Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ «Իրան Խոտրօ» ընկերութեան միակ ներկայացուցիչ «Ռենա» ընկերութեան տնօրէն Ռենա Նաֆեզի տեղեկացուցած է, որ իրանցի գործարարները Արթիկի մէջ գորգագործութեան զարգացման ծրագիր մը պիտի մշակեն: Ան հաստատած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի դեկտեմբեր 2016 թուականին Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին այս ծրագիրը քննարկած էին նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ` Հայաստան-Իրան գործարար համագումարին ընթացքին:
Գործարարը կը տեղեկացնէ, որ այս համագործակցութիւնը պիտի իրականացուի Շիրակի Արթիկ քաղաքին հետ: «Արդէն քաղաքապետին հետ քննարկած ենք: Կ՛ուզենք թելեր բերել եւ ժողովուրդին տալ` գորգ գործելու նպատակով: Դժբախտաբար գորգագործութիւնը վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ չէր տարածուած», նշած է Ռենա Նաֆեզին:
Ան համոզուած է, որ սպառումի խնդիր չեն ունենար, որովհետեւ գորգերը պիտի արտածուին Ռուսիա, Չինաստան եւ Գերմանիա: «Գորգի պահանջ միշտ կայ աշխարհի վրայ: Որքան ալ սուղ ըլլայ, մասնաւորապէս ձեռքի գործը, անիկա միշտ պահանջուած է», շեշտեց Ռենա Նաֆեզի: