Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները, ուրբաթ, 24 փետրուար 2017-ին նշելով Վարդանանց հերոսամարտը, վերանորոգեցին իրենց ուխտը` քալելու Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու ուղիով:
Յայտագիրին բացման խօսքը կատարեցին Ժումժեան Սէրլի եւ Էլսուէյտի Մելոտի Դ. դասարանէն, որոնք ամփոփ գիծերու մէջ փոխանցեցին Աւարայրի հերոսամարտին պատմականը:
Ապա բեմ բարձրացան Ա. կարգի աշակերտները, որոնք Վարդան Մամիկոնեանի նկարը կրող ոսկեգոյն թագերով եւ հայու վայել յոխորտ կեցուածքով արտասանեցին «Քաջ Վարդան Մամիկոնեան»-ը: Բ. դասարանի աշակերտները, նոյնպէս թագերով բարձրացան բեմ եւ արտասանեցին «Տօն Վարդանանց» ու երգեցին «Իմ հայրենեաց» երգը: Գ. կարգի աշակերտները արտասանեցին «Վարդանանք»-ը: Դ. դասարանի աշակերտները «Հայոց պատմութեան դասը» խորագիրով թատերական ներկայացումով մը արտայայտեցին իրենց սէրը մայրենի լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասերուն, բայց մանաւանդ հայոց պատմութեան դասերէն Վարդանանց պատերազմին նկատմամբ, եւ ուխտեցին միշտ վառ պահել Ղեւոնդ Երէցի, Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր ընկերներուն յիշատակը, հետեւիլ անոնց օրինակին, տէր կանգնիլ մայրենի լեզուին, ազգին ու պաշտպանել հայրենիքը:
Ապա երգեցին «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» երգը: Զ. եւ Ե. կարգի աշակերտները բեմ բարձրացան ներկայացնելու համար խմբային արտասանութիւն մը` «Խորհուրդ Վարդանանց»-ը, ապա խմբերգեցին «Հիմի էլ լռենք»-ը: Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ Զ. կարգի աշակերտներու հիանալի շուրջպարով:
Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան հիւր բանախօս Ահարոն Շխրտմեանի կենսագրականը:
Բանախօսը նշեց, թէ յուզուած է, որովհետեւ աշակերտներուն ներկայացումը զինք փոխադրած են իր աշակերտական տարիները, երբ նոյն ոգիով կը տօնէին Վարդանանցը, ապա աւելցուց, թէ այս տօնը հայ ժողովուրդին ամէնէն սիրելի տօնն է եւ թելադրեց աշակերտներուն, որ Վարդանանց պատերազմի խորհուրդներով տոգորուին, մեր ազգային արժէքները պահեն ու պահպանեն, համերաշխութեան հոգիով փարին մեր մշակոյթին, ապրին ու զօրանան Վարդանանց հերոսներուն շունչով:
Ան աւելցուց, թէ միայն ազգային արժանապատուութեան եւ իրաւունքին գիտակից ազգը կրնայ հասնիլ իր նպատակին` օրինակ տալով մերօրեայ արցախեան հերոսամարտիկները:
Յայտագիրին աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն եւ գնահատեց աշակերտներուն անթերի ներկայացումը` մաղթելով, որ անոնք ըլլան արժանաւոր ժառանգորդները Վարդանին եւ իր ընկերներուն, պահելով մեր ազգային ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը: