Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Խարբերդի մէջ գտնուող հայկական Ս. Գէորգ վանական համալիրը բաւական վատ վիճակի մէջ է:
Համալիրին բոլոր կառոյցները աւերակներ դարձած են: Ներկայիս կանգուն մնացած է միայն կիսաքանդ եկեղեցի մը, որուն սիւները ճաթած են, իսկ կառոյցէն ներս ամբողջութեամբ աւերակ է ամէն ինչ: Այս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Evrensel.net-ը:
6-րդ դարու այս վանական համալիրը նախապէս ունեցած է իր եկեղեցին, բաղնիքը, որբանոցն ու գերեզմանատունը: Անիկա գիւղին վերի հատուածը բաւական ընդարձակ տարածք մը գրաւած է: Ս. Գէորգ համալիրը իր կառուցման օրէն իսկ հարիւրաւոր սաներ ունեցած է: Իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք երկար ժամանակ ապաստան տուած է հոն հասնող գաղթականներու անվերջ հոսքին:
Միութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժամանակաշրջանին վանական համալիրը յանձնուած է Պիթլիսէն եկող զինուոր Սատըք Էքրեմին, որ իր զինուորներուն հետ գանձեր գտնելու յոյսով անխնայ փորփրած են համալիրին տարածքը: Տեղացիներուն համաձայն, վանական համալիրը պարբերաբար գանձախոյզերու յարձակումներու ենթարկուելու իբրեւ հետեւանք աւերուած է:
Գիւղի բնակիչներու վկայութեամբ, մինչեւ 1990-ական թուականներ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ գոյութիւն ունեցած են ձիաւորի մը եւ հսկայ խաչերու պատկերներ, որոնք այնուհետեւ անյայտ անձերու կողմէ առանց պատճառի քանդուած ու ոչնչացուած են:
Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրին եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնադրամը (Շէքիւլ) շուրջ 35 տարի առաջ վանական համալիրի պահպանման դիմում ներկայացուցած է: Անկէ ետք համալիրի տարածքը Էլազըղի քաղաքապետարանի Հնագիտութեան եւ Ազգագրական թանգարանի պատասխանատուութեան տակ եղած է:
Սակայն, այնուհետեւ, հայկական Ս. Գէորգ վանական համալիրի պահպանման կամ վերականգնման ուղղութեամբ ոչ մէկ աշխատանք կատարուած է: Թերեւս, կարելի է նշել միայն այն, որ համալիրի տարածքին կանգուն մնացած միակ կառոյցը` կիսաքանդ եկեղեցին եւ զայն շրջապատող փոքրիկ հողակտորն է, որ փշալարերով ցանկապատուած է ու այդպէս ալ մոռացութեան մատնուած է: