Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Մշակութային Կանգառ» Ծրագիրով 426 Մշակութային Նախաձեռնութիւն Պիտի Կայանայ Մարզերուն Մէջ

Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանն ու «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանը 31 յունուարին մշակոյթի նախարարութեան մէջ ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը` «Մշակութային կանգառ» ծրագիրին առնչուող:

«Ծրագրի ծիրին մէջ 2017 թուականին Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ տեղի պիտի ունենան 426 մշակութային միջոցառումներ` համերգներ, ներկայացումներ, ցուցահանդէսներ, փառատօններ: «Փիւնիկ» հիմնադրամը սիրայօժար մեզի կը տրամադրէ երկու շարժական շարժապատկերի սրահ, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ժապաւէններու ցուցադրութիւն կազմակերպել», ըսած է Արմէն Ամիրեան:

Գ. Չեմպերճեանի համաձայն, երբ մշակոյթի նախարարը հիմնադրամին յայտնած է ծրագիրի մասին, իրենք որոշած են սիրով աջակցիլ նախարարութեան: «Այս նախաձեռնութիւնը մեր սրտէն կը բխի, եւ մեզի համար հաճելի է Հայաստանի մշակութային կեանքին մասնակից ըլլալ», ըսած է ան:

Ծրագիրի պայմանագրային արժէքը 73 միլիոն դրամ է: Արմէն Ամիրեան ընդգծած է, որ գումարը բաւարար է փոխադրութեան, օրապահիկի, գիշերելու եւ միւս ծախսերը հոգալու: Ըստ անոր, մարզերու բնակիչներուն համար մշակութային կեանքին առնչուիլը կարծես շքեղութիւն պիտի ըլլայ, իսկ նախագիծը անոնց կարելիութիւն կու տայ աշխուժ կերպով մասնակցելու մշակութային ձեռնարկներուն:

«Պիտի կայանան նաեւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ պատմութեան թանգարանի, միւս պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան, շրջիկ ցուցահանդէսային ֆոնտերէն, ուր բազմաթիւ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ կան», նշած է Արմէն Ամիրեան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի փորձեն աջակցիլ նաեւ տեղացի արուեստագէտներուն` զանոնք մասնակից դարձնելով կայանալիք նախաձեռնութիւններուն: Նախարարը շեշտած է, որ ներկայացումներ պիտի կատարուին մշակութային բոլոր վայրերուն մէջ` ակումբներ, մշակոյթի տուներ, դպրոցներ, բացօթեայ հարթակներ: «Հաշուելով Հայաստանի բոլոր հարթակները` մենք կրնանք նաեւ առկայ մշակութային հարթակներու քարտէզը կազմել», նշած է ան:

«Մշակութային կանգառ» ծրագիրին կը նախաձեռնէ եւ աջակիցներու հովանաւորութեամբ իրականութիւն կը դարձնէ մշակոյթի նախարարութիւնը: Նախագիծին նպատակը Հայաստանի մարզերու բնակիչներուն մշակութային անցուդարձին մասնակից դարձնելն է:

«Բժիշկներ Առանց Սահմանի» Կազմակերպութեան Նոր Նախաձեռնութիւնը Արցախի Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահական համակարգը համալրուեցաւ նոր կառոյցով. «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան Ֆրանսայի մասնաճիւղին ջանքերով փետրուար 1-ին վերաբացուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի հակապալարախտային դիսպանսեր» ՊՈԱԿ-ը, որուն վերանորոգումը սկսած էր 2016 թուականի հոկտեմբերին: Առաքելութեան ղեկավարն է Մարի Ժան Պարեն: Տեղադրուած ժամանակակից սարքաւորումներուն շնորհիւ վերանորոգուած բուժ-հիմնարկին մէջ բուժում պիտի ստանան ո՛չ միայն  թոքաբորբով հիւանդութեան սկիզբի հանգրուանին մէջ գտնուող հիւանդները, այլեւ` անոնք, որոնց մօտ հիւանդութիւնը շատոնց  սկսած է, բայց լրիւ բուժում չեն ստացած:

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Կայացաւ Գիտական Բնաբանական Հետազօտութիւններու Համաձայնագիրի Կնքում

31 յունուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան  եւ գիտական գործընկեր կազմակերպութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ 2017-ին բնաբանական պատուէրներու կատարման վերաբերեալ համաձայնագիրներու կնքման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ էր Հայաստանի վարչապետի խորհրդական Մհեր Տէրտէրեան:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Յակոբեան ըսած է. «Այս բոլոր իրաւագիտական, լեզուաբանական, ցեղասպանագիտական, պատմագիտական ու սփիւռքագիտական հետազօտութիւնները, զորս յաճախ կը պատուիրենք, խիստ անհրաժեշտ են նախարարութեան ռազմավարութիւնը, սփիւռքի համայնքներու հետ ճիշդ աշխատելու մարտավարութիւնը մշակելու համար: Կը կարծեմ, որ նիւթերը ճիշդ ընտրուած են»: Նախարարը մէկ առ մէկ ներկայացուցած է պատուիրուած հետազօտութիւններուն նիւթերը` կարեւոր նկատելով սփիւռք ունեցող այլ երկիրներու` Իրանի, Իսրայէլի, Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ այլն, փորձի ուսումնասիրութիւնը:

Համաձայնագիրներու կնքման արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, ԳԱԱ-ի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը, ԳԱԱ-ի լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան, ԳԱԱ-ի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Երեւանի պետական համալսարանի փոխնախագահ Ռուբէն Մարկոսեան, Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուական հասարակագիտական համալսարանի փոխնախագահ Ցոլակ Ակոպեան, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի խորհրդական Գէորգ Դանիէլեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար էդիկ Մինասեան, «Նորավանք» հիմնարկի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտական հետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Հայկազուն  Ալվրցեան, թրքագէտներ, ցեղասպանագէտներ եւ իրաւաբաններ:

Այնուհետեւ ներկաները միտքեր փոխանակած են ծրագիրի արդիւնաւէտութեան, հետազօտութիւններու անհրաժեշտութեան, անոնց արդիւնքներու կիրարկման մասին:

Վարչապետին խորհրդականը նշած է, որ բազմակողմանի, լուրջ հետազօտութիւնները շատ կարեւոր եւ առաջնահերթ են պետական քաղաքականութեան նոր, արդիական մօտեցումներ մշակելու համար:

Նախարարը շեշտած է, որ պատուիրուած հետազօտութիւնները նոր մօտեցումներու եւ նոր հարցադրումներու առանցքն են:

Կրթութեան Նախարարը Մատենադարանը Կ՛ուզէ Դարձնել Անկախ Միաւոր

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան արդէն ժամանակը հասած կը նկատէ, որ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը կառավարութեան որոշումով դուրս հանուի ոեւէ մէկու ենթակայութենէն` անոր համար ստեղծելով ինքնուրոյն հզօր հիմնարկ:

«Մատենադարանը մեր երկրի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն է, եւ կարիքը ունինք զայն դարձնելու յատուկ հիմնադրամի: Արդէն իսկ կազմակերպչական աշխատանքները սկսած ենք, որպէսզի Մատենադարանը դառնայ մեր երկրի գիտութեան, մշակոյթի, հայագիտութեան կարեւորագոյն  բրենդներէն մէկը, ուր ձեռագրային ֆոնտերը, ըստ էութեան,  պիտի ըլլան պետութեան բացառիկ  սեփականութիւնը, իսկ հիմնադրամը կը տնօրինէ հաստատութիւնը: Մատենադարանը կ՛ըլլայ իսկապէս անկախ միաւոր:  Այս է կառուցուածքին  փոփոխութիւնը, եւ այսուհետեւ նոր ձեւաչափով պիտի կայանան տնօրէնի ընտրութիւնները», ըսած է Լեւոն Մկրտչեան:

 

Պատմական Հայաստանի Եզակի Ատլասը Գրեթէ Պատրաստ Է

Գիտական աշխատութեան արդիւնք հանդիսացող  Պատմական Հայաստանի եզակի ատլասը պատրաստ պիտի ըլլայ գարնան: Լրագրողներու  հետ զրոյցի ընթացքին քարտէսագիր, «Կիլիկիա» առագաստանաւի անդամբ, Լոնտոնի արքայական աշխարհագրական ընկերութեան իսկական անդամ Գրիգոր Բեգլարեան նշած է, որ ատլասի առաջին հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Արեւմտեան Հայաստանին:  «Անիկա Հայաստանը վերականգնող քարտէս է: Ես այս ատլասին վրայ աշխատած եմ գրեթէ վեց տարի», ըսած է  քարտէսագիրը` աւելցնելով, որ աշխատանքը շարունակական պիտի ըլլայ:

Ըստ Գրիգոր Բեգլարեանի, ատլասի հրատարակման առիթով շնորհահանդէս պիտի կազմակերպուի: Անիկա վաճառքի պիտի հանուի բոլոր գրախանութներուն մէջ: «Ամէն տարի մենք կը վերահրատարակենք Հայաստանի պատի քարտէսը` բնականաբար Արցախով, եւ` Երեւանը: Ծրագիրներուս մէջ կայ հրատարակել եւրոպական բոլոր երկիրներու հայատառ քարտէսները, սակայն ասոր համար պէտք են տասնեակ տարիներ», աւելցուցած է քարտէսագիրը:

Պատմական Հայաստանի ատլասին մէջ տեղ գտած են աւելի քան 63 հազար բնակավայրի անուանումներ: Անիկա կը ներառէ բոլոր այն շրջանները, ուր քանի մը հազարամեակ շարունակ գոյութիւն ունեցած են հայկական պետական միաւորումներ:

Սպիտակի Երկրաշարժի Մասին Ռուսական Նոր Ժապաւէն Կը Նկարահանուի Ղրիմի Մէջ

Ղրիմի մէջ սկսած է ռուս բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի «Սպիտակ» ժապաւէնին նկարահանումները, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ 1988 թուականի երկրաշարժի 30-ամեակին: Լրագրողներու հաղորդմամբ, ժապաւէնին մէջ կը խաղան հայ եւ ռուս, ինչպէս նաեւ` ֆրանսացի դերասաններ: Ժապաւէնը պիտի սկսի ցուցադրուելու 2018 թուականին:

«Այս ժապաւէնը ոչ թէ բնական աղէտի սարսափներու մասին է, այլ` մարդոց հերոսութեան, այն մասին, որ այդ ողբերգութիւնը վերջին անգամ էր, երբ  ամբողջ մեծ երկիրը շտապեց տուժածներու օգնութեան», նշուած է «Թելեսթօ» հեռուստաընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ կը զբաղի  ժապաւէնին ստեղծումով:

Ժապաւէնին նիւթը կառուցուած է գլխաւոր հերոս Գոռի` ընտանիքին հետ յարաբերութիւններուն շուրջ: Բնակելով Մոսկուա` Գոռը Հայաստանի մէջ գտնուող ընտանիքին հետ չի շփուիր, միայն գումար կը փոխանցէ: Սպիտակի երկրաշարժը կը քանդէ ո՛չ միայն Գոռին տունը, այլ` անոր ամբողջ կեանքը: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են նաեւ երկրաշարժը իր ողջ աղէտալի հետեւանքներով` դիակներով լի մարզադաշտ, հիւանդանոցներ, տուժածներ, աւերակներ, մարդասիրական օգնութիւնը բաժնելու կէտեր:

Հաղորդենք, որ բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի  աշխատանքները արժանացած են  տարբեր մրցանակներու, ինչպէս «Փորձութիւն» ժապաւէնը 2014-ին արժանացած է «Կինոթաւր» փառատօնի գլխաւոր մրցանակին, առաջադրուած «Նիքա» մրցանակին:

Սփիւռքի Փոխնախարարը Այցելեց Երեկանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ Ապրող Սուրիահայերուն

Չորեքշաբթի, 1 փետրուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` հայրենադարձութեան նուիրուած շաբթուան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան եւ նախարարութեան քանի մը աշխատակիցներ այցելեցին Երեւանի հայ կաթողիկէ եկեղեցի, ուր Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ օրս շուրջ 600 սուրիահայ ապաստանած է: Ներկայիս եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ կ՛ապրին 47 սուրիահայեր:

Փոխանցելով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ողջոյնի խօսքը` Սրապիոնեան լուսարձակի տակ առաւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայկական մշակոյթի պահպանման եւ տարածման մէջ, ինչպէս նաեւ դրուատեց սուրիահայութեան խնդիրներու լուծման առնչուող անոր ջանքերը:

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ, Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին նախաձեռնութեամբ եկեղեցին կը համագործակցի, հայկական Քարիթաս բարեսիրական կազմակերպութեան հետ, որ կը հոգայ սուրիահայերուն ժամանակաւոր կեցութեան հարցը եւ կը փորձէ լուծել անոնց ընկերային հարցերը:

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի ընդհանուր տեղապահ Մեսրոպ վրդ. Սուլահեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց անձամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` անոր ունեցած հոգատարութեան եւ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ` սուրիահայութեան խնդիրներու լուծման առնչութեամբ տարուած աշխատանքներուն համար:

Ան շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան մէջ առանձնայատուկ սէր եւ հոգի կայ հայութեան այն բեկորներուն հանդէպ, որոնք աշխարհով մէկ սիրուած են:

Ապա սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները ծանօթացան եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ ապաստանող սուրիահայերուն, լսեցին անոնց խնդիրներն ու առաջարկները եւ հաւաստիացուցին, որ պիտի փորձեն զանոնք յուզող հարցերուն լուծումներ գտնել:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>