահուած էր Հայաստանի պետական ռատիոյի եւ հեռատեսիլի սենեկային երգչախումբին եւ մեներգողներուն` ղեկավարութեամբ փրոֆ. Տիգրան Հեքեքեանի, հանդերձ այս վերջինիս ստեղծած «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկապատանեկան երգչախումբին, որ կը կատարէր Կանաչեանի 19 մանկապատանեկան երգերը` անփոփոխ պահելով անոնց սկզբնական բնագրերը:
Ի դէպ, այս հրատարակութիւնը Կանաչեանին յետմահու նուիրուած վերջին իրագործումը կարելի է նկատել: Ռոտոսթօ ծնած Կանաչեան բնաւ Հայաստան չէ եղած: Սկիզբը, նախքան Կ. Պոլիս գալը, ան եղած է շրջուն երաժիշտ: Ապրած է փոխն ի փոխ` Պուլկարիա, Ռումանիա, ուր ջութակի դասերու հետեւած է: Կ՛ըսուի, որ անոր առաջին գործերը եղած են փոքր կտորներ, ոչ` հայկական ոճով, ֆանֆարի համար, որոնցմէ ոչ մէկ հետք մնացած է ցարդ: 1910-ին, համերգի մը առիթով, կը ծանօթանայ Կոմիտասին, որ արդէն Պոլիս կը գտնուէր: Մաս կը կազմէ անոր «Գուսան» պատկառելի երգչախումբին: Այս պէտք է նկատել, Կանաչեանի համար, անկիւնադարձային հանգրուան, ուր Բարսեղ կը ծանօթանայ Կոմիտասի գիւտարած հայակորիզ բազմերգա-եղանակային ոճին:
1919-20-ին Կ. Պոլիս լոյս տեսած «Հայ գուսան»-ի երեք հատորներուն մէջ Կանաչեանէն կը գտնենք 11 կտորներ, ուր տակաւին փորձ չկայ Կոմիտասէն իր սորվածը կիրարկելու: Առիթն ալ չէ: Ան կը բաւարարուի դաշնաւորելով ժողովրդականացած ազգային-հայրենասիրական բնոյթի ծանօթ երգերէն մի քանին: Հոն կը տեսնենք նաեւ յօրինումի իր առաջին անհատական փորձերը: Ի դէպ, Կոմիտասին աշակերտելէ ետք, բարեբախտ յեղաշրջում տեղի պիտի ունենայ Կանաչեանի մէջ, բայց` աւելի ուշ: Ան կը սիրահարի հայ տոհմիկ երգին այնպէս, ինչպէս Կոմիտաս վերաշնչաւորած էր զայն իր խմբերգներուն ընդմէջէն: Երեք տարի ան կը մտերմանայ հայկական մոթիֆներու խմբերգային բազմաձայնութեան արուեստին հետ Կոմիտասի կենարար շունչին ներքեւ: Կանաչեան, ուրեմն, նախ պարզ բազմաձայնութեան կ՛ենթարկէ վերոյիշեալ ծանօթ ազգային երգերը: Ըստ Կանաչեանի դստեր` ծերունազարդ տիկին Սեդա Թիւյսիւզեան-Կանաչեանի անվերապահ պնդում-հաստատումներուն, շարք մը մեղեդիներու ոչ միայն դաշնաւորումը, այլ` երգը ամբողջութեամբ, մեղեդի ու դաշնաւորում` կը պատկանին իր հօր` Բարսեղ Կանաչեանին, եւ որոնց դաշնաւորումը չի նշանակեր երգին վրայ լոկ դաշնակի ընկերակցութեան մը յաւելումը, այլ` երգային բարելաւում եւ ամբողջականացում, այսինքն` նոյնահնչակերտ-բազմաձայնութիւն (homophony), միացեալ 4 ձայներով կատարուած միալար [ուղղահայեաց] բազմերգագրութիւն:
Այսպիսի դաշնաւորումներէն են, ի մասնաւորի, Սմբատ Շահազիզի «Երազ»-ը եւ Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Մայր Արաքսի ափերով»-ը: Ի դէպ, Պոլսոյ «Հայ գուսան» երեք երգարաններու հրատարակիչները հոն լոյս տեսած երգերու հեղինակներուն ինքնութիւնը վերականգնելու ճիգ չեն թափած: Ժողովրդականութիւն շահած մեղեդի-երգերուն ճակատագիրն է կարծես անոնց հեղինակներուն հետզհետէ մոռցուիլը: Ի մասնաւորի` մեր մէջ: Օրինակները շատ են. նոյնիսկ կոմիտասագէտ Ռոպերթ Աթայեանը չէ իսկ փորձած փնտռտուքներով գտնել իր` «Կոմիտաս, երկերի ժողովածու»-ի 4-րդ հատորին մէջ (1976) ամփոփած միայնակ մեղեդի-երգերուն հեղինակներուն անունները, ինչպէս որ Աթայեան կը նշէ իր խմբագրականին մէջ. «Ներկայ հրատարակութիւնը դրանց հեղինակները ճշգրտելու հարց չի դրել (…): Այդ երգերն այստեղ ներկայանում են այնպէս, ինչպէս Կոմիտասը մշակել է» (Տես Ռ. Ա. «Խմբագիրի կողմից», էջ 7): Հարց է սակայն, որ եթէ անոնց մեծ մասին հեղինակային ինքնութիւնը անծանօթ էր, առ նուազն կարելի էր նշել աներկբայօրէն ստոյգներէն գէթ քանի մը անուն, օրինակ` «Բամ փորոտան»-ի (էջ 143, թիւ 49) մեղեդիին հեղինակը, թէեւ` ոչ հայ, բայց ծանօթ` Փիեթրօ Պիանչինին, որ եղած էր Վենետիկի Մխիթարեաններու երգի ուսուցիչը, ու նաեւ` «Երազ»-ի եւ «Արաքսի արտասուքը» երգերու հեղինակ Կանաչեանը:
Ուրիշ երգարանի մը մէջ («Սիրուած երգեր», 1970, Երեւան) կ՛ըսուի, որ «Արաքսի արտասուքը» (Մայր Արաքսի ափերով) ծանօթ երգին յօրինողն է երգիչ Պետրոս Աֆրիկեանը… Իրապէ՞ս, ո՞վ է այս մեզի շատ անծանօթ երաժիշտը: Պիտի չուզէի սիրելի Սեդային հետ… գօտեմարտի բռնուիլ այս լպրծուն հարցով:
Անկասկած որ Կոմիտասի կատարած մեր ազգային երգերու դաշնաւորումները շատ տարբեր են Կանաչեանի նոյն երգերուն կատարածներէն: Բայց` համբերանք. տակաւին Կանաչեան չէ սկսած իր «Դալիլօ»-ներուն եւ «Վարդերի հետ»-երուն, հայ բնաշխարհին հարազատ երգերուն նորօրինակ բեղմնաւորումը եղող կանաչեանական բաբախուն ստեղծագործութիւնները:
(Շար. 1)
*Պետրոս Ալահայտոյեանի վերլուծական ներածականը երգահան, խմբավար, ուսուցիչ Բարսեղ Կանաչեանի ամբողջական գործերուն գիտական հրատարակութեան առիթով – 2017 (մահուան 50-ամեակ)։