Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

27 Փետրուար 1988, Սումկայիթ. Հայասպանական Թրքատիպ Եղեռնագործութեան Ազրպէյճանական Մոլեգնումը

$
0
0

«Փետրուարի 27. ժամը 5:00-ին թուրքերի ամբոխը ներխուժեց հարեւան հինգ յարկանի շէնքը… Ես իմ աչքերով տեսել եմ միայն Սաշայի եւ նրա տիկնոջ` Աւագեան Լոլայի ու քրոջ սպանութիւնը: Աղմուկ-աղաղակ էր, սուլոց: 100-150 հոգի էին: Մտան շքամուտք: Սաշային սպաննեցին շքամուտքի մօտ, խփում էին փայտերով, ոտքով, երկաթէ ձողերով, դանակահարում: Սաշայի քոյրը պատշգամբից գոռում էր, օգնութիւն կանչում: Ամբոխը, Սաշային մորթելուց յետոյ, բարձրացաւ նրա տուն, անմարդկային ոռնոց էր լսւում նրանց պատշգամբից, մի քանի ժամ յետոյ Սաշայի քրոջը խոշտանգուած վիճակում շպրտեցին 5-րդ յարկից, իսկ տիկնոջը մերկացրած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տալիս շէնքի բակում եւ բռնաբարում. կինը չդիմացաւ… Երեք հայերի յօշոտուած մարմինները մի քանի ժամ մնացին շէնքի բակում»… (ականատես Սէյրանեան Էլմիրայի վկայութիւնը):

Ահա այսպէ՛ս մոլեգնեցաւ, փետրուարի այս օրերուն, թրքական պետութեան գործադրած եւ անպատիժ մնացած հայասպանական ոճիրին ազրպէյճանական յորձանքը: Եւ փետրուար 1988-ի այս օրերուն, աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ սահմռկած աչքերով հետեւեցան ազգային` «էթնիք մաքրազտման» քստմնելի այն ոճրագործութեան, որ պատմութեան սեւ ու անմոռանալի էջերէն մէկը դարձաւ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով: Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ ազրպէյճանական քաղաք մը` Սումկայիթը «մանրանկար» հոմանիշը դարձաւ… Տէր Զօրի: Եւ մինչ այդ միջազգային հանրութեան համար անծանօթ քաղաք մը` Սումկայիթը աշխարհին յայտնի դարձաւ ցեղասպանական նորօրեայ սպանդի մը թատերաբեմը դառնալու իր տխուր հռչակով:

1988-ի փետրուար 26-27-ին Սումկայիթէն ծայր առին պետականօրէն ծրագրուած ու կազմակերպուած ջարդերը Ազրպէյճանի բռնակալութեան տակ ապրող հայ բնակչութեան դէմ: Ազերի զինեալ ամբոխի տեսքով ու ձեռքով գործադրուած այդ ջարդերը, իրենց տեսակին մէջ, եղան առաջին «էթնիք մաքրազտման» վայրագ բռնութիւնները Խորհրդային Միութեան վերջին ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ: Սումկայիթի սպանդը մեծ դեր ունեցաւ, ինչպէս ընդհանրապէս Խորհրդային Միութեան փլուզման, նոյնպէս եւ արցախեան ազատամարտի բռնկման առումներով:

Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ազրպէյճանի իշխանութեանց իրագործած թրքատիպ ոճիրին` Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային սպանդին: Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները այսօր իրե՛նք կը հաստատեն, որ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած էր ազրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյնպէս կը հաստատեն, որ պետական հրահանգով սկսաւ, 1988-ի փետրուարեան այս օրերուն, կազմակերպուած յարձակումը քաղաքի հայ խաղաղ, անզէն ու անպաշտպան բնակչութեան դէմ: Միւս կողմէ, ինչպէս օրին, այնպէս ալ այս օրերուն միջազգային մամուլի էջերուն մէջ տակաւին լոյս կը տեսնեն մեկնաբանութիւններ, որոնք ազրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւին ծառայելով` կը փորձեն տարածել այն թիւրիմացութիւնն ու նենգափոխումը, թէ այդ ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծաւալած արցախեան պահանջատիրութիւնը պատճառ եղաւ ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին` հայերու եւ ազերիներու միջեւ: Բայց նոյնիսկ նման անհիմն վերագրումներու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ազրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ազրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ: Պաքուի այդ օրերու վարիչներն ու անոնց ժառանգորդ Ալիեւ հայր ու որդի բռնակալ իշխանութիւնները ինչպէս ատենին փորձեցին, նաեւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն ամէն կարգի յերիւրանքի եւ կեղծիքի դիմել, որպէսզի ազերի գաղթականներու ամբոխային հակահայ տրամադրութեանց վերագրեն հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ, այդ սպառնալիքով, Սումկայիթի ու ամբողջ Ազրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ազրպէյճանեան մեծ ոճիրը: Համաթրքական ուժերու այդ նենգափոխումներն ու հակահայ քարոզչութիւնը ապարդիւն անցան` բախելով հայկական պահանջատիրութեան ծաւալած Իրաւունքի եւ արդարութեան արշաւին:

Այսօր միջազգային շրջանակները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած, նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում ու եռօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին… Որոշապէս կը տրուի Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին անունը, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ ոճիրները: Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը ունեցաւ, անկասկած, նաեւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը: Կրեմլինի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց` ազրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար: Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ` հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան համարժէք կեցուածք չճշդելով ու հատու եւ զսպիչ հարուած չտալով յանցագործներուն: Խորհրդային իշխանութիւնը օրին նոյնիսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի սպանդին տարողութիւնը: Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերուն թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով` աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները: Հայ-ազրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին: Բուն կռուախնձորը` Արցախը, իրողապէս ազատագրուած եւ իր անկախ Հանրապետութիւնը հաստատած է: Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ՛եռայ ազրպէյճանեան իշխանութեանց մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք: Հայ ժողովուրդը փետրուարի այս օրերուն կը սգայ եւ կ՛ոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, որոնք անլռելի վկաներն են հայաջնջումի թրքատիպ եղեռնագործութեան շարունակուող վտանգին: 1915-ին թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան ոճիրը, անպատիժ մնալով եւ քաղաքական անհրաժեշտ դատաստանի ու պատիժի չենթարկուելով, պատճառ դարձաւ, որ պատմութիւնը պարբերաբար կրկնուի` հայասպանական յանցագործութեանց սանձակոտոր յորձանքով: Նոյնը պատահեցաւ Սումկայիթի «փոկրոմ»-ի պարագային:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները, անպատիժ մնալով, ո՛չ միայն շարունակեցին հակահայ պարբերական ջարդերը, այլեւ` պատմական ճշմարտութեան ուրացման պետական իրենց քարոզչութիւնը հասցուցին իր գագաթնակէտին, նոյնինքն զոհը` հայութիւնը իբրեւ ցեղասպան ներկայացնելու սուտ ու կեղծ «պատմագրութեամբ»: Վկայ` Հայաստանն ու հայութիւնը այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» համար պատասխանատու հռչակելու համաթրքական մերօրեայ ծաւալուն լոպիինկը: Թուրքիոյ ունեցած քաղաքական ազդեցութեան լծակներով եւ ատրպէյճանի նաւթային հարստութեամբ` անպատիժ մնացած ցեղասպանը, թուրքի անուն կրէ ան թէ ազերիի, նորովի թափով կը շարունակէ իր սուտին ու կեղծիքին սպասարկելու պատրաստ ծախու խիղճեր կաշառել աշխարհի տարածքին, որպէսզի լռութեան պատ հիւսէ Սումկայթի ողբերգութեան շուրջ: Պահանջատէր հայութիւնը, յատկապէս իր նորահաս սերունդներով, իր մէջ անհրաժեշտ եւ բաւարար ուժը կը գտնէ, որպէսզի ձախողութեան մատնէ համաթրքական գազանին նորօրեայ գալարումները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>