ԼԱԽՏ
Յաճախ ըսուած է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն կրնայ նաեւ ինքզինք կրկնել այլափոխուած ձեւով: Ահաւասիկ` զրոյց մը, որ պատմական ծանօթ դրուագի մը քաղքենիական տարբերակն է.
Վերջերս երկու ընկերներ իրարու հետ կը զրուցէին, երբ անոնցմէ մէկը ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ֆրանսական պանիրի տեսակներուն վրայ յաւելուած արժէքի տուրքի համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ: Զրոյցի միակ լուրջ բաժինը այդ էր. ատկէ ետք զրուցակիցներէն մէկը քաղքենիացած անձի մը կերպարը մարմնաւորելով` ըսաւ.
– Ասիկա շատ վատ լուր էր: Հիմա ես ի՞նչ պիտի ուտեմ,- ապա հառաչեց,- Անօթի՜ մնացինք…
– Հիւսուած պանիր կե՛ր,- խեթ նայելով ըսաւ առաջինը:
– Զգո՜ւշ, վերջին անգամ, որ մէկը այդպիսի լուծում մը առաջարկեց ողբերգական աւարտ մը ունեցաւ:
– Որո՞ւ մասին կը խօսիս, ի՞նչ ողբերգական աւարտ:
– Մարի Անթուանեթին: