Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Բենօ Թոնդեան (1945-2014). ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը, Որ Լայնախոհութեամբ Հունաւորեց Դէպի Երկիր Ուղին

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

peno_121915Դեկտեմբեր 15-ին մահուան առաջին տարելիցն է Բենօ Թոնդեան անուն դաշնակցականին, որ 125-ամեայ մեր կուսակցութեան ամէնէն զգայուն ժամանակահատուածներէն մէկուն, Հայաստանի վերանկախացման առաջին տարիներուն, ամենայն լայնախոհութեամբ պահապան կանգնելով Դաշնակցութեան Աւանդին, իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ «Դէպի Երկիր» ուղղուած ընդհանրապէս տարագիր հայութեան, այլեւ յատկապէս Դաշնակցութեան երթին հունաւորման մէջ:

Բենօ Թոնդեան արժանաւորապէս մարմնաւորեց նոր ժամանակներ թեւակոխած Դաշնակցութեան վարքագիծը` գաղափարաբանական, կազմակերպական եւ մանաւանդ քաղաքական-բարոյական վերանորոգման առումներով:

Անոնք, որ հնարաւորութիւնը ունին այսօր թերթատելու եւ կարդալու 1970-ականներու սկզբնաւորութեան ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի հաւաքածոն, վստահաբար զարմանքով պիտի հաստատեն, թէ Բենօ Թոնդեան անունով մինչ այդ անծանօթ ստորագրութիւնը, այդ ժամանակ իր հրապարակած շաբաթական յօդուածներով որքա՜ն այժմէական միտք ունէր փոխանցելու հայ մարդուն` 1968-էն ետք նոր աշխարհակարգի մը հիմերը նետող քաղաքակիրթ մարդկութեան արհեստագիտական յեղափոխութեան եւ գաղափարաբանական վերանորոգման դեգերումներուն մասին:

25-ամեայ երիտասարդ, Համազգայինի Ճեմարանէն քանի մը տարուան շրջանաւարտ, նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքը աւարտած` Բենօ Թոնդեան դեռ դաշնակցականի իր երդումը տուած չէր, երբ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ ուսանողական յեղափոխութեան միջազգային բողոքի եւ ընդվզումի շարժումները գտան պաղեստինեան պոռթկումի իրենց կրակի մկրտութիւնը:

Հայաշունչ ամբողջ սերունդի մը հոգեխառնութիւնն ու մտածելակերպը արտայայտելով` Հալէպէն ու Քեսապէն ետք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք աշակերտած, ապա` Համազգայինի Ճեմարանը աւարտած եւ հուսկ ՀՅԴ նորահաստատ կուսակցական դպրոցէն անցած Բենօ Թոնդեան ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն էր իր սերունդին այն մտայնութեան, թէ նախ կեանքի մէջ պէտք է ուսումի տէր ըլլալ, ապա` սեփական յաջողութեան ասպարէզ ունենալ, յետոյ միայն դաշնակցական երդում տալ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ազգին ու հայրենիքին ազատագրութեան դատին ծառայել` այդ պայքարին խորհրդանիշ կուսակցութեան` ՀՅԴ շարքերը մտնելու երդում տալով…

Բենօ Թոնդեան իր սերնդակիցներուն բաղդատած` ուշացումով մտաւ ՀՅԴ շարքերը, իր ուղին հունաւորող ուսուցիչին` Հրաչ Տասնապետեանի ներշնչումով, նախ ուսման տիրացաւ եւ ապա միայն արժանաւորի կարգավիճակով եկաւ Դաշնակցութեան գիրկը: Իսկ 1971-ի սկզբնաւորութեան իր տուած դաշնակցական երդումէն մինչեւ մահ, ան անդեդեւ եւ անսակարկ նուիրումով գործեց ՀՅԴ յառաջապահ դիրքերուն վրայ` ամենայն լայնախոհութեամբ պահապան կանգնելով հայ ժողովուրդի ազգային անանց արժէքներուն, Դաշնակցութեան քաղաքական եւ կազմակերպական աւանդին, հայ մշակոյթի ճառագայթող հարստութիւններուն, այլեւ ու մանաւանդ` Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի անփոխարինելի հանգանակին:

Քսաներորդ դարու վերջին քառորդին, երբ Երեւանը վերստին ու Պէյրութը նորովի ծանրութեան կեդրոն կը դառնային հայոց հողմացրիւ կեանքին մէջ, Դաշնակցութեան նորացուած դէմքը մարմնաւորող գործիչներու շարքին Բենօ Թոնդեան հանդիսացաւ հինն ու նորը, աւանդականն ու նորարականը համադրելու ուղին ընտրած սերունդին այն ներկայացուցիչը, որ խօսակից էր բոլորին, նոյնիսկ ներհակ համոզումներու տէր… իրերամերժ արմատականներուն:

Տակաւին կանուխ է ըստ արժանւոյն գնահատելու Բենօ Թոնդեանի ներդրումը հայ կեանքի եւ Դաշնակցութեան կեանքի բախտորոշ այն հանգրուանին, երբ թրքական եղեռնագործութեան դէմ Հայ դատի ուժական պայքարը 1985-ին նշդրակի հարուածով վերջ գտաւ, որպէսզի քանի մը տարի ետք` 1988-ին, Երեւանէն մինչեւ Ստեփանակերտ վերանորոգ թափով նոր շունչ առնէ…

1988-ի ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր ժողովէն սկսեալ, Բենօ Թոնդեան իր կարգին նոր էջ բացաւ իր կենսագրութեան մէջ: ՀՅԴ եւ ընդհանրապէս սփիւռքի «Դէպի Երկիր» շրջադարձային որոշումը կայացնող այդ Ընդհանուր ժողովին յառաջապահներէն եղաւ, բայց նախընտրեց թիկունքը պահել եւ ոչ թէ առջեւ նետուիլ: Քիչեր գիտեն, թէ առջեւ նետուողներուն ինչպիսի՜ հոգածութեամբ եւ ակնածանքով տիրութիւն ընողներէն եղաւ Բենօ Թոնդեան:

Աւելի՛ն. յատկապէս 1995-էն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի իր պաշտօնավարութեան շրջանին Բենօ Թոնդեան հանդիսացաւ լայնախոհաբար հայ կեանքի մէջ հաւասարակշռութիւններ պահպանող այն պատասխանատուն, որ ինչպէս Դաշնակցութեան ներկազմակերպական կեանքէն ներս, նոյնպէս եւ Հայաստանի իշխանութեանց եւ հայ հասարակութեան միջեւ յարաբերութեանց հարթութեան վրայ, հետեւողականօրէն պարզեց ու բարձր պահեց դրօշը համախոհութեան եւ համերաշխութեան ոգիին` ազգի ու հայրենիքը հոգը ապրող քաղաքական թէ կուսակցական բոլոր հատուածներուն միջեւ համագործակցութիւն յորդորելով, մինչեւ իրականացումը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան, մինչեւ ապահովումը մեր միակ Պետական Տան անվտանգութեան:

Որոշակի իմաստով` Բենօ Թոնդեան երեւոյթ էր հայ կեանքին մէջ: Առաջին հերթին` հայ կեանքի ղեկավարման եւ առաջնորդող որոշումներու կայացման կեդրոններու մէջ կազմաւորուած ըլլալու իմաստով: Անշուշտ, նախ` իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի գործավարի (արհեստավարժ պաշտօնեայի), ապա նաեւ` ուսուցչական ասպարէզով նորահաս սերունդներուն առաջնորդողի առաքելութեամբ:

Երկրորդ հերթին` Բենօ Թոնդեան երեւոյթ էր սփիւռքահայ կեանքի վարչամեքենան` իր ղեկավար գործիչներով եւ կազմակերպչական մտայնութեամբ ճանչնալու իր բացառիկ կարողութեան ու հոտառութեան իմաստով: Բենօ Թոնդեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր 1994-ին, երբ ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի 25-ամեայ ներկայացուցիչը` տարաբախտ Հրայր Մարուխեան ուղեղի կաթուածով մահաքունի մատնուեցաւ: Դժբախտ պատահարը ղեկավարման մեծ բաց մը ստեղծեց յանկարծ Դաշնակցութեան կեանքին մէջ, որ իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ:

Օրուան ՀՅԴ Բիւրոյի կազմին մէջ կուսակցական ցենզով կային արժանաւորներ, որոնք կրնային յաջորդել ընկեր Հրայրին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութեան տէր կանգնելու իմաստով: Բայց Դաշնակցութիւնը իր գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը որոշեց վստահիլ Բենօ Թոնդեանին, որ կրցաւ բարձր պահել ՀՅԴ դրօշը փոխանցման այդ դժուարին շրջանին, երբ Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը հայրենիքի մէջ պետականօրէն «փակուած» էր, իսկ սփիւռքի տարածքին մեր ժողովուրդը խորթութեան մատնուած էր Հայաստանի ատենի իշխանութեանց կողմէ:

ՀՅԴ գաղափարական եւ կազմակերպական այն աւանդը, որ Արամ Մանուկեանի եւ Սիմոն Վրացեանի Հայաստանի անկախութեան սերունդին կողմէ ժառանգ ձգուած էր մեր սերունդներուն, Բենօ Թոնդեան իր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնավարութեան շրջանին փորձեց, ամէն ճիգ թափելով, նորովի կենսագործել` Հայաստանակեդրոն համահայկական կառոյցի վերածելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, նաեւ` «Հայաստանը ամէն բանէ վեր» նշանաբանին տալով մերօրեայ Դաշնակցական թռիչք…

Բենօ Թոնդեան առանձին վազող ձի չէր:

Հաւաքական կամք եւ ուժ մարմնաւորող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ էր:

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու ազգային մեր վճռականութեան եւ մարտունակութեան յուշարարն էր վերջին հաշուով:

Ինչպէս իր կենդանութեան, նաեւ իր մահէն ետք Բենօ Թոնդեան կը շարունակէ խօսակից մնալ բոլոր անոնց, որոնք ազգի եւ հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան տեսլականով համազգային մեր պայքարը յաջողութեամբ պսակելու ուղի կ՛որոնեն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>