Ծնաւ հայ ժողովուրդի սիրտէն, անոր հետ եղաւ պատմութեան բոլոր դժուարին ուղիներուն վրայ եւ կրեց անոր բոլոր տառապանքներուն ծանրութիւնը: Նպատակ ունենալով ամբողջական Հայաստանին վերատիրանալը, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերը պաշտպանելու հրամայականը, 125 տարի առաջ գաղափարական երեք երիտասարդներու ջանքերով ան յայտնեց իր անունը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:
Քուէյթի դաշնակցական ընտանիքը, «Ժողովուրդիս հետ, հայրենիքիս համար» կարգախօսով, ժողովրդային մեծ հանդիսութեամբ մը, ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին, Քուէյթի մասնաւոր դպրոցներու սրահին մէջ տօնեց ՀՅԴ-ի 125-ամեակը` ներկայութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանի, Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ դաշնակցական ընտանիքի համակիրներու հոծ բազմութեան:
Բացումը կատարուեցաւ Քուէյթի, Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներով:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց օրուան հանդիսավար Մարալ Համպոյեան, որ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգել անմոռաց յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՅԴ-ի հիմնադիրներուն եւ ընկերներուն: Ապա արժեւորելով Դաշնակցութեան 125 տարիներու վաստակը` ըսաւ. «125 տարիներ ՀՅԴ արդարօրէն կոչուեցաւ հայրենակերտ կազմակերպութիւն: Հոգեկան անհուն հպարտութեամբ կը խոնարհինք այս կուսակցութեան մտքի, զէնքի ու գաղափարի բոլոր այն ընկերներուն առջեւ, որոնք կերտեցին ՀՅԴ-ի պատմութիւնը:
Մեր պատմութեան այս վճռական պահուն «Ժողովուրդիս հետ, հայրենիքիս համար» կարգախօսը պէտք է դառնայ մեր բոլորը ցնցող ուժը` մեզ դրդելով ամէն օր, ամէն ժամ աշխատիլ եւ պայքարիլ, որպէսզի կարողանանք իրականացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքը եւ հասնիլ մեր արդար նպատակին»:
Այնուհետեւ Քուէյթի ՀՅԴ պատասխանատու կազմի խօսքը փոխանցեց Յակոբ Պետիրեան: Խօսելով դաշնակցականի կերպարին մասին` ան ըսաւ. «Ի պահանջեալ հարկին, կեանքի գնովն իսկ ծառայելու հայրենիքին»: Ահա այս մեկնաբանութեան մէջ ամփոփուած ու կերտուած է դաշնակցականի կերպարն ու ինքնութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ ազգին տուած է գաղափարական մը, հայրենիքի եւ ազատութեան գաղափարականը: Անոր իրագործման համար շարժման մէջ դրած է իր միտքն ու բազուկը»:
Իսկ վերարժեւորելով նախնեաց վաստակը` աւելցուց. «Այս կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն դարձաւ համազգային, եւ բազմաթիւ նուիրեալներ բոլորուեցան իր շուրջ, որ իր սրբազան դրօշին վրայ բոցավառ տառերով արձանագրեց «Մա՛հ կամ ազատութիւն» ու ազատութեան ճանապարհին վրայ զոհեց իր անձնուէր զաւակները, որոնք զոհուեցան Պանք Օթոմանի, Խանասորի, Վասպուրականի, Սասունի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Լիզպոնի եւ Արցախի մէջ, որպէսզի ապահովեն հայ մարդու բարօրութիւնը եւ հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը»:
Գեղարուեստական յայտագիրի բացումը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբը` ներկայացնելով «Զէյթունցիներու քայլերգը», «Զարթի՛ր, լաօ» եւ «Է հէ՜յ ոտքի, հայ ժողովուրդ» հայրենասիրական երգերը:
Սոյն տօնախմբութեան առթիւ խօսք առաւ նաեւ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, որ գնահատելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկան ու անցեալը` ըսաւ. «ՀՅԴ արարուել է` որպէս հայի տեսակի պաշտպանութեան եւ պահպանման համար մղուող պայքարի կուսակցութիւն, այդպիսին է եղել իր 125-ամեայ պատմութեան ողջ ընթացքում, այդպիսին է նաեւ այսօր»:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄ-ՔՄՄ «Շաքէ» պարախումբը` ներկայացնելով «Եարխուշտա» ռազմաշունչ պարը:
Սիամանթոյի «Դարերու վրէժ» բանաստեղծութիւնը տպաւորիչ կերպով ներկայացուցին Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական միութեան անդամներէն Քրիստ Գարակէօզեան, Սէրլի Թովմասեան եւ Կասիա Աբիկեան: Բեմէն ցուցադրուող յատուկ պատրաստուած տեսերիզը առաւել տպաւորիչ դարձուց ասմունքը եւ յուզախառն պահեր ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ, երբ պաստառին վրայ երեւցաւ Ուիլսընեան քարտէսը, որուն վրայ զետեղուեցաւ աւելի քան 100 պատանիներու եւ երիտասարդներու լուսանկարները:
Ապա ներկաները ունկնդրեցին օրուան բանախօսին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանին խօսքը, որ բովանդակալից ձեւով ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաքելութեան ուղին` անցեալին եւ ներկայիս:
Գարագաւորեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը 125 տարի հայկական իրականութեան մէջ հանդիսացաւ այն կուսակցութիւնը, որ համահայկական խնդիրներու ամէնէն ծանր բեռը միշտ ալ ինքն իր վրայ վերցուց, երբ ուրիշներ զբաղած էին ձեռնածութեամբ եւ մտավարժանքներով»:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութեան` Գարագաւորեան ըսաւ. «Դաշնակցութեան համար Հայ դատի պայքարին մէջ առանցքային նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ այսօր, մեկնելով շրջանային անորոշութենէն, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մը կնքումը նախ եւ առաջ իբրեւ անվտանգութեան երաշխիք, երկրորդ` նաեւ իբրեւ պատգամ միջազգային հանրութեան եւ ամէնէն կարեւորը իբրեւ յստակ կեցուածք թուրք-ազրպէյճանական ռազմատենչ նկրտումներուն եւ զինադադարի յաճախակի խախտումներով խափանարարական գործողութիւններուն: Դաշնակցութիւնը անյետաձգելի եւ անխուսափելի կը գտնէ Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը` իբրեւ հակամարտող համահաւասար կողմ»:
Այնուհետեւ անգամ մը եւս ելոյթ ունեցաւ «Շաքէ» պարախումբը` այս անգամ ներկայացնելով «Քոչարի» պարը: Հարկ է նշել, որ գեղարուեստական իւրաքանչիւր բաժինի ներկայացումէն առաջ, բեմին վրայ զետեղուած մեծ պաստառին վրայ երեւցաւ դաշնակցական յայտնի գործիչի մը խօսքը` արտասանուած ՀՅԴ տօնակատարութիւններու առիթով, որ օրուան մթնոլորտը դարձուց առաւել ազդու եւ անոր տուաւ մեծ յուզականութիւն:
125-ամեակի տօնակատարութիւնը յաւելեալ խանդավառութիւն ստացաւ այս առթիւ հրաւիրուած սիրուած երգիչներ Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններու ելոյթներով: Առաջին բաժինի աւարտին անոնք երգեցին վերջին շրջանին սիրելի դարձած երգերէն` «Պիտ պաշտպանեմ», «Տուն իմ հայրենի», «Մուշ, երկիր պապական» եւ այլն: Իսկ երկրորդ բաժինին սրահը թնդաց ազգային-հայրենասիրական երգերու հնչիւններուն տակ: Հանդիսականներն ու բեմ բարձրացած Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական միութեան եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան անդամները ծածանեցին իրենց ձեռքի դրօշակները եւ երգիչներուն հետ վանկարկեցին «Ձայն տուր, ո՛վ ֆետա», «Դրոյի յիշատակին», «Հայ քաջեր» եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»:
Վերջին հանգրուանով հայրական պատգամը փոխանցեց Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեան` վեր առնելով Դաշնակցութեան դերը հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Հայր սուրբը մասնաւորաբար ըսաւ. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 125 տարի պայքարեցաւ ու պիտի շարունակէ պայքարիլ` հայ ժողովուրդին ապահովելու ազատ եւ բարօր կեանք»:
Չխախտելով դաշնակցական հաւաքներու բարի աւանդոյթը` 125-ամեակի հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգով, զոր երգիչին հետ յոտնկայս կատարեց ամբողջ սրահը` ծածանելով ՀՅԴ-ի եւ եռագոյն դրօշակները: