Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Միտքեր` Կարօ Սասունիէն

$
0
0

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մեծ երախտաւորներէն գրող, մտաւորական եւ հրապարակախօս Կարօ Սասունիի մահուան 40-ամեակին առիթով ստորեւ կու տանք անոր միտքերէն քանի մը հատը:

«Երկաթէ Մարդ, Քարէ Հոգի…»

Թերեւս ոմանց համար անիմաստ, ոմանց համար նոյնիսկ ծիծաղելի, բայց միջազգային ամբողջ պատմութիւնը եթէ աչքէ անցընէք, պիտի չգտնէք ազգ մը, որ իր ազատագրական արիւնոտ պատմութեան ընթացքին երկաթէ մարդ եւ քարէ հոգի դառնար:

Հայը երկաթի եւ քարի պէս ամուր եղաւ:

Այս գերագոյն խորհուրդին ծնունդն է ներկայ Հայաստանը, տառապած հայու Հայաստանը:

Ո՛վ որ կ՛ուզէ ստուգել այս ճշմարտութիւնը, թող առանձին խօսի Հայաստանի քարերուն եւ բարձրաբերձ ժայռերուն հետ:

Երիտասարդ Է Դաշնակցութիւնը

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ Է ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ եւ երիտասարդ ալ պիտի մնայ հայ վերածնունդի ճանապարհներուն վրայ, մինչեւ հասնի

փառաց պսակին:

… Այսօր, աւելի քան երբեք, Հայաստանի վերածնունդի դրօշակիրը դաշնակցական գիտակից երիտասարդութիւնն է:

Հայաստանի ներկայ կառոյցին վրայ` իր վերածնունդի վերելքը կը շարունակուի, ապագայի մեծ յոյսերով: Հետեւաբար` երիտասարդութիւնը անձնազոհ ու գործօն պահակը եւ դրօշակիրը պէտք է հանդիսանայ հայ ազատագրական մեծ շարժումին:

 

… Այս օրուան հայ ժողովուրդի գոյութիւնը, նեղ հայրենիքի մը իրողութիւնը, հայրենիքէն դուրս սփռուած հայութեան հաւաքական կամ մասնակի ճիգերը հայութեան տեւականութեան համար` խարսխուած են հայ ազատագրական շարժման վրայ: Մեր գոյութեան, մեր ազգային շէնքի հիմերը ամրացուած են ազատամարտիկներու արեան շաղախներով:

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
«ԴՐՕՇԱԿ-Ազդակ Շաբաթօրեակ»,
«Հայ Ազատագրական Շարժման Ըմբռնումը»,
Ա. Տարի, Թիւ 4, դեկտ. 14 1969, էջ 51

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>