Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Սուրիոյ Միջազգային Տագնապը Եւ Սուրիահայութեան Հերոսական Պայքարը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՏԱՆԱԼԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ Սուրիան խաղաղութեան, կայունութեան ու ներքին անդորրութեան օրինակ կը ծառայէր Միջին Արեւելքի երկիրներուն, Սուրիոյ բարեկամ երկիրները կը հաստատէին այս իրականութիւնը, իսկ Սուրիոյ հետ հակադրութիւններու մէջ գտնուող երկիրները չէին ժխտեր:

Աւելի քան հինգ տարիներ առաջ «Արաբական գարուն» կոչուած շարժումը թակեց Սուրիոյ դռները, ալեկոծեց այս երկրի ներքին ապահով կեանքը, խախտեց ժողովուրդին անդորրը:

Պէտք է ընդգծել համաշխարհային հանրային կարծիքին ներկայացուող, որպէս ժողովրդավարութեան, արդարութեան ու խօսքի ազատութեան ձգտող շարժումը` «Արաբական գարունը» իսկութեան մէջ երբեք արաբ զանգուածի ինքնաբուխ, տարերային, ժողովրդային ապստամբութիւնը չէ, այլ` արաբական աշխարհի կարգ մը երկիրներու վարչակարգերը փոխելու, տապալելու միջոց, արտաքին ուժերու միջամտութեամբ, որոնք հմտօրէն օգտագործեցին արաբ զանգուածներու անվստահութիւնը իրենց սեփական իշխանութիւններուն նկատմամբ:

Այլապէս ժողովրդային ապստամբութեան աւելի խորին պատճառներ գոյութիւն ունին Արաբական Ծոցի մենատիրական երկիրներու մէջ, քան` Թունուզի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: Ծոցի երկիրները մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութիւններու առումով կը գտնուին ամենաստորին աստիճանի վրայ. անոնք աւելի շատ ենթահողը ունին ժողովրդային ապստամբութեան:

Սուրիոյ մէջ ծայր առած դէպքերն ու անոնց զարգացումները մեր առջեւ կը պարզեն խճճուած, բազմաշերտ ու բազմահանգոյց հակամարտութեան մը գորշ պատկերը:

Առաջին շերտը` խօսքի, քաղաքական գործունէութեան, ազատութեան աւելի լայն իրաւունքներու պահանջն է, որ կը հետապնդէ սուրիացի քաղաքացին. այս արդար պահանջին ետին թաքնուեցան մարդասիրական շղարշով ծածկուած ուժեր, որոնք շատ հեռու կը գտնուին մարդկային իրաւունքներէ, խօսքի ազատութեան ըմբռնումներէ եւ համամարդկային այլ արժէքներէ, ինչպիսիք են` Թուրքիան, Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան:

Թուրքիան իսլամական իր վարչակարգով, Ծոցի երկիրներու հետ ձեռք-ձեռքի տուած, ամէն նենգ միջոցի կը դիմէ արաբական աշխարհին մէջ իշխանութենէ հեռացնելու համար աշխարհիկ եւ ազգայնական գաղափարախօսութիւնը դաւանող ուժեր եւ զանոնք փոխարինելու համար «Արդարութիւն, ազատութիւն», Արդարութիւն, բարգաւաճում» անուններուն տակ ծուարած իսլամական կրօնամոլ ուժերով: Եթէ եգիպտացի ժողովուրդը, համաժողովրդային յեղափոխութեամբ, «Իսլամ եղբայրներ»-ը Եգիպտոսի իշխանութենէն չհեռացնէր, ապա անկասկած որ գալիք տասնեակ տարիներու վրայ երկարող ժամանակաշրջան մը արաբական աշխարհի մեծ մասը թրքական եւ «Իսլամ եղբայրներ»-ու քաղաքական ազդեցութեան տակ պիտի մնար:

Ոչ միայն եգիպտացի ժողովուրդը փրկուեցաւ իսլամիստ ուժերու տիրապետութենէն, այլեւ այդ յեղափոխութիւնը իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցաւ Սուրիոյ քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ: Աւելի՛ն. փրկեց Յորդանանը «Իսլամ եղբայրներ»-ու տիրապետութենէն ու անկասկած իր դրոշմը դրաւ Թունուզի քաղաքական վերիվայրումներուն վրայ:

Սուրիոյ քաղաքական դէպքերուն կարեւորագոյն օղակն է Իրան, Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան հսկայական տարածաշրջանը, ռազմաքաղաքական ու տնտեսական համագործակցութիւնը, տարածքային ռազմական նշանակութիւնը, քարիւղի ու կազի հարուստ պաշարները դէպի Եւրոպա ու Ասիա տանող ճանապարհը:

Սուրիոյ քաղաքական դէպքերուն ամենակարեւոր հանգոյցը Արեւմուտք-Ռուսիա մրցակցութիւնն է, որ ակնյայտօրէն Սուրիոյ իրադարձութիւններու զարգացումով նոր քաղաքական հարթակ տեղափոխուեցաւ, Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը, քարիւղի ու կազի հսկայական պաշարները պատեհ առիթը ստեղծեցին, որ Ռուսիա ինքնավստահ ու բարձրաձայն յայտարարէ միջազգային քաղաքական բեմ իր վերադարձին մասին, ոչ որպէս շարքային դերակատար, ինչպիսին էր դերը Իրաք եւ Լիպիա ներխուժումներուն ընթացքին, այլ` որպէս հաւասարակշռող գերուժ, մանաւանդ անիկա իր կողքը ունի ՊՐԻՔՍ-ի երկիրները, երկրագունդի տնտեսական ու ռազմական հսկաները:

Ռուսիա խստագոյն անհանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ արեւմտեան կարգ մը երկիրներու ոտնձգութիւններուն եւ հաստատակամօրէն վճռած է ՄԱԿ-ի օրէնքները եւ միջազգային ապահովութիւնը վերահաստատելով` վերջ տալ միաբեւեռ համակարգին:

Պէտք է յիշել, որ տարիներ առաջ նորվեկիական քարիւղ ու կազ փնտռող-որոնող ընկերութիւն մը հետազօտութիւն կատարեց Սուրիոյ Միջերկրականի ծովափնեայ շրջանին մէջ` 5000 քմ շերտաւոր նկարներով: Այդ հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուին, որ Սուրիոյ Միջերկրականի ափը կը պարունակէ քարիւղի բազմաթիւ հորեր եւ կազի հսկայական պաշարներ: Քարիւղի այդ հորերէն միայն երեքին պաշարները Քուէյթի պաշարներէն աւելի են:

Հարց տանք` արդեօք արտօնելի՞ է Սուրիոյ նման երկիր մը քարիւղի ու կազային այսքան հարստութիւն ունենայ ու վայելէ Ռուսիոյ ու Իրաքի բարեկամութիւնը:

Սուրիան Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ պահանջը մերժեց, երբ չհամաձայնեցաւ այդ երկիրներուն քարիւղն ու կազը Իրաքէն դէպի Սուրիա եւ ապա Միջերկրականով փոխադրել դէպի Եւրոպա` որպէս ռուսական կազի այլընտրանք, Սուրիոյ համաձայնութեան պարագային Ռուսիան ե՛ւ տնտեսապէս ե՛ւ քաղաքականապէս դժուար կացութեան պիտի մատնուէր:

Ընդհակառակը, Սուրիա Ռուսիոյ հետ պայմանագիր կնքեց աուրիական քարիւղի ու կազի համատեղ շահարկման:

Պատահական չէ, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ ընդգրկուած են` Թուրքիան, Ծոցի երկիրներն ու Եւրոպան, յատկապէս` Ֆրանսան ու Անգլիան:

Որոշ քաղաքագէտներ Սուրիոյ իրադարձութիւնը կ՛անուանեն «Միջազգային խողովակներու պատերազմ»:

Սուրիոյ այս բազմաշերտ թնճուկէն հեռու չի կրնար մնալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանի առնչութիւնը բազմաթիւ է. առաջին հերթին Սուրիոյ մէջ պատմական ու ազգային մակարդակով մեծ նշանակութիւն ունեցող հայկական գաղութի ներկայութիւնն է, բնականաբար սուրիահայութեան ճակատագիրը, անվտանգութիւնն ու ունեցած դժուարութիւնները պիտի մտահոգեն ինչպէս ամբողջ աշխարհի հայութիւնը, այնպէս ալ` Հայաստանի պետութիւնը:

Նշենք, որ Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք Սուրիա առաջին պետութիւններէն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը:

Անկախութեան առաջին ծանր օրերուն Սուրիան Հայաստան առաքեց անվճար քարիւղ եւ ցորեն` հակառակ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ իսլամական կարգ մը երկիրներու ճնշումներուն:

Երկրաշարժի ծանր օրերուն Սուրիա առաջին երկիրներէն էր, որ օգնութիւն առաքեց Հայաստան: Սուրիոյ պետութիւնը բեռնատար օդանաւեր տրամադրեց, որպէսզի համայնքին հանգանակած ապրանքները տեղափոխուին Հայաստան` անվճար: Պատահական չէ, որ անկախ Հայաստանի առաջին նախագահի առաջին պաշտօնական այցը Սուրիա էր: Յաջորդ նախագահներն ալ այցելեցին Սուրիա: Նախագահ Պաշշար Ասատն ալ իր կարգին քանի մը օրով պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան: Տակաւին 1980-ական թուականներուն Հաֆեզ Ասատ` առաջին նախագահը արաբական աշխարհի, այցելեց Երեւան:

Սուրիահայ ժողովուրդ կապերը աւելի քան տասը դարերու պատմութիւն մը ունին: Պատահական չէր Սուրիոյ ժողովուրդը Մեծ եղեռնի տարիներուն արաբական ասպնջականութեան ամենաբարձր արտայայտութիւններով գրկաբաց ընդունեց Եղեռնէն մազապուրծ մեր ժողովուրդի զաւակները, կիսեց իր հացը, հնարաւորութիւն ընձեռեց ամոքելու վէրքերը, վերաճելու, կազմակերպուելու եւ բարգաւաճելու:

Սուրիոյ ազգային կառոյցները հայակերտումի եւ մարդակերտումի դարբնոցներ են, ուր կը դարբնուին ազգային առաքինի նկարագիրով, պահանջատէր ոգիով հայ երիտասարդներ:

Սուրիահայ գաղութը տասնեակ տարիներէ  ի վեր կը շարունակէ կենսատու աւիշ ներարկել սփիւռքի զանազան գաղութներու ազգային կեանքին` մատակարարելով  գրողներ, ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ, արհեստաւորներ, որոնք հայկական անաղարտ ոգիով տոգորուած սերունդներ կը պատրաստեն: Ի զուր տեղ չէ, որ այս գաղութը կոչած են «թթխմոր գաղութ»:

Հայաստանը Սուրիոյ իրադարձութիւններուն առնչուած է Իրանի միջոցով. վերջինս Սուրիոյ հարցի գլխաւոր դերակատարներէն է: Չմոռնանք, որ Հայաստանի շրջափակման ծանր տարիներուն Հայաստանի միակ արտաքին աշխարհի հետ կապը Մեղրին էր:

Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ թշնամական վերաբերմունք ունեցող Թուրքիան նոյն վերաբերմունքը կը կիրարկէ Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ. Թուրքիոյ համար մեծ հարց է սուրիահայութեան գոյութիւնն ու անոր պահանջատէր անկոտրում ոգին, հետեւաբար Սուրիոյ մէջ ապրող հայերը թիրախ են Թուրքիոյ համար: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախորդող եւ յաջորդող ամիսներուն հալէպահայ գաղութի ազգային հաստատութիւնները թիրախ դարձան Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ գործող ահաբեկիչներու կողմէ: Չմոռնանք Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրի ռմբակոծումն ու քանդումը, Քեսապի ներխուժումը, թալանումը հայ տուներու թրքական բանակի անմիջական մասնակցութեամբ: Ինչ խօսք, այս բոլորը թրքական ուսումնասիրուած հակազդեցութիւնն են մեր պահանջատիրութեան:

Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն ու տնտեսական ամենահզօր գործակիցը` Ռուսիան Սուրիոյ իրադարձութեան գլխաւոր դերակատարն է:

Տակաւին, եթէ նկատի ունենանք «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրէն ներս Հայաստանին նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերող Միացեալ Նահանգները եւ անոր դերակատարութիւնը Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մէջ:

Նաեւ յիշենք Հայաստանի կապը Եւրոպայի հետ, եւ յատկապէս Ֆրանսայի եւ անոր մասնակցութիւնը` Սուրիոյ տագնապին:

Սուրիական իրադարձութիւններն ու այդ թնճուկի դերակատարներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները այսօր քննարկման նիւթ են Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին մէջ:

Հայակերտ ու հայաշունչ այս գաղութի պատմութեան արմատները կ՛երկարին մինչեւ ԺԶ. դար: Որքան հարուստ, նոյնքան հրաշալի պատմութիւն մը կերտեր է այս գաղութը ԺԶ. դարէն սկսեալ ու աւանդած` յաջորդող սերունդներուն:

