ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Դեռ երէ՜կ էր, քանի մը ամիս առաջ, երբ բոլորիս սիրելի ընկեր Յովսէփ Էսկիճեան իր շուրջ կը համախմբէր զինք սիրողներն ու յարգողները: Իսկ առիթնե՞րը` անոր հրատարակած երկու գիրքերն էին, որոնք լոյս տեսան իր ողջուց, յաջորդաբար, եւ արժանացան շատ-շատերու գնահատանքին ու քաջալերանքին:
Եւ այդ հոգեպարար զոյգ ձեռնարկներու ընթացքին մենք ծանօթացանք մեր ընկերոջ մտքի լոյսին արգասիք բազում էջերուն, ուր կը տողանցեն էսկիճեանական իւրայատուկ գրելաոճի, լեզուամտածողութեան, արուեստի շունչի եւ գաղափարական աշխարհի բազում արժանիքներ եւ գեղեցկութիւններ:
Այո՛, լոյսին եկած զոյգ հատորներուն մէջ, հայ ընթերցասէր հասարակութիւնը տեսաւ մեր ընկերոջ ապրած մանկութեան դառն ու ժպտուն օրերը, զգաց` անոր երիտասարդ տարիքի սրտին տրոփները, պսպղուն սէրերը, հասկցաւ` չափահաս տարիքի անոր ցուցաբերած գիտութեան ծարաւը, ըմբռնեց` համալսարան յաճախելու անոր բուռն փափաքն ու վարչագիտական տնտեսագիտութեան տիտղոսին տիրութիւն ընելու անոր կամքը, աւելի՛ն. խորապէս գնահատեց լեզուներ իւրացնելու մեր ընկերոջ եզակի կարողութիւնն ու երդուեալ թարգմանիչի հանգամանքին հաւատարիմ մնալու կոչումը:
Կոչում, որուն փարեցաւ իր ողջ էութեամբ եւ ծառայեց հարազատօրէն ամբողջ հինգ տասնամեակ շարունակ:
Եւ այս բոլորի կողքին, ստեղծեց իր ընտանեկան բոյնը եւ իր ազնուասիրտ կողակիցին հետ հայութեան պարգեւեց երկու մանչ զաւակ:
Ահաւասիկ մեր ընկերոջ Յովսէփ Էսկիճեանի համառօտակի կենսագրականը:
Սիրելի՛ սգակիրներ, հարց պիտի տաք, հաւանաբար, ա՞յս է միայն մեր ընկերոջ կենդանագիրը, որուն աւելի քան 60-ամեայ ազգային գործունէութեան, մտաւորական վաստակին, կուսակցական աշխատանքին եւ ասպարէզի հմտութեան քաջածանօթ է լիբանանահայ գաղութը:
Ո՛չ, երիցս ո՛չ, այս տողերով կարելի չէ սահմանափակել մեր առաքինի ընկերոջ մարդկային կեանքի ու ազգային գործունէութեան ամբողջ տեսադաշտը:
Արդարեւ, Յովսէփ Էսկիճեանի նամանաւանդ գաղափարական դիմագիծն ու պատկանելիութեան զգացողութիւնը, այնքան մը խոր են եւ տարածուն, այնքան մը հարազատ են ու բոցկլտուն, որոնցմով բազմաթիւ սպիտակ էջեր կարելի է զարդարել արժանահաւատօրէն:
Փաստօրէն, ինչպէ՛ս կարելի է չյիշել Յովսէփ Էսկիճեանի սրամտութեամբ յագեցած մարդու տեսակը, հոգատար հայրը, գթառատ ու գօտեպնդող բարեկամը, հայասիրտ հայը, բայց առանձնապէս արարատասէր դաշնակցական ընկերը:
Ինչպէ՛ս կրնանք մոռացութեան տալ մեր ընկերոջ յուզաթաթախ հոգեվիճակին մէն մի դրուագը, երբ ան մտերմիկ կամ ընկերական մթնոլորտի մէջ յաճախ բոլորիս ուշադրութեան կը յանձնէր հայոց պատմութենէն այս կամ այն դիպաշարը, տիպար յեղափոխականի մը անշահախնդիր կեցուածքը, ֆետայական շարժման ռահվիրայ գործիչներու եւ ղեկավար դէմքերու անմնացորդ նուիրումը, Հայաստան կերտած Արամ Մանուկեանի մեծութիւնը, արծուասիրտ Դրոյի, Անդրանիկի, Չաւուշի, Ռուբէնի եւ բազում հերոսներու հայրենապաշտութեան կրակը:
Այո՛, Յովսէփ Էսկիճեան յանձնառու մտաւորականին ճանչցող իւրաքանչիւր հայորդի, ընկեր ու բարեկամ, մոռացութեան չի կրնար տալ մեր ընկերոջ հայատրոփ սրտին արձագանգները, գրիչին ցոլքերը, մտածումներուն փայլքը, երբ ան խանդավառ ու ոգեւորուած արցախեան հերոսամարտի փառքը կը հիւսէր, վերանկախացած հայրենիքին ու պետականութեան խորհուրդը կ՛արժեւորէր:
Մեր ընկերը ունեցաւ հրապարակագրական բեղուն աշխատանք, անոր գրիչը շատ անգամ հատու էր, թափանցիկ եւ յախուռն: Ան չտատամսեցաւ իր հրաբորբ եւ ազդու մտածումներն ու զգացումները յայտնելու, բարձրագոռ ըսելու ամէն ինչ, որ կը մտահոգէր զինք ու կը տառապեցնէր իր ներաշխարհ:
Ան առանց վարանումի պախարակեց ազգադաւ եւ ապազգային ամէն գործընթաց, որ կը վնասէր հայութեան վերականգնումի երթին: Միւս կողմէ, ջատագովեց եւ խրախուսեց այն բոլոր ժողովրդանուէր աշխատանքները, որոնք կը միտին պահել ու պահպանել հայութիւնն ու հայրենիքը:
Աւելի՛ն. ընկեր Յովսէփի սուր հայեացքէն չէին վրիպեր թուրքին ու թրքութեան անցեալի ու ներկայի կատարած բարբարոսութիւնները, կեղծ ու ստապատիր այս կամ այն քաղաքական մօտեցումները եւ ամէն պատեհ առիթի ան մեզի ու ամբողջ հայ հասարակութեան զգաստութեան կը հրաւիրէր չխաբուելու մեր դարաւոր թշնամիէն եւ միամտաբար զոհ չերթալու թուրքին սարքած որոգայթներուն:
Սիրելի՛ գրչեղբայր,
Մահուանդ գուժը լսելով, պահիկ մը մեր աչքերը խոնաւցան, մեր հոգիները տխրեցան եւ սակայն գոհունակութիւն մը ուրուագծուեցաւ մեր մտքի պաստառին վրայ:
Որովհետեւ անցնող ամիսներուն եւ, հակառակ ֆիզիքական դժուարութիւններուդ, ապրեցար կեանքի ուրախ պահերդ եւ իրականացուցիր կապոյտ երազներէդ փունջ մը: Եւ քեզ սիրող ընկերներ ու բարեկամներ առանց վայրկեան մը իսկ վարանումի համախմբուեցան շուրջդ եւ ցոյց տուին իրենց համակրանքն ու երախտագիտական զգացումները:
Լաւ կը յիշենք, թէ ինչպիսի՛ խանդավառութեամբ եւ անհուն սիրով մասնակից դարձար այդ հոգեպարար պահերուն:
Սիրելի՛ ընկեր,
Ճակատագիրի մէկ տարօրինակ հեգնանք մըն է նաեւ այն, երբ զոյգ հատորներդ ներկայացնելու պատիւը ունենալու առընթեր, այսօր, հոս, կանգնած եմ, սիրելի ընկերներուդ եւ հարազատներուդ կողքին վերջին անգամ զրուցելու հետդ:
Այո՛, վերջին անգամ, որովհետեւ նման առիթներ պիտի չունենանք այլեւս: Եւ մենք դեռ երկար պիտի սգանք կորուստդ, մտածենք քու մասիդ, վերյիշենք քեզի հետ անցուցած իւրաքանչիւր օրն ու վայրկեանը, ապրինք յուզումով լեցուն խօսքերդ, հատու եւ սրամտութեամբ յագեցած մտքերդ:
Աւելի՛ն. պիտի չմոռնանք կեանքով եւ խանդավառութեամբ լեցուն բարի ժպիտդ, ընկերական ոգիդ, առաքինի կերպարդ եւ գաղափարական աշխարհդ:
Գաղափարական աշխարհ մը, որուն հաւատարիմ մնացիր մինչեւ վերջ, անշահախնդիր ծառայեցիր պաշտած կուսակցութեանդ, եղար կարգապահ, լրջախոհ, ծայրայեղ ընկերական, ազնուադրոշմ` մտածումներուդ եւ զգացումներուդ մէջ:
Իսկ ամէնէն էականը, մեզ յորդորեցիր ըլլալ մանրուքներէ վեր, տեսնել շինիչն ու օգտակարը, սերտել դաշնակցական գիր-գրականութիւնը, ըմբռնել գերագոյն շահ հասկացողութիւնը, չմխրճուիլ անիմաստ բարբաջանքներու մէջ, չյանձնուիլ անցողակի երեւոյթներու, ծառայել անմնացորդ եւ կառչիլ դաշնակցականի երդումին:
Խօսքերուդ մէջ գերիշխող էին հաւատարմութեան ցոլքերը, հաւատարմութիւն այն բոլոր արժէքներուն, որոնց հանդէպ ցուցաբերեցիր բծախնդիր մօտեցում եւ սէր:
Սիրելի՛ Յովսէփ, սրտառուչ է բաժանումի պահը, նեղացնող եւ հոգի ճմլող: Սակայն թոյլ տուր մեզի վերյիշել քու իսկ խօսքերդ` զորս նուիրած էիր ազնուարիւն Ատրինէ մամայիդ եւ հօրդ, եւ ուր գրած էիր. «Հայրս ու մայրս, անջնջելիօրէն բարի անուն թողեցին վերապրողներուս մօտ»: Այսօր, մենք ալ մեր կարգին, յոգնատանջ եւ լուռ մարմնիդ դիմաց բարձրաձայն կ՛ըսենք, սիրելի՛ ընկեր Յովսէփ Էսկիճեան, դուն ալ իբրեւ ազնուասիրտ ու բարեպաշտ, գրող ու յանձնառու մտաւորական, առաքինի դաշնակցական, ինչպէս ծնողքդ նոյնպէս թողեցիր բարի անուն եւ դարձար յաւերժի ճամբորդ հայը:
Վարձքդ կատա՛ր, խունկ ու մոմ յիշատակիդ եւ բարի ճանապարհ: