ՍԵԴԱ Մ.
Օգոստոսին արդէն ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբը աշխատանքի լծուած էր պատրաստելու ԼՕԽ-ի 2016-ի օրացոյցը: Միասնաբար որոշեցինք, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, նոր հարիւրամեակի սեմին նոր շունչով լիբանանահայ երիտասարդ նկարիչներ զարդարեն օրացոյցին էջերը:
Քաջ կը հաւատանք, որ երիտասարդութիւնը պէտք է ներառենք մեր շարքերուն մէջ, որովհետեւ ան իր հմտութիւններով, ստեղծագործ միտքով պիտի նպաստէ մեր աշխատանքի կենսունակութեան եւ յառաջդիմութեան:
Հետեւաբար դիմեցինք ակադեմիաներու եւ նկարիչներու, մեր հրաւէրին ընդառաջեցին տասնեակէ աւելի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:
Առաջին հանդիպումին մթնոլորտը մտերմիկ եւ խանդավառ էր: Երիտասարդները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան ԼՕԽ-ի տարած կամաւոր հսկայական աշխատանքին եւ անսակարկ նուիրումին` մեր ընկերութեան վերականգման եւ բարօրութեան ի խնդիր, եւ աւարտին իւրաքանչիւրը յանձն առաւ իր վրձինով պատկերացնել թեմա մը, որ կը ներկայացնէր ԼՕԽ-ի ծառայութեան դաշտ մը:
Ժամանակի դէմ վազքը սկսաւ, ունեցանք շարք մը աշխատանքային հանդիպումներ, մեր խմբակին միացան ուրիշ երիտասարդներ, եւ նկարիչներուն թիւը հասաւ 19-ի, յաջորդաբար ստացանք իրենց գեղեցիկ նկարչութիւնները:
Որոշեցինք, որ իրենց նկարչութիւնները նաեւ լոյս տեսնեն ԼՕԽ-ի 2016-ի նոթատետրին մէջ եւ հաւաքական նկարչական ցուցահանդէսով մը հրամցուին մեր հանրութեան «Միջազգային կամաւորի օրուան» տօնակատարութեան ընթացքին:
Բծախնդիր եւ մեղուաջան աշխատանքի արդիւնքը հմայիչ էր, վկան ԼՕԽ-ի 2016-ի օրացոյցը, որուն վերնագիրը արդարօրէն կոչուեցաւ Նոր Հարիւրամեակ: