Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Այդ Օրը ԱՊԸԲ Կեդրոնի «Թնճուկեան» Սրահին Երեւոյթը Տարբեր Էր

$
0
0

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

naz_121915

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնն էր պատրաստել կազմակերպութեան օրացոյցը,   խորհրդածութիւններէ ետք յարմար նկատած էր,  որ 2016-ի օրացոյցին էջերուն պատկերազարդման համար դիմէ  լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտներու,   զանոնք քաջալերելու,  տաղանդներ  յայտնաբերելու եւ Ցեղասպանութենէն 100-ամեակ մը ետք նոր ու երիտասարդ միտքերով ներկայանալու համար հանրութեան: Յանձնախումբին առաջարկով մեծաթիւ երիտասարդներ  ընդառաջած էին գաղափարին եւ լրջութեամբ փորձած էին իրենց լաւագոյնը  տալ 2016-ի օրացոյցին եւ նոթատետրին:

Երիտասարդ նկարիչներու գեղանկարներուն ուղղութեան եւ արժեւորման համար քարոզչական յանձնախումբը դիմած էր  «Այբ թու զետ» եւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիաներուն տնօրէնութեանց,  որոնք մնայուն ներկայութեամբ եւ բծախնդրութեամբ հետեւած էին  աշխատանքին:

Բոլորին հետեւողական ճիգերով լոյս տեսան 2016 տարուան ԼՕԽ-ի օրացոյցն ու նոթատետրը,  որոնց էջերը  պատկերազարդուեցան լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտներուն գծագրութիւններով:

Այդ առիթով ալ, առ ի  գնահատանք եւ երախտագիտութիւն անոնց ցուցաբերած նպաստին, երեքշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2015-ի  երեկոյեան  Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը  ԼՕԽ-ի յարկին ներքեւ հրաւիրած էր 2016 տարուան իր օրացոյցի եւ նոթատետրի  էջերը պատկերազարդած լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտները:

Բոլորիս ծանօթ է, որ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ  սովորաբար կը գումարուին ժողովներ, կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ,  տարեցներու եւ մանուկներու յատուկ խրախճանքներ:

Այդ օր, սակայն, «Թնճուկեան» սրահին երեւոյթը  տարբեր էր. նորահաս երիտասարդներու ներկայութիւնը տարբեր երանգ մը տուած է սրահին: Անոնց  ներկայութիւնը ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս լաւագոյն փաստ մըն էր այս մարդասիրական կազմակերպութեան հանդէպ իրենց ունեցած յարգանքին: Անոնք, իրենց իսկ վկայութեամբ, ճիշդ է որ ծանօթ էին  ԼՕԽ-ի գործունէութեան,   սակայն մեծ փափաք ունէին օրացոյցի եւ նոթատետրի պատրաստութեան  իրենց գործակցութեամբ,  պատկերած թեմաներուն ընդմէջէն, յաճախակի հանդիպումներու ճամբով  աւելի մօտէն ծանօթանալու Լիբանանահայ օգնութեան խաչի  լայնածաւալ աշխատանքներուն:

Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ ԼՕԽ-ը իրենցմէ իւրաքանչիւրին առիթ ընծայած էր  ինքնավստահ քայլերով հանրութեան ներկայանալու  եւ  ամրօրէն  կառչելու գեղանկարչութեան արուեստին: Անոնց համար  ԼՕԽ-ի օրացոյցի եւ նոթատետրի  աշխատանքին մասնակցութեան  հրաւէրը առիթ մըն էր նաեւ  իրարու ծանօթացման եւ միասնաբար` համբերութեամբ  յաջողցնելու  իրենց վստահուած գործը:

Հանդիպման ընթացքին Շրջանային վարչութեան գեղարուեստի դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ երիտասարդ գեղանկարիչներուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւնն ու յարգանքը տպաւորիչ էին: Այդ օր «Թնճուկեան» սրահին մթնոլորտը  տարբեր էր:

85-ամեայ հարուստ գործունէութեամբ  Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, 2016 տարուան իր օրացոյցին ճամբով, տարիներու պատմութեան իր էջերուն վրայ կու գայ աւելցնելու տարբեր էջ մը, ուր փորձառու եւ տարեց ԼՕԽ-ականը համեստօրէն կը վկայեն, թէ այս կազմակերպութեան դռները միշտ բաց են երիտասարդութեան դիմաց` նորանոր գաղափարներով  թռիչք տալու համար  իր ծրագիրներուն:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>