Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Նամակ Երկրէն. 24 Ժամը Բաւարար Չէ՛ (1)

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ջերմ ու արեւոտ, գարնանային պայծառ օրերը վերջապէս հասան Հայաստան: Այս տարի ձմեռը շատ անգութ էր Երեւանի ու Արարատեան դաշտի բնակիչներուն համար: Ահաւոր ու երկարատեւ ցուրտը, որ աննախընթաց էր Հայաստանի պատմութեան մէջ, մառախուղն ու սառցակալած ճանապարհները ոչ միայն մարդոց տրամադրութիւններուն, այլեւ քսակներուն վրայ ծանր նստան: Գարնան հետ սկսաւ նաեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը, եւ այժմ ամբողջ երկիրը ողողուած է գովազդային պաստառներու վրայ երեւցող ժպտերես թեկնածուներու նկարներով, եթերով սփռուող յայտարարութիւններով, ելոյթներով, այցելութիւններով…

Մարտի սկիզբը, քաղաքական կեանքի առանցքը կազմող ընտրապայքարներն ու քարոզարշաւները մե՜ծ դժուարութեամբ անտեսելով, որոշեցի հերթական այցելութեամբ Արցախ մեկնիլ` «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործընկերներուս հետ Քաշաթաղի շրջան երթալու եւ գարնան հետ սկսող աշխատանքներուն հետեւելու համար: Քաշաթաղը նախկին Լաչինի շրջանն է, վերանուանուած ու վերակազմաւորուած, եւ Քարվաճառի հետ միասին` Հայաստանն ու Արցախը իրար կապող տարածքը. գաղտնիք չէ, որ անիկա ունի ռազմավարական շատ մեծ նշանակութիւն: Ազրպէյճանցիները կրցած էին ժամանակի ընթացքին պապենական այս հողերը հայաթափել ու բնակեցնել թուրքերով եւ այլազգիներով: Անոնք նաեւ քարուքանդ ըրած էին հայկական մշակոյթի ամբողջ ժառանգութիւնը:

Այցելութեան առաջին օրը, Ստեփանակերտի մէջ պաշտօնական ու գործնական հանդիպումներ ունենալէ ետք, ճամբայ ելանք դէպի Քաշաթաղի շրջան: Առաջին մեր կանգառը Բերձորն էր, ուր հանդիպում մը ունեցանք Քաշաթաղի վարչական շրջանի պատասխանատուներուն հետ` քննարկելու համատեղ ծրագիրներ եւ ծանօթանալու շրջանի զարգացման ծրագիրներուն: Ապա քշեցինք դէպի հարաւ ու փոքր գիւղերու մէջէն անցնելով` հասանք Իշխանաձոր, որ համեմատաբար մեծ գիւղ է: Այս բոլոր գիւղերուն բնակիչները բնականաբար կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Իշխանաձոր հաստատուած են Լիբանանի Այնճար հայաւանէն ու Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն եկած 6-7 ընտանիքներ: Անցեալին «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը ստանձնած էր քանի մը ընտանիքներու համար տուն կառուցելու պատասխանատուութիւնը, իսկ այսօր անիկա տուն կը կառուցէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու հալածանքն ու չարչարանքները իր մաշկին վրայ զգացած բժիշկ Հայկ Խաչատուրեանին համար: Ան քանի մը տարի առաջ իր երեք դուստրերուն հետ հազիւ կրցած էր ազատիլ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն եւ Հայաստան ժամանելէ ետք որոշած էր տեղափոխուիլ Արցախ ու ապրիլ ազատագրուած Իշխանաձորի մէջ: Այժմ Հայկը Իշխանաձորի բուժհաստատութեան բժիշկներէն է եւ իր ազատ ժամերուն կը զբաղի հողագործութեամբ: Սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն է ան, որուն բժշկական խորհուրդներուն կը դիմեն ոչ միայն Իշխանաձորի, այլեւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները:

Շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանային ըստ ծրագրուածին, բայց` որոշ ուշացումներով: Ձմեռը ակնկալուածէն աւելի երկար տեւած էր եւ պատճառ դարձած` կարգ մը աշխատանքներու յետաձգումին: Շինարարներուն թելադրեցինք յաւելեալ թափով շարունակել աշխատանքները, որպէսզի կարենանք տունը խոստացուած թուականին յանձնել բժիշկ Հայկին:

Շինարարներուն ու քանի մը գիւղացիներու հետ թէյ ու սուրճ խմելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի Երիցվանք, Միջնաւան ու Կովսական, որպէսզի ծանօթանանք մեր գիւղատնտեսական եւ վերաբնակեցման ծրագիրներու ընթացքին: Այս մասին կը գրեմ յաջորդ նամակիս մէջ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>