ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Օմարի Լեռնանցքին
Ռազմագիտական Նշանակութիւնը
Ազերիական ուժերը 1994 փետրուարի 20-էն սկսեալ յարձակումներ շղթայազերծեցին Մարտակերտի Մատաղիս գիւղին ուղղութեամբ: Հայ ազատամարտիկները ծանր կորուստներ պատճառեցին նախայարձակ ուժերուն:
Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չէր ուզեր համակերպիլ այն իրողութեան հետ, որ պետութեան բոլոր հնարաւորութիւնները, մարդկային եւ նիւթական բոլոր միջոցները ռազմաճակատին համար հրապարակ նետելէ ետք, բոլոր յարձակումներն ալ ձախողած էին: Հետեւաբար, օրը օրին, նորակոչ զինուորագրուողներ կը նետուէին ռազմաճակատ: Արագ յաջողութեան հասնելու եւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան բանակի ճակատը որեւէ ուղղութեամբ ճեղքելու յոյս ունենալով` Հայտար Ալիեւ մտադիր էր այդ ձեւով Ազրպէյճանի մէջ բարձրացնել իր անձնական հեղինակութիւնը եւ ամրապնդել իշխանութիւնը: Այդ պատճառով ալ անոր իշխանութիւնը կանգ չէր առներ մարդուժի եւ արհեստագիտութեան հսկայական կորուստին առջեւ` նոյնիսկ փոքր յաջողութեան հասնելու եւ իրավիճակը իր ժողովուրդին աչքին ձեւով մը ներկայացնելի դարձնելու համար:
Իր կարգին Ազրպէյճանի քարոզչական մեքենան ուժգնօրէն կը թմբկահարէր ազրպէյճանական բանակի երեւակայական նուաճումները, յայտարարելով, որ Քելբաջարի շրջանը արդէն «ազատագրուելու» վրայ է, Լաչինի «ազատագրումը» օրերու հարց է, իսկ այն ազերիները, որոնք պատրաստ են բնակութիւն հաստատելու այդ շրջաններուն մէջ, հինգական միլիոն թղթադրամ վարձատրութիւն պիտի դառնան:
Ճակատի գիծերուն վրայ մեծ թիւով ազրպէյճանցիներու դիակներ անթաղ մնացած էին: Բայց յետոյ, համաճարակներու վտանգին առաջքը առնելու համար անոնք հաւաքուեցան արցախեան ուժերու յատուկ ծառայութեան կողմէ:
Բայց ազրպէյճանական իշխանութիւնները սպաննուած զինուորին փոխարէն ուրիշը ճակատ կը նետէին, իսկ ոչնչացուած գումարտակի փոխարէն կազմ ու պատրաստ կ՛ուղարկուէր պահեստի մէջ գտնուողը, եւ ռազմաճակատներուն վրայ յարձակումները կը շարունակուէին:
Ստեղծուած էր իրավիճակ մը, երբ արցախեան ուժերու մարտիկները, որքան ալ բարձր բարոյականի տէր եւ իրենց գործի արդարութեան ու յաղթանակի հաւատքով հզօր էին, այսուհանդերձ շատ մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպէին մարդուժի սակաւութեան պատճառով: Ազատամարտիկներէն շատերը առանց հանգստանալու կը կռուէին արդէն հինգ տարի շարունակ, յոգնած էին եւ ոմանք նոյնիսկ մնայուն անքնութեան եւ թերսնումի պատճառով հիւծած էին: Արցախի հերոս պաշտպանները ոչինչ ունէին եւ ոչինչ կը ստանային: Պատերազմի պահանջները օր աւուր կը սրէին եւ զէնքի ու զինամթերքի սակաւութիւնը զգալի էր: Շատ անմխիթար էր յատկապէս հագուստի եւ սնունդի ապահովման պարագան: Արցախեան գումարտակներու հրամանատարներն իսկ յաճախ կիսաքաղց վիճակով կը կռուէին: Յաճախ կիսաքաղցր թէյն իսկ պերճանք կը նկատուէր: Ազատամարտիկներէն շատեր հինգ տարուան ընթացքին համազգեստ չէին ստացած: Իսկ ձմեռնային պայմաններու մէջ կռուելու համար անհրաժեշտ վերարկուներու մասին մտածելն իսկ աւելորդ էր:
Ազատամարտիկներու ընտանիքներն ալ անձուկ պայմաններու տակ կ՛ապրէին: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ եկամուտի աղբիւր չունէին:
Սակայն մարդուժի սակաւութեան եւ բոլոր դժուարութիւններու պայմաններուն տակ Արցախի պաշտպանները հրաշքներ գործեցին: Արցախի մէջ զէնք բռնելու տարիքի տղամարդ չէր մնացած. բոլորն ալ ճակատներու վրայ կը գտնուէին: Շատ յաճախ խուճապահար նահանջող թշնամին չէր հետապնդուեր եւ արցախեան բանակը յառաջխաղացք չէր կատարեր միայն այն պատճառով, որ լրացուցիչ ուժեր չկային` գրաւուած բարձունքներուն վրայ դիրքաւորուելու համար: Արցախեան յարձակող գումարտակները թիկունքը ապահով պահելու համար յաճախ ստիպուած կ՛ըլլային կանգ առնելու եւ դիրքաւորուելու: Նոյն ազատամարտիկները թէ կը յարձակէին եւ թէ գիշերները հերթապահութիւն կը կատարէին առանց հանգստանալու:
Մինչդեռ, խուճապահար փախչող թշնամին, ազատելով հետապնդումէն, հանգիստ կ՛առնէր, կը կազդուրուէր եւ մեծաթիւ լրացուցիչ ուժեր ու արհեստագիտութիւն ստանալով` կը վերադասաւորէր իր ուժերը եւ կրկին յարձակման կ՛անցնէր:
***
Օմարի լեռնանցքը, աւելի քան երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ, ռազմագիտական կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, որ կեդրոնական Արցախը լեռնաշխարհի հիւսիսային շրջաններուն կապող միակ ճանապարհի հանգոյցն էր: Լեռնանցքը եւ անոր շրջակայ բարձունքները վերահսկողը կը դառնայր այդ ճանապարհին տէրը: Նախապէս այդ ճանապարհը ոչ միայն բանուկ չէր, այլեւ համարեա չէր գործեր:
Ազրպէյճանցի «պատմաբաններ» եւ «աշխարհագրագէտներ» Օմարի լեռնանցքին անունը կը կապեն Օմար անունով արաբ, պարսիկ կամ թուրք ինչ որ զօրապետի մը, թէեւ պատմութեան մէջ այդ անունով զօրապետ չէ եղած: Հայկական ժողովրդական ստուգաբանութեան համաձայն բուն անուանումը Ամառի լեռնանցք է, այն հիմնաւորումով որ անիկա բաց կ՛ըլլայ ամրան ամիսներուն, իսկ ձմրան կը գոցուի ձիւնին պատճառով:
Հայկական ուժերուն կողմէ Օմարի լեռնանցքի ազատագրումէն ետք, ազրպէյճանական բանակի լայնածաւալ յարձակման հիմնական նպատակներէն մէկը Օմարի լեռնանցքին վերագրաւումն էր, Քելբաջար-Խանլար ճանապարհին վրայ վերահսկողութեան ապահովումը եւ Քելբաջար աւանին տիրանալը: Գլխաւորաբար այս ճակատին վրայ կեդրոնացուած էին աֆղան վարձկանները:
***
Բրիտանիոյ լորտերու պալատի անդամ լէյտի Քարոլայն Քոքս 1994 փետրուարին Արցախ այցելեց: Այցելութիւնը, որ 18-րդն էր, ունէր երեք նպատակ. մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնել, խումբ մը թղթակիցներ տանիլ Արցախ, որպէսզի միջազգային հանրային կարծիքը ծանօթանայ Արցախի իրավիճակին եւ քննարկել մարդկային իրաւունքները քաղաքակիրթ միջոցներով պաշտպանելու միջոցները: Ան իր հետ տարաւ 42 թոն անմիջական օժանդակութիւն եւ երկու հիւանդատար ինքնաշարժ:
Լէյտի Քոքս եւ թղթակիցները Արցախի մէջ ականատես եղան ազերիական յարձակումներուն հետեւանքներուն եւ սքանչացումով դիտեցին արցախցիներու դիմադրական եւ հիւրասէր ոգին:
Լէյտի Քարոլայն Քոքս Արցախէն անցաւ Երեւան, ուր յայտարարեց, որ միջազգային ատեաններու մօտ հետապնդած է Արցախի հարցին արդար լուծման ընտրանքը: Ան ներկայացուց Լոնտոնի մէջ իր տարած աշխատանքը` վարձկաններու եւ զէնքի առաքումներու մասին կառավարութեան հարցապնդումը: Ան նաեւ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ աֆղան վարձկաններու արձանագրութիւնը տեղի ունեցած է Փաքիստանի մէջ. իւրաքանչիւր վարձկան կ՛արժէր 300 տոլար:
«Ազդակ»-ի 26 փետրուար 1994-ի թիւով եւ «Լէյտի Քոքս ընդդէմ ալիեւեան զրպարտութեանց» խորագիրով նշմարով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Քոքսի Արցախ այցելութեան օրերուն Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւ կը գտնուէր Քոքսի հայրենիքը` Լոնտոն, ուր փորձեց Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ նախայարձակ, իսկ Ազրպէյճանը (իբրեւ թէ) խաղաղ լուծման ընտրանքին համակիր:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ Քոքս, ինչպէս միշտ, կը մնար արդարութեան ջատագով ներկայացուցիչը, որուն «դասակարգ»-ին ձայնը, սակայն, հակառակ անաչառ եւ ճշմարտախօս ըլլալուն, հազիւ թէ լսելի կ՛ըլլայ ազդեցիկ շրջանակներու մէջ:
Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ ասիկա այն Բրիտանիան է, որուն մէկ պետական պատասխանատուն անցեալին ըսած է նոյնինքն Քոքսի, թէ երկիրներու յարաբերութիւնները միայն շահու վրայ հիմնուած են եւ… Քոքս կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ամօթ զգացած էր բրիտանացի մը ըլլալուն, որովհետեւ տեսած էր, որ իր երկրին պետութիւնը, ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ամբողջ աւանդութիւն մը, դարաւոր անցեալ մը ունեցող Բրիտանիան անգամ մը եւս կը գտնուի «Մեր նաւատորմը Արարատ չի կրնար բարձրանալ» խօսքին համապատասխանող կացութեան մէջ, ի հեճուկս բուռ մը ժողովուրդի իրաւունքներուն:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Ազրպէյճանի ծովափէն բարձրացող քարիւղի բոյրն ու այլ շահեր պատճառ պիտի ըլլա՞ն, որ Բրիտանիոյ եւ այլ հզօրներու հոտառութիւնը բթանայ, տեսողութիւնը խափանուի եւ լսողութիւնը խլանայ…: Պատմութենէն եկող փորձառութիւնը արդարութեան նժարին չի նպաստեր, թէեւ պէտք չէ մոռնալ, որ Քոքսերու օրինակը աննախընթաց չէ, այլ ան մէկ շառաւիղն է Ուիլսըններու եւ Ժորէսներու, որոնց ձայնը օր մը աւելի ազդու եւ ուժեղ հնչեց, քան ինչ որ կը սպասէր թուրք պետութիւնը:
***
Ազրպէյճանի մէջ կային ամերիկացի, թուրք, աֆղան եւ ռուս զինուորականներ, որոնք պարտականութիւն ստացած էին ազերիներուն սորվեցնելու կռուելու արուեստը: Օտարներու կողմէ մարզուող ուժերը յայտնապէս քաղաքական հակասական շահեր կը հետապնդէին: Որոշ մարզիչներ կը գործէին անպաշտօն կերպով. անոնցմէ էին երկու տասնեակ մը ամերիկացի զինուորականներ, որոնք տարուած էին Ազրպէյճանի մէջ քարիւղի ներդրումներ հետապնդող ընկերութեան մը կողմէ: Ոմանք ալ ուղարկուած էին կարգ մը կառավարութիւններու կողմէ:
Պաքուի կառավարութիւնը կը փորձէր լուծել զինուորներու մարզումին հարցը, եւ ամէնուրեք սկսած էին երեւիլ բազմաթիւ անծանօթ դէմքեր:
Պաքուէն 120 քիլոմեթր հարաւ գտնուող Հաճիքապուլի խորհրդային նախկին զօրանոցին մէջ տեղի կ՛ունենային մարզումներ: Զօրակոչիկներ կը սորվէին զէնք քակել, իսկ ուրիշներ պայթուցիկներու կամ քարտէսներ կարդալու մասին տեղեկութիւններ կը ստանային:
Հաճիքապուլի համալիրին մէջ հազար զինուորներ կը մարզուէին ամերիկացի 20-25 զինուորականներու կողմէ:
«Մեկաօյլ» ընկերութիւնը ամերիկացի վարձկաններ տրամադրած էր քարիւղի արտահանման իրաւունք ստանալու պայմանով: Ըստ համաձայնութեան, «Մեկաօյլ» ընկերութիւնը 10-էն 15 միլիոն տոլար պիտի ծախսէր ազրպէյճանական ջոկատները մարզելու համար:
Ամերիկացիներու մարզած ջոկատները պիտի ըլլային նախագահ Հայտար Ալիեւի ապահովութեան յատուկ ուժերը:
Այլ օտարականներու կողմէ մարզուող ազերի ջոկատներ քաղաքական ուրիշ ղեկավարներու հաւատարիմ զինուորներ էին:
Ռուսիա ազերի 400 զինուորներ կը մարզէր Գանձակի մէջ, որ կը նկատուէր վարչապետ Սուրաթ Հիւսէյնովի ուժին կեդրոնը: Հիւսէյնով 1993-ին տապալած էր նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյը եւ ճամբայ բացած էր Ալիեւի վերադարձին առջեւ:
Հիւսէյնով, որ կը նախընտրէր Ռուսիոյ հետ դաշնակցիլ, սկսած էր զգալ, թէ Ալիեւ կը նսեմացնէր իր ուժը: Ալիեւ կը նախընտրէր Ռուսիոյ ազդեցութիւնը հաւասարակշռել Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սերտ կապեր մշակելով:
Ռուսիա 500 քոմանտոներ փոխադրած էր Գանձակի մէկ զօրանոցը:
Ազերիներ կը հաւատային, որ Ռուսիոյ մարզած ջոկատներուն եւ ռուս զինուորներուն պարտականութիւնը Հիւսէյնովը պաշտպանել էր, եթէ իշխանութեան տիրանալու համար կռիւ սկսէր:
***
«Ազդակ»-ի 22 մարտ 1994-ի թիւով եւ «Ժողովուրդը կոյր չէ» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Ազրպէյճան տարիներէ ի վեր տնտեսական եւ զինուորական պաշարումի ենթարկած է Հայաստանն ու Արցախը: Թուրքիա զինուորական խորհրդականներ կը ղրկէ Ազրպէյճան, կազմակերպելու համար Արցախի դէմ կռուող ազերիական ուժերը: Ազերիական մութ ձեռքեր սովորութիւն դարձուցած են Հայաստան կազ փոխադրող խողովակին ականահարումը, Թուրքիա լուռ հրճուանքով կը հետեւի այսպիսի յելուզակութիւններու: Թուրքիա տարանցումի արտօնութիւն իսկ չի տար Եւրոպայէն ու Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան ղրկուող մարդասիրական օժանդակութիւններուն, նեղ կացութեան մատնելով իր դաշնակիցն ու զինք հովանաւորող Ուաշինկթընը: Դեռ չենք մոռցած Արեւմուտքէն ղրկուած ցորենը փճացած սննդանիւթերով փոխարինելու Թուրքիոյ «վարպետութիւնը»:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Հայաստանի անկախացումէն ետք: Այս բոլորը «հեռաւոր անցեալ»-ին չեն պատկանիր ինչպէս… ցեղասպանութիւնն ու հայկական հողերու բռնագրաւումը, անոնց հայաթափումը: Այս բոլորը տեղի չեն ունենար գաղտագողի, այլ` օր-ցերեկով, աշխարհի աչքերուն առջեւ:
Մահսէրէճեան կը նշէր, որ յանկարծ, Երեւանի ձայնասփիւռը հպարտօրէն եւ առանց բառերը ծամծմելու կը յայտնէր, որ Շիրակի կառավարիչը ընդունած է Կարսի կառավարիչը, խորհրդակցած է տնտեսական գործակցութեան մասին, Թուրքիայէն դէպի Հայաստան երկաթուղիի վերաբացման մօտաւորապէս դարաւոր ծրագիրին մասին, որպէսզի… «Գիւմրիի դիմագրաւած դժուարութիւնները թեթեւնան, դարմանուին: Այլ խօսքով` մէկ արտայայտութիւնը Երեւանի կառավարիչներու այն քաղաքականութեան, որ կը հիմնուէր հետեւեալ տրամաբանութեան վրայ. «Չի՞ կրնար ըլլալ, որ Թուրքիոյ հետ մեր քաղաքական եւ պատմական հարցերը առայժմ մէկդի ձգենք ու տնտեսապէս գործակցինք, առեւտուր ընենք, իսկ հին հարցերն ալ լուծենք, երբ յարմար ատենը գայ…»:
Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ նորութիւն չէ այս անտրամաբանութիւնը, ոչ ալ գաղտնիք է թէ ով է անոր դրօշակիրը: Շիրակի կառավարիչը վստահաբար ինքնագլուխ քայլ չ՛առներ, չի կրնար նման քայլ առնել, առանց զինք հովանաւորողին` նախագահին ու անոր խմբակին յստակ թելադրանքներուն:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ անցեալին կային բարեմիտ հայորդիներ, որոնք իշխանական- լեւոնեան այդ վարքագիծին մէջ կ՛ուզէինք տեսնել գործնական քաղաքականութեան մէջ անփորձութեան եւ լոկ տեսական քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ տուայտանքի արտայայտութիւններ: Սակայն այսօր ամէնէն բարեմիտ եւ ներողամիտ հայն անգամ անխուսափելիօրէն անհանդուրժելի կը գտնէ այս «քաղաքականութիւնը», զայն կը նկատէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ու դատին դէմ արձակուած լուտանք, արհամարհանք: Նման քաղաքականութեան մը համակիրները եւ զայն ծափահարողները կրնան ըլլալ միայն անոնք, որոնք կը հետապնդեն ծուռ հաշիւներ, մինչեւ այն օրը, երբ սեփական շահերը զիրենք հասցնեն… Հայաստանէն հարստացած խոյս տալու կամ Հայաստանի «համակարգ»-ին մէջ անհպելի տեղ մը գրաւելու վիճակին: Երէկի եւ այսօրուան մեր դատերուն լուծումէն առաջ, Թուրքիոյ հետ բարի-դրացիութեան կապերու փորձերը ինքնախաբէութենէ աւելին, ժողովուրդը խաբել է. ակնարկները էական հարցերէն հեռացնելու զուր ճիգ է: Բայց ժողովուրդը կոյր եւ տխմար չէ:
***
Ազերիական ուժերը 1994 մարտի սկիզբը անգամ մը եւս փորձեցին յառաջխաղացք արձանագրել դէպի Ֆիզուլի, սակայն հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը յաջողեցան ետ մղել յարձակումը եւ նախայարձակ ուժերը վերադարձնել իրենց սկզբնական դիրքերուն:
Ազերիական ուժերը յաջորդող օրերուն դարձեալ տաքցուցին հարաւ-արեւելեան ռազմաճակատը եւ ռմբակոծեցին Ֆիզուլիի շրջանի հայկական պաշտպանութեան դիրքերը: Ազերիական բանակը յարձակման անցաւ եւ որոշ յառաջխաղացք արձանագրեց: Հայկական պաշտպանութեան ուժերը ձեռնարկեցին հակայարձակումի եւ վերատիրացան կորսուած դիրքերուն եւ նոր յառաջխաղացք արձանագրեցին, ամրապնդելով իրենց դիրքերը: