ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Աւելի քան երկու տասնամեակ միջազգային հանրութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդներու գլխաւորութեամբ, որ կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, կը փորձէ բանակցութիւններ վարել արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:
Բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտը Ազրպէյճանի կողմէ կրակոցները չդադրեցնելու յամառութիւնն է, եւ անոր յարձակումներուն սաստկացումը` հակամարտութեան կարգաւորման ամէն վճռորոշ հանդիպման նախօրէին: Անոր ապակառուցողական վարքագիծը միանգամայն անընդունելի է բոլոր անոնց համար, որոնք ներգրաւուած են խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Ազրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը սրէ իրավիճակը նման առիթներով, ճնշում գործադրելու համար միջազգային հանրութեան վրայ` ստիպելու համար Հայաստանին երթալ միակողմանի զիջումներու Արցախի մէջ:
Ամէն անգամ, երբ ազրպէյճանական ուժերը կը յարձակին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, Մինսքի խումբի միջնորդները, աւելի լարելով իրավիճակը, հերթական յայտարարութիւնը կը տարածեն` կոչ ընելով երկու կողմերուն դադրեցնելու կրակը, այդպիսով հաւասարութեան նշան դնելով յանցաւորին եւ տուժողին միջեւ: Բացի այդ, միջնորդները կը քողարկեն իրենց անպատասխանատու յայտարարութիւնը` պնդելով, որ իրենք համոզուած չեն, թէ ո՛ր կողմը առաջինը կրակած է:
Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի (հանրապետական) եւ գլխաւոր դեմոկրատ Էլիոթ Էնկելի նախաձեռնութեամբ Ներկայացուցիչներու տան 85 անդամներու ստորագրութեամբ նամակ մը ուղարկուեցաւ Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, դեսպան Ուորլիքին` յորդորելով ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր քայլերը` ետ քաշելու դիպուկահարները սահմանէն, տեղակայելու կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող համակարգեր սահմանագծի երկայնքին եւ աւելցնելու տարածքը համակարգողներուն թիւը: Այս քայլերը ընդունուած էին Հայաստանի, Արցախի, Միացեալ Նահանգներու, Քոնկրեսի եւ Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ, սակայն մերժուած Ազրպէյճանի կողմէն` իր ռազմատենչ նախաձեռնութիւնները թաքցնելու եւ զանոնք շարունակելու մտադրութեան պատճառով: Նման անյուսալի պայմաններու մէջ երեք միջնորդները կրնան քննարկել կրակորսիչ համակարգերու տեղակայումը արցախեան սահմանէն ներս` յարձակումներու աղբիւրը արձանագրելու համար: Եթէ միջնորդները չեն ուզեր նման քայլեր ձեռնարկել, ուստի Հայաստանը ինքը պէտք է գնէ ամերիկեան «Ռէյթէոն» ընկերութեան արտադրած կրակորսիչ համակարգերը եւ հաւաքագրէ անկախ օտարերկրեայ հասարակական կազմակերպութիւններ` վերահսկելու եւ արդիւնքներու մասին միջազգային հանրութեան զեկուցելու համար:
Անմիջապէս որ բացայայտուի կրակոցներուն աղբիւրը` միջնորդները պարտաւորուած պիտի ըլլան դատապարտելու յանցագործը, հակառակ պարագային անոնք պիտի խրախուսեն Ազրպէյճանը` սաստկացնելու յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի վրայ:
Այդ ընթացքին միջնորդները պէտք է զգուշացնեն Ազրպէյճանի բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ եթէ ան չդադրեցնէ եւ ետ չկանգնի սպառնալիքներէն եւ Հայաստանն ու Արցախը ռմբակոծելէն` իրենք ստիպուած պիտի ըլլան Ազրպէյճանի խախտումները ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` տնտեսական պատժամիջոցներ պահանջելով անոր երկրին դէմ:
Միջնորդները կրնան նաեւ ժամանակաւորապէս դադրեցնել իրենց խաղաղարար առաքելութիւնը` առարկելով, որ Ազրպէյճանի շարունակական կրակոցները կը խանգարեն հակամարտութեան լուծում գտնելու գործընթացը: Անկասկած, հնարաւոր չէ կռուիլ եւ բանակցիլ միաժամանակ…
Քանի որ Ազրպէյճանը պատրաստ չէ պատերազմելու, եթէ ըլլար, շատոնց սկսած էր` պարզապէս սպառնալու փոխարէն, ուստի ան այլընտրանք չունի, քան հետեւիլ միջնորդներու կոչին` դադարեցնել կրակը եւ սկսիլ լրջօրէն բանակցիլ: Բանակցութիւններու սառեցումը լուրջ նահանջ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի համար, քանի որ ասիկա միակ ճանապարհն է, որով ան կրնայ յոյսեր տածել որոշ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու` Հայաստանի եւ Արցախի հետ: Միւս կողմէ` հայերը արդէն հասած են իրենց նպատակին` ազատագրելով Արցախը ազրպէյճանական բռնագրաւումէն եւ որեւէ ակնկալիք չունին հետագայ բանակցութիւններէն:
Եթէ միջնորդները չսառեցնեն բանակցութիւնները, Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ որոշել դադրեցնել իր մասնակցութիւնը այդ անարդիւնաւէտ բանակցութիւններուն` ատով իսկ յստակ ուղերձ յղելով Պաքուին, որ Հայաստանի եւ Արցախի հրետանային ռմբակոծութիւնը կը վնասէ նոյնինքն Ազրպէյճանի սեփական շահերուն:
Եթէ բանակցութիւնները չեն դադրեցուիր, եւ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր յարձակումները, ուստի Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ վերջին հաշուով պատասխանել «զանգուածային եւ անհամաչափ հարուածներով», ինչպէս ան բազմիցս զգուշացուցած է: Թէեւ ոմանք կրնան մտահոգութիւն արտայայտել, որ նման գործողութիւնները պիտի յանգեցնեն բռնութիւններու հետագայ սրուելուն, սակայն իրականութեան մէջ ատիկա պիտի նուազեցնէ, նոյնիսկ պիտի կանգնեցնէ սահմանի վրայ տեղի ունեցող անթիւ բախումները, անմիջապէս որ Ազրպէյճանի ղեկավարները հասկնան, որ իրենք աւելի շատ կը կորսնցնեն կռուելով, քան` բանակցելով: Ցաւալի է, որ նախագահ Ալիեւը կը շահարկէ երիտասարդ ազրպէյճանցի զինուորներու կորուստը առաջին գծի վրայ` շեղելու համար իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը երկրի մէջ առկայ քաղաքացիական իրաւունքներու զանգուածային խախտումներէն, իր կառավարութեան վերնախաւերուն մէջ տիրող փտածութենէն եւ ահաւոր տնտեսական պայմաններէն` կապուած նուազող քարիւղային եկամուտներուն հետ:
Անցեալ շաբաթ ես առիթ ունեցայ այս հարցերէն քանի մը հատը քննարկել Ուաշինկթընի մէջ տարբեր պաշտօնեաներու հետ, երբ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի մէջ կը հանդիպէր Քոնկրեսի անդամներու եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդ դեսպան Ուորլիքի հետ: Երկու ընդունելութիւն կազմակերպուած էր Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պատուին` Հայաստանի դեսպանատան եւ Քափիթոլիումի մէջ, վերջինիս համակազմակերպիչներն էին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով զբաղող խումբը, Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի հայկական համագումարը, եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը: Ներկայացուցիչներու տան քանի մը անդամ, դեսպան Ուորլիքը եւ այլ բարձրաստիճան անձինք մասնակցեցան Քոնկրեսի ընդունելութեան` զայրացնելով Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը, որ ազրպէյճանցի ցուցարարներու փոքր խումբ մը ուղարկած էր` բողոքելու հանդիպման դէմ: Նախագահ Ռոյսը ընդունելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ ինք խնդրած է դեսպան Ուորլիքէն այս շաբաթ հանդէս գալու Ներկայացուցիչներու տան մէջ` արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ ճեպազրոյցով:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մեծ թիւով գործիչներ Ամերիկայի տարբեր կողմերէն, ներառեալ` տողերուս հեղինակը, անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ միացան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանին` Արցախի համար խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան ուղերձ յղելու Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի տասնեակ մը անդամներու կոչ ընելով անոնց ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը Ազրպէյճանէն:
Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը