Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Ա. –Կոչ, Որ Միասնական Հայրենակերտումի Մեկնարկին Ազդանշանը Կը Յուշէ

$
0
0

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի` սփիւռքահայութեան ուղղած կոչը միասնական նորանոր ծրագիրներ կեանքի կոչելու հրամայականին ընդառաջ կը բերէ ողջ հայութիւնը` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Հայրենիքի ապագային կառուցումը ընթացք առած է արդէն: Սահմանադրութեան փոփոխութիւն,  խորհրդարանական համակարգի հաստատում, կրթական, տնտեսական, մարզային, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ նոր նախարարներու նշանակումով  ընթացք առնող բարեկարգումներ, Ազգային ժողովի ընտրութիւններու եղանակի  նոր որակ նուաճելու ձգտում, համաձայնութիւններ, դաշինքներու ձեւաւորում եւ երկրի բազմակողմանի  զարգացման տեսիլքով ընտրապայքարի մասնակցող  որոշ կողմերու քաղաքական տարողունակ ծրագիրներ, ժողովուրդին հետ թափանցիկօրէն գործելու, զայն համոզելու եւ ոչ թէ կաշառելու աշխատելաոճ, որուն մասին բազմիցս անդրադարձան յատկապէս ՀՅԴ քաղաքական գործիչները:

Այս բոլորը կը յուշեն,  որ նորամշակ սահմանադրութեան լոյսին տակ փաստօրէն զգալի աշխուժութիւն մը կը նկատուի զանազան ոլորտներու, մանաւանդ ընտրական մշակոյթին մէջ:

Այստեղ մտահան պէտք չէ ընել նաեւ, որ մեր հայրենիքը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ կը թելադրէ միաւորել բոլոր ուժերն ու զանոնք օգտագործել ի նպաստ Հայաստանին եւ անոր ապագային:

Մեր հայրենիքի հզօրացման, յատկապէս Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման ի տես բնականաբար պիտի աշխուժանայ հակառակորդին հակազդեցութիւնը` Արցախի սահմանի իրավիճակին լարումով, մեր զոյգ հայրենիքներու ժողովրդավարական նուաճումներուն դիմաց միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը  շեղող որոշումներով եւ այլն:

Հակառակորդին ապատեղեկատուութիւնն ու պատմական նենգափոխումները մերկացնելու քարոզչական աշխատանքին մէջ եւս անհրաժեշտութիւն է մեր գործակցութիւնը:

Աւելի՛ն…

Սփիւռքահայութիւնը իր բազմակողմանի փորձառութեամբ հնարաւորութիւն ունի  իր հեռանկարային ներդրումներով օժանդակելու հայրենիքի զարգացման, արդիականացման ու միջազգային ընտանիքին մէջ  անոր դիրքերու առաւել ամրապնդման: Այս աշխատանքը կ՛ընթանայ սփիւռք-հայրենիք գործակցութեամբ, մէկը միւսին կարողականութիւններու լիարժէք ճանաչումով եւ օգտագործումով: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստան եւս ստեղծէ այնպիսի դիւրութիւններ, որ ներգրաւէ սփիւռքահայ ներդրողներն ու իր շուրջ համախմբէ սփիւռքահայ աշխատունակ ու զանազան մասնագիտութիւններու մէջ հմտացած երիտասարդութիւնը:

Ու այդ պարագային մեր փոքր երկիրը այնպիսի հզօր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ողջ աշխարհին մէջ, որ հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի, ոչ միայն կը հպարտանայ իր ինքնութեամբ, այլեւ` հայրենիքին ու ազգին բերած իր ներդրումով:

Իւրաքանչիւր համայնք իր ապրած երկրին մշակոյթը, քաղաքական, դիւանագիտական, թէ տնտեսական պատմական փորձառութիւնը Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին ծառայեցնելով` նպաստած պիտի ըլլայ մեր հայրենիքի վերելքին:

Միասնական հայրենակերտումի մեկնարկին ազդանշանը տրուած է:  Կը մնայ յուսալ, որ խօսքերը գործի վերածուին, ու մենք տագնապինք մեր հայրենիքին ու ազգին ապագայով ու այդ տագնապը գործի վերածենք: Այս պարագային միայն կրնանք փաստել, որ հզօր հայրենիք ունենալու համար մարդկային ներուժը, ստեղծագործ միտքն ու միասնական աշխատանքը նոյնքան ուժեղ գործօններ կրնան համարուիլ, որքան` քարիւղի ու ոսկիի հանքերը:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>