Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
«Վերադարձ Հայաստան» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2012-ին, Երեւան եւ կը մշակէ հայրենադարձութեան խթանող ծրագիրներ: Վերջերս Լիբանան այցելեցին համանուն կազմակերպութեան տնօրէնն ու հոգաբարձու անդամները: Անոնց ձեռքբերումներուն եւ ծրագիրներուն մասին աւելի ծանօթանալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վերադարձ Հայաստան»-ի հոգաբարձու կազմէն Րաֆֆի Գասարճեանին եւ Աւետիք Շալապեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ձեր ձեռքբերումներուն մասին` համեմատած նախորդ տարիներուն հետ:
ՐԱՖՖԻ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ.- «Վերադարձ Արմենիա» հիմնադրամը ունի երեք ուղղութիւն. հայրենադարձութեան գաղափարը տարածել ամէն տեղ, աջակցիլ անոնց, որոնք կը մտածեն հայրենադարձութեան մասին կամ որոշում կայացուցած են եւ, վերջապէս, ստեղծել հայրենադարձութեան համար բարենպաստ միջավայր: Մեր հիմնական գործունէութիւնը մեր կայքէջն է` repatarmenia.org: Մեր ձեռքբերումները կը հաշուենք բովանդակութեամբ եւ կայքի այցելուներով, որոնց քանակը ամէն եռամսեակ կը բարձրանայ. ամսական մօտ 30 հազար այցելու ունինք: Այս տարի Հայաստանի հանդէպ ուշադրութիւնը բաւական մեծ էր, եւ ունեցանք այցելուներու ամենաբարձր թիւը: Հայրենադարձներու անձնական պատմութիւնները կը կազմեն ամենակարեւոր մասը մեր կայքէջին: Ունինք մօտ 200 անձնական պատմութիւններ, ուր մարդիկ կը պատմեն Հայաստան հաստատուելու մասին, իրենց աշխատանքին ու ձեռք ձգած յաջողութեան մասին: Մեր երկրորդ գործունէութեան դաշտը ֆէյսպուքեան էջն է. մեր լայքերը հասած են տասնմէկ ու կէս հազարի: Դիմատետրի էջը կը գործածենք մեր նիւթերը տարածելու, ծանուցումներ կատարելու, մեր ձեռնարկներուն մասին պատմելու համար:
Մեր աշխատանքային ծիրին մէջ կը մտնեն նաեւ մեր այցելութիւնները տարբեր երկիրներ եւ հանդիպումները հայ համայնքներուն հետ: Նախորդ տարուան հոկտեմբերէն սկսեալ մենք այցելած ենք` Պուէնոս Այրես, Մոսկուա, Ամսթերտամ, Պրիւքսել, Փարիզ, Ֆրանքֆորթ, Նիւ Եորք, Թորոնթօ:
ԱՒԵՏԻՔ ՇԱԼԱՊԵԱՆ.- Մենք այս աշխատանքը երբ սկսանք, հայրենադարձութեան գաղափարը շատ վերացական էր, բայց հիմա, որ անցեր է երեք տարի, հայրենադարձութեան գաղափարը դարձեր է աւելի շօշափելի: Մարդիկ այսօր աւելի շատ կը հարցնեն մեզի, թէ ինչպէ՛ս կրնան աշխատանքի տեղաւորուիլ Հայաստանի մէջ, ի՞նչ մասնագիտութիւններ պահանջուած են, ի՞նչ վարձատրութիւն ընդունուած է, ի՞նչ են պայմանները փոքրիկները դպրոց ընդունելու: Այս բոլոր հարցերը ցոյց կու տան, որ մարդիկ սկսած են մտածել հայրենադարձութեան մասին` անձի, ընտանիքի մակարդակով, ինչ որ կարեւոր է, որովհետեւ իսկական հայրենադարձութիւնը գաղափարի մակարդակով չ՛իրականացուիր: Երկրորդ` մենք այսօր մեր հիմնադրամի կողքին ունինք «Թումօ» կեդրոնը, «ԷԻԴ Արմենիա» հիմնադրամը, առեւտրական եւ զբօսաշրջութեան որոշ կազմակերպութիւններ, որոնց կը մասնակցինք: Այս ընթացքով աստիճանաբար ձեւաւորուած է որոշակի դաշինք` Հայաստանի կազմակերպութիւններուն միջեւ, որոնք միասին կը կառուցեն նոր Հայաստանը, եւ որոնք կու գան սփիւռքի գաղութներուն պատմելու նոր Հայաստանի մասին, նոր Հայաստանի իրական ծրագիրներուն, նախաձեռնութիւններուն եւ հետաքրքրական գործերուն մասին:
Ր. Գ.- Մեր հիմնական աշխատանքը մարդոց օգնելն էր` գործ գտնելու կամ անձնական գործ հիմնելու: Հայաստանի մէջ ունինք քառասուն ընկերութիւն եւ կազմակերպութիւն, որոնք նախ մեզի կը դիմեն, երբ թափուր աշխատատեղեր ունենան իրենց ընկերութեան մէջ, որովհետեւ գիտեն, թէ մենք ի՛նչ տեսակ լսարան ունինք եւ գիտենք լաւապէս ընտրել յարմար անձը ճիշդ տեղը: Այս պատճառով ալ թափուր տեղերու քանակը զգալիօրէն կը բարձրանայ: Մինչեւ օրս 280 հոգի մեր միջոցով աշխատանքի ընդունուած է եւ 75-80 անձերու օգնած ենք տարբեր խնդիրներու լուծման համար:
Մեր հիմնադրամի ուղղութիւններուն երրորդ մասը ամէնէն դժուարն է. բարենպաստ պայմաններ ստեղծել հայրենադարձութեան: Հայրենադարձութեան հարցը դեռ մարդոց առաջնահերթութիւններուն մէջ առաջնային տեղ չի գրաւեր. կը նշանակէ, թէ մենք պէտք է անընդհատ կապի մէջ ըլլանք թէ՛ պետութեան հետ, թէ՛ տարբեր տեսակի կառոյցներու հետ, որպէսզի այս գաղափարը մտնէ օրակարգի մէջ: Գիտենք, որ դրական փոփոխութիւններ կան, բայց աւելի դանդաղ, քան մենք կ՛ակնկալենք:
Ա. Շ.- Պէտք է աւելցնել, որ եթէ քանի մը տարի առաջ հայրենադարձութեան գաղափարը կ՛ընկալուէր ինչ-որ իմաստով անպատեհ, ժամանակավրէպ, անիրատեսական, հիմա արդէն իրականութիւն է, որ ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ, եւ մենք օգնած ենք, որ անիկա դառնայ բացայայտ: Մենք օգնած ենք, որ հայրենադարձութեան պատմութիւնները դառնան հանրաճանաչ, մենք խօսած ենք անոնց մասին, մինչեւ որ մարդիկ սկսած են հասկնալ, որ իրապէս հայրենադարձութիւն տեղի կ՛ունենայ: Մեզի կը դիմեն` Լիբանանէն, Ռուսիայէն, Իրանէն, Քանատայէն եւ այլ երկիրներէն հայրենակիցներ, որոնք կամաւոր կը հաստատուին Հայաստան եւ ոչ հարկադրուած, ինչպէս որ է Սուրիայէն մեզի դիմողներուն պարագան: Ահաւասիկ ասիկա իրական գործընթաց մըն է, որովհետեւ ամէն տարի Հայաստան կու գայ քանի մը հազար մարդ. անոնք քաղաքացիութիւն կը ստանան, աշխատանքի կը սկսին եւ, մանաւանդ, նոր շունչ կը բերեն: Մարդիկ աստիճանաբար սկսած են հասկնալ, որ հայրենադարձները իրենց հետ կը բերեն նաեւ տարբեր մշակոյթ, որ իրապէս հարստութիւն է Հայաստանի համար, որովհետեւ եթէ համահայկական մշակոյթը կեդրոնացնենք Հայաստան, բոլորին համար առաւելութիւն կ՛ըլլայ: Մեր մշակոյթը հարստանալով` կը պահպանուի:
«Ա.».- Մեկնելով ձեր փորձառութենէն` ի՞նչ մասնագիտութիւններ Հայաստանի մէջ աւելի ձեռնտու են աշխատանքի առումով:
Ր. Գ.- Քանի մը ոլորտներ կան, որոնք ակնյայտօրէն կ՛աճին Հայաստանի մէջ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնն է (IT), որ 20-25 տոկոս աճ կ՛արձանագրէ: Ընկերութիւնները շատ մեծ պահանջ ունին այս մասնագիտութեան: Անոնք չեն կրնար գտնել որակով ու քանակով այն մարդուժը, որ զիրենք կը բաւարարէ: Հայաստանի մէջ շատ առողջ մրցակցութիւն կայ ընկերութիւններուն միջեւ` մարդուժ գտնելու եւ իրենց աշխատախումբերը զարգացնելու: Ընկերութիւնները շատ բարենպաստ պայմաններ ստեղծած են իրենց պաշտօնեաներուն համար: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը կ՛աճի եւ կը շարունակէ աճիլ:
Երկրորդ ոլորտը զբօսաշրջութիւնն է: 2003 թուականին մօտ 200 հազար զբօսաշրջիկ մտած էր Հայաստան. 2014-ին մէկ միլիոն 200 հազար, այսինքն 10 տարուան մէջ թիւը 6 անգամ աճած է, հետեւաբար պանդոկներու, ճաշարաններու, զբօսաշրջիկներու զանազան ծառայութիւններու պահանջը նոյնպէս կը կրկնապատկուի:
Երրորդ ոլորտը գիւղատնտեսութիւնն է, որ ունի շատ մեծ հնարաւորութիւններ: Գիւղատնտեսութիւն ըսելով` ոչ միայն նկատի ունինք հողը վարել, այլ` բանջարեղէնի, պտուղներու եւ տարբեր տեսակի վերամշակումներ, պանիրի, անուշի, գինիի, հիւթի արտադրութիւն: Եթէ հաշուի առնենք Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, ջուրը, հողը եւ կլիման, կը տեսնենք, որ դեռ շատ տեղ ունինք աճելու: Ասոնց կողքին, կայ նաեւ կրթութեան ոլորտը, ուր բաւական լուրջ ներդրումներ եղան վերջերս:
Ա. Շ.- Ես երկու ոլորտի մասին կ՛ուզեմ խօսիլ: Հայաստանի մէջ կ՛իրականացուին նաեւ ընկերային զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ. օրինակ` «ԷԻԴ Արմեանիա» հիմնադրամը կ՛իրականացնէ այնպիսի ծրագիրներ, որոնք առեւտուր չեն: Ինչպէս համայնքային զարգացման ծրագիրներ, նոր էքօ գիւղերու ստեղծման ծրագիրներ, բարեկարգման ծրագիրներ եւ այլն:
Սփիւռքի որոշ կառոյցներ նոյնպէս կ՛իրականացնեն այդ կարգի ծրագիրներ եւ կը նպաստեն երկրի ընդհանուր զարգացման: Այս բոլոր ծրագիրները կը պահանջեն որակեալ տնօրէններ, ճարտարագէտներ, պաշտօնեաներ եւ այլն: Յաջորդ ոլորտը, որ կրնայ տարօրինակ թուիլ, Հայաստանի ամենամեծ կառոյցն է` բանակը: Մեր բանակին եւս պէտք են տարբեր մասնագէտներ, տարբեր բնագաւառի սպաներ: Բանակը տարեկան քանի մը հարիւր սպայի կարիքը ունի: Այս այն ոլորտն է, ուր մարդիկ կրնան գալ, եթէ Հյաաստանի քաղաքացիութիւն ունին, բաւական արագ համապատասխան կրթութիւն կը ստանան եւ կը համալրեն բանակը: Այս ոլորտը թէեւ բարձր վարձատրութիւն չունի, բայց 20 տարիով երաշխաւորուած է, անհատի, բնակարանի որոշակի ապահովութիւն ունի: Այս ոլորտը երկիրը պաշտպանելու շատ կարեւոր կառոյց է. կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են զէնքը ձեռքին մտնել բանակ յարաբերական իմաստով, որովհետեւ բանակն ալ օրէ օր կը դառնայ աւելի արհեստավարժ: Բանակին մէջ տեղեկատուական խնդիրներ, հակաօդային պաշտպանութեան խնդիրներ, մարտունակութեան բարձրացման եւ այլ խնդիրներ կը լուծուին: Այս բոլորը կը պահանջեն մասնագէտներ:
Լիբանանը յայտնի եղած է իր կռուող ժողովուրդով, թաղամասերը պաշտպանած տղաքով: Այսօր այն ժամանակն է, որ իրենց կարողութիւնները ի սպաս դնեն Հայաստանի Հանրապետութեան` երկիրը պահելու:
«Ա.».- Ձեր նպատակներու իրագործման շրջանակներուն մէջ կը համագործակցի՞ք պետական կառոյցներուն կամ սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Ր. Գ.- Այո՛, կը համագործակցինք պետական կառոյցներուն հետ, որոնց մէջ կը մտնէ նաեւ սփիւռքի նախարարութիւնը, բայց օժանդակութիւն չենք ստանար: Վերջերս սփիւռքի նախարարութեան հետ հետազօտութիւն ըրինք հայրենադարձներու վերաբերեալ տուեալներ հաւաքելու համար: Մեր համագործակցութիւնը փոխադարձ է: Որոշ հարցերու լուծման համար կը դիմենք ուղղակի կառավարական կամ պետական մարմիններուն, երբեմն ալ կը պատահի հակառակը` կարգ մը գործարարներու հետ յարաբերելու նպատակով պետական կառոյցներ մեզի կը դիմեն:
«Ա.».- Ո՞ր երկիրներէն աւելի շատ կը հաստատուին եւ կամ հետաքրքրուած են վերադարձով: Կրնա՞ք պատկեր մը տալ:
Ր. Գ.- Մեզի դիմողներուն 45 տոկոսը` Սուրիայէն է, 16 տոկոսը` Ամերիկայէն, 14 տոկոսը` Ռուսիայէն, 12 տոկոսը` Լիբանանէն, կան նաեւ` Քանատայէն, Իրանէն, Ուքրանիայէն: Ինչ կը վերաբերի սուրիահայերուն, անոնց մեծ մասը ոչ կամաւոր ձեւով եկաւ Հայաստան:
«Ա.».- Ձեր ձեռքբերումներէն ելլելով` ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք ձեր ծրագիրներու խթանումը հայրենադարձութեան կամ որքանո՞վ ձեր ծրագիրը գործնականապէս խթանած է հայրենադարձութիւնը:
Ր. Գ.- Հայրենադարձութեան գաղափարը շատ աւելի տարածուած է այսօր, քան երբ սկսանք այս ծրագիրը: Մենք նպաստեցինք, որ անիկա զարգանայ ու տեղ հասնի: Հայրենադարձութիւնը վերացական գաղափար մը չմնաց. մենք յաջողեցանք մարդոց ցոյց տալ զայն փաստերով ու յստակ տուեալներով, թէ մարդիկ ի՛նչ աշխատանքներ կը տանին, ի՛նչ յաջողութիւններ կ’արձանագրեն: Մենք ունինք շատ առողջ հայրենադարձներու ցանց մը` մօտ 2500 հոգի հաշուող, որոնք պատրաստ են պատասխանելու իրենց ուղղուած բոլոր հարցումներուն կամ նոյնիսկ` յայտարարութիւններ տարածելու համար: Յստակ գաղափարներ տարածելու մէջ բաւական յաջողած ենք:
Ճիշդ է, որ յաջողութեան հիմնական չափանիշը հայրենադարուողներուն թիւը ճշդելն է, բայց իրականութեան մէջ այս թիւը յստակեցնելը շատ դժուար է, որովհետեւ բոլոր հայրենադարձութիւնները մեր միջոցով տեղի չեն ունենար: Կրնան մեզ դիմած ըլլալ, իսկ աւելի ուշ` արդէն հաստատուած ըլլալ: Որոշ թիւ տալ կարելի չէ, բայց որակային եւ նպատակներու առումով, շատ հետաքրքրական է մեր արձանագրած յաջողութիւնը, որովհետեւ կան վերադարձող այնպիսի անհատներ, որոնք տնտեսութեան, մշակոյթի եւ ընդհանրապէս երկրի զարգացման վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան:
Ա. Շ.- Որքան Հայաստանը աւելի գրաւիչ դառնայ որպէս երկիր, այնքան հայրենադարձութիւնը աւելի իրատեսական եւ ոգեւորիչ կ՛ըլլայ հայութեան աւելի մեծ շրջանակներուն համար, եւ ասիկա միայն հայրենադարձութեամբ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ հայրենադարձներն են նաեւ, որ զգալի չափով երկիրը գրաւիչ կը դարձնեն: Երկրին մէջ տեղի ունեցող լաւագոյն զարգացումներուն մեծ մասը կ՛իրականացուի հայրենադարձներուն, տեղացիներուն եւ սփիւռք ապրողներուն միջեւ համագործակցութեամբ, որովհետեւ սփիւռքն ու հայրենադարձները թարմ շունչ կը մտցնեն Հայաստան, նոր ծրագիրներ ու գաղափարները կը բերեն, եւ նոր նախաձեռնութիւնները կը յանգին նոր արդիւնքի. երբ ստացուի նոր արդիւնք, բնական է, որ կ՛ըլլայ գրաւիչ ուրիշներուն համար: Մարդիկ երբ կը տեսնեն, թէ նախորդները Հայաստան գացին եւ հասան յաջողութեան, աւելի կը խանդավառուին ու կը հետաքրքրուին: Այս իրողութիւնը կը նմանցնեմ ձիւնէ գնդակի, որ երբ տեղէն շարժի, աստիճանաբար ծաւալ ու թափ կը ստանայ: Հայրենադարձութիւնն ալ սկսած է տեղէն շարժիլ, զանգուած եւ արագութիւն հաւաքել. անշուշտ` ոչ այն հնարաւորութեամբ, որ կ՛ուզէինք եւ կ՛ակնկալէինք, բայց բոլոր պարագաներուն շարժումը ընթացքի մէջ է, օրինակ` երբ Հայաստան կու գանք, ամէն քայլափոխի բան մը փոխուած կը տեսնենք, շատ տեղեր կը հանդիպինք հայրենադարձներու եւ սփիւռքահայերու, ասիկա կը նշանակէ, որ շարժում կայ քաղաքին մէջ: Ասկէ քանի մը տարի առաջ օտարացում կար սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, բայց հիմա աստիճանաբար նոր կապեր կը ստեղծուին ոչ թէ պետութեան եւ համայնքներու ղեկավարներուն միջեւ, այլ` լրիւ կենդանի սովորական մարդոց մակարդակով. օրինակ` երբ մարդիկ Հայաստանի մէջ գործընկերներ կ՛ունենան եւ անոնց հետ գործի կը սկսին կամ բարեգործական ծրագիրներ կը կատարեն կամ զաւակները ուսանելու կը տանին: Մարդոց մակարդակով տեղի ունեցած փոխկապակցութիւնը եւ շփումները` կը ստեղծեն լրիւ նոր իրավիճակ մը. զայն պէտք է տաք պահել ու շարունակել զարգացնել, որովհետեւ արտակարգ արդիւնք կու տայ:
Ր. Գ.- Օրինակ կ՛ուզեմ տալ «Թումօ» կեդրոնը, որ իրականութիւն չէր դառնար, եթէ տեղացի երեխաները այդ ծրագրին հետեւած չըլլային եւ չարտադրէին ժապաւէններ կամ խաղեր: Այսինքն սփիւռքէն մէկուն գաղափարը, նիւթական պայմանները եւ տեղական ստեղծագործ ուժը համատեղ ցոյց տուին, թէ ի՛նչ կարելի է ընել եւ ի՛նչ յաջողութեան կարելի է հասնիլ, այս գծով կան բազմաթիւ օրինակներ` «Այբ» դպրոցը, ամերիկեան համալսարանը եւ այլն:
Ա. Շ.- Յաջողութեան ամէնէն մեծ օրինակը Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւնն է: Շատ մը նախաձեռնութիւններ իրականացուած են հայրենադարձներու կամ սփիւռքի միջոցով: Բայց Հայաստանի մէջ միշտ ալ եղած են մարդիկ, որոնք այդ նախաձեռնութեան միացած, պատասխանատուութիւն վերցուցած են, եւ աստիճանաբար աճած է ոլորտ մը, որով Հայաստան կրնայ իրապէս հպարտանալ:
Այսօր տեղեկատուական արհեստագիտութեան քարտէսին վրայ Հայաստան կ՛ընդգծուի որպէս բարձր արհեստագիտութեան զարգացման կեդրոն: Հայաստանի հարեւանները չունին Հայաստանի չափ բարձր արհեստագիտական ոլորտ եւ այդ քարտէսին վրայ տեղ: Ամէն տարի Հայաստան կու գան տեղեկատուական արհեստագիտութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցող հանրաճանաչ մարդիկ եւ Հայաստանի նախագահէն մրցանակ կը ստանան, ինչպէս` Սթիւ Վոզնիաք, Ցուկիօ Մաքիմոթօ եւ ուրիշներ:
Ր. Գ.- Անցեալին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը կեդրոնացած էր օգնութեան կամ բարեգործութեան վրայ, ինչպէս դպրոց կառուցել կամ գիւղի մը ջուր մատակարարել, բայց ներկայիս տարբեր բնոյթ ունին ծրագիրները, որոնց մէջ կը շեշտուի համագործակցութիւնը ու համատեղ ուժերու գործակցութիւնը. օրինակ` ամերիկեան ընկերութիւն մը հայ պաշտօնեայի մը միջոցով 10-15 հոգինոց խմբակով գործ կը սկսի Հայաստանի մէջ. տարի մը ետք խմբակը կը դառնայ 25-30 հոգի, որովհետեւ որակը ի յայտ կու գայ: Այս ծրագիրը բարեգործութիւն չենք կրնար սեպել, այլ` համագործակցութեան իսկական արդիւնք:
«Ա.».- Հետաքրքրուողներուն համար ի՞նչ ունիք ըսելիք որպէս վերջաբան:
Ա. Շ.- Մենք այսօր նոր Հայաստան կառուցելու փուլը մտած ենք: Հայաստանի մէջ աստիճանաբար կեանք կը մտնէ այն սերունդը, որ չէ տեսած Խորհրդային Միութիւնը: Կեանք կը մտնէ անկախութեան սերունդ, որ տարբեր է նախորդներէն եւ կը փորձէ նոր երկիրը կառուցել աւելի ազնիւ, աւելի արդար, աւելի արթուն, շուտ զարգացող, մնացած հայութեան առջեւ աւելի բաց ու յստակ, որ շատ կարեւոր է: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն. «Միացէք մեզի մեր գործին մէջ: Եկէք` մեր երկիրը միասին կառուցենք: Հայաստանը բոլորիս է, բոլոր հայերուն: Ամէն հայ այդ երկրին տէրն է: Վերացական առումով տիրութիւն չենք կրնար ընել, այլ` միայն գործով. այդ երկրին մէջ քար-քարի վրայ դնելով, բան մը ստեղծելով, պաշտպանելով, կառուցելով եւ ներդրում ընելով: Լիբանանը մեր լաւագոյն համայնքներէն մէկն է: Ամէնէն հայրենասէր, կրթուած, ամէնէն աշխատասէր ու ամէնէն կազմակերպուած համայնքներէն մէկն է: Հայաստանը զարգացնելու համար Հայաստանին պէտք է լիբանանահայութեան կրթուածութիւնը, կազմակերպուածութիւնը, հայրենասիրութիւնը: Լիբանանը չի տուժեր, եթէ հազար երիտասարդ Հայաստանի մէջ մեր կողքին աշխատի յանուն երկրի զարգացման ու բարգաւաճման»:
Ր. Գ.- Ան, որ հայրենադարձութիւնը ապրած է, ամէն բանէ առաջ որպէս հայ բաւարարուած կը զգայ: Երբ կը տեսնեմ, թէ զաւակներս ի՛նչ միջավայրի մէջ կը մեծնան, ի՛նչ հնարաւորութիւններ ունին իրենց առջեւ, որպէս հայ անհատ` լիացած կը զգամ ու հպարտ:
Սփիւռքահայերը իրենց սեփական գործին կողքին, գաղութներուն մէջ եկեղեցական կամ միութենական կեանքին մաս կը կազմեն գործունէութիւններով: Հայրենադարձութեան պարագային նոյն բանը տեղի կ՛ունենայ, բայց` հայրենիքի մակարդակով: Եթէ կ՛ուզենք մեր ազգի բարօր ապագային համար աշխատիլ, մեր հայրենիքը կառուցելէն աւելի կարեւոր բան պէտք չէ տեսնենք: Ամէն հայ պէտք է մասնակցի Հայաստանի զարգացման գործընթացին: Դժուարութիւններ, բնական է, որ ըլլան, բայց լուծումները հեռու չեն մեզմէ, հաստատ: