Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Շուէտի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդացի Ընկերները Ձախողութեան Մատնեցին Ազրպէյճանական Քարոզարշաւ Մեքենան

$
0
0

Եւրոպայի տարածքին ազրպէյճանական քարոզչական մեքենան փետրուարին լայնածաւալ աշխատանքի սկսած է` Խոջալուի դէպքը հայկական կողմին վերագրելով եւ փորձելով հանրութեան ուղղութիւնը շեղել:

25 փետրուար 2017-ի յետմիջօրէին Շուէտի ՀՅ Դաշնակցութեան 10 երիտասարդներ ձախողեցուցին ազրպէյճանական դեսպանատան կազմակերպած հաւաքը` Խոջալուի մէջ եղածը ջարդ կոչելու նպատակով կազմակերպուած:

Հաւաքը տեղի ունեցաւ Շուէտի խորհրդարանին դիմաց, ուր Ազրպէյճանի դեսպանատունը դատապարտումի եւ ժխտողական պաստառներով ներկայացած էր:

Սակայն Շուէտի Երիտասարդաց միութիւնը դէմ յանդիման կանգնեցաւ զանազան կարգախօսով պաստառներ բարձրացնելով եւ ներկաներուն ցրուելով թռուցիկներ անգլերէն եւ շուէտերէն լեզուներով` ձախողեցնելով ազրպէյճանական հակահայ առաքելութիւնը, նաեւ բացատրելով անցորդներուն, թէ իսկական զոհերը հայերն են:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>