Հալէպի հինաւուրց Սալիպէ թաղամասի Հայկազեան դպրոցը 1920 թուականէն առաջ կոչուած է Ներսէսեան, իրեն համար հիմնադրութեան թուական կ՛ընդունի 1905-ը: Այս թուականը դաջուած է դպրոցի խորհրդանիշին վրայ: Աւելի քան հարիւրամեայ վարժարանի մը պատմութիւնն է:

Դարձեալ Սալիպէ հինաւուրց թաղամասի Ս. Քառասուն Մանկանց առաջնորդանիստ հնադարեան եկեղեցին, իբրեւ կեդրոն ծառայելով, մշակութային, կրթական, հոգեւոր հարուստ պատմութիւն մը ձեւաւորած է:

Բերիոյ թեմի նշանաւոր առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէլեանը 1940-ին այսպէս գրած է իր  «Պատմութիւն Հալէպի հայոց» եռահատոր կոթողային աշխատասիրութեան նախաբանին մէջ. «Քանի հինցայ Հալէպի մէջ ու քանի անցայ անոր անշուք, բայց խորապէս տպաւորիչ տաճարներու խաչքարերուն, զարդերուն, նկարներուն եւ տապանաքարերուն առջեւէն, այնքան սիրեցի անոր հին անցեալի պատմութիւնը…»: Սրբազանը կը շարունակէ. «Վեց տասնամեակներու վրայ երկարող եւ բնաւ չընդմիջուած հայ ազգային կեանք մը կերտուած է քաղաքի պարիսպներէն ներս, պետական ու միջազգային համայնքին կողմէ գնահատուած, բարգաւաճ ու երբեմն մեծապէս ճոխ կեանք մը»:

Հալէպի ճոխ կեանքը ընդհատուեցաւ փետրուար 2012-ին, Հալէպի առաջին ուժեղ պայթումով:

Ռազմական գործողութիւնները Հալէպի բոլոր շրջանները տարածուելու պատճառով հայ աշխատանոցները փակեցին արհեստանոցներու դռները, հայապատկան գործարաններն ու վաճառականներու պահեստանոցները թալանուեցան: Աւելի՛ն. շատ մը գործարաններու տէրերը այսօր աղքատութեան եզրին կանգնած են:

Բացի տնտեսական անչափելի կորուստներէ` յատկապէս հալէպահայութիւնը տուաւ աւելի քան 150 նահատակներ, շուրջ 400 վիրաւորներ եւ հաշմանդամներ, ականատես եղան, վկան հանդիսացան իրենց ձեռքով ու ճիգով կառուցած ու բազում զոհողութիւններով պահպանուած դպրոցներու, եկեղեցիներու, մշակութային կեդրոններու, ծերանոցի քանդումին ու պղծումին:

Մեծ եղեռնէն ետք սուրիահայութիւնը իր գոյութեան սպառնացող ամենամեծ վտանգը կ՛ապրի: Սուրիահայութիւնը կ՛ապրի… յուզումնալի դէպքերով ու տառապանքով, բայց… մաքառումով լեցուն ժամանակաշրջան մը:

Սակայն ահազանգող սպառնալիքներու եւ վտանգաւոր կացութիւններու մթնոլորտին մէջ սուրիահայութիւնը ամրապնդեց համահայկական կեանքի հզօրութիւնն ու միասնականութեան ոգիով առաջնորդուող իր գոյերթը:

Այս հերոս գաղութը ապացուցեց, որ յանուն իր ֆիզիքական գոյութեան ու արժանապատուութեան պահպանման` կարողութիւնն ունի ամենածանր պատահարները դիմագրաւելու եւ վճռակամութիւնը` զանոնք յաղթահարելու:

Հալէպահայութիւնը առօրեայ կենցաղային տագնապը արհամարհելով, պատերազմի դամոկլեան սուրի սպառնալիքը անտեսելով` օրը ցերեկով մշակութային ու ազգային բնոյթի ձեռնակներ կազմակերպեց, յոյս ու կորով պատգամեց շուրջբոլորը: Սա խօսուն փաստ է այս գաղութի տոկունութեան, մարտունակութեան ու ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան:

Անզուգական այս օրրանը, առինքնող այս գաղութը ի զուր տեղը չէ, որ ստացած է «Մայր գաղութ» տիտղոսը: Ազգային իր դիմագիծով առաքինի, աւանդապահ, հայկական բարքերուն եւ աւանդութիւններուն ամրօրէն կառչած` տակաւին կը շարունակէ գործել դժնդակ պայմաններու ներքոյ:

Սուրիահայութեան դէպքերն ու կարիքները կը շարունակեն մնալ առաջնային ու առանցքային` համահայկական իմաստով, պահի ու կարիքի անհրաժեշտութենէն մեկնած օժանդակութեան նոր, կազմակերպ հրատապ նախաձեռնութիւններու կարիքը կայ:

Սուրիահայութեանը երախտապարտութեամբ կը յիշէ հայրենի պետութեան, սփիւռքի ազգային կառոյցներուն եւ անհատ բարերարներուն, որոնք օժանդակութեան ձեռք մեկնեցին, եւ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն իրենց օժանդակութիւնը:

Լուսարձակի տակ պէտք է առնուին այն աննախընթաց աշխատանքները, որոնք կատարուեցան մեծ նուիրումով ու հաւատքով  ՍԱՐՖ-ի կողմէ, որոնք օրինակ եւ խթան հանդիսացան այլ գաղութներուն համար: ՍԱՐՖ-ը Սուրիոյ  տագնապի առաջին օրէն իսկ գործի լծուելով` կրցաւ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար հանգանակել ու առաքել Սուրիոյ գաղութին, բայց նաեւ անոր կազմակերպած բարձրորակ միջոցառումները սուրիահայ գաղութի տառապանքը վառ պահեցին մարդոց միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ: Նոյնքան նշանակալի աշխատանք կատարեցին` ՀԲԸՄ-ը` տրամադրելով աւելի քան մէկ միլիոն տոլար գաղութի կարիքներուն, ՀՕՄ-ն ու Աւետարանական ընկերակցութիւնը համասփիւռքեան տարողութեամբ միջոցառումներ կազմակերպեցին, նիւթական անչափելի գումարներ հանգանակեցին ու փոխանցեցին սուրիահայութեան: Կրօնական, բարեսիրական այլ օժանդակութիւն առաքող կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ցանկը երկար է, առանձին յօդուածաշարի արժանի:

Յատկապէս յիշեցինք ՍԱՐՖ-ը, ՀԲԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը եւ աւետարանական համայնքը. նշեալ կազմակերպութիւնները իրենց բարերար թեւերն ու կազմակերպչական աշխատանքները կը շարունակեն Հայաստանի տարածքին ու Արցախի մէջ ապրող սուրիահայերուն համար` անոնց տրամադրելով կենցաղային, ուսումնական, բժշկական եւ այլ օժանդակութիւն, ի հարկէ` գործակցաբար սփիւռքի նախարարութեան հետ:

Հայաստանի պետութեան գրկաբաց ընդունելութիւնն ու անվերապահ նեցուկը, հակառակ իր վտիտ կարելիութիւններուն, լուրջ ու անաչառ ուսումնասիրութեան ու բարձրօրէն գնահատանքի արժանի է:

Համայն հայութիւնը կը վկայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հայրական հոգատարութիւնը: Վեհափառը իր մտահոգութիւններուն կիզակէտն ու առաջնահերթ խնդիրը համարեց սուրիահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութեան առաքումը: Վեհափառը իր հայրապետական պատգամներով աշխարհի մօտ ու հեռու կրօնական ու քաղաքական կեդրոններուն մէջ բարձրաձայնեց Սուրիոյ տագնապը, շեշտեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան տառապանքը, լուծման առաջարկներ ներկայացուց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին: Նիւթական հսկայական գումարներ առաքուեցան Անթիլիաս, որոնք ամբողջութեամբ տրամադրուեցան սուրիահայութեան բազում կարիքներուն, բայց նաեւ հոգեբարոյական բալասան հանդիսացաւ վեհափառի հայրապետական այցելութիւնը, որ  սուրիահայութեան վիրաւոր ու տառապեալ կեանքին աւիշ ներարկեց, տոկալու ու դժուարութիւնները դիմակալելու վճռակամութիւնը ամրապնդեց:

Հալէպահայութիւնը երախտապարտ է Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մէջ գործող միակ հիւպատոսարանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին, լիազօր եւ արտակարգ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանին` մատուցած ծառայութիւններուն համար: Անոնք իրենց կեանքը վտանգելու գնով յաճախակի այցելեցին Սուրիոյ հայաշատ քաղաքները` հայրենի պետութեան գործնական նեցուկը յայտնելու:

Ցաւօք սրտի, որոշ հայկական լրատուամիջոցներ, առանց խորը թափանցելու սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան տագնապի էութեան մէջ, ապատեղեկատուութիւն տարածեցին, հալէպահայութեան տառապալի առօրեան շահագործելով` փորձեցին գաղութին մէջ անվստահութիւն սերմանել իր ղեկավարներուն նկատմամբ եւ համայնքը ներկայացնել որպէս անկազմակերպ: Երբ մամուլին վրայ կ՛երեւին կարծիքներ, որոնց կը պակսին փաստն ու քաղաքական լրջութիւնը, երբ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւններ կը կատարուին կամ մեղադրանքներ կ՛ուղղուին, այս բոլորը ոչ միայն չեն նպաստեր համահայկական միասնականութեան ամրապնդումին, այլ կը շեղեն հիմնահարցերը լուծելու ճանապարհէն: Սուրիահայութիւնը ունի իր ղեկավարութիւնը, որ հինգ տարիներու երկայնքին անմնացորդ նուիրումով ծառայեց, հսկայական փորձ կուտակեց, եւ անոնք շատ աւելի տեղեակ է հալէպահայութեան կարիքներուն եւ ձգտումներուն: Եթէ տեղ մը բացթողում կայ, ան առաւել վճռական է ուղղելու. համայն հալէպահայութեան կը վնասենք, եթէ անհիմն ու իրականութեան չհամապատասխանող մեղադրանքներ կատարենք:

Այսօր սուրիահայ գաղութին վերականգնումը, համազգային առումով, առաջնահերթ մտահոգութիւն պէտք է դառնայ, այստեղ նկատի չունինք միայն ազգային կեանքն ու կառոյցներու վերականգնումը, այլ` մասնագէտներու, արհեստաւորներու եւ համալսարանաւարտներու արտագաղթը, որոնք երկրէն կը հեռանան ոչ միայն ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու միտումով, այլեւ` աշխատանք որոնելու:

Կարեւոր է նաեւ հաւաքաբար պայքար մղել այն յոռի բարքերուն եւ արատներուն դէմ, որոնք պատերազմի պատճառով մուտք գործեցին հայ կեանքէն ներս:

Վերականգնումի գործը այսօր նոյնքան եւ գուցէ աւելի առաջնահերթ է, քան` Արցախի ճանապարհները:

Այս գաղութի ցաւի ու տառապանքի մեղմացումը, բայց նաեւ հոգեկան ու նիւթական վերականգնումը համահայկական հրամայական է, համահայկական պարտաւորութիւն  է:

Կամքն է հալէպահայութեան եւ սուրիահայ նահատակներու, որոնք զոհուեցան  «Վասն հայրենեաց, վասն հաւատքի»: Անոնք իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերեցին Սուրիոյ եւ գաղութի ինքնապաշտպանութեան վսեմ գործին, մարտիրոսացան` պահպանելու սուրիահայութեան դիմագիծն ու տոհմիկ աւանդը:

Սուրիան պիտի յաղթահարէ պարտադրուած նենգ պատերազմը, փիւնիկի նման վեր պիտի բարձրանայ մոխիրներու տակէն եւ իր զաւակներուն բազուկներով պիտի կառուցէ նոր Սուրիան: Շրջանի երկիրներէն հայութեան մեծ մասը պիտի վերադառնայ մայր գաղութ, եւ ինչպէս պատմութեան ընթացքին, իր կարեւոր ներդրումը պիտի տրամադրէ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն:

Ես կը հաւատամ նոր ու բարգաւաճ Սուրիոյ ծնունդին, կը հաւատամ սուրիահայ ազգային կեանքի նոր վերելքին:

 

————————————————————–

ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՏԱՆԱԼԵԱՆ. Բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, հալէպահայ:  Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեանի սոյն յօդուածը քաղաքական  վերլուծական տեղեկատուութիւն մըն է, վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիահայութեան ի նպաստ տարուած աշխատանքներուն ու յատկացուած նիւթաբարոյական օժանդակութեանց մասին զեկոյց: Յիշենք, որ տոքթ. Ատանալեան մօտէն քայլ պահած եւ մեծ դեր ունեցած է ժողովրդային զանազան հանրահաւաքներու ընթացքին` խօսելու սուրիահայ գաղութի պատերազմական տագնապալի առօրեային մասին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>