Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Շուշանիկ

$
0
0

shushan-vardeni_121915Վարդան Մամիկոնեանի երէց դուստրը` Վարդենի, ճանչցուած` Շուշանիկ, ծնած է Հայաստան, 440 թուականին: Կ՛ամուսնանայ Վրաստանի Ծուրթաւի շրջանի իշխան` բդեշխ Վազգէնի հետ: Կ՛ունենան չորս զաւակներ: Վազգէն կամ Վարզգէն, Արշուշա Բ.ի որդին էր:

Այդ ժամանակներուն Վազգէն իշխանը կը ղրկուի Պարսկաստան, պարսից թագաւոր` Պերոզի հետ տեսակցութիւն ունենալու եւ երկու երկիրներու միջեւ սերտ յարաբերութիւն մշակելու: Պերոզ թագաւորի պահանջին վրայ Վազգէն իշխանը, ինքն իր կամքով, կրօնափոխ ըլլալով` կ՛ընդունի կրակապաշտութիւնը եւ կը խոստանայ իր կինն ու զաւակներն ալ կրօնափոխ ընել: Շուշանիկ իշխանուհին երբ կ՛իմանայ այս որոշումը, կ՛ողբայ եւ գետին կ՛իյնայ: Կ՛առնէ իր չորս զաւակները եւ  պալատը լքելով` կ՛ապաստանի մօտակայ եկեղեցիի մը մէջ: Անոր կ՛այցելէ Ծուրթաւիի հոգեւոր հայրը` Յակոբ, որ կ՛ըսէ. «Վազգէնը ոճրագործ եւ անխիղճ անձ մըն է, եւ քեզի համար սարսափելի ճակատագիր կը սպասուի: Դուն հաւատքիդ վրայ ամուր պիտի մնա՞ս»: Շուշանիկ կը պատասխանէ` «Կը նախընտրեմ մեռնիլ, քան թէ կրօնս ուրանալ»: Երեք օր յետոյ իշխանը կը վերադառնայ պալատ եւ հակառակ Շուշանիկը տուն բերելու բազմաթիւ փորձերուն` Շուշանիկ հաստատ կը մնայ իր որոշումին վրայ: Իշխանը կը զայրանայ ու կը կալանաւորէ զայն` արգիլելով ոեւէ մէկուն այցելութիւնը իր կնոջ, բանտին մէջ:

Վեց տարիներ Շուշանիկ կը մնայ կալանքի տակ, կ՛ենթարկուի ծանր չարչարանքներու, սակայն իր յարատեւ աղօթքներով կը տոկայ, հիւանդներ կը բուժէ այդ միջոցին, ինչպէս նաեւ` զաւակազուրկ ամոլներ կը մայրացնէ:

Նախքան իր մահը` Շուշանիկ կ՛օրհնէ իր շուրջը եղողները եւ կը խնդրէ, որ թաղեն զինք հոն, ուրկէ իր անհաւատ ամուսինը դուրս դրած է զինք պալատէն: Կը մահանայ 475 թուականին, Վրաստանի մէջ:

578 թուին Գրիգոր Ա. կաթողիկոսի կողմէ Սուրբ Շուշանիկի աճիւնները կը փոխադրուին Թիֆլիս, ուր կը մնան մինչեւ օրս:

Ս. Շուշանիկ քրիստոնէական կրօնի առաջին նահատակներէն մէկն է: Հոկտեմբեր 17-ը իր յիշատակի օրն է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>