ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Փետրուարեան յեղափոխութիւնը ոչ միայն Ռուսիոյ, այլ նաեւ համայն մարդկութեան պատմութեան եզակի էջերէն մէկն է: Անիկա յեղափոխութիւն մըն էր, որ փոխեց միլիոնաւոր մարդոց ընկերային-տնտեսական իրավիճակը: Ինչպէս որ փիլիսոփայ Քարլ Մարքս ըսած էր` «յեղափոխութիւնները պատմութեան շոգեկառքերն են», նոյնպէս ալ Ռուսիոյ Փետրուարեան յեղափոխութիւնը շոգեկառք մըն էր, որ արտադրական համակարգը փոխեց, աշխատանքի եւ դրամագլուխի միջեւ յարաբերութիւններուն նոր ընթացք, իսկ հողի եւ գիւղացիի յարաբերութեան նոր թափ տուաւ:
Այս յեղափոխութեան 100-ամեակին առիթով պէտք է ծանօթանանք այն պատճառներուն, որոնք պայթեցուցին այս մեծ դէպքը, եւ դասեր քաղենք անոնցմէ` յանուն փայլուն ապագայի մը կերտման:
Յեղափոխութեան բռնկումը
Պատերազմական մթնոլորտ էր ամբողջ Ռուսիոյ մէջ: Անշուշտ, պատերազմը իրեն հետ կը բերէ նաեւ ծանր հետեւանքներ` սով, աղքատութիւն, անգործութիւն եւ աշխատանքի ծանր պայմաններ: 22 փետրուար 1917-ին էր (նոր տոմարով` 7 մարտին), երբ ցուրտ ձմրան, Ռուսիոյ մէջ այդ ժամանակաշրջանին զարգացած արդիւնաբերութեան կեդրոն նկատուող Փեթրոկրատ քաղաքի բանուորները ընդհանուր գործադուլ յայտարարեցին եւ գրաւեցին քաղաքը: Երկրորդ օրը կիները իրենց միջազգային օրուան հաւաքը յատկացուցին պայքարի` յանուն ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան: Կիները միացան քաղաքի բանուորներուն: Քաղաքը զարդարուեցաւ կարմիր դրօշներով եւ պաստառներով: Զինուորները եւս յեղափոխական կացութենէն կ՛օգտուին եւ իրենց կեանքի դժգոհութիւնները կը յայտնեն` միանալով ցուցարարներուն: 27 փետրուարին (նոր տոմարով` 12 մարտին) յեղափոխականները (բաղկացած` քաղաքի բանուորներէն եւ զինուորներէն) կը կազմեն «Փեթրոկրատի խորհուրդ»-ը, որ կը դառնայ յեղափոխութեան բարձրագոյն մարմինը:
Համայն Ռուսիոյ ժողովուրդը զայրացած էր եւ ոգեւորուած` յեղափոխութեամբ: Ցարը անձնապէս յոյս չունէր գոյատեւելու: Յեղափոխութեան հովերը Փեթրոկրատէն կը հասնին Մոսկուա, Թիֆլիս, Երեւան, Պաքու, Սիպերիա… Ամէն տեղ կը կազմուին խորհուրդներ: Զգալով, որ այլեւս ընելիք չունի, Նիքոլայ Բ. ցարը կը հրաժարի գահէն, իսկ իշխանութիւնը կ՛անցնի «Ռուսական ժամանակաւոր կառավարութեան» (կազմուած` ընկերվար-յեղափոխական, մենշեւիկ եւ սահմանադիր ռամկավար (ՔԱՏԵԹ) կուսակցութիւններէն) ձեռքը: Յեղափոխական կառավարութիւնը իր կազմուելէն ետք կը յայտարարէ արմատական քայլերու մասին, որոնք հետեւեալներն էին` թագաւորութեան վերացում, հանրապետութեան կերտում, վարչական ապակեդրոնացում, քաղաքացիական ազատութիւններու (խօսքի, հաւաքի, խղճի) ապահովում եւ ընկերային բարեկեցութիւն:
Հայութիւնը եւ յեղափոխութիւնը
Արեւելեան Հայաստանի շրջանները, մաս կազմելով ցարական Ռուսիոյ, չէին կրնար հեռու մնալ յեղափոխական կեանքէն: Հայ բանուորութիւնը, տարիներով տառապած` ցարական ազնուապետական համակարգէն, իր բողոքի ձայնը կը բարձրացնէ եւ համերաշխութիւն կը յայտնէ ամբողջ Ռուսիոյ տառապած աշխատաւորներուն հետ: Հայ աշխատաւորական շարժումը այդ ժամանակ լաւապէս կազմակերպուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ: ՀՅԴ-ի աստղը կը փայլէր բոլորին առջեւ: Անիկա էր հայկական ազգային կեանքին մէջ կազմակերպուած թիւ մէկ ժողովրդավարական եւ ընկերվարական յեղափոխական ուժը, որ իր շուրջ համախմբած էր ոչ միայն բանուոր զանգուածը, այլ նաեւ ընկերվարական անհատները, որոնք Փետրուարեան յեղափոխութեան սիրտն էին:
Կովկասեան 3 ազգերը` վրացիները, հայերը եւ թաթարները, կ՛ունենան «Կովկասեան կոմիսարիատ», որ կը հիմնուի նոյեմբեր 1917-ին, կազմուած` կովկասեան 3 մեծ ազգային ուժերէն` ՀՅԴ-էն, վրացի մենշեւիկներէն եւ թաթար մուսաւաթականներէն: Կոմիսարիատին մէջ ՀՅԴ-ն կը ստանձնէ 2 կոմիսարիաներ` ելեւմուտքի եւ հանրային խնամատիրութեան: Առաջինին կոմիսարը կը դառնայ Խաչատուր Կարճիկեանը, իսկ երկրորդինը` Համօ Օհանջանեանը: «Կովկասեան կոմիսարիատ»-ին կը յաջորդէ «Անդրկովկասեան ժողովրդավար դաշնակցային հանրապետութիւն»-ը` իբրեւ վարչական կառավարիչ մարմին: Այդ մարմինին մէջ ՀՅԴ-ն կը ստանձնէ 2 նախարարութիւններ` ելեւմուտքի եւ խնամատարութեան: Առաջինին նախարարը կ՛ըլլայ Ալեքսանտր Խատիսեանը, իսկ երկրորդինը` Յովհաննէս Քաջազնունին: Դաշնակցային հանրապետութեան օրէնսդիր մարմինը կը դառնայ Անդրկովկասեան սէյմը, որ կ՛ունենայ 89 անդամներ, 32-ը` մենշեւիկ, 30-ը` մուսաւաթական եւ 27-ն` դաշնակցական:
Անդրկովկասի շրջանէն դուրս, ՀՅԴ-ն կը մասնակցի Ռուսիոյ սահմանադիր ժողովի ընտրութիւններուն, որ տեղի կ՛ունենայ 25 նոյեմբեր 1917-ին: ՀՅԴ-ն կը շահի 560.000 ձայն (18,5% կովկասեան շրջանի ընդհանուր ձայներէն) եւ կը դառնայ կովկասեան շրջանի երրորդ մեծ ուժը` վրացի մենշեւիկներուն եւ թաթար մուսաւաթականներուն ետին:
Յեղափոխութեան ժառանգութիւնը
100 տարի առաջ եւ յատկապէս յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին կովկասեան շրջանը կ՛ապրէր մնայուն խաղաղութեան մէջ: Տասնեակ ազգեր եւ կրօններ միասին կ՛ապրէին եղբայրութեամբ: Բոլոր ազգերը լուծեցին իրենց ազգային հարցերը` խաղաղ միջոցներով: Ընկերային մարզին մէջ տիրած էր բարեկեցութիւն, վերացուած էին կամ սկսած էին վերանալ բոլոր անարդար հիմքերը. կովկասցի քաղաքացիին առջեւ առաջին անգամ ըլլալով կը բացուէին ձրի ուսումի եւ ձրի բուժման կարելիութիւնները: Սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը հաստատուած էր, եւ Կովկասը առաջինը եղաւ, բազմաթիւ այլ շրջաններէ առաջ, կիներու քուէարկութեան իրաւունքի ապահովման առումով:
Տնտեսական մարզը կրնանք բաժնել 2 մասերու` արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական: Առաջինը արդէն իսկ զարգացման մէջ էր` շնորհիւ կարեւոր մարզերու պետականացումին: Գործարաններու բանուորները, գրեթէ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, արհեստակցական միութիւններու անդամակցած էին: Գիւղատնտեսութեան պարագային, յեղափոխական մարմինները ծաւալուն հակաաւատապետական պայքար կը մղէին` հողերու համայնացումով եւ անոնց հաւասար բաշխումով` բոլոր գիւղացիներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպելով զանոնք` համագործակցական միութիւններու մէջ: Քաղաքական համակարգը խորհրդարանական, հանրապետական եւ ժողովրդավարական էր, ուր մարդու իրաւունքներն ու քաղաքացիական ազատութիւնները (խօսքի, խիղճի, հաւաքի) յարգուած եւ սրբացած էին, իսկ թագաւորական միապետականութիւնը` ոչնչացած:
Յեղափոխութենէն 100 տարի ետք կովկասեան շրջանը կ՛ապրի 3 ազգերուն միջեւ խոր թշնամական կացութեան մէջ: Ո՛չ խաղաղութեան եւ ո՛չ ալ պատերազմի կարգավիճակի մէջ: Միապետական թագաւորութեան փոխարինած են բռնապետներ, որոնք իրենց ամբողջ ուժով ճզմած են իրենց քաղաքացիներուն ազատ ձայնը: Աւատապետութեան յաջորդած է «օլիկարխիա»-ն` իր շուկայական մենաշնորհներով: Աղքատութիւնը եւ անգործութիւնը տիրած են եւ պատճառ դարձած` արտագաղթի: Այսօր Կովկասէն կը պակսին խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան արժէքները: Արժէքներ, որոնց սիրոյն 100 տարի առաջ միլիոնաւոր մարդիկ գրաւեցին փողոցները եւ նոյնիսկ իրենց արիւնը ընծայաբերեցին անոնց իրականացման համար:
Այս արժէքները ներկայիս կ՛ամրապնդուին, երբ արդար խաղաղութիւն կը տիրէ շրջանին մէջ` յարգելով Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, ունենալով անկախ պետութիւն, լսելի դարձնելով կովկասեան ժողովուրդներու ձայները` առանց որեւէ կաշկանդումի` կրօնի կամ ազգային խտրութեան հիման վրայ, մշակութային, ազգային եւ քաղաքական բազմակողմական համակարգի կերտումով, ազգային եկամուտի արդար բաշխումով, քաղաքացիներուն ընկերային ապահովագրութեամբ եւ ընկերային շուկայական տնտեսութեամբ, ուր պետութիւնը կը հսկէ շուկայի գործունէութեան` ուղղելով զայն հանրութեան շահի ծառայութեան օգտին: Այսօր, կովկասեան շրջանի եւ յատկապէս մեր հայրենիքի թիւ մէկ մարտահրաւէրն է այս արժէքներուն ամրապնդումը: