Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լոնտոնի Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիր.- Ո՜Չ` Սպանդանոց Գացող Գառնուկի Նման…Մարդասիրական Դիմադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին

$
0
0

Ցեղասպանական ամէն գործընթացի ժամանակ կը դրսեւորուի եղեռնագործներու եւ զոհերու ուժի անհամաչափութիւնը: Ասիկա ծնունդ տուած է լայն տարածում գտած այն կարծիքին, որ  ցեղասպանութեան զոհերը անզօր էակներ են, որոնց ճակատագիրները անոնց հակակշիռէն դուրս կը գտնուին, այսինքն` կրաւորական անհատներ, որոնց վերջին հանգրուանը մահն է: Հայոց ցեղասպանութեան պարագային, զոհերը անզօր կերպարներ կը նկատուին` ջարդերու եւ աքսորի մահասփիւռ ճամբաներու դէմ յանդիման, որոնց ցաւը ամոքելու կարող միակ ուժը ընկերային ծառայողները կը նկատուին, գլխաւորաբար` Արեւմուտքէն:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան կը վիճարկէ այս տեսակէտը, որ լայնօրէն առկայ է ժողովրդական եւ ակադեմական խօսոյթին (discourse) մէջ: Իր դասախօսութեան մէջ ան քննարկած է իրենց խղճալի կացութենէն դուրս գալու միջոցներու նախաձեռնած զոհերուն փորձերը` զանոնք «մարդասիրական դիմադրութեան» պարագաներ անուանելով:

Խաչիկ Մուրատեան ներկայիս Քոլոմպիա համալսարանի «Նիքիթ եւ Էլէանորա Օրճանեան» այցելու դասախօս է: Նախապէս ան CSU Fresno համալսարանի «Հենրի Ս. Խանզադեան Գազան» այցելու դասախօս եղած է` 2016-ի աշնան: 2015-2016 Մուրատեան այցելու օժանդակ դասախօս եղած է Rutgers համալսարանի համաշխարհային հարցերու բաժանմունքին մէջ: Ան կայսերապաշտութեան, զանգուածային բրտութեան եւ կեդրոնացումի ճամբարներու մասին դասընթացքներ տուած է Rutgers-ի պատմութեան եւ ընկերաբանութեան բաժանմունքներուն մէջ: Դոկտ.  Մուրատեան նաեւ առընթեր դասախօս եղած է Worcester-ի նահանգային համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ քաղաքային ուսմանց բաժանմունքներուն մէջ, ուր դասընթացքներ կու տայ Միջին Արեւելքի քաղաքային միջոցի եւ հակամարտութեան, ցեղասպանութեան, հաւաքական յիշողութեան եւ մարդկային իրաւանց մասին: Այս դասախօսութիւնը միասնաբար կազմակերպուած էր Հայագիտական ուսմանց ծրագրի տնօրէն դոկտ. Գրիգոր Մոսկոֆեանի եւ «Ուինըր» գրադարանի փոխտնօրէնուհի ու հետազօտութեան վարիչ դոկտ. Քրիսթին Շմիթի կողմէ: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Ուինըր» գրադարանին մէջ, թուային բաժնի վարիչ դոկտ. Թոպի Սիմփսոնի ատենավարութեամբ:

Դոկտ. Մուրատեան Հալէպ-Ռաս Ուլ Այն-Տէր Զօր եռանկիւնը կը նկատէ մարդասիրական դիմադրութեան նախավայրը: Ան կը գործածէ «մարդասիրական դիմադրութիւն» խօսքը, քանի որ այդ ճիգերը ապօրինի բնոյթ ունէին եւ կը կատարուէին օսմանեան պետութեան կամքին դէմ: Մայիս 1915-ին, մինչ հազարաւոր գաղթականներ Հալէպ կը խուժէին, երեք հայ յարանուանութիւնները օգնութեան յանձնախումբեր կազմեցին: Այդ մարդասիրական ջանքերուն մէջ ներգրաւուած նշանաւոր դէմքերէն էր հայր Եսայեանը, որ կամաւորներու իր խումբով ժողովներ վարեց ու մանրամասն գրառումներ կատարեց գաղթականներուն ուտելիքի ու օթեւանի կարիքներուն մասին: Այս ժողովները սկզբնապէս տեղի կ՛ունենային, երբ յայտնի չէր հայոց դէմ գործուող եղեռնին իսկական տարողութիւնը եւ ընթացքի մէջ գտնուող մարդասիրական հսկայական ճգնաժամը: Առաջին ամիսներուն հնարաւոր էր անձնական օգնութիւն ցուցաբերել իւրաքանչիւր գաղթականի, ինչ որ անկարելի պիտի դառնար ամիսներ ետք, երբ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ կը մտնէին մերօրեայ Սուրիոյ տարածքը: Օսմանեան իշխանութիւնները աւելի ուշ միայն իրազեկ դարձան օժանդակութեան ջանքերուն, բայց եւ այնպէս, սկզբնապէս տարագիրներուն բուն ճակատագրին ուշադրութիւն չդարձուցին: Այս իրավիճակը 1915-ի աշնան կտրուկ փոփոխութիւն կրեց: Արդարեւ, իշխանութիւններու բանեցուցած ճնշումին պատճառով օգնութեան աշխատանքները ընդյատակեայ դարձան: Օժանդակութեան կազմակերպիչներ ձերբակալուեցան, Կարմիր խաչի նման կազմակերպութիւններ արգիլուեցան եւ տարագիրներու Հալէպ մուտքը խափանուեցաւ:

Հայոց կողմէ ինքնօգնութեան նման ջանքեր քիչ ուսումնասիրուած են: Ցարդ հետազօտողները կեդրոնացած են Արեւմուտքի մարդասիրական օգնութեան վրայ: Սակայն դուրսէն եկողները մուտքի եւ տեղաշարժի դժուարութիւն կը կրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ուստի հայերը յաճախ արտաքին օժանդակութեան ակնկալութիւն չէին կրնար ունենալ: Դոկտ. Մուրատեան կը նշէ ինքնօգնութեան կարգ մը ուրիշ նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին էր վեր. Էսքիճեանին աշխատանքը, որ իր կեանքը նուիրեց տարագիրներ փրկելու մինչեւ իր մահը` 1916-ին, հիւանդութեան պատճառով:

Կիները կարեւոր դեր խաղացին ինքնօգնութեան գործընթացին մէջ, քանի որ կը կազմէին գաղթականներուն մեծամասնութիւնը. տղամարդիկը սպաննուած էին բանակին կամ բանտերու մէջ: Դոկտ. Մուրատեանը կը պատմէ Մարաշէն տեղահանուած հիւանդապահուհիի մը մասին, որ Հալէպի մէջ տիֆէ վարակուած էր: Տեղացի հայ բժիշկի մը ջանքերով բուժուելէ ետք ան կոչուած էր չափազանց կարեւոր կերպար մը դառնալու, քանի որ հիւանդութիւնը յաղթահարած էր ու տիֆի հանդէպ` դիմադրողականութիւն զարգացուցած, ինչ որ այդ հիւանդութենէն տառապող գաղթականներ բուժելու ազատութիւն կու տար: Այնուհետեւ, հիւանդապահուհին ներկայացուած էր օսմանեան բանակի հիւանդանոցի տնօրէնին, որուն դուստրը տիֆէ հիւանդ էր: Իր խնամքին շնորհիւ աղջկան կեանքը փրկելէ ետք, հիւանդանոցին տնօրէնը զինք վարիչ-հիւանդապահուհի կարգած էր Հալէպի գլխաւոր զինուորական հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Այսպիսով, ան բազմաթիւ հայ կիներու տեղահանումը կանխած էր` զանոնք գործի լծելով հիւանդանոցին մէջ եւ այսպէս փրկելով անոնց կեանքը: Հայ կիներու հետ կապուած նման բազմաթիւ պատմութիւններ ցոյց կու տան, որ անոնք տրամադրելի ամէն միջոցէ կ՛օգտուէին` գաղթականներուն վիճակը բարւոքելու համար:

Յետոյ, դոկտ. Մուրատեան քննարկեց Հալէպի «Օթել Պարոն»-ի պարագան: Ըստ որոշ վկայութիւններու, Միջին Արեւելքի ամենահինը համարուող այս պանդոկը հիմնուած էր Մազլումեան եղբայրներուն կողմէ եւ ունեցած` հռչակաւոր հիւրերու շարք մը, ինչպէս` Շարլ տը Կոլ եւ Ակաթա Քրիսթի: Սակայն, յաճախորդներու իմաստով ուղենիշ հաստատութիւն մը ըլլալէ անդին, ան նաեւ հայոց մարդասիրական դիմադրութեան ջանքերուն բանալի դեր մը ունեցաւ: Մազլումեան եղբայրները լաւ յարաբերութիւններ կը պահէին հոն իջեւանող օսմանեան պաշտօնատարներու հետ, ինչ որ ազատութիւն կ՛ընձեռէր հայ գաղթականներու տեղադրութեան օժանդակելու: Պանդոկին հետ կապուած հետաքրքրական պատմութիւններէն կը յիշուի խումբ մը հայ մանուկներու պարագան, որոնք պանդոկի աղբամանը ապրուստի միջոց կարողացած էին դարձնել` ապահովելով ուրիշ մարդոց մնացորդ ուտելիքները: Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ մանուկներու դերը մարդասիրական դիմադրութեան մէջ. անոնք վերապրելու ջանք թափած էին` հակառակ դժնդակ կացութեան: Ցարդ չպատմուած նման պատմութիւններ դժուարաւ իրենց ճիշդ տեղը կը գտնեն` տրուած ըլլալով դերակատարներուն լուսանցքային վիճակը, բայց եւ այնպէս նուազ կարեւոր չեն Հայոց ցեղասպանութեան ընդհանուր պատմութեան համար ու նաեւ լոյս կը սփռեն քիչ կամ ո՛չ մէկ ուշադրութեան արժանացած մարդոց եւ խմբաւորումներու դերին վրայ:

Օսմանեան ճնշումը Հալէպէն բխող մարդասիրական նախաձեռնութիւններու վրայ եւ հալէպաբնակ հայերու ձերբակալութիւնն ու աքսորը դէպի շրջակայ կեդրոնացումի ճամբարները` օժանդակութեան ջանքերուն կարեւոր հարուած հասցուցին: Այսուամենայնիւ, օգնութեան համակարգուած ճիգ մը սկսաւ ձեւաւորուիլ: Հայկական դերակատարութեան շահեկան պարագայ մը պէտք է նկատել հայերու ունեցած դիրքը կեդրոնացումի ճամբարներուն կառավարումին մէջ: Հոն անոնք կարգ մը պաշտօններ կրնային վարել` պահակ, բեռնակիր կամ մեռելաթաղ: Գերագոյն իշխանութիւնը` ճամբարի թուրք տնօրէնները, փտածութեան աղբիւր կը հանդիսանային: Կաշառքի փոխարէն` անոնք տարագիրներուն կը թոյլատրէին տուեալ ճամբարը մնալ` փոխանակ այլ ճամբար փոխադրուելու (տարագրեալները ճամբարէ ճամբար կ՛առաքուէին մինչեւ մահուան հոմանիշ Տէր Զօր հասնիլը): Ընտանի դէմքեր տեսնելով` նոյն շրջանէն մարդիկ իրարու կ՛օգնէին ուտելիք, դրամ կամ մնալու արտօնութիւն ձեռք բերելու համար:

Դասախօսութեան աւարտին, դոկտ. Մուրատեան ցոյց տուաւ շարք մը լուսանկարներ, զորս ան նկարած էր Տէր Զօրի շրջակայքին: Անոնցմէ մէկը կը ներկայացնէր խումբ մը գիւղացի մանուկներ, որոնք քանի մը ոսկոր հաւաքած էին: Երբ հարցում տրուած էր, թէ ի՞նչ էին այդ ոսկորները, մանուկներուն արաբերէն պատասխանը` Արմանի, արմանի («Հայեր, հայեր»), յիշեցում մըն էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու ծիրին մէջ ապրող եւ դէպքերու տեղական յիշողութիւններ ունեցողներ կան տակաւին: Սակայն, ցոյց տալով այս լուսանկարը, Խ. Մուրատեան ուզեց նաեւ յիշեցնել, որ այդ երեխաները Սուրիոյ պատերազմին պատճառով, այս վայրկեանին կրնան որեւէ տեղ գտնուիլ, եւ որ մեր օրերուն անցեալի անարդարութիւնները կրնան կրկնուիլ ու կը կրկնուին, իսկ մենք` իբրեւ անհատներ կամ խումբեր, անոնց ընդդիմանալու գործնական ուժը ունինք:

Հարց ու պատասխանի բաժնին մէջ ունկնդիրներէն մէկը հարցուց, թէ արդեօք հայ աւանդական կուսակցութիւնները դեր խաղացա՞ծ էին մարդասիրական ընդդիմութեան ճիգին մէջ: Դոկտ. Մուրատեան ըսաւ, թէ քաղաքական կուսակցութիւնները կազմակերպականօրէն չէին մասնակցած մարդասիրական դիմադրութեան` նկատի առած անոնց վրայ դրուած արգելքը եւ անդամներուն զանգուածային ձերբակալութիւնը: Սակայն չձերբակալուած կուսակցականներ այդ ջանքերուն մասնակցած էին` առանց իրենց քաղաքական ուղղութիւնը բացայայտելու եւ հնարաւոր վտանգներ աչքի առնելով:

Ուրիշ ունկնդիր մը երկու հարցումներ ուղղեց: Առաջինը կեդրոնացումի ճամբարներուն բնոյթին մասին էր, այսինքն` եթէ ըստ էութեան անոնք մահուան ճամբարներ էին, թէ ոչ: Խաչիկ Մուրատեան պատասխանեց, որ «կեդրոնացումի ճամբար» անուանումը գերմանացիները գործածած էին, երբ կը նկարագրէին ճամբարները իրենց վաւերաթուղթերուն մէջ, եւ ո՛չ` թուրքերը: Միւս կողմէ, ճամբարները զանգուածային ջարդերու բեմ չեղան. մարդիկ դուրս կը տարուէին սպաննուելու, կամ կը ջարդուէին աքսորի ճամբաներու վրայ: Երկրորդ հարցումը այն մասին էր, թէ որքանո՞վ մեծ պետութիւնները տեղեակ էին Ցեղասպանութեան իրադարձութիւններուն: Դոկտ. Մուրատեան դիտել տուաւ, որ անոնք լաւատեղեակ էին` շնորհիւ դիւանագէտներու եւ միսիոնարներու տեղեկագիրներուն, որոնք անմիջական, ինչպէս եւ ականատեսներէ քաղուած տեղեկութիւններ կը հաւաքէին: Այս իմաստով կարեւոր օրինակ մըն է բրիտանական կառավարութեան կազմած ու այսպէս կոչուած «Կապոյտ գիրք»-ը, ուր ընթացող Ցեղասպանութեան հարիւրաւոր ականատեսի պատումներ արձանագրուած են:

Ի վերջոյ, հարցում եղաւ, թէ արդեօք թուրքեր ներգրաւուա՞ծ էին հայերու փրկութեան գործին մէջ: Խաչիկ  Մուրատեան հաստատեց, որ բազմաթիւ թուրքերը փորձած էին հայեր փրկել` յաճախ իրենց սեփական կեանքը վտանգելով, թէեւ նման անհատներու շարժառիթները տարուբերած էին բարեացակամութենէն մինչեւ նիւթական շահ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>