Խնդրեմ, մի՛ աճապարէք, կեցէք քիչ մըն ալ, շուտով մի՛ բաժնուիք այս սգալի դագաղէն, որուն մէջ ննջող ճամբորդը իր ընկերային բնաւորութեամբ միշտ կարօտն ունեցած էր ձեզի հետ ըլլալու, ձեզի հետ զրուցելու` միութիւններու, կուսակցութեան ու հայ ազգի վերելքին մասին, որ իր առօրեայ մտահոգութիւնը եղած էր միշտ:
Ան իր դագաղէն ամենայն հանդարտութեամբ լսեց մեր աղօթքներն ու հառաչանքը, դուք ալ լսեցէք իր կեանքի արձագանգը` իր դամբանականը, որպէսզի բոլորիս սրտերը հանգիստ ընեն:
Այսօր, սիրելինե՛ր, 22 փետրուար 2017-ին, ցուրտ հողին կը յանձնենք հաւատաւոր ընկեր մը, մեր կազմակերպութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ անսակարկ եւ նուիրումով ծառայող հաւատաւոր ընկեր մը՝ Նուպար Մելիքեանը:
Միթէ կանուխ չէ՞ր, այսքան շո՞ւտ ու այսքան հապճեպո՞վ պէտք էր մեզմէ բաժնուէր ընկ. Նուպարը, պէ՞տք էր այսպէս ենթարկուէր ճակատագիրի տխուր այս խաղին եւ մեկնէր անվերադարձ, անմխիթար ձգելով իր ընտանիքը, հարազատներն ու իր շատ սիրելի միութիւններն ու կուսակցական մեծ ընտանիքը: Անկարելի պիտի ըլլայ հաշտուիլ այս անժամանակ ու վաղահաս կորուստին հետ:
Բայց ո՞վ կրնայ ընդդիմանալ ճակատագիր կոչուած գերմարդկային ուժին կողմէ տնօրինուած այս բաժանումին, եթէ կարելի ըլլար մեզմէ ո՞վ չէր նուիրաբերեր իր ամենաթանկագինը` փրկելու համար հոս յաւիտեանս հանդարտ ննջող մեր սիրելի ընկեր Նուպարը:
Քանի որ քրիստոնեայ հաւատացեալներ ենք, պիտի ընդունինք աստուածային այս տնօրինումը եւ լուռ ու համբերութեամբ տանինք այս մեծ կսկիծը, ու աղօթենք բարձրեալն Աստուծոյ, որ ընկերը արժանացնէ դրախտի մէջ յաւիտենական կեանքի:
Ընկ. Նուպար ծնած էր 1943-ին, Խարբերդէն գաղթած եւ Դամասկոս հաստատուած դաշնակցական պատասխանատու Մարտիրոս Մելիքեանի յարկին տակ, տան անդրանիկ զաւակն ըլլալով, կանուխէն ենթարկուած էր հօր խիստ եւ բծախնդիր դաստիարակութեան, փոքրիկ հասակէն յաճախած էր ակումբ` իբրեւ սկաուտ եւ առաջնակարգ ֆութպոլիստ, բայց մանաւանդ իբրեւ լողորդ` բազմաթիւ մրցանակներ եւ ախոյեանութիւններ ձեռք ձգելով:
Նախնական ուսումը ստացած էր Դամասկոսի Ազգ. Զաւարեան եւ Միացեալ վարժարաններուն մէջ, ապա շարունակած է իր ուսումը Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական գիշերօթիկ վարժարանին մէջ, ուրկէ աւարտելով, ժամանակ մը յաճախած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը` հետեւելով տնտեսագիտութեան ճիւղին:
Վերադառնալով Դամասկոս, 1971-ին, կ՛ամուսնանայ Թագուհի Մահսէրէճեանի հետ, որմէ կը բախտաւորուի չորս աննման դուստրերով, որոնք բոլորն ալ կազմած են իրենց ընտանեկան բոյները:
Ընտանեկան պարտաւորութիւններն ու հոգերը զինք չհեռացուցին գիրքէն ու գրականութենէն, ան մնաց անյագ ընթերցող մը, նոր գիտելիքներու ծարաւ անձ մը, վկայ իր տան անձնական գրադարանը, ուր խնամքով պահուած են զանազան նիւթերով գիրքեր, մանաւանդ ազգային յեղափոխական մեր պատմութեան գիրքեր, որոնց հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ մօտեցած էր ան, միշտ ինքզինք տեսնելով մեր ֆետայիներու ու հերոսներու կերպարին մէջ եւ որպէս գործնականացում իր ապրումներուն գիտակցաբար անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` քաջ գիտնալով անոր ծանր պարտաւորութիւնները:
Հաւատալով, թէ միայն լաւ զինուորն է, որ լաւ ղեկավար կրնայ դառնալ, ան երկար ատեն գործեց իբրեւ հաւատաւոր զինուոր, չաճապարեց շուտով հանգիստ պաշտօններու տիրանալու, անոր համար չկային մեծ ու փոքր գործեր, կը հաւատար, որ բոլոր յանձնարարութիւնները պէտք է կատարուէին բծախնդրօրէն, անթերի եւ դաշնակցականավայել ձեւով:
Տարիներու փորձառութիւն ձեռք ձգելով, դարձաւ պատասխանատու ընկեր, երկար տարիներ ծառայեց իբրեւ շրջանի կոմիտէի անդամ եւ երբեմն ալ իբրեւ հերթապահ, մասնակցած է շատ մը Շրջանային ժողովներու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մը, այս բոլորով հանդերձ մնաց նոյն պարզ եւ մանաւանդ ծառայասէր ընկ. Նուպարը:
Ո՞վ չէ ճանչցած ընկ. Նուպարը, Դամասկոսի ընկ. Նուպարը հանրածանօթ անուն էր նոյնիսկ հեռաւոր գաղութներու մէջ, շատ շատեր դիմած են ընկերոջ` խնդրանքով մը կամ դժուարութիւն մը լուծելու հարցով, եւ չէ պատահած, որ ան յուսախաբ ըրած է ոեւէ անձ:
Հայաստանէն թէ սփիւռքի այլ գաղութներէն Դամասկոս այցելած բոլոր անձնաւորութիւնները, դասախօսներ, գործիչներ թէ մշակութային անձինք անպայման ծանօթ եղած են ընկերոջ, հիւրընկալուած եւ գիշերած են անոր բնակարանը, որ միշտ Հայաստան բուրած է, անոր պատերէն կախուած եւ անկիւնները զետեղուած յուշանուէրներն ու արուեստի գործերը հայկական թանգարանները կը յիշեցնեն:
Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան մարզին մէջ եւս ունեցած է աշխուժ գործունէութիւն, եղած է Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի տարիներու վաստակաւոր վարչական, ընտրուած է յաջորդական քանի մը տարեշրջաններու Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ եւ երկու շրջանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, մասնակցած է շատ մը գերագոյն ժողովներու ու իր նպաստը բերած է անոնց յաջողութեան:
Ընկ. Նուպար Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ 1998-ին ստացած է ծառայութեան շքանշանը, յաջորդ տարին Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ ստացած է միութեան 70-ամեակի յատուկ շքանշանը:
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մէջ իր բերած նպաստին համար սփիւռքի նախարարութենէն ստացած է «Նուպար փաշա» շքանշանը:
Իսկ 2007-ին իր ազգային եւ մշակութային գործունէութեան համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր ձեռամբ ստացած է «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշանը:
Նուպար Մելիքեան տարիներու իր միութենական գործունէութեանց ընթացքին միշտ ժողովներու ներկայացած է յատուկ եւ սերտուած օրակարգերով ու ծրագիրներով, որոնք յաճախ համախոհութեան արժանացած են եւ որդեգրուած, պատահած է նաեւ, որ առաջարկը մերժած ենք եւ ընդդիմացած իր կարծիքին, բան մը, որ զայրոյթ եւ նեղութիւն պատճառած է իրեն, բայց միայն վայրկեաններու համար, որմէ ետք հանդարտելով եկած ճակատէս համբուրած ու ենթարկուած մեծամասնութեան որոշումին:
Ժողովավարական կանոններու հանդէպ բարձր գիտակցութիւն ունէր ընկերը, ժողովներու որոշումներու հանդէպ անշեղ ենթարկուածութիւն, կանոնագիրի հանդէպ անսահման յարգանք:
Այս բոլորն էր ընկեր Նուպարը իր ընդհանրական գիծերուն մէջ, իսկ եթէ ուզենք մէկ բառով բնորոշել զինք, պիտի ըսենք ծառայասէր ընկ. Նուպարը:
Սիրելի՛ ընկ. Նուպար, պիտի խնդրենք, որ աստուածային հրաշքով մը գէթ մէկ անգամ, վերջին անգամ, բարձրացնես գլուխդ, բանաս աչքերդ ու դիտես շուրջդ, տեսնես այս բազմութիւնը, քեզ սիրող բազմութիւնը, տեսնես ընկերներդ, որոնք հաւատքով պիտի շարունակեն գործդ, մեր գործը, Դաշնակցութեան գործը, քանզի ան սուրբ է ու տկարութիւն չի ճանչնար, կը խնդրենք տեսնես այս բոլորը, որ հանգիստ ննջես յաւիտեան:
Քու պայծառ դէմքդ տակաւին երկար ատեն պատկերուած պիտի մնայ մեր ենթագիտակցութեան մէջ, ու պիտի զգանք քու հոգիիդ ներկայութիւնը մեր ժողովներուն ու գործունէութեանց ընթացքին:
«Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ կնոջը, դստրերուն, քոյրերուն, եղբօր եւ բոլոր հարազատներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկ. Նուպար:
ԱՒ. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Դամասկոս 22/02/2017