Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Ակնարկ. «Ռուսական Միջամտութիւն». Ծիծաղի՞լ, Թէ՞ Ողբալ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Տանըլտ Թրամփի նախագահ ընտրութենէն ու հանրապետական նոր վարչամեքենային ուրուագծումէն ասդին, մամուլին ու քաղաքական շրջանակներու առօրեային գլխաւոր նիւթերէն մէկն է այն, որ ընտրապայքարի օրերուն Ռուսիա, իր նախագահով ու դիւանագիտական ներկայացուցիչներով, ձեռքով-ոտքով միջամուխ եղած է ընտրական խոհանոցին եւ նպաստած է Թրամփի ընտրապայքարին: Քարոզչական արշաւները գլած-անցած են տրամաբանականի ու անտրամաբանականի բոլոր սահմանները, տապալած են Սպիտակ տան նոր պետին մէկ գլխաւոր յենարանը եւ դամոկլեան սուր մը կախած են երկրորդի մը գլխուն վերեւ:

Զօր. Մայքըլ Ֆլին` Թրամփի Ազգ. ապահովութեան խորհրդականը, հարկադրաբար հրաժարեցաւ ու պաշտօնանկ հռչակուեցաւ, որովհետեւ ի յայտ եկաւ, որ ընտրապայքարի օրերուն հանդիպումներ ունեցած է ռուս դիւանագէտի մը հետ ու այդ մասին ամբողջական տեղեկութիւն չէ տուած իր մեծաւորներուն: Արդարութեան նախարար Ճեֆ Սեշընզ օր-աւուր «կը ռմբակոծուի», մամուլն ու դեմոկրատները կ՛ուզեն անոր գլուխն ալ կախել Ֆլինի կողքին, ապա` քաղաքական գլխատումներու շարքը երկարել, ի վերջոյ հասնելու համար «Պիկ Պոս»-ին` Թրամփին: Սեշընզի յանցանքն ալ ռուս դիւանագէտի մը հետ հանդիպում ունենալն է ընտրապայքարի օրերուն, յետոյ, պաշտօնի կոչման առիթով խորհրդարանականներու կողմէ հարցապնդումի պահուն ստած է` ըսելով, որ նման հանդիպումներու մասին տեղեկութիւն չունի: Սեշընզ կը մերժէ ընդունիլ իր հասցէին կատարուող ամբաստանական վերագրումները:

Այս սիւնակին հիմնական նպատակը յիշեալ պաշտօնատարներուն դատաստանը տեսնել չէ. մամուլն ու քաղաքական մարդիկ արդէն շաբաթներէ ի վեր այդ «առաքելութեան» լծուած են եւ ըստ բաւականին զբաղումի նիւթ կը մատակարարեն բարեմիտ քաղաքացիներուն: Այս բեմադրութիւնը կը խոստանայ նոր ու անվերջանալի արարներ, այնքան ատեն որ հանդիսականները… դատարկաբանութիւններով զբաղեցնելու պէտքը կը զգացուի: Մեր նպատակն է արձանագրել քանի մը նկատողութիւն եւ հարցում` մատնացոյց ընելու համար հարցին անհեթեթ երեսները եւ պեղելու որոշ ծալքեր, լուսարձակի տակ բերել իսկակա՛ն հարցեր, որոնց մասին որեւէ բան չենք լսեր:

Գաղտնի դիւանագիտութիւնը աննախընթաց բան չէ ամերիկեան պետութեան (նաեւ այլոց) մակարդակին վրայ, հոգ չէ թէ անիկա երբեմն արտայայտութիւն կը գտնէ նաեւ արտառոց դրսեւորումներով: Յիշենք միայն երկու օրինակ. նախագահ Ճիմի Քարթըրի օրով ՄԱԿ-ի մէջ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը` դեսպան Էնտրու Եանկ, գաղտնի տեսակցութիւն մը ունեցած է ՊԱԿ-ի մէկ ներկայացուցիչին հետ, պաղեստինեան հարցին լուծման վերաբերող դասաւորումներու նպատակով, սակայն շուտով գաղտնիքը բացայայտուած էր ու Եանկէն պահանջուած էր հրաժարիլ: Անկէ շատ առաջ Ռիչըրտ Նիքսըն լուսարձակներէ հեռու սկսաւ Չինաստանի հետ «Փինկ-փոնկի քաղաքականութիւնը…»:

Հիմա անցնինք հարցադրումներուն, միայն թէ այդ նշումները թող չդիտուին իբրեւ նախագահին ու իր վարչախումբին ի նպաստ կամ դէմ մօտեցումներու ակնոցով:

Ա.- Ըստ էութեան, պէ՞տք է արդեօք մահացու մեղք սեպել Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի ներկայացուցիչներու միջեւ հաղորդակցութիւնները (մէկդի դնենք այդ մասին ստելու կամ խոստովանութենէ խուսափելու այլապէս անընդունելի իրողութիւնները): Արդեօք սուր հակառակորդներու միջեւ անցեալի բացայայտ կամ քողարկուած հաղորդակցութիւններէ բարի՞ք չէ ծնած երբեւիցէ: Ռիչըրտ Նիքսըն, ուոթըրկէյթեան ծանօթ գայթակղութենէն առաջ, պատմութիւն չկերտե՞ց Մաօ Ցէ Թունկի համայնավար Չինաստանին հետ գաղտնի բանակցութիւններուն ճամբով եւ ճամբայ հարթեց ձիւնհալի մը եւ համեմատաբար աւելի գործակցական աշխարհի մը տարազումին: Ինչո՞ւ այսքան աղմուկ բարձրացնել լոկ հանդիպումներու իրողութեան շուրջ` առանց հարցապնդելու, որ ըստ էութեան` ի՞նչ հարցեր արծարծուած են հոն:

Բ.- Ինչո՞ւ նախագահն ու իր մարդիկը ծիծաղելիութեան մրցանիշներ կը հաստատեն`  ամերիկացի ժողովուրդին ու աշխարհի առջեւ խայտառակելով իրենք զիրենք, եթէ յիշեալ հանդիպումները ըստ էութեան բարիք հետապնդած են (պահ մը ենթադրելով, որ զոյգ գերպետութեանց ու աւելի լայն միջազգային յարաբերութեանց բարիքին համար եղած են անոնք):

Գ.- Բարձրագոյն մակարդակի վրայ պաշտպանողականի դիմելու իրողութիւնը այլապէս բաց չի՞ թողուր կասկածներու դուռը, թէ` այդ հանդիպումները անձնական շահեր հետապնդած են. իսկ «անձնական շահ»-ը միայն ընտրապայքարի մակերեսը չէ, այլ` շահակցական այնպիսի հաշիւներ, որոնք կը հետապնդուին նախագահ ու նախարարներ իրենց ուռուցիկ պաշտօններուն հասցնող «չտեսնուող հսկաներ»-ուն կողմէ, որոնք իսկական խաղացողներն են համաշխարհայնացումի վատագոյն քայլերու կառավարման մէջ: Մամուլն ու քաղաքական դերակատարներ վարպետօրէն կը թաքցնեն այնպիսի հին-նոր իրականութիւններ, ըստ որոնց, օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ մէջ (նաեւ այլուր) տասնամեակներէ ի վեր կազմաւորուած են  խմբակցութիւններ, որոնք որոշ գիծերու վրայ հաշտեցուցած են իրենց շահերը` ի հեճուկս այլ խմբաւորումներու, որոնք նմանապէս կազմուած են ամերիկացի, ռուս եւ, տակաւին, այլ երկիրներու նիւթական հզօրանքի լծակները իրենց սեփական հակակշիռին ենթարկող «անտեսանելիներէ», եւ որոնց միջեւ մրցակցութի՛ւնն է հակադրութեանց ու տագնապներու իսկական աղբիւրը, եւ որ պատճառ կը դառնայ գլուխներու բարձրացման կամ տապալումին, նաեւ` միլիոնաւորներու սպանդին ու բռնագաղթին…

Դ.- Բարեկամ թէ թշնամի-հակադիր պետութեանց միջեւ լրտեսական մրցակցութիւնները նորութի՞ւն են աշխարհի պատմութեան մէջ, թէ՞ կարելի է համայնագիտարանային ծաւալով հատորներ պատրաստել լրտեսական գործողութեանց մասին, պատերազմի ու խաղաղութեան շրջաններու վերաբերեալ, ու այդ ընելու համար` ճամբորդել հին ու նոր կայսրութեանց պատմութեան էջերուն: Չէ՞ որ օր-աւուր բացայայտումներ կ՛ըլլան, որ պետութիւններ մինչեւ իսկ իրենց քաղաքացիները կը լրտեսեն, ամերիկեան լրտեսական սպասարկութիւնները կը լրտեսեն եւրոպացի դաշնակիցներ, կը փորձեն միջամտութիւններ կատարել այս կամ այն երկրի ներքին հարցերուն, ընտրական գործերուն: Հետեւաբար տարօրինա՞կ է, որ հակադիր դասուած երկիրներ զիրար լրտեսեն…

Ե.- Ոչ արհամարհելի «զգացական» կէտ մըն ալ. արդեօք ամերիկեան մամուլն ու քաղաքական շրջանակները, որոնք «ռուսական միջամտութեան» լարին վրայ կը զարնեն այսքա՜ն մեծ խանդավառութեամբ, չե՞ն անդրադառնար, որ խորքին մէջ սեփական երկիրը իրողապէս արիւնաքամ կ՛ընեն եւ ամենավատ աղբակոյտին մէջ կը մխրճեն երկրին արժանապատուութիւնը: Ներքին հակառակորդ-մրցակիցը քաղաքական վարկաբեկումի ենթարկելու մոլուցքը հասած է հոն, ուր մարդիկ (հաւասարապէս դեմոկրատ ու հանրապետական) անզգայ դարձած են այն ամօթանքին նկատմամբ, որ նոյնինքն իրենց ալ կը հասնի նման յայտարարութիւններով: (Այս նշումը չի նշանակեր, որ պետական մարդիկ սեփական հայրենիքին նկատմամբ ապօրինութիւն եւ չարաշահութիւն կրնան կատարել առանց հաշուետուութեան, կամ` նման արարքներ պէտք չէ բացայայտել ազգային արժանապատուութիւն պահպանելու նախանձախնդրութեամբ): Ու պէ՞տք է զարմանալ, որ Ռուսիոյ մէջ կամ աշխարհի այլ շրջաններուն` մարդիկ այսօր քահ-քահ կը խնդան ոչ միայն թրամփեան իրերայաջորդ արտառոցութիւններուն ի տես, այլ իմանալով, որ աշխարհի հզօրագոյն պետութեան բարձրագոյն պատասխանատուները… խաղալիք են (եղեր) գլխաւոր հակառակորդ հռչակուածի մը մեքենայութեանց, կամ` կը ներկայանան-կը ներկայացուին իբրեւ ուրիշի խաղալիքը…

Հարցումներուն շարանը կարելի է երկարել, եւ ի վերջոյ եզրակացնել. ծիծաղի՞լ, թէ՞ ողբալ…

… Անդին, աւելի լուրջ հարցումներ կը ծագին. ինչո՞ւ ժողովուրդին ու երկրին առօրեան մաշեցնող, իսկական տագնապներ ստեղծող վիճակներ նոյն նախանձախնդրութեամբ չեն արծարծուիր մամուլին ու քաղաքական մարդոց կողմէ, տագնապներ, որոնք կը դալկացնեն զանգուածներու օրապահիկն ու ապրուստի միջոցները, եւ որոնց դէմ ձայն-ծպուն չի բարձրանար, որեւէ ցոյց չի կազմակերպուիր, որեւէ պահանջատիրութիւն չի բարձրացուիր… (այս մասին` այլ սիւնակով):

3 մարտ 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>