Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ակնարկ. Անհրաժեշտ Ներկայացուածութիւն` Նոր Մօտեցումները Իրականացնելու Համար

$
0
0

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող դաշինքներուն եւ կուսակցութիւններուն նախընտրական կարգախօսներն ու հրապարակած նախընտրական ծրագիրներուն մէջ ամրագրուած հիմնադրոյթները դժուար հերքելի, վիճարկելի մօտեցումներ են: Ընդհանրապէս կը խօսուի փոփոխութեան, տնտեսութեան բարելաւման, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան, խաղաղութեան հաստատման բազմաշառաւիղային քաղաքականութիւն կիրարկելու անհրաժեշտութեան եւ ժողովրդավարական, մարդու իրաւունքները յարգող ժամանակակից պետութիւն եւ հասարակութիւն ստեղծելու հայեցակարգային առաջադրանքներու մասին:

Արցախի հակամարտութեան լուծման պատկերացումները բոլոր ուժերուն մօտ չէ, որ կ՛արծարծուին: Սփիւռքի նկատմամբ յառաջիկայ խորհրդարանի կազմութեան համար պայքարող ուժերուն պատկերացումները կարելի է ըսել չեն ներառուած նախընտրական ծրագիրներուն մէջ, գէթ այն մասով, որ պաշտօնապէս հրապարակուած են:

Այստեղ սակայն պէտք է լուսարձակի տակ առնել թէ՛ հանրապետութեան նախագահին եւ թէ՛ վարչապետին սփիւռքին յատկացուած վերջին երկու  յայտարարութիւնները: Նախագահին յայտարարութիւնը կը վերաբերէր իշխող կուսակցութեան համագումարին (նոյեմբեր 2016).

«Այո՛, մենք շարունակում ենք բացայայտել սփիւռքի մեր քոյրերի եւ եղբայրների ներուժը` փորձելով այն ուղղել Հայաստանի կայուն զարգացմանը: Տնտեսական, իրաւական, ընկերային, գիտակրթական, մշակութային, տեղեկատուական եւ այլ բնագաւառներում աշխատանքները կազմակերպելու համար արդէն ստեղծուած են գրեթէ բոլոր նախապայմանները:

Այս տարիների ընթացքում մենք շատ աշխատանք ենք կատարել այդ ուղղութեամբ: Եկել է պահը, երբ մէկ էական լրացում պէտք է կատարենք Հայաստան-սփիւռք համատեղ աշխատանքում: Միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան համատեղումն է դա: Մենք ունենք Հայաստանի զարգացմամբ մտահոգ սփիւռք, ունենք աշխարհում յաջողութեան հասած այնպիսի հայրենակիցներ, ում անձնական եւ հաստատութենական հնարաւորութիւնները Հայաստանում ինչ-որ բան առաջ տանելու հարցում շատ աւելին են, քան անգամ պետական մի քանի գերատեսչութիւնների կարողութիւնները միասին վերցրած: Եւ այդ մարդիկ իսկապէս մտահոգ են Հայաստանի զարգացմամբ: Ուրեմն եկել է նաեւ միասնաբար զարգացման քաղաքականութիւն իրականացնելու ժամանակը: Անկեղծ լինենք` մինչեւ այսօր դա ընդգծուած իրականութիւն չի եղել: Քիչ բացառութիւններով` Հայաստանում մշակուել եւ իրականացուել է այս կամ այն ոլորտի քաղաքականութիւնը, ընթացքում սփիւռքի մեր հայրենակիցները հրաւիրուել են մասնակցելու կամ օժանդակելու: Մենք փոխում ենք սլաքը, ասում ենք` այսուհետ մշակուած ձեւաչափերով միասին ենք աշխատելու, միասին ենք ամրագրելու նպատակադրումները, միասին ենք դեր ստանձնելու, միասին ենք իրականացնելու, եւ վերջում էլ միասին ենք ասելու ինչը ստացուեց եւ ինչը` ոչ: Այս ողջ գործընթացում բացառելու ենք չհասկացուածութեան սուր անկիւնները, խուսափելու ենք «մենք ասեցինք, մեզ չլսեցիք» ձեւակերպումներով թեւաթափ երեւոյթները, իւրաքանչիւր կարող եւ ցանկութիւն ունեցող հայի համար փորձելու ենք գտնել գործելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու սեփական հատուածը»:

Իսկ վարչապետ Կարէն Կարապետեան 27 փետրուարին հետեւեալ կոչով կը դիմէր սփիւռքահայութեան.

«Մենք հրաւիրում ենք սփիւռքի մեր կառավարիչներին, մշակութային գործիչներին, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի միջազգային ճանաչում ունեցող հայրենակիցներին մասնակից դառնալ երկրում ընթացող բարեփոխումներին` առաջին հերթին կառավարման նոր մշակոյթ բերելու, սփիւռքի մեր լաւագոյն մասնագէտների գիտելիքներն ու ներուժը համահայկական նպատակներին ծառայեցնելու համար:

Պարզ է. շուտով ընտրելի  խորհրդարանը, որ 2018-ի սկիզբը ամբողջովին կը ստանձնէ իր լիազօրութիւնները, խորքին մէջ կը դառնայ հիմնական որոշումները կայացնող հաստատութիւնը: Օրէնսդիրէ աւելի կը վերածուի նաեւ երկրի ու ժողովուրդի կարեւորագոյն խնդիրներուն ուղղութեամբ պետութեան որոշումները հունաւորողը, ուղենշողը: Եւ բնական է, որ շատ խնդիրներ, շատ օրակարգեր չեն սահմանափակուիր միայն հայաստանեան տարողութեամբ, ներհայաստանեան հարցերով կամ միայն հայրենաբնակ ժողովուրդը յուզող երեւոյթներով:

Նախընտրական ծրագիրներուն մէջ սփիւռքեան հայեցակարգը համահնչեղութիւն չունի: Մինչդեռ համակարգային փոփոխութիւն ապրող հանրապետութեան համար, որ արդէն սփիւռքի նախարարութեան ճամբով մշակած է, գործադրութեան դրած եւ որոշակի առումով նաեւ կառուցակարգած յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ, անհրաժեշտ է նախընտրական ծրագիրներու մէջ աշխատանքի շարունակականութիւնը ապահովելու համար յստակ հայեցակարգային բաժիններ ներառել: Իսկ այս աշխատանքին համար կայ արդէն պատրաստ թղթածրար, սփիւռքի նախարարութեան կողմէ մշակուած հանրագիտարանային տարողութեամբ տուեալներ, վերլուծումներ եւ հայեցակարգային խնդիրներ փոխանցող աշխատասիրութիւն:

Նոր խորհրդարան առաջնորդուող պատգամաւորներու սփիւռքեան խնդիրներու իմացութիւնը համոզիչ է, որ անհրաժեշտ է, մանաւանդ որ նախագահն ու վարչապետը նախանշած են արդէն սփիւռքի հետ յարաբերութիւն մշակելէն աւելի սփիւռքի հետ միասին որոշման գործընթացներն ու որոշումներու գործադրութիւնը իրականացնելը:

Այս առաջադրանքի իրականացման մէջ է, որ Դաշնակցութիւնը ունի նկատելի առաւելութիւն: Դաշնակցութիւնն է հայաստանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող միակ կուսակցութիւնը, որ զուտ հայաստանեան կառոյցով չէ սահմանափակած իր կազմակերպութիւնը: Աշխարհատարած է, կուտակած է համայն հայութեան ներուժի ամփոփման փորձառութիւն եւ յայտարարուող առաջադրանքներու իրականացման համար ամէնէն ազդեցիկ եւ ամէնէն արդիւնաւէտ գործունէութիւնը առարկայացնելու նախադրեալները կը պարփակէ:

Սփիւռքի ուղղութեամբ կայ նոր հայեցակարգ, նոր մօտեցում: Այդ հայեցակարգի իրականացման համար ընտրութիւններուն մասնակից կուսակցութիւններէն Դաշնակցութիւնը ունի յստակ առաւելութիւն` այդ առաջադրանքները իրականացնելու համար: Դաշնակցութեան արդար ներկայացուածութիւնը նոր խորհրդարանին մէջ լիարժէքօրէն կը ծառայէ համայն հայութեան ներուժի նպատակաուղղուած օգտագործման:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>