Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (6)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Պանդոկ-«Քասսուֆ»

Պանդոկ-«Քասսուֆ»

Լիբանանի Գեղատեսիլ գիւղերը:

Հրաւէրները անհաշիւ են: Ժամանակի սղութեան պատճառով, ստիպուած, քանի մը հատը ակամայ կը մերժենք:

Անթոյեան ընտանիքին հետ մեր ընտանեկան բարեկամութիւնը կ’երկարի մինչեւ մեր ծնողներուն երիտասարդութեան տարիները: Երկուքիս ծնողներն ալ հեռացած են այս աշխարհէն, սակայն զաւակներու միջեւ կապը չէ կտրուած, հակառակ այն իրողութեան որ մենք տասնամեակներէ ի վեր ծովերէն անդին հաստատուած ենք: Այսօր, ծովերէն ասդին, Լիբանան կը գտնուինք եւ Անթոյեան քոյրերը առիթը չեն փախցներ միասին անմոռանալի օր մը անցընելու` մեզ տանելով Լիբանանի գեղատեսիլ գիւղերը, ուր ժամանակին երազային ու դրախտային կեանք կ’ապրէր լիբանանցին:

Կէսօրուան մօտ կը հասնինք գետի ափին ճաշարան մը ու կը վայելենք տեղւոյն վրայ որսացուած ձուկը եւ Լիբանանի այնքան համեղ աղանդերները: Բացառիկ է Լիբանանի բնութիւնը, եւ այդ բնական գեղեցկութիւնը, հոսող գետակին մեղեդին, կարծես քեզի կը պարտադրեն խմելու լիբանանեան օղին:

«Իմ կարօտած սրտի համար խմելէն մեծ հաճոյք չկայ…»
 (Թուրիկ)

Քաղաքի մը օդն ու ջուրը շատ կը նպաստեն անձի մը տրամադրութեան վրայ: Խմելու սովորութիւն չունիմ առհասարակ, սակայն ուրախ առիթներով, նոյնիսկ եթէ խմեմ, կը գոհանամ մէկ գաւաթով: Խմիչքս չեմ նորոգեր, բացի հազուադէպ պարագաներու, ինչպէս` Ղարաբաղի մէջ, երբ շրջապատուած էի կարգ մը գրականութիւն սիրողներով եւ արուեստագէտներով, խմած «Կոտայք» գարեջուրիս շիշերը մէկէ աւելի կը հաշուէին: Ղարաբաղի օդն ու ջուրն էր պատճառը անկասկած: Նոյնը պատահեցաւ Լիբանանի օղիի գաւաթներուն, որոնք օդին եւ ջուրին կողքին, կը վերագրեմ Լիբանանի կարօտիս, նաեւ` սեղանակիցներուս:

Այդ օր օղիի երկրորդ գաւաթը հակառակ ազդեցութիւն գործեց տրամադրութեանս վրայ. փոխանակ բարձրացնելու` իջեցուց նուազագոյնի, եւ յիշեցինք տխուր դէպքեր միայն: Ի՞նչն էր պատճառը: Երկուքիս ընտանիքներուն ալ նոյն վիշտով տառապած ըլլա՞լը:

Հաւանաբար: Աւելի ճիշդ` վստահաբար:

Երկու ընտանիքներն ալ երիտասարդ կորուստ ունեցած ենք: Երկուքիս եղբայրները Լիբանանի դաժան պատերազմի տարիներուն հեռացած են մեզմէ:

Պատերազմի առաջին տարիներուն էր, երբ Անթոյեանները կորսնցուցին իրենց մէկ հատիկ եղբայրը` մանկութեան բարեկամս Գոգոն, որ զոհ գնաց ռումբի մը պայթումին, երբ հանգիստ տունը ձգելով` գացած էր բարեկամի մը օգնելու: Տասնամեակներ անցած են այդ թուականէն, սակայն անշէջ հուրը միշտ ներկայ է եւ մնայուն կ’այրէ վշտահար սրտերը:

Մեծ ճիգ կը թափենք նիւթը փոխելու, սակայն կարճ ժամանակ ետք կ’անդրադառնանք, թէ անզգալաբար  վերադարձած ենք նոյն նիւթին. երկուքիս երիտասարդ եղբայրներու կորուստը:

* * *

Քանի մը ժամ ետք ճամբայ կ’ելլենք ու կը հասնինք հիանալի համայնապատկերով գեղեցիկ Մէյրուպա գիղը:

«Որքան անցնի, չեմ մոռանար, հազար տեսակ գանձերը իր,
Մէյրուպայի կէս օխանոց, արեւահամ տանձերը իր»
(Թուրիկ)

Լիբանանի գիւղերու նեղ եւ օձապտոյտ ճամբաներէն յառաջանալով` կ’անցնինք գիւղէ գիւղ եւ Պոլոնիայի հրապարակէն ձախ թեքուելով` կը հասնինք Մրուժի հրապարակը: Հրապարակին վրայ է տակաւին Մար Թաքլա եկեղեցին: Ո՞վ չի յիշեր Մար Թաքլա եկեղեցւոյ տօնակատարութեան շաբաթավերջը: Ամէն կողմ` կրպակներ, խաղեր, նուագախումբ, եռուզեռ, իրարանցում: Կեանք կար այդ ժամանակ: Այսօր պատահմամբ քանի մը ինքնաշարժներ կ’անցնին միայն:

Բարեբախտաբար այդ ժամուն Մար Թաքլա եկեղեցին բաց է:

Արաբ եկեղեցւոյ մէջ հայերէն «Հայր Մեր»-էն ետք, կը վերադառնանք Պոլոնիա: Ո՞ւր է նախքան պատերազմի տարիներուն խճողումը: Ճամբաները, «Սամահա» ճաշարանին եւ պանդոկին նման, դատարկ են: Աչքերուս առջեւ կը վերակենդանանայ «Սամահա» ճաշարանը, ուր ամէն շաբաթավերջ Լեւոն Գաթրճեանի աշուղական եւ ազգային երգերուն անուշ ձայնը կը տարածուէր մինչեւ մօտակայ գիւղերը:

Գեղեցիկ անտառները տակաւին ներկայ են, սակայն ճամբու եզերքի շքեղ վիլլաները գրեթէ  բոլորը դատարկ են ու ամայացած:  Ո՛չ դուռ, ո՛չ ալ պատուհան: Պատերազմի տարիներու կողոպուտէն ետք այդ գեղեցիկ բնակարաններու սեփականատէրերը չեն համարձակիր վերանորոգել իրենց կալուածները: Երեսի վրայ ձգած ու հեռացած են:

Ինչ-որ-մնացաղ-է-«Լա-Ֆուրմի»-էն

Ինչ-որ-մնացաղ-է-«Լա-Ֆուրմի»-էն

Կը հասնինք «Լա Ֆուրմի» զբօսավայրը, ուր երկար տարիներ իմ նուագախումբովս, ամէն ամառ, կը  խանդավառէինք մեծ թիւով գիւղագնացներ: «Լա Ֆուրմի» ֆրանսերէնով կը նշանակէ մրջիւն: Զբօսարանին սպասեակները մրջիւնի նման աջ ու ձախ կը վազէին` գոհացնելու անհաշիւ ներկաները: Կեանք, եռուզեռ, երգ ու պար: Մեր եւրոպական եւ հայկական երգերուն ձայնը, մեր համբաւին նման, կը տարածուէր մօտակայ ու հեռաւոր գիւղերը: Այսօր տխուր պատկեր մը կը ներկայանայ աչքերուս առջեւ: Մայր շէնքը քանդուած, շրջափակի պարտէզները` անխնայ մեծցած խոտերով լեցուն: Ցանկապատ մը քաշուած է կալուածի տարածքին շուրջը: Գործաւորներ կ’աշխատին: Կը ներկեն կեդրոնի աւազանը: Կանգ կ’առնենք եւ տխուր պատկերէն յիշատակի նկար մը կ’ուզեմ ունենալ: Աշխատող գործաւորներէն մէկը կը հարցնէ նկարելուս պատճառը: «Հին յիշատակներ», կը պատասխանեմ: «Հին օրերէն նկար մի ունի՞ս»: Դժբախտաբար չունիմ ոչ մէկ նկար: Ինչո՞ւ այդ հետաքրքրութիւնը: Կրնա՞յ ըլլալ, որ սկսած են վերանորոգման աշխատանքի մը եւ կը փափաքին նախկինը վերարտադրել:

Կրնա՞յ ըլլալ: Ո՞վ գիտէ:

Կը շարունակենք մեր ճամբան: Կ’անցնինք «Քասսուֆ» պանդոկին առջեւէն: Շէնքը փլատակ չէ, սակայն … այդ գեղեցիկ վիլլաներուն նման, ո՛չ մէկ պատուհան: Փորձեր են գողնալ ու կողոպտել, ինչ որ կարելի է: Դուռ ու պատուհանէն սկսեալ, մինչեւ իսկ բաղնիքներուն ծորակներն ու խողովակները:

Աջին այդ փոքրիկ սրճարանն է, ուր քանի մը ամառ Արա Քէքէճեանի «Շոգեկառքը»-ը կը լսէինք, իսկ քանի մը քայլ անդին` ՀՄԸՄ-ի ճաշարան-պարտէզը, փլատակ վիճակի մէջ: Հաւանաբար նոյնն է պարագան Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ճաշարան-պարտէզին: Կը յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ նոյն բախտին չարժանանայ, սակայն, Հալէպի ներկայ պայմաններուն, քանի՞ հոգի պիտի համարձակի այցելել այդ վայրը, ուր ներկաները իրարու հետ «կռիւ» կ’ընէին սեղան մը ապահովելու համար:

Տհուր Շուէյրը-ամայի

Տհուր Շուէյրը-ամայի

Հասած ենք Տհուր Շուէյրի հրապարակը: Դէմ դիմաց` «Լէօ սանթր» եւ «Հաուի» ճաշարանները: Առաջինին մէջ Վարդիվառ Անթոսեան իր «Լոս Ամորես» նուագախումբով, իսկ դէմը Վարդիվառի քրոջ տղան` Ատիս Հարմանտեան իր «Ծաղիկներ»-ով ու «Մանուշակ»-ներով: Այսօր ծաղիկներուն ու մանուշակներուն փոխարէն` վայրի փուշերու կը հանդիպինք միայն: Երկուքն ալ փակ են: Հրապարակը ամայի, եւ երեւակայեցէք, որ ամառ է եւ գիւղագնացութեան շրջան: «Գիւղագնացութիւն»: Այդ բառը լիբանանցիին բառարանին մէջ տեղ չունի այլեւս:

Հասած ենք Պիքֆայա: Նոյն պատկերը: Միակ տարբերութիւնը, որ կը նկատեմ, հրապարակի վրայ բարձրացուցած են Փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադիր, Փիեռ Ժեմայելի արձանը:

Կը շարունակենք մեր ճամբան, եւ տակաւին Անթիլիաս չհասած, ձախին կարգ մը տուներ մատնանշելով` մեզի կը յիշեցնեն: «Այս մէկը Վահէ Պէրպէրեանին ծնողքին տունն էր»: Քանի՜ քանի՛ անգամներ գտնուած եմ Վահէին տունը, նոյնիսկ` իր Լիբանանը ձգելէն ետք: Բարեկամներով կ’այցելէինք Վահէի ծնողքին: Ներկայ օրերու նման ե-նամակի, «Սքայփի» կամ հեռաձայնի դիւրութիւններ չկային: Կ’այցելէինք Վահէէն տեղեկութիւններ քաղելու, միեւնոյն ժամանակ «առանձին չձգելու» իր բարի ու գիտակից ծնողները:

Արդէն հասած ենք Անթիլիասի մայրավանքը, որ նորակառոյց բարձր շէնքերով  շրջապատուած, գրեթէ աննշմարելի դարձած է:

Շինարարութիւն` ամէն կողմ, բացի Մեթնի շրջանի գիւղերէն, ուր չհանդիպեցայ որեւէ նոր կառուցուած շէնքի. մինչեւ իսկ վնասուածները մնացած են գրեթէ աւերակ վիճակի մէջ: Զարմանքով հարց տուի այդ մասին:

Հարցում մը, որուն ոչ ոք կրցաւ պատասխանել:

Լոս Անճելըս 2015

(Շար. 6)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>